Showing posts with label ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովներ. Show all posts
Showing posts with label ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովներ. Show all posts

18 September, 2025

Կեանքի Գործունէութիւն. Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը

Հինգերորդն է այս Ընդհանուր Ժողովը, քսան տարիներու տաժանագին ալեկոծ եւ մարտական կեանքի մը մէջ, որ ապրած է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը՝ հետեւելով Հայ ժողովուրդի պատմական ուղին եւ լծորդելով իրարու անոր տանջանքը եւ ազատութեան տենչը, անոր կռիւն ու կեանքի հաւատքը՝ յանուն երջանիկ ու լաւագոյն օրերու:

04 May, 2025

Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը հետեւանքը

Դաշնակցութեան չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը վերջացաւ մայիս 4ի շաբաթ օրը, կատարեալ յաջողութեամբ եւ համաձայնութեամբ: Մասնակցում էին պատգամաւորներ Ռուսիայից, Կովկասից, Թիւրքիայից, Պարսկաստանից, Պալքանից եւ Ամերիկայից: Հաստատւած է «Կովկասեան նախագիծը»: Անջատման առաջարկը յետ է մղւած: Դաշնակցութիւնը շարունակելու է իր գործունէութիւնը Թիւրքիայում յանուն ժողովրդի ազատագրութեան եւ Կովկասում, ղեկավարւելով սօցիալիստական աշխատաւորական սկզբունքով եւ յեղափոխական տակտիկով:

20 November, 2023

Տերրօր. Վարդօի Խնդիրը

ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը
Կարգապահական
Վարդօի Խնդիրը

Ընդհանուր Ժողովը ապրիլի 28-ի նիստի մէջ, լսելով Վարդօի գործին համար կազմւած Դատական յանձնաժողովի մանրամասն զեկուցումը՝ եկաւ հետեւեալ եզրակացութեան.

04 May, 2023

ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը

Մռայլ, յոռետես մտքեր ներշնչող պարագաների տակ գումարւեց Դաշնակցութեան կուսակցաժողովը: –Հազիւ անցած արիւնոտ կռւի ճամբան, ռազմադաշտից նոր դարձած զօրագնդի հոգսերը ճակատին, յաղթական՝ բայց տրտում – յաղթւողը իր անգիտակից հարևանն էր – կանգնած անորոշ ապագայի հանդէպ, կուսակցութեան գերագոյն ժողովը զգում էր իրեն նոր և խոշոր պատասխանատւութեան առջև, բարդ և վտանգաւոր կռիւների հանդէպ. –կռիւ արտաքին թշնամիների դէմ, որոնք յաղթահարելը իր տենչն էր ու նպատակը, կռիւ ներքին պառակտող տարրերի դէմ, որոնց սանձելը իր վիշտն էր և ոյժերի վատնումը...

02 May, 2023

ՅԱՅՏԱԳԻՐ Հ.Յ.Դ. ԺԱ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

Ընկերնե՛ր եւ հայրենակիցնե՛ր.

Հ.Յ. Դաշնակցութեան 11րդ Ընդհանուր Ժողովը, որ տեւեց աւելի քան մէկ ու կէս ամիս, լարւած ուշադրութեամբ եւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ քննութեան առաւ բազմատեսակ ազգային-քաղաքական եւ զուտ կազմակերպական հարցեր եւ յանգեցաւ յուսալից հետեւանքներու: Մեր բոլոր մարմինները եւ ընկերները կը սպասեն ակընդէտ իրենց Գերագոյն Ժողովի որոշումներուն, ճշտելու համար իրենց վերաբերումը մեր կեանքի բազմապիսի հարցերու հանդէպ եւ գծելու առաջիկայ տարիներու գործունէութեան ուղին: Պատմութեան բերումով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դարձած է քաղաքական զօրաւոր ազդակ մը հայութեան կեանքին մէջ, ուստի անոր որոշումներուն կը սպասեն նաեւ հայ ժողովրդի լայն զանգւածները եւ մեզ ու մեր դատի հակառակորդ ուժերը: Հաւատարիմ մեր աւանդութեան՝ պիտի փորձենք համառօտ բայց մեկին՝ ուրւագծել Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան ուղին առաջիկայ տարիներու համար:

21 March, 2023

Յայտարարութիւն ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր Ժողովի

ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ,

Մարտ 21ին փակուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ԺԲ. Ընդհանուր Ժողովը: Պատմական բացառիկ պարագաներու մէջ գումարուած էր Դաշնակցութեան գերագոյն ատեանը, գծելու համար քաղաքական այն ուղին, ուրկէ պիտի ընթանայ Կուսակցութիւնը յառաջիկայ տարիներու ընթացքին: Դաշնակցութեան Բարձրագոյն Ժողովին մէջ խմբուած պատգամաւորները, որոնք եկած էին աշխարհի չորս ծագերէն, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, պատմական վայրկեանի յստակ գիտակցութեամբ, հանգամանօրէն քննեցին բոլոր հարցերը և բացառիկ համերաշխութեամբ տուին պատշաճ որոշումները հայ կեանքը յուզող բոլոր հրատապ խնդիրներու առթիւ: Անոնք ջանացին որ ԺԲ. Ընդհանուր Ժողովը դարձակէտ մը դառնայ մեր կեանքի մէջ, նոր թափ մը տալով Դաշնակցութեան գործունէութեան:

17 January, 2023

Յայտարարութիւն ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր Ժողովի

ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ,

1924 Նոյեմբեր 17-ին, գումարուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Ժ. Ընդհ. Ժողովը, արտասահմանի մէջ:

Որքան ոգեւորիչ էին պայմաններ 1919-ին, երբ տեղի կ'ունենար Դաշնակցութեան Թ. Ընդհ. Ժողովը, Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, նոյնքան դժնդակ է պատկերը, հինգ տարի յետոյ, իբրեւ հետեւանք զարհուրելի վերիվայրումներու, որոնք հիմնովին շրջեցին մեր պատմութեան ընթացքը:

26 September, 2021

Յայտարարագիր Կովկասեան Գործունէութեան Առթիւ. ՀՅԴ Ե.րդ Ընդհանուր Ժողով

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ե.-րդ Ընդհանուր Ժողովը կանգնած է քաղաքական երկու տարբեր պատկերների առջև: Մինչ մի կողմից գալիս ենք Թիւրքիայի մեր քսանամեայ կռիւների փայլուն յաղթանակն արձանագրելու, մինչ Իրանի պատմութեան մէջ՝ մեր մասնակցութեամբ բացւած նոր շրջանն ենք աւետում, մինչ երկու երկիրների բռնապետների տապալումը և ուժասպառ ժողովուրդների վերածնութիւնն ենք ողջունում,– այնտեղ՝ Ռուսաստանում սև րէակցիան է, որ տիրող է, յաղթական: Ժողովրդի դէմ յայտարարւած պատերազմն է, որ շարունակում է մղւել յամառ ու անողոք. այնտեղ՝ արիւնոտ, նոր, մեծ պայքարի հեռանկարն է, որ դրւած է սպառնալից:

25 September, 2021

Յայտարարագիր Հ. Յ. Դ. Հինգերորդ Ընդհանուր Ժողովի

Ողջունելով Հին Րէժիմի տապալումը Օսմանեան Պետութեան մէջ, ուր նախկին կարգերու աւերակներուն վրայ կը ձևաորւի ազատութեան շէնքը, Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը, – քաջալերւած քսանամեայ յեղափոխական դրական աշխատանքով, զոր մտցուց վերածնութեան գործին մէջ, լցւած խորունկ յարգանքով անզուգական զոհերու յիշատակին հանդէպ, որոնք դուրս եկած մեր ժողովրդի ցաւէն և ծոցէն, իրենց բողոքով, իրենց արիւնով, իրենց հերոսական մահով, Կուսակցական դրօշի տակ, նոր կեանքի խարիսխը կռեցին, – պարտք կը համարի յայտարարել ի գիտութիւն Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդներուն և յատկապէս հայ ժողովուրդին.