Ոչ պաշտօնական.
Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Տէռօր. Խաչիկ Սէմէրճեան
Get link
Facebook
X
Pinterest
Email
Other Apps
-
Վասպուրականի Կեդր. Կօմիտէի որոշմամբ տէռօրի ենթարկւեցաւ յայտնի մատնիչ Խաչիկ Սէմէրճեանը փետրւար 2/15-ին կիրակի երեկոյ ժամը 11-ին:
1895-ի աշնան, ճիշդ այն ամսուն, երբ սուլթանական դաւադրութիւնը կազմակերպւած էր ընդհանուր կոտորած առաջ բերելու համար հայաբնակ գաւառներու մէջ, Սերոբ բաւական զօրաւոր խմբով մը, երկինքէ իջածի պէս, ոտք կը դնէր հայրենի հողին վրայ: Անոր Սոխորդ հասնելու երկրորդ օրը լուր կուգայ թէ Բաղէշը կոտորւեր եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ ալ ջարդի սարսափ կը տիրէ: Սերոբ իր խումբի 27 տղաքներէն 15-ը կը բաժնէ կոտորածի ահը կեցող գիւղերուն մէջ, խոստանալով որ վտանգի րոպէին ուր է ուր չէ օգնութեան կը հասնի. իսկ ինք 12 հոգով կըսպասէ Սոխորդ գիւղի մէջ: Բաղէշի կոտորածի գուժերուն երկրորդ օրը, Սոխորդը յանկարծ սեւ ամպերու պէս կը շրջապատւի կատաղի քիւրդերով, որոնք կուզէին այդ գիւղին առաջին հարւածը տալ եւ տկարացնել զայն, միւս մնացած գիւղերը այլեւս հեշտ էր ջարդել, թալանել ու աւերել: Քիւրդերը սակայն երբէք մտքերնէն չէին անցներ որ այնտեղ յեղափոխականներ կարող էին գտնւիլ. միմիայն կը մտածէին գիւղացիներու մասին, որոնք իրենց կարծիքով, ինչքան ալ կտրիճ ըլլային, անզէն՝ բան չէին կրնար ընել 5-600 զինւած քիւրդերու դէմ: Ատոր համար ահագին պատրաս...
Վիրաւոր առիւծը իր շունչը փչեց: Նա վաղուց էր ստացել այդ վէրքը: Խոցւած սրտից՝ թափառում էր երկրից երկիր՝ անհանգիստ ու հայրենակարօտ: Աշխարհը նրա համար դարձել էր մի նեղ վանդակ, որի պաղ ձողերն էր կրծում նա յուսահատօրէն: Ժընեւից Պոլիս, Պոլսից Բարձր Հայք ու Ատրպատական քայլում էր նա հալածական: Մի անմեկնելի կարօտ մշում էր նրա սիրտը, եւ յաւիտենական թախիծը կծկւել էր նրա աչքերի մէջ:
Բուն անունով Յարութիւն Սարգիսեան, ծնած է Տարօն աշխարհի Փեթար գիւղը 1874-5-ին: Սարգիս շփման մէջ կը մտնէ բոլոր հայ ֆետայիներուն հետ, որոնք կու գային ու կ'անցնէին Փեթար գիւղէն: Սարգիս նաեւ որոշ գործակցութիւններ կ'ունենայ անոնց հետ: Պատանի Թադօ ուշի ուշով կը հետեւի հայ ֆետայիներուն ու իր մէջ կ'արթննայ յեղափոխական ոգին: Շրջան մը ետք Հրայր (Արմենակ Ղազարեան), որպէս Մուրատ Պոյաճեանի (Մեծն Մուրատ) եւ Միհրան Տամատեանի գործակից, կը շրջի Սասնոյ եւ Տարօնի դաշտերը, կազմակերպչական աշխատնաքներ տանելու: Հրայր կ'այցելէ նաեւ Փեթար գիւղը, ուր իր խումբին առաջին անդամը կ'ըլլայ Քեռի Թադոն:
Comments