Showing posts with label «Յառաջ». Փարիզ. Show all posts
Showing posts with label «Յառաջ». Փարիզ. Show all posts

27 July, 2025

Տարօն. գրեց՝ Շաւարշ Միսաքեան

Վարդավառ է այսօր, իսկ Վարդավառը, առանց Տարօնի, տժգոյն, աղոտ յիշատակ մը միայն:

Բառը ինքնին, – Տարօն – ամբողջ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Թերեւս խորհուրդ մը:

Երբ կ'ըսենք Մուշ – կը հասկնանք աշխարհագրական վարչական բացատրութիւն մը:

Բոլորովին ուրի՜շ բան է Տարօնը: Գոնէ անոնց համար որ տեսեր ու ապրեր են, շնչեր ու անցեր: Ամբողջ հեթանոսութիւն՝ իր սարերովն ու դաշտերովը: Նոյնիսկ եղեկեցիներով ու վանքերով:

28 May, 2025

Պէ՞տք է արդեօք տօնել Մայիս 28ը

Այո՛ պէտք է տօնել, այսօր եւ միշտ, ու ամէն տեղ ուր կայ մի զոյգ Հայ: Եւ ի հարկէ ամենից առաջ ու ամենից խանդավառ Արարատեան դաշտի վրայ, Գուգարքի ու Սիւնիքի լեռներում, այնտեղ ուր հաստատուած ու իրականացուած է հայ պետութիւնը:

08 March, 2025

Փոխան Ծաղկեպսակի

Մի երիտասարդ Դաշնակցական, որ հմայուել էր հայ հերոսների փառքով, հարց տուաւ Դրոյին.

Ի՞նչպէս կարելի է երբեք վախ չունենալ, մշտապէս անվախ լինել:

Դրօն իր խորաթափանց հայեացքը սեւեռեց երիտասարդի աչքերի մէջ, ուր կարդաց անկեղծութիւն եւ հոգեկան վերացում:

19 February, 2025

Արտաւազդ Հանըմեան

Փետրուար 19ին Փարիզի մէջ մեռաւ Արտաւազդ Հանըմեան, նախորդ ընդհ. քարտուղար եւ հիւպատոս Հ. Հ. Պատուիրակութեան:

08 February, 2025

Հայ-Թաթարական Ընդհարումները

Կովկասահայ կեանքի մէջ ոչ մէկ դէպք այնքան խոր հետքեր չի ձգած, որքան ահյ-թաթարական ընդհարումները: Պէտք է ասել, որ 20րդ դարու առաջին երկու տասնամեակները կովկասահայ ժողովրդի համար հարուստ եղան պատմական դէպքերով: Եկեղեցական կալուածների գրաւում, ռուսական առաջին յեղափոխութիւն, ազգամիջեան կռիւներ, Ստոլիպինեան յետաշրջում ու Լիժինեան հալածանք, աշխարհաւեր պատերազմ ու կամաւորական շարժումներ, ռուսական մեծ յեղափոխութիւն ու բոլշեւիկեան յեղաշրջում, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագում ու ապա խորհրդայնացում...

25 January, 2025

Մեր Խօսքը. Շաւարշ Միսաքեան

Դրոյի եւ Վահան Նաւասարդեանի անդարմանելի կորուստին բացած վէրքը տակաւին չսպիացած, ահա՛ նոր եւ ծանր հարուած մը սուգի կը մատնէ այն մեծ ընտանիքը, որ կը կոչուի Հ. Յ. Դաշնակցութիւն:

20 January, 2025

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Յուշագիրը Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Ժողովին

Նոր Դիմում Միացեալ Ազգերուն՝ Հայկական Դատին Համար

Լոնտոնի մեր թղթակիցը կը հեռագրէ.- Այսօր, 21 Յունուար 1946, ժամը 11ին Պ. Ժիրայր Միսաքեան յանուն Հ. Յ. Դաշնակցութեան յուշագիր մը ներկայացուց Միացեալ Ազգերու ընդհ. ժողովին նախագահութեան, պատճէններն ալ՝ հինգ մեծ պետութեանց արտաքին նախարարներուն, որոնք արդէն ստացած էին առաջին յուշագիրները՝ անցեալ Սեպտեմբերին: Միեւնոյն ատեն կը տպագրուին բազմաթիւ օրինակներ, ցրւելու համար մամուլին, զանազան հաստատութեանց, Միացեալ Ազգերու պատուիրակութեանց եւն.:

12 January, 2025

Յովսէփ Թադէոսեան (Իօսիֆ Իւանիչ)

Ժընեւէն հասած նամակէ մը ցաւով կ'իանանք թէ Յունուար 14ին մեռած է ընկեր Յովսէփ Թադէոսեան, որ չորս ամիսէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութեամբ մը:

30 November, 2024

Մեր Խօսքը. Մինչեւ Վերջին Շունչը

Ամէն բանէ առաջ Աշխատանքի հերոս մըն էր Լեւոն Շանթ: 

Ոչ միայն ստեղծագործ միտք, այլ եւ յարատեւ յարաճուն ճիգ: Երկունք եւ վաստակ՝ ամենալայն ճակատի մը վրայ: Մինչեւ վերջին շունչը:

19 November, 2024

Իմ Կեանքը (Հաճի Օննիկ Աւետիսեանի ինքնակենսագրականը)

Խմբ.- Խորին յուզումով է որ հրատարակութեան կուտանք ողբացեալ ընկերոջ այս ինքնակենսագրութիւնը: Իր անձնական կեանքին կարճ պատմութիւնն ըլլալով հանդերձ, ի՜նչքան բնորոշ տեղեկութիւններ կուտայ պատմական շրջանի մը մասին...

15 November, 2024

ՄԱՃԿԱԼ. Գարեգին Սարգիսբէգեան

Ո՞ր մէկ թանկագին կորուստը ողբալ...

Շաբաթ գիշեր, մինչ մենք Դաշնակցութեան Օրը կը տօնէինք Փարիզի մէջ, վեց ժամ անդին, Լովալիէռի մէջ (Մեց), իր աչքերը կը փակէր պատուական ընկեր մը, Գարեգին Սարգիսբէգեան:

21 April, 2024

Թրքական Ցեղասպանութիւնը Եկեղեցական Ճակատի Վրայ

Պետական գրաւոր հրամանագրերու համաձայն, Թուրքիա 1914-1918 բռնագրաւեց եւ կողոպտեց Հայոց պատկանող բազմաթիւ շէնքեր, նաեւ 2050 հայ եկեղեցիներ ու 203 վանքեր եւ աւերեց զանոնք:

18 March, 2024

Ընկեր Դրաստամատ Կանայեանի Յուղարկաւորութիւնը

Ողբացեալ Ընկերոջ Աճիւնը Կը Հանգչէր «Հայրենիք»ի Սրահը

Աւելի քան 1500 հայրենակիցներ՝ Պոսթընէն եւ արուարձաններէն, ինչպէս նաեւ նահանգին զանազան շրջաններէն, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, մարտ 10 եւ 11, յարգանքով խոնարհեցան ողբացեալ ընկեր Դրոյի դագաղին առջեւ, որ կը հանգչէր «Հայրենիք»ի սրահին մէջ, բազմաթիւ ծաղկեպսակներով շրջապատուած պատուանդանի մը վրայ:

31 January, 2024

Շաւարշ Միսաքեանի Ազգային Յուղարկաւորութիւնը

Իսկական ազգային յուղարկաւորութիւն մը կատարուեցաւ հինգշաբթի կէսօրէ ետք (1957, Յոնուար 31) , Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ:

«Յառաջ»ի խմբագրապետին դագաղը ծածկուած էր եռագոյնով եւ ծաղկեպսակներով: Աւելի քան 2 հազար հոգի, ժողովուրդը լեցուցած էր եկեղեցին, ներսը եւ դուրսը, ժամանակէն առաջ:

26 January, 2024

Մէկը Միւսով Պիտի Շնչէ. Շաւարշ Միսաքեան

Հայաստան եւ Հայկական Արտասահման երկու թեւերն են միեւնոյն ամբողջութեան: Երկու զանգուածներ, որոնք իրար պիտի լրացնեն հայրենի հողին վրայ: Միացեալ եւ ազատ:

09 January, 2024

Տխրունի.– Արշակ Մուշեղեան (Եզիտ Արշակ)

Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Յունուար 9ին Պրիւսէլի մէջ մեռած է ընկեր Արշակ Մուշեղեան (Եզիտ) երկարատեւ հիւանդութենէ վերջ: Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է ձեռամբ Յովհ.  Ծ. Վրդ. Նալպանտեանի:

01 December, 2023

Փոս Մը Եւս (Արշամ Խոնդկարեանի Յիշատակին)

Ժպիտը դէմքին վերադարձաւ Հայաստանէն:

Զբօսաշրջիկներու խումբի մը հետ գացած էր Հայրնիք, ինչպէս ոեւէ Հայ: Բայց ինք ոեւէ Հայ էր: «Պարլամենտի անդամ եւ Դաշնակցական կառավարութեան մինիստր» ինչպէս պիտի գրուէր Երեւան լոյս տեսած գրքի մը մէջ, իբրեւ ծանօթութիւն:

27 November, 2023

Դաշնակցականը. գրեց՝ Ռուբէն

Դժուար չէ Դաշնակցականին ճանաչելը, երբ նոյն իսկ անծանօթ ես նրան. «Քայլք ոտից եւ գոյնք երեսաց յայտ առնեն զնմանէ»: Լաւ դիտիր նրա քայլուածքը հեռուից, նա տարբեր կը քայլէ քան իր հայրենակից Հայը. ձեռները կը շարժէ, գլուխը բարձր է եւ կուրծքը ցցած, ոտքերը ամուր կը զարնէ գետնին եւ նրա կօշիկների կրունկները կը մաշեն փոխանակ թաթին: 

26 June, 2023

Վահան Փաստրմաճեան (Քափիթէն)

Վահան Փաստրմաճեան (Քափիթէն) – Այս անունը կուտային Փլաս տէ Ֆէթի շրջանի ընկերներն ու բարեկամները:

Պ. Վահան իր զինուորական ասպարէզին մէջ, իբրեւ հարիւրապետ թէ հայ եւ թէ տաճիկ զինուորներու եւ զինուորականներու խոր յարգանքի եւ հիացմունքի արժանացած է շնորհիւ իր ազնիւ ու համեստ բնաւորութեան:

20 March, 2023

Հին Հայդուկը.- Սմբատ

ԽՄԲ.- «Հայրենիք» հետեւեալ խորհրդածութիւնները կ'ընէ օգոստոս 5.ի խմբագրականով, հրամանատար Սմբատ Բարոյեանի մահուան առթիւ.-

Սմբատ մեռած է Երեւանի մէջ Յունիս 19ին: Խորհրդային Թերթերու մուտքը արտասահման արգիլուած ըլալլով, չգիտցանք թէ, Երեւանի թերթերէն որ եւ է մէկը տուա՞ւ գէթ չոր ու ցամաք լուրը հին, վաստակաւոր հայդուկին մահուան: Կը տարակուսինք: Երբ Քաջազնունիի մը կամ Նազարբէգեանի մը մահուան լուրն իսկ չարժանանար յիշատակութեան, ինչո՞ւ այդ պատուին Սմբատները պիտի արժանանային: