Մարտ 17ին (Հ.ին Տ.ոմարով 4) կը լրանայ 25 ամեակը Քրիստափոր Միքայէլեանի եղերական մահւան, Սօֆիայի մէջ, Վիտօշի մէկ սարալանջին վրա:
Չարաբաստիկ հովիտին ափը, մենաւոր, ազազուն ծառ մը միայն կը յիշեցնէ զարհուրելի աղէտին վայրը: Իսկ մէկ ժամ անդին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաքի գլխաւոր գերեզմանատան մէջ, Քրիստափորն արդէն ունի իր դամբարանը, 1924էն ի վեր: Իր խրոխտ կիսանդրին՝ երիտասարդ Վռամի (Քէնտիրեան) նկարին հետ: