Posts

Showing posts from August, 2025

Ղարաբաղի Հայ Ժողովրդին

Image
  Կատարւեց այն, ինչ որ պիտի կատարւէր անխուսափելիօրէն: Ղարաբաղի մահմէդականութիւնը յարեց համիսլամական շարժման եւ մեր հայրենիքը սուզւեց նորից խաւար ու խայտառակ միջնադարի մէջ: Մի շարժում, որի մղիչ գաղափարը ոչնչացումն է ամեն մի քաղաքակրթութեան, որի ղեկավարները բարոյազուրկ գիաշտիչ կալւածատէրերն են եւ սրի կրողն է՝ այդ ողորմելի, շրաունակ թալանող ու թալանւող մահմէդական ամբոխը:

Կախաղաններու Կատարէն. Սիամանթօ

Image
Gloria Victis... Մահակիր սիւները մթնշաղին մէջէն եղեռնաբար կը բարձրանան, Պայծառ, սրտոտ եւ նուիրական որդիներուն համար տրտմաթախիծ Հայրենիքին, Կարինէն Գաղատիա եւ Մարզուան եւ Պօլիսէն Իզմիր եւ Երիզա... Եւ ամէն անգամ որ արեւակերպ հերոսի մը հռնդիւնը հովերուն մէջ մեռաւ, Հեթանոս խուժանը կատաղօրէն վարն էր, հրապարակին վրայ, ցեխին մէջ եւ ցեխը ապականելով... Եւ ցնծութենէ կ'ոռնար Ալլահին հրաւէրէն եւ ատելութեան ծափերէն մոլեգին:

Ես Ծեր Եմ Արդէն Եւ Ասում Եմ Երիտասարդ Հոգիներին

Image
Կեանքը կարճ է, ուստի՝ մէկ տարին բաւական երկար: Խորհածը նոյնպէս արած հաշուելով՝ քանի որ մտածումը սկիզբն է գործի՝ ի՞նչ արած էք այս մէկ տարուան մէջ, որ անցաւ ահա: Եւ ի՞նչ էք մտադիր այս եկող տարին: Մտածեցէք. մէ՛կ անգամ միայն ձեզ տրուած է պատեհութիւն այս շքեղ տիեզերքի մէջ մտածելու, զգալու եւ կամենալու: Մի նոր տերեւ էք մարդկւոեթան ծառին, որ պիտի թողէք վաղ է ուշ: Ներ տերեւներ կը բուսնին եւ կը նային արեւին, բայց դո՛ւք չէք լինի, այլ ուրիշներ: Նոր տարին առիթ է, որ մտածէք այս մասին:

Կամախի Կռւի Առթիւ

Image
Ահա՛ դարձեալ մի նոր ճակատամարտ, դարձեալ մի նոր ընդհարում: Անցեալ Օգոստոս ամսի սկզբներին, Սասունի Ապստամբութեան եւ Կոտորածի Տարեդարձին բորբոքում, ծագում է մի նոր կռիւ, այս անգամ Տաճկահայաստանի մի այլ մասում՝ Երզնկայի շրջակայքում:

Երզնկայի Տագնապը. Կամախու Ձորի եւ Սեպուհ Լեռան Կռիւը

Image
Յեղափոխութեան ս. Գործը վաղուց արդէն Երզնկայ մուտ գտած ըլլալով, ահագին մեծ ոյժ եւ կազմակերպութիւն մը ստացած էր, որուն թեւին տակ կը գտնւէր 17 հոգիէ բաղկացած եւ Քեռիի առաջնորդութեամբ հայ հայդուկախումբ մը:

ԲՈՂՈՔԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Image
Հայ Ժողովուրդ Հեռագիրը հաղորդեց, որ բարձրագոյն հրամանով վերադարձնում են հայ եկեղեցուց յափշտակւած կալւածները. նոյն բարձրագոյն հրամանով վերաբացւում են եւ հայ-ծխական ուսումնարանները, 1874 թւին հաստատւած ծրագրով:

Ապստամբութիւն Ի Սասուն

Image
Այս առաջին անգամը չէ, որ Սասուն գլուխ կը բարձրացնէ: 80-ական թուականներէն սկսեալ Սասունցիք միշտ տեսակ մը պատերազմական դրութեան մէջ են: 91 թիւն էր, երբ տաճիկ պետութիւնն այս բուռը քաջերու դէմ 2000-էն աւելի զօրք եւ թնդանօթներ ղրկեց, բայց կոտորածով եւ խայտառակութեամբ ստիպված եղաւ յետ փախչիլ:

ՍԵՊՈՒՀ. Արշակ Ներսիսեան

Image
Ծնած 1870 թուին Բաբերդի շրջանի Վարզահան գիւղը, դեռ աղուամազը երեսին, արդէն զինքը կը գտնենք ուխտուածներու առաջին շարքին: Բարեխղճօրէն գրել անոր յեղափոխական գործունէութեան մասին, առնուազն մեծածաւալ հատոր մը պէտք է: Բայց ինչպէս լռելեայն անցնիլ 25 երկար ու ձիգ տարիներու վրայէն, որու ընթացքին այդ տիպար ֆէտային երբեք զէնքը վար չդրաւ: