Showing posts with label «Ազդակ». Պէյրութ. Show all posts
Showing posts with label «Ազդակ». Պէյրութ. Show all posts

19 August, 2024

Ընկ. Հրաչ Փափազեանի Ազգային Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը

Երէկ՝ Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս, առաւօտեան ժամը 9ին, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր շուքով տեղի ունեցաւ հանրային վաստակաւոր գործիչ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անձնուէր ղեկավարներէն ընկ. Հրաչ Փափազեանի յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա.ի:

11 November, 2023

Միսաք Թորլաքեան

Բարի գործքով կամ արութեամբ հռչակուած ընտիրները, կեանքի բնականոն ընթացքը աւարտած եւ ի կենդանութեան անմահութիւն նուաճած ըլլալով հանդերձ, իրենց մահով խոր սուգ մը կ'առաջացնեն երախտագէտ բազմութիւններու սրտին, կրկնակի սուգ մը՝ մեկնողին համար, մնացողին համար:

29 March, 2023

Գասպար Իփէկեան

Ետնանկարը՝ վարը, մանրամասնութիւններով

Ընկեր Գասպար Իփէկեան

Երէկ՝ Հինգշաբթի առտու ժամը 7.30ին, իր բնակարանին մէջ մահացաւ ընկեր Գասպար Իփէկեան, որ ատենէ մը ի վեր անկողին ինկած էր սրտի տագնապով:

27 March, 2023

Դաւաճան Վահէ Իհսանի Ահաբեկումը

...Կը հետապնդէինք պատերազմի սեւ դէմքերը, լրտես-մատնիչները, որոնց գլխաւորները մաքրագործուած էին արդէն.- Յարութիւն Մկրտիչեան, Հմայեակ Արամեանց, պուլկար Վլատիմիր: Բայց դեռ կ'ապրէր գլխաւոր մատնիչներէն մէկը, որ տակաւին իր չարաշուք ստուերը կը պտտցնէր ճոխ կեանքի մը վայելքներուն մէջ, լիովին վարձատրուած թուրք իշխանութեանց կողմէ, յանդուգն ու մերթ ամբարտաւան, ամէն տեղ կրկնելով.- «Զիս պաննողը դեռ մորմէն չէ ծնած»:

21 March, 2023

Յայտարարութիւն ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր Ժողովի

ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ,

Մարտ 21ին փակուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ԺԲ. Ընդհանուր Ժողովը: Պատմական բացառիկ պարագաներու մէջ գումարուած էր Դաշնակցութեան գերագոյն ատեանը, գծելու համար քաղաքական այն ուղին, ուրկէ պիտի ընթանայ Կուսակցութիւնը յառաջիկայ տարիներու ընթացքին: Դաշնակցութեան Բարձրագոյն Ժողովին մէջ խմբուած պատգամաւորները, որոնք եկած էին աշխարհի չորս ծագերէն, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, պատմական վայրկեանի յստակ գիտակցութեամբ, հանգամանօրէն քննեցին բոլոր հարցերը և բացառիկ համերաշխութեամբ տուին պատշաճ որոշումները հայ կեանքը յուզող բոլոր հրատապ խնդիրներու առթիւ: Անոնք ջանացին որ ԺԲ. Ընդհանուր Ժողովը դարձակէտ մը դառնայ մեր կեանքի մէջ, նոր թափ մը տալով Դաշնակցութեան գործունէութեան:

09 February, 2023

Սօսէ Մայրիկ (Պատառ Մը Իր Յուշերէն)

Կարօ Սասունի եւ Սօսէ Մայրիկ

Սօսէ մայրիկի մահով կ'անհետանայ կին ֆէտայի փայլուն տիպար մը, որու անունը միշտ պիտի յիշուի Աղբիւր Սերոբի դիւցազնական անունա հետ: Աղբիւր Սերոբը մեր մարտական յեղափոխութեան առասպելական հերոսն է: Անով կը սկսի ֆիտայական արծուային ճախրանքը Տարօնի շրջանին մէջ եւ կը ստեղծէ աննման սերունդ մը երկաթէ մարդերու, որոքն հայ ազատագրութեան փառաւոր դրօշակիրներն եղան, Սօսէն մէկն էր անոնցմէ:

Սօսէ Տայօ

Վերջին շրջաններուն միայն Սօսէն դարձած էր «Տայօ» – Տատիկ:

Տարիներ առաջ փարթամ, երիտասարդ լեռնային մարալ մըն էր՝ կրակոտ, համարձակ եւ յանդուգն:

30 November, 2022

Լեւոն Շանթ (1869-1951)

Լեւոն Շանթ իր կրթութեամբ եւ գործածած լեզուով ինքնայատուկ դէմք մըն է մեր գրականութեան մէջ:

Ծնած է Պոլիս, 1869ին, նախնական կրթութիւնը ստացած է իր թաղին նախակրթարանը եւ ապա Սկիւտարի վարժարանը, ուր կը շարունակէ աշակերտիլ մինչեւ 1883: Աչքի կը զարնէ իբրեւ ուշիմ աշակերտ:

28 November, 2022

ՏԱՏՐԱԿ, ԱՍՈՂԻԿ. Գեղամ Տէր Կարապետեան

Տարօնի զաւակ էր Գեղամը, Մշոյ դաշտի Խէյրիան գիւղացի Կարապետ քահանայ Տէր Կարապետեանի որդին: Ծնած էր 1865ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած էր ծննդավայրին մէջ, հօր խնամքին տակ, որ ջերմեռանդ հաւատացեալի եւ ուսումնասէր մարդու համբաւ ունէր: Այնուհետեւ, շուրջ եօթը տարի, մինչեւ 1883, յաճախած է Ս. Կարապետ վանքի Ժառանգաւորաց դպրոցը եւ ատեն մըն ալ Մուշի Միացեալ Ընկերութեան վարժարանը, եւ, վերջապէս, երկու տարի (1885-87) աշակերտած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը:

25 August, 2022

Անձնուէր Գործիչը Գաբրիէլ Լազեան

Ձախին՝ Դրոյի հետ Լիբանան.
Աջին՝ Ռուբէնի հետ, Ֆրանսա, 1938

Արդէն քառասունքն է այն օրուան, երբ իր մահուան անակնկալ գոյժը տուաւ երէց ընկեր մը, լիբանանեան լերան մը բարձունքին, և, տակաւին, չեմ հաշտուած իր մահուան գաղափարին հետ:

04 August, 2022

Տք. Նշան Նահիկեան. Խարբերդի Հրկիզուած Բանտի Զոհերէն

Դրուագ Մը Մեծ Եղեռնէն

Խարբերդի Հրկիզուած Բանտի Հերոսներէն

Այսօր՝ երբ վշտի անհուն թախիծով կը վերյիշեմ եղեռնի արիւնոտ օրերուն՝ Մեզիրէի «հրկիզուած բանտը», հոգեկան փոթորիկ մը կ'անցնի իմ ներաշխարհէն եւ զուլումի մշուշի մէջէն կը տեսնեմ աճիւնները մեր աննման հերոսներուն, որոնք ապրեցան ու գործեցին հայ ազգին ծառայելու վսեմ իտէալով, եւ որոնք՝ երբ տակաւին խանդ ու եռանդ ունէին իրենց ամբողջ կեանքը, իրենց գործունէութիւնը եւ կորովը տրամադրելու իրենց սրբազան գաղափարին, ինկան ժողովուրդի մը վայրագ ոճիրներուն տակ:

24 May, 2022

Ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի Դամբանականը

Շաբաթ, 24 Մայիսին, Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ եկեղեցական արարողութիւններու, Ընկեր Սիմոն Վրացեանի դագաղին առջեւ յանուն ՀՅԴ Հրուանդանի Կեդրոնական Կոմիտէին, մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց եւ բազմահազար ընկերներուն, Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի արտասանած դամբանականը:

02 May, 2022

Ես Այսպէս Կը Հայհոյեմ Դաշնակցութեան

Լորթօ. Յարութիւն Համբարձումեան
Ետնանկարը՝ Խմբապետ Մարտիրոսի խումբը, Լեւոն Քալանթարեան եւ զինակիցներով. ձախին կանգնածը՝ Լորթօ
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Այժմ խորհրդածութեան, փառքի, մեծարանքի տօնական ՕՐ ունեցող Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իր ՕՐերու պատմութեան մէջ, Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին ու ահաւոր տարիներուն ունեցած է, ապրած է չափազանց սեւ օր մը, «Երեւանեան մութ բանտում», որ Չեկան կազմակերպեր էր անարգանքի անօրինակ, նսեմ հանդէս մը «Դաշնակ խուլիգանների» համար...

19 March, 2022

Սասունցի Մուշեղ Աւետիսեան

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Հերոսական աննման դէմք մըն ալ, ասուպի պէս, անշշուկ՝ բայց լուսաւոր գիծ մը թողնելով՝ կ'անցնի հայ հորիզոնէն դէպի յաւիտենականութիւնը:

Սասունցի Մուշեղը Սասնոյ տան խոյերէն էր, ծնած Սասնոյ Խեանքի շրջանի Արսըգ գիւղին մէջ 1887ին: Գիւղին մէջ քանի մը տարի Ա. և Բ.ի ծանօթանալէն յետոյ, կը ղրկւի Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը և կ'աւարտէ Ժառանգաւորաց Վարժարանը, դառնալով Վարդան Վարդապետի սիրելի պատանիներէն և հաւատարիմ սուրհանդակներէն մէկը 1904-1906 թուականներուն:

03 December, 2021

Անոնց Գործը Թող Ըլլայ Մեզի Ուղեցոյց

Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Սուգի մէջ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր մարմիններով, երեց ու կրտսեր ընկերներու իր բոլոր շարքերով: Նոյն շաբթուան մէջ եւ գրելէ նոյն օրերուն՝ երկու ծանր կորուստներ – ընկեր Ռուբէն Տէր Մինասեան, որ յանկարծամահ կ'ըլլայ Փարիզի մէջ եւ ընկեր Լեւոն Շանթ, որ դանդաղօրէն կը շիջի Պէյրութի իր բնակարանի յարկին տակ:

02 October, 2021

Մահ Ընկերուհի Լոլա Սասունիի

Երէկ առաւօտ, սրտի կաթուածի հետեւանքով, աչքերը յաւիտենապէս փակեց բացառիկ արժանիքներով օժտուած վաստակաւոր հայուհի մը, որ ամբողջ կէս դար, Պոլսէն մինչեւ Կովկաս, ապա Սասուն, անկէ Հայաստան ու յետոյ Ֆրանսա եւ ի վերջոյ Լիբանան, իր ամէնօրեայ բեղուն գործունէութեամբ, ինքնամոռաց անձնուիրութեան եւ ջերմ ու վարակիչ հայրենասիրութեան տիպար հանդիսացաւ:

01 October, 2021

Կոմսը (Վերջին Սուրհանդակը)

Անձնուրաց ֆետայիներու հին ճամբորդը: Դար մը իր ուսերուն՝ անմահ ընկերներուն քովը գնաց:

Թերեւս ամէնէն շատ ծանօթութիւններ ամբարած՝ անդիի աշխարհին մէջ հոգեխռով հին անձնուրացներու զեկուցաբերը պիտի հանդիսանայ Վահան Փափազեան:

16 August, 2021

Հրաչ Փափազեան

Գերեզմա՛ն մըն ալ հայրենիքէն դուրս, հիւրնկալ հողի վրայ: Գերեզման մըն ալ բազմաթիւ հողակոյտերու կարգին, որոնք իրենց մէջ կը պարփակեն մեր ժամանակից ազատագրական և յեղափոխական պատմութեան դէմքերը, – հերոսներ և անձնուէր գործիչներ բոլորն ալ, որոնք իրենց կեանքէն, մտածումներէն ու նախաձեռնութիւններէն բան մը ընծայաբերեցին հայ ժողովուրդին և այդպէս հրաժեշտ տուին այս անցաւոր կեանքին:

11 August, 2021

Պետութիւն եւ Անկախութիւն (Դատողութիւններ Մայիս 28-ի Առթիւ). Կ. Սասունի

Մայիս 28-ը Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան և Հայոց պետութեան վերակարցուման մեծ տօնն է: Ամէն տարի սովորական կամ անսովոր տռնակատարութիւններ կ'ըլլան, գրքեր ու յօդուածներ կը տպուին, փառաբանանքի տուրք կը տրուի անցեալ մեծագործութեան, հպարտանքով կը լեցուին հայ մարդոց սիրտերը, ու գօտեպնդուած մեր ժողովուրդի վերելքով, Մայիս 28-ի պատուանդանէն կը նայինք միշտ յուսալից վաղուան:

Ընկ. Կարօ Սասունի Ոչ Եւս Է

Հայ ժողովուրդը կորցրեց արժանաւոր մի զաւակ:

Հինգշաբթի օր, Օգոստոս 11-ին, առաւօտեան ժամը 6-ին, Զարիֆ թաղի «Դաքթըրզ» հիւանդանոցում, ամբողջ ութ օր մահւան դէմ մաքառելուց յետոյ, ընկ. Կարօ Սասունին յաւիտենապէս փակեց իր աչքերը: