Posts

Showing posts from May, 2021

Ներբող. Սրտանց՝ Զօրավար Դրոյին

Image
Ողջոյն արեւի՛դ, անառիկ գագաթ, Աննկուն ասպետ, Քեզ հազար ողջո՛յն, անխոնջ, խանդակաթ * Կոչնակի գմբէթ... Փառքիդ ազդակի յոյզերով լցուած, Գրում եմ ահա Փոքրագոյն մի ձօն, ո՛վ դարիս սիրուած, Անյաղթ աժդահա:

Տէռօր. Ներկարար Ծատուր և խայըրսըզ Կարապետ

Image
Հ. Յ. Դ. Զմիւռնիոյ Կօմիտէի որոշմամբ՝ մայիս 13 /26 -ին մահւան պատժի ենթարկւեցին յայտնի լրտեսներ՝ ներկարար Ծատուր և խայըրսըզ Կարապետ, առաջինը՝ իր տան մէջ, երկրորդը՝ հրապարակի վրայ, խուռն բազմութեան ներկայութեամբ:

Վեհաշուք Յուղարկաւորութիւն Ս. Վրացեանի

Image
50,000 Հոգի Հետեւեցան Ընկ. Սիմոն Վրացեան ի Դագաղին Վեհաշուք, Համազգային Յուղարկաւորութիւն Տեղի Ունեցաւ, Լիբանանի Պետութեան Մասնակցութեամբ Պէյրութ շատոնց նման յուղարկաւորութիւն տեսած չէր: Աւելի ճիշդը՝ երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսի յուղարկաւորութենէն ի վեր: Ու մինչ եղերաբախտ հայրապետին սգակիրներուն հոգին ալեկոծող զգացումները սէրը, վիշտը եւ ափսոսանքն էին, ընկ. Սիմոն Վրացեանի դագաղին հետեւող ծովածաւալ բազմութեան ապրումը եղան յարգանքը, երկուղածութիւնն ու երախտագիտութիւնը:

Հերոսին Մահը. Սողոմոն Թէհլիրեան

Image
Երէկ, հեռագիր մը կը գուժէր մեր ազգային, անզուգական հերոսներէն՝ Սողոմոն Թէհլիրեանի մահը, Սան Ֆրանսիսքոյի լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Քանի մը օրէ ի վեր, տեղեկացած էինք թէ կաթուած մը անգործութեան դատապարտած էր իր մէկ կողմը, թէեւ բարելաւման նշաններ կը տեսնուէին:

Ինչպէս Դաշնակցական Եղայ. գրեց՝ Սիմոն Վրացեան

Image
21 Մայիս 1969ին, Լիբանանի մէջ մահացաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ, 1921 թուականի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի» ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու անդամ, վաստակաշատ մտաւորական Սիմոն Վրացեանը: Կը ներկայացնենք իր մէկ յօդուածը հրապարակուած 1947 թուականին:

Գոմսայ Կորիւնը

Image
ՄԵՐ ԶԻՆՒՈՐԱԿԱՆ ԶՈՀԵՐԸ ՏԱՐՕՆ Գոմսայ Կորիւնը Գոմսայ Կորիւնը յայտնի էր եւ Իսրօ անունով: Բնիկ Մշոյ Գոմս գիւղէն էր, հարուստ ընտանիքէ: Կրթութիւնը կառնէ Ս. Կարապետի դպրոցը: Քսան տարեկան Իսրօն կը դառնայ գիւղապետ, շնորհիւ Հրայրի կը դառնայ Դաշնակցական, անոր աշակերտն ու երկրպագուն: Դաւաճան Աւրանաց Կարապետ վարդապետի տէրօրը կը գործադրէ, կը մասնակցի ֆէտայիներու կռիւներովնշ կը ձերբակալւի եւ Մուշի մէջ կը բանտարկւի 101 տարւան պատիժով, բայց կը ծակէ բանտին պատը եւ կը փախչի Սասուն, ուր նեցուկ կը դառնայ Հրայրին:

Դէպի Հայկական Աստուածատաճարը

Image
Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամ ին Ամէն ինչ, ամէն ինչ նրա մէջ մատնում էր հերոսին: Տաք կարեկցութիւն դէպի իրաւազուրկն ու թոյլը, ֆանատիկ սէրը՝ դէպի իր ցեղն ու նրա գուրգուրած ազատութիւնը, բիբլիական անշահասիրութիւն ու համեստութիւն, վտանգի ու մահուան բացարձակ անգիտացում, ռազմական անսահման էնտուզիազմ. ահա հերոսը, ահա Քեռին...

Պաշտօնական Ազդեր. ՀՅԴ Բագւի Կենտրօնական Կօմիտէ

Image
I Ռումբը խօսեց: Գազազւած հայ ժողովրդի վրէժի որոտաձայն խօսքն էր այն: Հրէշը, որ քամեց մեր սրտի արիւնը, ողորմելի դիակ է հիմա: Փետրուար 6-9-ին նահատակւած մեր սիրելիների հոգիները թող հանգիստ առնեն այժմ: Ռումբը դատեր շատ ունի դեռ եւ վա՜յ նրանց որոնք կը կամենան այսուհետեւ յօշոտել հայ ժողովուրդը: