Showing posts with label «Ասպարէզ». Ֆրեզնօ. Show all posts
Showing posts with label «Ասպարէզ». Ֆրեզնօ. Show all posts

01 August, 2025

ՍԵՊՈՒՀ. Արշակ Ներսիսեան

Ծնած 1870 թուին Բաբերդի շրջանի Վարզահան գիւղը, դեռ աղուամազը երեսին, արդէն զինքը կը գտնենք ուխտուածներու առաջին շարքին: Բարեխղճօրէն գրել անոր յեղափոխական գործունէութեան մասին, առնուազն մեծածաւալ հատոր մը պէտք է: Բայց ինչպէս լռելեայն անցնիլ 25 երկար ու ձիգ տարիներու վրայէն, որու ընթացքին այդ տիպար ֆէտային երբեք զէնքը վար չդրաւ:

25 April, 2025

Ցրօնք Գիւղի Ընդհարումն ու Հրկիզումը

Հայոց թագաւորութիւնը եւ իշխանութիւնը դադրելէ ետքն իսկ, Տարօնի աշխարհն ու ժողովուրդը միշտ կառչած են իրենց նախահարց՝ Մամիկոնեաններու ուխտին եւ հաւատամքին.- «Քաջութեամբ մեռցուք ի վերայ աշխարհիս մեր եւ ի վերայ ազգիս մեր, եւ մի՛ տեսցեն աչք մեր, կոխան ոտից պղծալից լքեալ զարթարանս մեր»:

20 April, 2025

Գնաց Մեր Աւետիսը

Գրեց՝ Դրօ

Անշուշտ շատեր պիտի անդրադառնան Արարատի եւ Արաքսի մեծ զաւկին, մեր իրականութեան եւ յեղափոխական պատմութեան մէջ նրա կատարած դերին:

12 January, 2025

Նիկոլ Տէր Յովհաննէսեան (Դուման). Յուշիկներ

ԾՈՒՆԿԻ եկէ՛ք նոր բացուած գերեզմանին առջեւ երկիւղածօրէն ներշնչուելու մեռնող Դումանէն, նոր օրերու յաղթանակներու համար:

Սակայն Դումաններու համար մահ չկա՜յ... հայ բնաշխարհին մէջ՝ ուր մեռնող Դումանին ընկերները կը մարտնչին օրհասական կռիւ մղելով, ահա հո՛ն կը սաւառնի անմահ հրեոսի ոգին, հրավառելու բոլոր սառուցեալ սրտերը:

29 September, 2023

Ջնջուած Յիշատակ

Բոցիկու սարին սեւ ամպն է չոքել
Հովն է հեծեծում Բասենայ դաշտում.–
Ոսկի երգերդ իմ ազիզ ընկեր,
Էն հովն է երգում Բասենայ դաշտում:

13 June, 2023

Մարզպետի մասին

 

Մարզպետ, որուն մահուան լուրը Միջագետքի աւազուտ տափաստաններէն կը հասնի:

Օր մը «Հայրենիք»ի խմբագրութեան միջոցաւ բաց նամակ մը կը հասնի Օրիորդ Սէվն Պէննէթեանի ուղղուած: Նամակը կուգար Միջագետքէն, սիրային բովանդակութիւն ունէր ան եւ գրուած էր մաքուր գերմաներէնով: Կը զարմանանք բոլորս ալ, ո՞վ է, կը հարցնենք իրարու, Օրիորդ Սէվն Պէննէթեանը, որ մեր միջոցաւ, Միջագետքի խորերէն սիրային նամակ կ'ստանայ: Կսակածը կ'արթննայ մեր մէջ եւ մենք անմիջապէս հեղուկ մը կը քսենք նամակին երկու էջերուն վրայ, հասկնալու համար թէ գաղտնի թանաքով գրուած բան մը կա՞յ այնտեղ: 

01 June, 2023

Ցեղակրօն Ուխտերու Առաջին Պատգամաւորական Ժողովը

Յունիս 1, Ուրբաթ երեկոյին բացուած է Ցեղակրօն ուխտերու առաջին պատգմ. Ժողովը Պոստոն, «Հայրենիք»ի սրահին մէջ: Պատգամաւորներ գացած են Միջին Արեւմուտքի եւ Նիւ Ինկլէնտի բոլոր հայաշատ կեդրոններէն: Հեռաւորութեն պատճառաւ պատգամաւոր ղրկած չէ Քալիֆորնիան:

25 April, 2023

Մոռցուած Հերոսներ. Տիգրան եւ Ռուբէն

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Տիգրան եւ Ռուբէն: Յեղափոխական երկու նախակարապետներ Տարօնի աշխարհէն:

Տիգրան զաւակն էր հանրածանօթ Իգիթեան ընտանիքին, Մշոյ Սուրբ Մարինէ թաղէն:

Ռուբէն զաւակն էր նոյնպէս հանրածանօթ ընտանիքի մը, Յաղջան գիւղէն:

07 March, 2023

«Սօվիէտական իշխանութիւնը տապալեցաւ». Վրացեանի հեռագիրը

Ուօշիկնթընի հայկ. դեսպանատունը մեզ կը հաղորդէ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.–

Երեւան, Մարտ 7, 1921

Հայաստանի ժողովուրդին միահամուռ կամքով Սօվիտէական իշխանութիւնը տապալեցաւ Հայաստանի մէջ Փետր. 18-ին: Ժողովուրդը այլեւս չէր կրնար հանդուրժել պօլշեւիկ կարգերուն երբ բանտերը լեցուած էին հարիւրաւոր հայ մտաւորականներով, բոլոր հայ զինուորականները՝ մօտաւորապէս 1500 հոգի՝ աքսորուած Պաքու, հայ գիւղերը եւ քաղաքները ենթարկուած թալանի, բնակչութեան պաշարեղէնը եւ հագուստեղէնը փոխադրուած Ռուսիա: 

28 February, 2023

Սամսոն Թադէոսեանի Մահն ու Թաղումը

Մարտ 1-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թաւրիզում մեռաւ յեղափոխական եւ բազմաշխատ ու երախտաւոր գործիչ Սամսոն (բուն անունվ Ստեփան) Թադէոսեանը, 75 տարեկան պատկառելի հասակում:

01 January, 2023

Յարութիւն Միրաքեան

Վանայ մէջ վերջերս մեռեր է բնիկ բաղէշցի Յարութիւն Միրաքեան հայ զինուորը որ Հայոց Ձորի եւ Թիմուր գաւառակներուն մէջ, մեծ քաջութեամբ կռուած էր երկար ատեն հարստահարող քիւրտերու եւ ազաւակներու դէմ: Յուզիչ դամբանականներ խօսեր են Դաշն. ընկեր Վռամեան եւ Արամ, նաև թուրք զինուորական մը:

30 August, 2022

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ Անդրանիկը

Անմահ յեղափոխական Անդրանիկը մեռաւ: Իր մահուան քառասունքը դեռ չեղած, մեր հակառակորդներն սկսան իրենց սովորական վայնասունը բարձրացնել: Այդ տարրերը, որոնք երբեք Անդրանիկի գաղափարականութեան չեն հաւատացած, որոնք մեծ հերոսի կռիւներն ու խոյանքները միշտ ալ դատապարտած են, քարեր կը նետեն մեր հասցէին:

10 August, 2022

Սեւրը, Դաշնակցութիւնը եւ Իր Հակառակորդները

Հայաստանի հողային պահանջները բոլոր հայ հոսանքներու կողմէ Միջազգային Խորհրդաժողովներու մօտ արարծելու, ինչպէս եւ հայ մամուլին մէջ այդ հարցը քննելու ատեն, հիմ կ'ընդունուի Սեւրի դաշնագրով ստացուած հայրենիքը, նախագահ Ուիլսընի կողմէ գծուած սահմաններով:

01 August, 2022

Ողբացեալ Ընկեր Համօ Օհանջանեանի Յուղարկաւորութիւնը

Յուղարկաւորութիւն, Համաժողովրդական Սուգ եւ Մեծաշուք Ցոյց

Ընկեր Համօ Օհանջանեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Օգոստոս 1-ին՝ մեծաշուք հանդիսութեամբ եւ համաժողովրդական սուգի եւ յուզումի մէջ: Այդ տխուր հանդիսութիւնը յուղարկաւորութիւն մը չէր միայն, այլ սիրոյ եւ համակրանքի սրտայոյզ արտայայտութիւն մը:

Ընկ. Համօ Օհանջանեանի Վերջին Օրերը

Մեր մեծ ու ողբացեալ ընկերը, բոլորովին քաջառողջ, երբ կը պատրաստուէր Լիբանան մեկնիլ, Յուլիս 17ին, յանկարծակի թեթեւ անհանգստութիւն մը զգալով տունը կը մնայ: Այս վիճակը կը շարունակուի մէկ-երկու օր, իբրեւ պատահական տկարութեան մը արդիւնքը, մինչեւ որ բժիշկներու յանձնարարութեամբ կը փոխադրուի Վիքթորիա հիւանդանոցը, ուր կը ճշդուի վերջնապէս իր հիւանդութիւնը – միզարգելութիւն:

22 July, 2022

Էտօ Դաշնակսկի Տէրրօր

Ի՞նչպէս Սպաննուեցաւ Ճէմալ Փաշա Թիֆլիզի Մէջ

1922 թուին էր:

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիզի Բէհբութեան փողոցում ես հացթուխի խանութ ունէի:

Այդ նոյն փողոցում գտնւում էին Չեկայի հիմնարկութիւնները եւ հրշէջների հաստատութիւնը:

24 March, 2022

Ծառը Ծառ է Եւ Ընձուղտը Ընձուղտ

Չորս տարեկան բարեկամ մը ունիմ՝ Արա, որուն հետ յաճախ գաղափարի փոխանակութիւն կ'ունենանք: Օր մը, երբ պարտէզին մէջ նորէն կը վիճէինք, ան, յանկարծ, կեցաւ ու բարձր ծառի մը նայելով՝ հարցուց.

–Հօրեղբա՛յր, սա ի՞նչ է:
–Ծառ է, ըսի:
–Չէ՛, ծառ չէ:
–Հապա ի՞նչ է:
–Ընձուղտ է:

10 March, 2022

Ողբացեալ Ալեքսանդր Խատիսեանի Յիշատակին

Ամառնային պայծառ, արեւոտ օր մը՝ Պուլկարիոյ Ռուսճուք քաղաքի ազգային իշխանութիւնները Սոֆիայի ազգային իշխանութենէն կըստանայ հետեւեալ հեռագիրը.

–Այսօրուայ ճեպընթացով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ալ. Խատիսեան կէսօրին հոդ կ'ըլլայ. դիմաւորեցէք զինքը:

02 January, 2022

Խանասորի Վարդանը

«Հայրենիք» Երեւանէն նոր ստացուած մասնաւոր նամակէ մը կը տեղեկանայ, թէ այնտեղ մեռած է 1943 թուին, ճիշդ չորս տարի առաջ, Սէրգէյ կամ Սարգիս Մեհրապեան, յեղափոխական անունով յայտնի Խանասորի Վարդանը:

02 December, 2021

Դեկտեմբեր 2-ը

Մեր պատմութիւնը լեցուն է դժբախղդութեան և թշուառութեան թուականներով: Այդպիսի թուական մըն է և այս:

Հինգ հարիւր տարուան ստրկական կեանքէ մը վերջ, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը սուլթաններու և ցարերու կամակայական րէժիմներուն դառնութիւնը ըմպած էր ցմրուր, ներկայ սերունդը բաղդաւորութիւնը ունեցաւ ճաշակելու ազատութեան և անկախութեան մեզ համար արգիլեալ պտուղը: