Showing posts with label «Ճակատամարտ». Կ. Պոլիս. Show all posts
Showing posts with label «Ճակատամարտ». Կ. Պոլիս. Show all posts

26 April, 2025

Մէկ Հայկական Ճակատ Ամբողջ Աշխարհի Առջեւ

Հայկական Հանրապետութիւնը Մեր Յոյսերուն Խարիսխն է

Օրուան նշանաբանն է այդ: Եւ գերագոյն ժամանակ է, որ իւրաքանչիրւ հայ տոգորուի այդ փրկարար նշանաբանով, գիտակցի հրամայական անհրաժեշտութիւնը ուժերի ներդաշնակ ու գործօն համադրութեան, հանդէպ թշնամու եւ բարեկամի, հանդէպ գիշատիչ հորդաների, որ անդուլ յօշոտում են հայրենիքի ցնցոտիապատ ու վտիտ մարմինը, հանդէպ դաշնակից պետութիւնների, որոնցից սպասում ենք մեր արդար իրաւունքի նուիրագործումը: Հայ ազգը պէտք է ներկայացնէ մէկ ճակատ միայն՝ թէ մայր երկրում եւ թէ դուրսը, գաղութների մէջ, քաղաքակիրթ մարդկութեան աջեւ, Իրաւարար ատեանի առջեւ:

18 February, 2024

Ընդվզումի Տարեդարձը

Երէկ, տարեդարձն էր այն բուն շարժման, որ շղթաազերծ ալիքի մը պէս պոռթկաց Հայաստանի մէջ, թօթափելու համար բռնակալ, բարբարոս վարչաձեւ մը:

18 January, 2024

Ռոստոմը

Վերջին 30 տարուան յեղափոխական պատմութեան մէջ Ռոստոմը կը գրաւէ բացառիկ դիրք: Նա ոչ միայն թիփիք ներկայացուցիչն էր գաղափարական եւ անձնազոհ այն սերունդին, որ ղեկավարեց վերջին տասնեակ տարիների մեր հասարակական-քաղաքական կեանքը, այլ եւ եղաւ հիմնադիրը այն հոսանքին, նրա մեծ դաստիարակիցը՝ ոչ միայն խօսքով, այլ եւ իր անհատական եռուն մասնակցութեամբ եւ գործնական կեանքով: Նա հիմնադիրն էր Հ. Յ. Դաշնակցութիւն կուսակցութեան, փրօփականտիստը նրա ծրագրի եւ իտէալներու, տարածողը նրա գաղափարներու եւ իրագործողը՝ նրա որոշումներու:

05 August, 2023

ԱՐԶՈՒՄԱՆ. Տիգրան Խաչիկեան

Կարմիր սպանդէն յետոյ ճերմակ կոտորածին մանգաղը կը հնձէ մեր լաւագոյն ընկերները: Անոնց շարքը արդէն շատ երկար եղած էր. մենք կը յուսայինք որ նոր սուգերը կը խնայուին մեզի, բայց սխալեր ենք, քանի որ զոհի մը առջեւ կը գտնուինք, տակաւին 32 տարեկան ծաղիկ հասակի մէջ, լի յոյսերով ու յոյզերով:

13 June, 2023

Մարզպետի մասին

 

Մարզպետ, որուն մահուան լուրը Միջագետքի աւազուտ տափաստաններէն կը հասնի:

Օր մը «Հայրենիք»ի խմբագրութեան միջոցաւ բաց նամակ մը կը հասնի Օրիորդ Սէվն Պէննէթեանի ուղղուած: Նամակը կուգար Միջագետքէն, սիրային բովանդակութիւն ունէր ան եւ գրուած էր մաքուր գերմաներէնով: Կը զարմանանք բոլորս ալ, ո՞վ է, կը հարցնենք իրարու, Օրիորդ Սէվն Պէննէթեանը, որ մեր միջոցաւ, Միջագետքի խորերէն սիրային նամակ կ'ստանայ: Կսակածը կ'արթննայ մեր մէջ եւ մենք անմիջապէս հեղուկ մը կը քսենք նամակին երկու էջերուն վրայ, հասկնալու համար թէ գաղտնի թանաքով գրուած բան մը կա՞յ այնտեղ: 

03 April, 2023

ՏԷԼԻ ՂԱԶԱՐ. Միքայէլ Բադալքէոխեան

Ղարաբաղի վերջին կռիւներուն մէջ, Ասկերանի սարերուն վրայ, հերոսաբար ինկած է մեր նշանաւոր հայդուկներէն՝ «Տէլի Ղազար»ը:

Բոլոր անոնք, որ ծանօթ են վերջին երեսնամեայ պատմութեան, մեր ազատագրական պայքարին եւ հայդուկային արշաւանքներուն, լսած կ'ըլլան անշուշտ Ղազարի կեանքի եւ գործունէութեան մասին:

18 February, 2023

ՖԷՐԻՏ ՃԷՄԻԼ. Տիգրան «Ծամհուր» Ամսէեան

Իր կեանքն եղաւ անհատնում պայքարներու շարք մը, ինչպէս կեանքը իր անհամար ընկերներուն: Եղաւ անոնցմէ, որոնք անձնազոհութեան եւ յանդգնութիւններու ճամբէն քալեցին ու ինկան պատշէնի վրայ, ժպիտը երեսին:

26 April, 2022

Անվեհեր Ռազմիկը. Գրիգոր Պուլկարացի

Գրիգոր Պուլկարացին (Կէզեան) Վան եկած է 1905ին Արամէն յետոյ եւ անմիջապէս նուիրուած է գործունէութեան, իբրեւ Դաշնակցութեան Վանայ ղեկավարող ընկերներէն մէկը: Ինք մտաւորական ուժ չէր, հազիւ միջնակարգ կրթութեան տէր ըլլալով, բայց իր արժէքը եւ դերը ուրիշ տեղ փնտռելու է – հին ուր դաւադրական գործ կար: Ինք կազմակերպութեան ներքին կեանքի կորիզներէն էր:

27 March, 2022

Սպանութեան Մը Առթիւ

*** «Մօնիթէօր»ի մէջ կը կարդանք.– Երէկ առտու (շաբաթ) ոճիր մը գործուեցաւ Թարլա Պաշիի պողոտային վրայ, Թագսիմ փողոցի անկիւնը, բաւական խորհրդաւոր պայմաններու մէջ: Այդ սպանութիւնը վրէժխնդրական արարք մը ըլլալ կը թուի: Զոհն է Վահէ Իհսան անուն հայ մը: Ֆէրիտիէ, Գարկա փողոցին բնակարանէն ելլելով գործի կ'երթար, երբ անծանօթ մը յանկարծ երեւան եկաւ Թարլա Պաշի եւ Թագսիմ փողոցներուն իրար կտրած տեղը, ու քանի մը ձեռք ատրճանակ պարպեց:

07 October, 2021

Արդարութեան Խօսքը

Մեր Խօսքը

Հայ ժողովուրդը այսօր կը սպասէր արդարութեան խօսքը լսել:

Երկու ամիսէ ի վեր սրտատրոփ, հեւիհեւ հետեւեր էր ան Մեծ Դատի մը բոլոր փուլերուն: Իր մէկ զաւակն էր զոր կը դատէր Բրիտանական Արդարութիւնը, այն որ արդարութիւններուն լաւագոյնը, մեծագոյնն էր ճանչցուած: Ու հայ ժողովուրդը յոյսով ու վստահութեամբ լեցուած կը սպասէր դատաւորներու վճռին, որով հետեւ անիկա արդարութեան խօսքը պիտի ըլլար:

Անգլիական Պատերազմական Ատեանը Իր Վճիռը Տուաւ

Անգլ. Պատերազմական Ատեանը որ երկու ամիսէ ի վեր կը դատէր Ճիվանշիրի Սպանիչ Պ. Միսաք Թորլաքեանը Երէկ Իր Վճիռը Տւուաւ

Ընդհ. Հրամանատարին Կողմէ Վաւերացուելէ Ետք Միայն Պատերազմական Ատեանը Պիտի Հաղորդէ Իր Վճիռը

21 July, 2021

Ճեմալ փաշա Սպաննուած է Պօշեւիկներու Ձեռքով

Վերջին Ժամ. Մեր Մասնաւոր Լուրերը. Ճէմալ Փաշա Սպաննուած Է Պոշեւիկներու Ձեռքով

Թրքական աղբիւրէ կը հաստատեն ծովային նախկին նախարարին սպանութիւնը:

Կը լսենք թէ Ճեմալ փաշա Յուլիս 2ին Աֆղանիստանէն մեկնած է Կովկաս, ուրկէ պիտի մեկնէր Պերլին զինուորական եւ քաղաքական խիստ կարեւոր խնդիրներու մասին խորհրդակցութիւններ կատարելու համար: