Անդրանիկ Ի Պատուի
«Սովետական Հայաստան»ի մէջ հրատարակուած է « Զօրավար Անդրանիկ կը խօսի» խորագրով ընդարձակ յօդուած մը: Գրութիւնը նոր չէ: Արտատպուած է Փարիզի «Ապագայ» օրաթերթի 1924ի թիւերէն: Վերահրատարակութիւնը հետեւանք է – ըստ «Ս. Հայաստան»ի խմբագրութեան բացատրութեան – ընթերցողներէ ստացուած ա՛յն նամակներուն, որոնք կ'ուզեն գիտնալ, թէ « ինչո՛ւ զօրավար Անդրանիկը հեռացաւ Հայաստանից »: