Posts

Showing posts from November, 2021

Լեւոն Շանթի Բանախօսութիւնը Գահիրէի մէջ

Image
Նկարը՝ Դաշնակցութեան Օրուայ Տօնակատարութիւն, Պէյրութ, 1950 թուական: Նստած՝ Լեւոն Շանթ, կը բանախօսէ  Կարօ Սասունի 1925 Հոկտ. 18, Մայիսեան սրահին մէջ, ընկերներու եւ համակիրներու բազմութեան մը առջեւ տօնուեցաւ «Հ.Յ.Դ. Օր»ը: Սրահը զարդարուած էր կանաչներով եւ բեմը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մեծադիր եւ իւղաներկ զինանշանով:

Խրիմեան Հայրիկ (1820-1907)

Image
Հայոց Հայրիկը վախճանեցաւ նոյ. 9-ին պայքարի, երազներու և տարիներու բեռին տակ կորաքամակ և «վշտակիր»: Հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ եզականօրէն վճիտ և հոյակապ դէմք մըն է, որ կրցաւ իր հմայքով և անկեղծութիւնով ետևէն քալեցնել ամբողջ ժողովուրդի մը եռանդը, իղձը, յոյսերը և գիտակցութիւնը:

Դաշնակցութիւնը. գրեց՝ Ռուբէն

Image
Մէկ դար առաջ՝ առասպելական մեր նախահայր ըմբոստ Հայկի ո՛չ Հայաստանը կար եւ ո՛չ ալ հայութիւնը: Չկար նոյնպէս ասորաց Շամիրամի ցանկացած Արա Գեղեցիկը՝ իր չնաշխարհիկ Հայաստանով: Տիգրան Մեծի, Արտաշէսի կայսրութիւնը փոշիացած էր, իսկ Խորենացու «հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն» Հայաստանը դարձած էր ողջակէզ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ տիրապետութեանց:

Ընկերները՝ Գուրգէն Մխիթարեանի Մասին

Image
Իր Վերջին Բառերը –«Հաւաքուած ենք տօնակատարելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան 72-րդ տարեդարձը: «Ինչո՞ւ, սակայն, հայ ժողովուրդը համախումբ կը մասնակցի այս հանդիսութիւններուն եւ կը գուրգուրայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վրայ: «Որովհետեւ՝ ծնունդն է ան Հայոց տառապանքին եւ ազատագրական երկունքին: «Կարելի չէ բաժնել Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւնը՝ Հայոց ժողովուրդի պատմութենէն. այնքա՜ն նոյնացած են անոնք իրարու: «Բազմաթիւ օտար ու մեծ ազգերու մեծ կուսակցութիւնները՝ անհետացած են քաղաքական բեմերէ. մինչ Դաշնակցութիւնը...»:

Ընկ. Գուրգէն Մխիթարեան Ինկաւ Պատնէշին Վրայ

Image
-Հայ Ժողովուրդ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւն Նոր Ու Ծանր Հարուածի Մը Կենթարկուին -«Հայրենիք»ի Ներհուն Խմբագրին, Խորաթափանց Գրագէտ-Հրապարակագրին եւ Կուսակցութեան Կորովի ու Անձնուէր Գործիչին Յեղակարծ Կորուստով

Թորլաքեան Ազատ Արձակուած

Image
Միսաք Թորլաքեան , քաջարի հայ երիտասարդը, որ անցեալ Մարտ 15-ին Պօլսոյ մէջ գնդակահար անշնչացուց հայ ժողովուրդի գլխաւոր դահիճներէն մէկը, Պէհպուտ խան Ճիւանշիր, Պաքուի քսան հազար հայերու կոտորածին գլխաւոր պատասխանատուն, և որուն դատավարութիւնը տեղի կ'ունենար ամիսներէ ի վեր Պօլսոյ անգիլական զինուորական ատեանին առջև, անպարտ արձակուած է:

Անդրանիկը Սիւնեաց Երկրում. Ժ. Զօրացրում

Image
Դեկտ. 24-ին մայոր Գիբոնը մեկնում է Շուշի, որպէսզի այնտեղից հեռագրով հաղորդի Անդրանիկի եւ նրա զօրամասի առաջարկները: Մայոր Գիբոնի հետ Շուշի է անցնում եւ հարւածող զօրամասի բժիշկ Ռուբէն Տէր-Ստեփանեանը, որ խօսում էր անգլիերէն եւ ֆրանսերէն: Նոյն օրը Շուշի են մեկնում եւ Շուշիւ եւ Գանձակի գնդերի մնացորդ զինւորները, այլ եւ Զանգեզուրում փակւած ղարաբաղցի մասնաւոր անհատները, թւով 400 հոգի: