24 October, 2019

Սերոբ Վարդանեան


1895-ի աշնան, ճիշդ այն ամսուն, երբ սուլթանական դաւադրութիւնը կազմակերպւած էր ընդհանուր կոտորած առաջ բերելու համար հայաբնակ գաւառներու մէջ, Սերոբ բաւական զօրաւոր խմբով մը, երկինքէ իջածի պէս, ոտք կը դնէր հայրենի հողին վրայ: Անոր Սոխորդ հասնելու երկրորդ օրը լուր կուգայ թէ Բաղէշը կոտորւեր եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ ալ ջարդի սարսափ կը տիրէ: Սերոբ իր խումբի 27 տղաքներէն 15-ը կը բաժնէ կոտորածի ահը կեցող գիւղերուն մէջ, խոստանալով որ վտանգի րոպէին ուր է ուր չէ օգնութեան կը հասնի. իսկ ինք 12 հոգով կըսպասէ Սոխորդ գիւղի մէջ: Բաղէշի կոտորածի գուժերուն երկրորդ օրը, Սոխորդը յանկարծ սեւ ամպերու պէս կը շրջապատւի կատաղի քիւրդերով, որոնք կուզէին այդ գիւղին առաջին հարւածը տալ եւ տկարացնել զայն, միւս մնացած գիւղերը այլեւս հեշտ էր ջարդել, թալանել ու աւերել: Քիւրդերը սակայն երբէք մտքերնէն չէին անցներ որ այնտեղ յեղափոխականներ կարող էին գտնւիլ. միմիայն կը մտածէին գիւղացիներու մասին, որոնք իրենց կարծիքով, ինչքան ալ կտրիճ ըլլային, անզէն՝ բան չէին կրնար ընել 5-600 զինւած քիւրդերու դէմ: Ատոր համար ահագին պատրաստութիւններ տեսած էին նախօրօք, էշեր, սայլեր, ձիեր բերած էին հետերնին, որպէսզի գիւղին ճոխ աւարն ու կողոպուտը կարենան բեռնալ եւ իրենց վրաները փոխադրել:

Քիւրդերը «սալավաթ» կանչելով, փոթորկալից ամպերու պէս, հարաւային կողմէն առաջ կը խուժէին: Գիւղացիներուն կռւող եւ կտրիճ մասը գիւղէն դուրս կելլէ, եւ հին պատերազմիկներու պէս, սայլերէ եւ կառքերէ թալաթոս պատնէշներու ետեւէն, կը պատրաստւի դիմադրելու քրդական խաժամուժ վոհմակին: Քիւրդերը կը հասնին գերեզմանոցէն քիչ հեռու, որ ձորով մը կը բաժնւէր գեղէն, եւ ուրկէ քիչ մը վեր Սերոբ իր փոքրիկ խմբով թաքստած էր: Հազիւ քիւրդերը գերեզմանոցէն եւ ձորէն անցնելով գիւղացիներուն դէմ առ դէմ կուգան կռւելու, երբ Սերոբ իրեներուն հետ, ձորէն իջնելով կը մտնէ գերեզմանոց եւ քիւրդերը երկու կրակի մէջ կ'առնէ: Քիւրդերը լեղապատառ եւ շշմլկած խառնիխուռն կը փախչին, ձգելով 7 դիակ, որոնց մէկը իրենց շէյխը, եւ 40 հոգի ալ հրացանաւոր գերի կիյնան: Գիւղացիք անոնց ձեռները կապ կը տանին գիւղ. այդ պահուն գայմագամը վրայ կը հասնի եւ զէնքերը ետ առնելով կը յանձնէ գերիներուն եւ կազատէ զանոնք, խորհուրդ տալով որ ուրիշ անգամ Սոխորդի վրայ յարձակելու անխոհեմ յիմարութիւնը չունենան: Քիւրդերը կը բողոքեն ըսելով՝ «Էֆէնտիմ, այս կեավուրները չէին, որ մեզի յաղթեցին, այլ Մոսկովի կեավուրներ բռնեցին մեր ետեւէն եւ երկնքէն կրակ կը թափէին մեր վրայ. մեր գնտակները անոնց չէին հասներ, իսկ անոնցները մեզմէն մարդ չթողուցին վար գլորեցին»: Գայմագամը առերես չուզեր հաւատալ քիւրդերուն, զորս կը ճամբէ գիւղէն, իսկ ինքը 15 ոսկի առնելով հայերէն կը ծածկէ քիւրդերուն բողոքը ու կը հեռանայ:

Այս դէպքին յաջորդ օրը լուր կը հասնի թէ Տ... գիւղը պաշարւեր է: Սերոբ իսկոյն իր խումբին հետ գիշերով օգնութեան կը հասնի եւ քիւրդերը առութառ կը հանէ:

Վերջապէս Ախլաթի ան բոլոր գիւղերը, ուր խումբէն 2-3 հոգի կը գտնւէին, կոտորածներէ եւ կողոպուտէ զերծ մնացին, բացի ետ կամ հեռուները ինկած փոքրիկ գիւղերէ, որոնք անխուսափելիօրէն տաւարի եւ ոչխարի կորուստներ տւին:

Այդ աղէտալի թւականին,  Հայաստանի արիւնի ու կրակի տարին, Ախլաթի 27 գեղերը Սերոբի խումբին շնորհիւ անվնաս մնացին: Ամէն անգամ որ քիւրդերը հայ գեղերէն աւարներ տանէին, հարեւան գիւղերէն կը դիմէին Սոխորդ գեղ «Աղբիւր»-էն օգնութիւն խնդրելու համար: Աղբիւր կայծակի պէս կը հասնէր եւ արիւնարբու աւազակներուն բան կեր չէր ըներ: Կառավարութիւնը կը զարմանար այդ արտասովոր երեւյոթի վրայ, քիւրդերը սովալլուկ գայլերու նման փորերնին կը ճմռէին եւ իրենց կորսնցուցած աւարները կողբային, իսկ հայերը կ'օրհնէին Սերոբի անունը եւ անոր համբաւին թեւեր տւած, հրաշագործ սուրբի պէս կը պաշտէին զայն: Այդ օրէն իր անունը կնքեցին Աղբիւր, որ ժողովրդի բերնին մէջ առասպելական դիւցազնի մը մեծութիւնը առաւ: Ամէն հասակէ ու սեռէ մարդիկ կըղձային տեսնել այն մարդը, որուն խօսքերը պատգամի նւիրականութիւնը ունէին խաղաղութեան, ազատութեան ծարաւի հայ ժողովրդին մէջ:

Սերոբ ոչ միայն կը կռւէր զէնքով իր հայրենի թշնամիներուն դէմ, այլեւ բրօբականտ կընէր ժողովրդին ինքնաճանաչութիւնը արթնցնելով. գիւղերու մէջ կազմակերպութիւններ կը մտցնէր, եւ ուր որ ոտք դնէր կեանք ու քաջալերութիւն կը տանէր հետը: Սերոբի այս խաղաղ եւ գաղտնի գործունէութիւնը կարգ մը ապիկար նախանձոտներու չարակամութիւնը գրգռեց, որոնք ամէն բան օրըօրին կառավարութեան ականջը կը լեցնէին, այնպէս որ Ախլաթի գայմագամը քանի քանի հեղ հարցաքննեց Սոխորդի գիւղապետ, Սերոբի մեծ եղբայր Մխէն: Սակայն Մխէն կը հաւաստէր թէ իրենց այդ փոքրիկ եղբայրը 10 տարի առաջ պանդուխտ երկիր գացած ըլլալով, իրենց լսածին, 4-5 տարի առաջ մեռեր է Ռուսաստանի մէջ, ապա թէ ոչ, կաւելցնէր, տարին անգամ մը մեզի նամակ կը գրէր:

Թիւրք կառավարութիւնը խաշած գարի չէր կլլեր. որսի շան պէս ականջները տնկած, լրտեսներու եւ մատնիչներու աջակցութիւնով, լարւած ուշադրութիւնով Սերոբի քայլերուն կը հետեւէր:

Աղբիւրի անունը շատ տարածւած ու ժողովրդական եղած էր: Տ... գիւղի հարսներ ու աղջիկներ հիապշած կը պատմէին որ «Աղբիւր մէկ ձեռքով մէկ անգամէն 7 քիւրդի գլուխ կտրեր է»: Ուրիշ անգամ մը րօմիներու (թիւրք զօրք) ձեռքէն ազատւելու համար ծովը կը նետւի եւ երեք օր լողալէն ետք Առտէր ու Լիմ անապատներ (կղզիներ) ցամաք կելլէ: Ասոնք ջերմեռանդ ուխտաւորի պէս կարօտը կը քաշէին անգամ մը գոնէ Սերոբը տեսնելու եւ խոստացեր էին իրենց օժիտի կէսնուկէսը միշտ նւիրել Աղբիւրի անւան:

Ժողովրդին վառ եւ անձկարօտ երեւակայութիւնով չափազանցւած այս զրոյցներուն մէջ ճշմարտութեան խոշոր գիծ մը կար սակայն: Իր հիանալի եւ կտրիճ ընկերներէն մէկը, Տիգրան, սապէս կը պատմէր.     «Գիշեր մը Սերոբ, Սիմօն եւ ես քաղաքէն կը վերադառնայինք, բացի ատրճանակէ եւ խանչէրէ ուրիշ զէնք չկար վրանիս: Մեր ծրագրին հակառակ հրացան չէինք վերցուցեր այդ օրը: Ռահվահի դուրան անցնելիս, բլրակի մը վրայ յանկարծ առջեւնիս տնկւեցին 7 հրացանաւոր քիւրդեր. «Դուք ո՞վ էք», հարցնելը, եւ ձեռքերնին հրացանի բլթակին տանելը մէկ եղաւ: Այդ րոպէին ձեռքս կողքիս տարի ատրճանակս քաշելու համար, սակայն յանկարծ սարսափելի աղաղակ մը գոռաց ականջիս, տեսնեմ քիւրդ մը ոտքերուս տակ կը տապլտկի, իմ առաջին գործս եղաւ ուրեմն դանակը քաշել եւ կտրել գլուխը, երբ նկատեցի որ Սիմօնն ալ նոյն բանը ընելով զբաղած է: Քայլ մը հեռու երրորդի մը գլուխն ալ թռցնելով, դիակները քաշեցինք ճամբուն եզերքը ձորի մը մէջ աւազներուն տակ թաղելու համար: Սերոբը քիչ մը հեռուէն վազէվազ եկաւ եւ մեր ճակատը համբուրելով ըսաւ. «ընկերներ, ձեր հոգուն մատաղ, եթէ դուք չըլլայիք, ես ի՜նչ պիտի ընէի»: Մինչդեռ ամէն բան ընողը ինք էր, մենք միայն դիակները թաղած էինք»: Ահա թէ ինչո՜ւ համար ծովեզերեայ գիւղի աղջիկներ, հիացմունքով կը պատմէին որ Աղբիւր մէկ հարւածով 7 քիւրդի գլուխ կտրեր է: Ծովը լողալն ալ սա է որ, իր, Գուրգէնի եւ Սիմոնի խումբերը տեղէտեղ անցնելու եւ փախցնելու համար նաւավարական արագ դիւրութիւններ գտած էր:

«Օր մը, կը պատմէ ականատես ընկերակից մը, Սոխորդ գեղն էինք, երբ լուր բերին թէ գայմագամը 20-30 ձիաւորով գիւղը կուգայ: Ամէնքնիս փութացինք գեղէն դուրս ելլել. բայց երկիւղը պատեց զիս, խորհելով որ վրանիս զէնք չունէինք դիմադրութեան համար. եթէ զաբթիէները գան, կը մտածէի, մեզ ոչխարի պէս կը բռնեն ու գերի կը տանին: Աչքերս շուտշուտ կը դարձնէի լեռներու կատարներուն՝ Սիփանի հպարտ, ձիւնապատ սարին, ուր վերջալուսի տկար ցոլքերը կըսկսէին մարմրիլ: Քիչ մը սիրտ առի որ մութը կը կոխէր, որով կարող պիտի ըլլայինք դիրքերնիս փոխել: Յանկարծ այդ միջոցին գեղէն մարդ մը եկաւ հեւիհեւ եւ յայտնեց որ գայմագամը Մխէն կապեր եւ ծեծի տակ կուզէ անկէ խոստովանանք առնել: Սերոբի դէմքը մթրկեցաւ եւ լայն ճակտի վրայ փրփրակոծ ծովու պէս ալիքներ գոյացան: Այդ պահուն խումբը հեռացնելով չորս ընկեր մնացինք: «Պէտք է հիմակ գիւղին վրայ երթանք, ըսաւ Սերոբ, ի՜նչ կըլլայ ըլլայ»: Ծիծաղեցանք, քանի որ զէնքի կտոր մը չունէինք: Սերոբ ինքն ալ ծիծաղեցաւ, «բա՜, զէնքի հաշիւը հեշտ է, ես իսկոյն կը խաչակնքեմ այս ժայռին եւ ան կուտայ մեր չունեցածը: Չե՞ս գիտեր որ եթէ Աստւած ուզենայ քարերէն հաց կը պատրաստէ եւ ժայռերէն ջուր»: Աս ըսելով, Սերոբ,– հրաշագործ Սերոբը, ինչպէս կըսէին ծովեզերքի հայ աղջիկները,– երկու ընկերով մօտեցաւ ժայռին եւ բարձրաձայն ծիծաղելով սկսաւ խաչակնքել: Հուժկու երիտասարդները մեծ քար մը վար առնելով բացւեցաւ փոքրիկ դուռ մը, ուրկէ հազիւ մէկ մարդ սողալով ներս կրնար սպրդիլ: Ներս մտնող ընկերը սկսաւ մէկիկ մէկիկ դուրս տալ պատանքաւոր ննջեցեալները: Սերոբ եւ միւս ընկերը յարութիւն կուտային հրացաններուն զանոնք մերկացնելով, որոնց իւրաքանչիւրին կապւած էր երեք փամփշտաւոր գօտի: Քիչ յետոյ ժայռը իր բնական դիրքը առաւ: Զէնքերը՝ վար, ձորին մօտ իջեցուցինք եւ խումբը զինելով կը պատրաստւէինք գիւղին վրայ գնալ, երբ Սերոբի միջինեկ եղբայրը եւ երկու պատւաւոր գիւղացիներ եկան խնդրելու Սերոբէն, որ ետ կենայ իր դիտաւորութենէն, ապահովելով որ իրենք կարողացեր են գայմագամը հանդարտեցնել, որ քանի մը հաւ եւ քիչ մը փիլաւ պիտի չխտկէ ու գնայ:

Սերոբ եւ իր խումբը հանգիստ կարող էին անձայն, անշշուկ գիւղ իջնալ եւ հոն գիշերել, բայց այդ միջոցին շրջակայ քիւրդերը թիւրք սպայ մը սպաննած ըլլանուն, Բաղէշի Ալայ բէկը գունդ մը զօրքով Սիփանի կողմերը եկեր հայտարանցիներուն մէջ, աւազակները փնտռելու համար: Կասկածելով, որ թիւրք բանակին առիթ մը կըլլայ Սոխորդի վրայ յարձակելու – մանաւանդ որ չար լեզուներ այդ սպանութիւնը Սերոբին կը վերագրէն – խումբը որոշեց բարձրանալ Նեբրովթի վրայ եւ հոն բաց օդի մէջ լուսցնել: Գիշերը լաւաշներու մէջ փաթաթւած մսի խորովածներով լաւ ճաշ մը ընելէ յետոյ, ճամբայ ելանք լեռան գագաթը բարձրանալու: Հազիւ կէսը վեր ելեր էինք, երբ ցուրտը զգալի ըլլալ սկսաւ, տեղ տեղ ձորերու մէջ քարացած ձիւնակոյտեր, իսկ բաց տեղերն ալ խոտը հազիւ երկու մատ բարձրացեր էր: Լեռան գլուխը սառ ցուրտ մը կար, որով ստիպւեցանք ժայրի մը մէջ ապաստանիլ: Լայն քարայրին մէջ լաւ կրակ մը վառելով, շուրջը բոլորւեցանք ու սկսանք խօսիլ ու վիճել: Ընկերներէն ոմանք իրենց զէնքերը կը մաքրէին եւ կ'եղոտէին. քանիներ զոյգ զոյգ եւ հերթով լեռան ծայրերուն վրայ պահնորդութիւն կընէին: Լուսը ճեղքւելուն վար, Նեբրովթի լճին ափը իջանք ու քաղցր ջրով լւացւելէ յետոյ իբր մարզանք նշանառութեան փորձեր ըրինք: Այդ օրը աչքովս կրցայ հաստատել, որ Սերոբ աննման հրացանաձիգ մըն էր. իր գնտակը ոչ մէկ անգամ չվրիպեցաւ նպատակէն: Իսկ ես ամաչ կըզգայի վարժապետութեանս վրայ, որ գրիչ շարժել միայն սորված էի: Այդ զբօսանքի ատեն յանկարծ հրացանի պայթիւն մը լսւեցաւ լերան մէկ խորքէն, անգիտակ եղելութեան, ամէնքը պատրաստի կեցան ոեւէ պատահականութեան դէմ դնելու համար. մէյ մըն ալ տեսնենք պահապանին մէկը, այծեամ մը շալկած եկաւ եւ Սերոբին նւիրեց իր անմեղ ու համեղ որսը ընկերներուն առաւօտեան նախաճաշի համար: Սերոբ ոչ միայն չընդունեց այլեւ խնդրեց ընկերներէն, որ ժողով ընենք ու դատենք այդ անկարգապահ ընկերը: Այդ քաջ որսորդը Սերոբի ամենասիրելի ընկերը Սիմօնն էր, բայց Սերոբ անողոք եղաւ եւ պահանջեց որ խիստ պատիժ տնօրինեն զիրենք խաբած եւ անակնկալ դրութեան մէջ ձգած ըլլալուն: Սիմօն տասնապետ էր եւ Ժայռ կօմիտէէն պատւոյ խաչ ստացած էր. Սերոբ առաւ անոր խաչը եւ զայն պարզ զինւորի աստիճանին իջեցնելով, շաբաթ մըն ալ բանտարկեց: Այդ մասին գրեց նաեւ Ժայռ կօմիտէին:

Սերոբ ժողովի ու վիճաբանութեան ատեն գառնուկ էր եւ համբերատար, թող պոռային կանչէին երեսն իվեր, մտիկ կընէր, նոյնիսկ եթէ բռունցք բարձրացնէին կը լռէր, բայց օրինապահութեան ու կարգապահութեան մէջ կտրուկ եւ խստասիրտ էր, չէր ներեր նոյնիսկ հարազատ եղբօրը: Իր ձեռքով քանի՜ քանի՜ դաւաճաններ ու վատ ընկերներ դատապարտւած էին արդէն:

Այդ նշանաւոր եւ հետաքրքիր դատը լմնցած էր, երբ տեսանք Սոխորդէն երկու հոգի դէպի մեզի կուգային: Հեռադիտակով ճանչցանք ով ըլլալնին. այդ երկու պարոնները եկած էին իմաց տալու գայմագամին մեկնիլը, որու վրայ իսկոյն ճամբւորեցանք դէպի գիւղ, երբ Սօսէն եկաւ կէս ճամբան դիմաւորեց ու հիւրընկալեց մեզ գորովասիրտ հոգածութիւնով մը»:

Ահա Սերոբի շահեկան եւ անձնւէր կեանքը իր ընկերներուն հետ, կանցնինք աժմ բուն յեղափոխական փայլուն եւ ալեկոծ ասպարէզին:

Սերոբ՝ Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն էր, համբաւաւոր Խչէենց տնէն, երեք հարիւր տարւան հարուստ գերդասատան մը: Հնուց արդէն Խչէի տունը, իր հիւրասիրութիւնով եւ հացառատութիւնով, մեծ անուն եւ համբաւ կը վայելէր ոչ միայն Սոխորդի, այլեւ ամբողջ գաւառին մէջ. ոչ մինակ հայեր, այլեւ օտարազգիներ կը յարգէին այդ տուն ու տեղը, մեծ օճախը:

Այժմ այդ անբաւ հարստութեան ժառանգորդներն էին չորս եղբայրներ, որոնց կրտսերն էր Սերոբ: Երէց եղբայրը Մխէն թէ իր տան մեծն էր եւ թէ համայն գիւղի տանուտէր ու խնամատար հայրն էր: Մխէն իր նախնիքների նման առանձին գութան կը բանեցնէր եւ ունէր 24 լուծք եզ: Ախլաթի, մանաւանդ Սոխորդի մէջ, գոմէշ չեն գործածեր, այլ եզ, կով, ձի, էշ եւ քիչ ոչխար: Իսկ վառելիքի համար Մշոյ դաշտեցիներուն նման կը գործածեն աթար: Իրաւ է, Ախլաթ տափարակ-լեռնային է, բայց անտառուտ չէ:

Սերոբ, իբր հարուստի տան զաւակ եւ ամենէն սիրականը, թպռնական (ազատորդի) մեծցած էր: Իր պատանի հասակին սիրած զբաղումն եղած է ձի հեծնել, լեռներ ժուռ գալ եւ որսորդութիւն ընել: Հազիւ քանի մը շաբաթ գիւղի տէրտէրին քով կարդալ գնալէն ետքը՝ կը ձգէ եւ կը նետէ ինքզինք ազատ բնութեան ու լեռներուն մէջ, նւիրելով պատանեկական խօլ տարիները որսորդութեան եւ քաջագործութիւններու: Որսորդութեան առաջին փորձը սկսած էր գիւղի հաւերէն, ծտերէն եւ կաչաղակներէն, զորս կը զարնէր պարսատիկով, նետ ու աղեղով: Գիւղացիները ախ ու զար կը քաշէին Սերոբի ձեռքէն եւ հարսներ ամէն օր կռւի կուգային Սերոբի մօր, Բայազի վրայ: Մայրը, ճարահատ, կը ծեծէր տղան, որ կը փախչէր սար ու ձորեր, ուրիշ գիւղեր եւ շաբաթներով տուն չէր վերադառնար:

Երբ քիչ մը չափահաս եղաւ, Մխէն, երէց եղբայրը, Սերոբին դաշոյն մը եւ հրացան մը նւիրեց, հայրենասէր բանաստեղծին ազգօգուտ խրատը կատարած ըլլալու համար.

«Երբ երեխան մեծանայ,
Խաղալիկներու փոխան
Հայրը ձեռքը պիտի տայ
Մի մահաբեր հրացան»...

Այդ օրը գիւղին թշւառ հաւերուն ազատագրութեան աւետիսի օրն էր: Սերոբ հրացանը ուսին ամէն օր լեռթումբ ման կուգար նապաստակ եւ երէ որսալու համար: Երբ իրիկուն կըլլար, անպատճառ պէտք էր որս մը, նապաստակ մը կամ թռչուն մ'ունենար հետը: Մէկ օր տնեցիները շատ ուրախացան, երբ Սերոբ վայրի եղնիկ մը բերաւ, որու վրայ եղբայրը խըմըր թայը Սերոբին ընծայեց: Սերոբ իր որսորդական ասպարէզին պէտք եղածները ունէր – սուր, հրացան եւ իրեն պէս անզուսպ մտրուկ մը: Սերոբ շուտ վարժեցուց իր պիւսէֆալը, այնպէս որ միջոցն ալ կարճցաւ իր աշխուժ շահատակութիւններուն առջեւ:

Սերոբի կեանքը այսպէս կը շարունակւի մինչեւ 21 տարեկան: Այդ միջոցին վրայ կը հասնի անոր մէկ հօրեղբայրը, Առաքելը, որ Պօլսէն նոր վերադարձին, Ներսէս պատրիարքի ժամանակակից ազգային կեանքով խիստ ոգեւորւած ու յափշտակւած էր: Այդ օրէն Սերոբի մտքին մէջ նոր փուշ մը մտաւ կամ աւելի նոր լոյս մը արշալուսեց, երբ իր հօրեղբայրը ըսաւ անոր. «Սերոբ, իրաւ է, դուն լաւ, կտրիճ որսորդ ես, նշան առած տեղդ կը գամես, բայց բաւական չէ վայրի գազաններ որսալ, շատ հեշտ է ատ, երբեմն մարդ-գազաններ ալ որսալու է»...

«Եթէ քու զէնքէդ շահ չունի Հայաստան»...

Սերոբ ինքը անձամբ կը պատմէր որ իր յեղափոխական մտքերու մեծագոյն մասը պարտական է իր մեռած հօրեղբօր՝ Առաքելին: Հօրեղբայրը սակայն նկատելով, որ եղբօրորդին շատ յանդուգն եւ անսանձ քայլեր կառնէ, զայն քիչ մը խելօքցնելու համար, կ'ամուսնացնէ, ինչ որ բնաւ արգելք չըլլար անոր որսասիրութեան. առաջ որսերէներ շալկած կը բերէր, պսակւելէ յետոյ քիւրդ կորսար: Օր մը լեռը երկու քիւրդի հետ կռւի կը բռնւի. մէկը կսպաննէ, միւսը կը փախի կազատի: Հօրեղբայրը Սերոբը քիւրդերու վրէժխնդրութենէն եւ կառավարական խուզարկութիւններէն ազատելու համար, 1891-ին գաղտնի Պօլիս կը փախցնէ միւս հօրեղբօր մօտ աշխատելու համար:

Աղբիւրի գործունէութիւնը քիւրդ աղաներուն նախանձը եւ կառավարութեան ուշադրութիւնը գրաւած էր: Այս վերջինը ամէն կերպով կուզէր մէջտեղէն վերցնել այդպիսի ապագայի վտանգաւոր, յանդուգն երիտասարդ մը: Երբ ծածուկ Պօլիս անցաւ եւ հետկորուստ եղաւ, Ախլաթի կառավարիչը դիմեց Բաղէշի կուսակալին, եւ կուսակալն ալ տեղեկագրեց Պօլիս: Պօլսոյ ոստիկանութիւնը, Բաղէշի տեղեկագրին վրայ շան պէս Սերոբի ետեւէն կըլլայ եւ կուզէ զայն ձերբակալել: Օրին մէկը Աղբիւր, իր սովորական գործերով զբաղած ատեն, երկու ոստիկան վրայ կը հասնին. Աղբիւր իսկոյն կը կռահէ գործը ինչումն է: Ոստիկանները, կասկած չի տալու համար, անուշ անուշ եւ ժպիտը երեսնուն քանի մը դէս ու դէն հարցումներէն ետքը՝ կուզեն իմանալ Սերոբի անունը եւ ո՞րտեղացի ըլլալը: Աղբիւրը խոյս կուտայ ճիշդ անունը տալէ:

-Սերոբ Վարդանեանը դուք չէ՞ք – կը հարցնեն ոստիկանները խորամանկօրէն:
-Չէ:
-Մի՛ վախնաք, վտանգաւոր բան չի կայ. եթէ դուք չէք, շնորհ ըրէք մեզի ցցնելու. կարելի է դուք ճանչւոր էք անոր հետ: Ապահով եղիք, վնասակար բանի համար չէ փնտռելնիս, այս մարդուն օգտակար բան մը ունինք ըսելիք:

Ոստիկանները՝ իրենց իւրաքանչիւր հարցումին կոշտ պատասխաններ ստանալէ յետոյ՝ կը հեռանան: Իսկ Սերոբ, ոստիկանական այդ առաջին անյաջող փորձէն ետքը, կը վճռէ այլեւս Պօլիս չմնալ, եւ մէկ օր, Պօլսոյ մութ-խոնաւ բանտերուն մէջ փտտելէ առաջ՝ առանց իր նպատակին հասնելու, վաճառականի մը շնորհիւ կը ձգէ Պօլիսը եւ 1892-ին կերթայ Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր կային արդէն բաւական թւով հայաստանցի պանդուխտներ:

Ճարպիկ եւ ժիր երիտասարդ, ուր որ երթար, անգործ չէր մնար: Նախ զբաղում մը կը գտնէ Սուլինայի մէջ. քանի մը ամսէ ետքը իրեն առանձին սրճարան մը կը բանայ, ոչ թէ փող շահելու նպատակով, այլ միմիայն պարապ չի մնալու համար. լաւ գիտէր, որ իր ծնողքը, ընտանիքը իրեն կարօտ չէին: Սուլինայի մէջ մխիթարութիւնը եւ ոգեւորութիւնն էր պանդուխտ հայութեան, անոնց կը քարոզէր միութիւն եւ եղբայրութիւն: Քիչ ատենէն քահվեճութիւնն ալ ձգեց եւ խոհարարութիւն ընել սկսաւ, որ նմանապէս երկար չտեւեց. 1893-ին քօլերային պատճառով խանութն ալ փակեց:

Համաճարակին առթիւ քաղաքին ժողովուրդը ցիր ու ցան փախաւ, իսկ հազարի մօտ հայ պանդուխտներ կշտապէին ժամ առաջ հեռանալ քօլերայի սարսափէն, բայց առանց անցագրի ըլլալնուն, գամւեր մնացեր էին խեղճերը: Սուլինայի հիւպատոսը մէկ երկու անցագիր տալէն ետքը դադրեցուց՝ ըսելով թէ անցագիրները հատած են: Բայց ի՞նչպէս սպասել. քօլերան անխնայ ջարդ կընէր, եւ անհրաժեշտ էր շուտ փախչիլ-ազատւիլ: Աղբիւր՝ տեսնելով իր հայրենակիցներու խուճապ դրութիւնը՝ երկու ընկերով կը դիմէ հիւպատոսարան եւ կը պահանջէ, որ շուտով անցագիր տրւի հայ պանդուխտներուն, սպառնալով միանգամայն հիւպատոսարանին պատուհանները, դռները կտոր-կտոր ընել, եթէ մինչեւ չորս ժամէն անցագիրները չյանձնւին: Մէկը չի կար, որ Աղբիւրէն չի վախնար. առիւծի լեղի կերած էր այդ մարդը. շատ երկայն չէր խօսէր. խօսք ու հարւած մէկ էր:

Հիւպատոսը՝ ճարահատ եւ ահաբեկ՝ քանի որ անցագիր չի կար, դիւրութիւն մը կը գտնէ. ամէն մէկուն մէյմէկ կտոր թուղթ կը յանձնէ՝ որով ամէնքը շուտով կըսկսին հեռանալ: Քանի մը օր ետքն ալ թրքական շոգենաւ մը գալով հրաւէր կընէ բոլոր տաճկահպատակներուն, որ եթէ կը փափաքին, առանց ծախքի եւ անցագրի պիտի փոխադրւին Տաճկաստան: Քաղաքը մարդ չի մնար, բայց Սերոբ դեռ հոն կըսպասէր, միչեւ որ քօլերան կըսկսի մեղմանալ եւ հիւադնութիւնը բոլորովին կը վերջանայ: 1893-ի աշնան միայն կը ձգէ քաղաքը եւ կանցնի Պաթում, ուր ժամանակաւորապէս մէկ երկու ընկերով զբաղում մը կը գտնեն, սպասելով որ Տաճկահայաստան մտնելու առիթը գար: Արդէն այդ նպատակով մեկնած էր Սուլինայէն:

Քիչ յետոյ Պաթումէն կանցնի Կարին, հոնի դաշնակցական կօմիտէին հրահանգներուն համեմատ գործի սկսելու համար: Կարինի կօմիտէն նախապէս հաւատ չընծայեր՝ թէ այդ երիտասարդը կարող ըլլայ երկրին մէջ ծանր գործի մը գլուխը անցնիլ: Սերոբ ճարահատ, բայց ոչ յուսահատ, իր կուրծքին տակ ամուր պահելով իր հայրենիքի տաք սէրը, կանցնի Կովկաս, ինքզինք ծանօթացնելու եւ իր ձայնը լսել տալու համար: Այնտեղ կը ծանօթանայ դաշնակցական ներկայացուցիչներէն մէկուն հետ, որ՝ տեսնելով հազիւ երեսուն տարու այդ երիտասարդին դէպի հայրենիքի սուրբ գործը ունեցած անշէջ սէրը, հաւատքը ու համակրելի անձնավստահութիւնը, կ'որդեգրէ զայն անձնւէրներու բանակին մէջ:

Կովկասի կօմիտէն կառաջարկէ անոր զինավարժութեան փորձեր ընել, բայց Սերոբը տղայ հասակէն արդէն իր սիրական մասնագիտութիւնը ըրած էր զէնք գործածելը, երկարբարակ փորձերու պէտք չունէր. կը մնար լոկ արագաձիգ հրացաններու գործածութեան եղանակը սերտել, որ շատ-շատ երկու օրւան մէջ լմննալիք բան էր իրեն համար:

Զէնքը, ուր որ եթար, անբաժան ընկերէն էր: «Տղաք – կըսէր ընկերներուն եւ բոլոր հայերուն – առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք»: Իրեն նշանաբանն էր՝ «միութիւն եւ զէնք»: Բարբարոս քիւրդերն իսկ մէկ բերան կը վկայէին, որ ինչքան ալ հեռու եւ մութ ըլլար, Սերոբ փաշայի գնտակէն անկարելի էր պրծիլ:

Կովկաս հրոսախմբին մէջ ընդունւելէ յետոյ, ալ դուլ-դադար չունէր. կածերկրակ՝ ասդին կը վազէր, անդին կը վազէր՝ զէնքեր տարածելու համար: 1893-94-ի աշնան շարունակ պատերազմիկ խմբեր կը կազմէր, կայցելէր զանազան տեղեր, նոյնիսկ քանիցս մտաւ  իր բնագաւառը, առանց ճանչցւելու, բացի մի քանի ընկերներէ, որովհետեւ կըզգուշանար: 1894-ի գարնան Աղբիւր քանի քանի անգամ գնաց եկաւ Տաճկահայաստան, իսկ նոյն ամրան մասնակցեցաւ Սասուն գնացող հրոսախմբի մը, բայց մինչեւ իրենց Մուշի կողմերը հասնիլը, եղածը եղած էր: Այդ ժամանակն էր որ Սերոբ հաստատապէս վճռեց յեղափոխական մեծ դեր մը կատարել: Հողը, անձնւէր ընկերներ պատրաստ կը գտնէր իր շուրջը: 1894-95-ի ձմեռն ալ գրեթէ Կովկաս անցնելով, գարունը եկածին, բոլորովին թողուց օտարութիւնը եւ քանի մը ընկերներով մտաւ Հայաստան, իր պաշտած երկրին մէջ, իր հոգով սրտով սիրած յեղափոխութեան աւելի լայն եւ աւելի ազատ թռիչ տալու համար:

Սրտին մուրազին կը հասնէր վերջապէս:

Հինգ տարի պանդուխտ մնալէ ետքը՝ Սերոբ, որոշ ծրագրով եւ աւելի հասունցած ու կազմակերպւած գաղափարներով, վերադարձաւ իր հայրենի երկիրը, որուն հողն ու ջուրը կը քաշէին զինքը: Իր գործունէութեան կեդրոն եւ վայր ընտրեց մասնաւորապէս Ախլաթի գաւառը եւ ընդհանրապէս Բաղէշի նահանգը: Կառավարութիւն շատոնց մոռցեր էր սպաննւած քրդերու խնդիրը, սակայն քրդերը երէկւան պէս դեռ մտքերնին էին պահեր այդ սպանութիւնները եւ չէին մոռցեր: Ժողովուրդը իրաւամբ կ'ըսէ. «Հազար տարին կանցնի, քիւրդի տարին բըսաք, բըսաք (սպասէ՜, սպասէ՜) չանցնիր»: Սակայն եւ այնպէս Սերոբ մինչեւ երկու տարի կրցաւ երկրին մէջ ազատ շրջիլ առանց մեծ կասկած հրաւիրելու:

Հայկական խնդրի շուրջը բարձրացած յուսատու աղմուկները, կոտորածները, յեղափոխականներու գերմարդկային ճիգերը բաւականին թօթւած էին ժողովուրդին թմրութիւնը: Սերոբ, հայ ժողովրդին նոր զարթող կենդանի խռովքէն օգտւելով, հուժկու ինքնավստահութիւնով բրօբականդի ձեռնարկեց, Մուշ, Սասուն, Բաղէշ, Պուլանըխ եւլն աշխարհք ման կուգար, երիտասարդութիւնը իր հայրենասիրական կոչումին ճամբուն մէջ դնելու, անոնց սէր ու հոգի ներշնչելու համար: Երկար ատեն, չէրքէզի զգեստով կամ ուրիշ տարազով ծպտւած, իր ափ մը ընկերներով ժուռ կուգար, ամէն տեղ կապեր հաստատելով ու կօմիտէներ կազմելով:

Սերոբ առիւծի սիրտ ունէր, ինչպէս նաեւ քաղցր լեզու, այնպէս որ իր անուշ եւ վեհանձն բնաւորութեան շնորհիւ այնքան սիրելի ու պաշտելի եղաւ ժողովրդին, որ անոր մէկ խօսքը երկուք չէր ըներ: Բացարձակ հեղինակութիւն շահած էր Ախլաթի, Բաղէշի, Բուլանըխի մէջ: Այս վերջին գաւառին նախկին գործիչներու կողմէ հեգնօրէն «կենդանի ննջեցեալ» անունը կը տրւէր, որովհետեւ հոն երբէք ոչ ոք յաջողութիւն չէր ունեցած: «Հովիւը հովւին լեզւէն լաւ կը հասկնայ» – կ'ըսէ ժողովրդական առածը. այսպէս եղաւ նաեւ Սերոբի համար, որ իր դիւթող լեզւով եւ իր փայլուն մաւզէր – զոր «մավի-զար» կ'արտասանէին – հրացանով գերեց գաւառին բոլոր երիտասարդ սրտերը: Միեւնոյնը տեղի կունենար Բաղէմի մէջ: Մինչեւ 95 թ. Բաղէշ Հայաստանի հրէաներու ժողովածու մը նկատւած էր: Բայց 96-ի կոտորածներէն ետքը, Սերոբի եւ հերոս Գուրգէնի անմիջական ազդեցութեան տակ, պատկառելի ուժ մը ծնաւ, որ կառավարութեան ոչ-նւազ մտահոգութիւն պատճառեց: Բաղէշի կառավարիչը եկաւ ժամանակ մը, որ օր ու գիշեր Սերոբին Բաղէշ մտնել-ելլելու լրտեսական լուրերով զբաղած էր, որուն հետեւանքն եղած երկար եւ ապարդիւն խուզարկութիւններ: Ձանձրացած՝ վալին այլեւս ամէն մատնիչի չէր հաւատար: Սակայն Սերոբի անունը երթալով սարսափ կազդէր քաղքըցիներուն, որու վրայ որոշւեցաւ որ քաղքին ցերեկւան պաշտպանութիւնը յանձնւի թիւրքերուն, գիշերը հայերուն: Քանի մը օր վերջը, երբ փօլիս Ֆէհմի էֆէնտին սպաննեցին, ոչ միայն թիւրքերը, այլ նոյնիսկ կառավարութիւնը չէր համարձակէր գիշերները դուրս գալ, խուզարկութիւններ կատարել կամ ճամբաները պահել: Հակազդեցութիւնը զօրեղ էր. շատ յայտնի մատնիչներ ջերմ ազգասէրներ դարձան եւ Սերոբին ոեւէ պաշտպանութիւն չէին խնայեր:

Ախլաթի մէջ Սերոբի գործունէութիւնը աւելի հզօր կերպով շեշտւեցաւ: Հոն ամէն տեղ դռները բաց էին իր առջեւ: Բայց քիւրդերը եւ քանի մը դաւաճան հայեր կ'աշխատէին մանրամասն տեղեկութիւններ հաւաքել եւ օրը օրին հաղորդել կառավարութեան:

Այդ ամառը «ջան-ֆէդայիներու» շարունակ արշաւանքներէն՝ քրդերուն սիրտը դողը պատած էր. «Սասուն կոտորւող իրենց եղբայրներուն վրէժը լուծելու համար, Ռուսիայէն եկած ջան-ֆէդայիներ կը վխտան այս կողմերը, որոնց մէջ է այն քաջ մարդը, որ ժամանակ մը յայտնի էր ամէնքին Սոխորդայ Սերոբ անունով»: Կերթային քրդերը այսպէս կը պատմէին կառավարութեան: Կառավարութիւնը սկսաւ իր խուզարկութիւնները, իսկ քրդերը, ահ ու սարսափի մատնւած, մէկ երկու հոգով երբէք չէին հաամրձակեր հայ գիւղերը ոտք կոխել, ինչպէս առաջները, երբ ամէն անբարոյականութիւն եւ գողութիւն թոյլ կուտային իրենց:

Սերոբ սրտի անհուն գոհունակութիւն մը կըզգար՝ տեսնելով իր անձնւէր եւ հայրենասէր գործունէութեան բարի արգասիքը: Բայց որպէս զի իր սիրած ժողովրդին ապահովութիւնը չի վտանգւի եւ կարող ըլլայ ամէն րոպէի պատրսատ գտնւիլ օգնութեան վազելու համար, ձգեց երդիքը եւ փոխադրւեցաւ լեռնէլեռ, ուր էին իր հողմասոյլ ծառէ պալատները, երկնքի կախ ջահերը եւ ազատութեան ճամբան:

97-ի ամաը Հասնանցի քիւրդ ձիաւորներ Թեղուտ գեղի տաւարը կը քշեն: Աղբիւր, լսածին, չորս ընկերներով կը վազէ, կը յարձակի քիւրդերուն վրայ որ տաւարները ետ առնէ: Կատաղի կռիւ մը տեղի կ'ունենայ: Քրդերէն երեքը՝ տաւարը առջեւնին ձգած՝ արագ կը քշեն, մինչդեռ մնացածը կը շարունակէ կռիւը, որ կը տեւէ վեզ ժամ եւ կը վերջանայ գիշերւան ժամը մէկին: Քիւրդերը իրենց շատւորութեան շնորհիւ կը յաջողին փախցնել արջառները, բայց կռւի դաշտին մէջ կը ձգեն քանի մը դիրակներ եւ վիրաւորներ, առանց հայերուն վնաս մը դպելու:

Աղբիւր իր դաշնակցական պզտիկ ուժով պահապան հրեշտակն էր դարձեր այդ կողմի հայ գիւղերուն եւ Ազրայէլը իր թշնամիներուն:

Օրին մէկը Սոխորդ գիւղին վերեւ, քսան րոպէ հեռու, Ս. Աստւածածին անունով հին մատուռի մը մօտ նստած էր Սերոբ իր երկու ընկերներուն հետ, որոնց մէկը Հ... առիւծի պէս տղամարդ մը, տաքտաք կը վիճէր հրացանով նշանառութեան մասին, որուն մէջ Սերոբ անզուգական էր: Յանկարծ վարի ձորէն ձայն, աղմուկ կը լսւի: Հասնանցի երեք քիւրդ ձիաւորներ էին, որոնք, գիւղացիներուն դաշտերը աշխատանքի ելած ատեննին՝ Ծղակ գիւղի նախիրը օրցերեկով եկեր յափշտակեր կը տանէին: Ո՞վ կը համարձակէր Նէմրուտ լեռներուն մէջ հասնանցիներուն հետեւիլ,– եօթը գլխէն դեւ ըլլալու էր:
Աղբիւր աս տեսածին պէս սիրտ կուտայ ընկերներուն եւ դառանլով Հ...-ին «խօսքի ժամանակ չէ հիմա, ահաւասիկ թալանը մեր վրայէն պիտի անցնի. ձեզ տեսնեմ, շտապեցէք խլել անոնցմէ»: Երկու ընկերները ծառթուփերու մէջէն կը քալեն աւազակներուն վրայ: Աղբիւրը, ինք անխռով նստած, արծիւի աչքերով կը հետեւէր իր ընկերներու ընելիքին: Քիւրդերը կը մօտենան, հայերը հեռուէն կըկանչեն որ թալանը ձգեն. քիւրդերը մտիկ չեն ըներ, ընդհակառակը կատաղաբար կրակ կընեն, որոնց կը պատասխանեն հայ երիտասարդները: Աղբիւր տեսնելով, որ իր ընկերներուն դիրքը խախուտ է եւ չպիտի կրնան քրդերը վանել – արդէն Հ.-ն ալ կը կանչէր. «Աղբիւր ջան, հասիր, Աղբիւր ջան»,– կը ցատկէ անմիջապէս եւ առաջին գնդակին մէկուն աջ ձեռքի երկու մատները թռցնելով, ասպետաբար  հեռուէն ձայն կուտայ կռօներուն «Ես Սերոբն եմ, այժմ երկումատներնիդ կտրեցի, որովհետեւ համարձակեցաք գնդակ արձակել ընկերներուս վրայ եթէ շարունակէք, երեքդ ալ աս րոպէին Նեմրուտի թռչուններուն կեր կ'ընեմ»: Քիւրդերը տեսնելով իրենց վիրաւոր ընկերը՝ սարսափահար կը ձգեն նախիրը ու կծիկը կը դնեն:

Աղբիւրի տաքտիքն էր, ամէն անգամ, երբ դէպք մը պատահէր, համարձակօրէն իր թշնամիներուն երեսին կ'ըսէր. «Ես Սերոբն եմ, որ այս գործը կ'ընեմ. չըլլայ որ անմեղ ժողովրդին դպչիք»:

Յարատեւ, անխոնջ եւ ջերմեռանդ աշխատութիւնով Սերոբ յաջողած էր բաւական թւով վրիժառու հերոսներ պատրաստել, որոնք՝ հմայւած իրենց վարպետին, այդ հերոսական սրտի տէր զինւորին անձնւէր եւ հիանալի գործունէութենէն, ամէն զոհաբերութեան եւ սխրագործութեան պատրաստ էին:

Սերոբ, աղբիւրը ազատութեան ծարաւի ժողովրդին, իր չքնաղ կնոջ Սօսիին սրտին մէջ գտած էր ներշնչումի մաքուր խորանմը եւ դիւցազնուհիի մը սարուռը:

«Բաղէշ վիլայէթ Անուշ Սալնոյ ձոր,
Սօսին կը կանչէ, հոգի ջան, կեանքդ ազգին տուր»:

Սերոբ իր կռւողի անզուգական տաղանդին հետ ունէր նաեւ կազմակերպողի ձիրք եւ ընդունակութիւն: Ոչ միայն մարտական խումբեր կազմակերպեց, զինւորական կարգապահութիւնով եւ հնազանդութիւնով, այլեւ իր գտնւած շրջանակին մէջ փորձեց տեսակ մը ինքնավարչական դրութիւն հաստատել: Ախլաթի ամէն-մէկ գիւղի մէջ բանիբուն եւ ձեռնհաս անձինքերէ կազմւած մարմիններ ստեղծեց, որոնք՝ իրենց իրաւասութեան տակ՝ բոլոր յարաբերական կամ քաղաքային գործեր դատելու եւ վճիօներ տալու իրաւունք ունէին, փոխանակ կառավարութեան տնաքանդ միջամտութեան դիմելու: Նոյնիսկ եթէ ոճիր պատահէր, իրենք իրենց ձեռքով կը վերջացնէին: Միմիայն ամենածանր եւ կնճռոտ պարագային, երբ տեղական ինքնօրէն դատարաններ անկարող ըլլային վճիռ մը տալու, կը դիմէին Թ... Բիւռօյին կամ տեղակա լեզւով Կեդրօնական ժողովին, որու նախագահն էր ինքը Սերոբ, եւ իբր գերագոյն ատեան, անոր վճիռը բացարձակ էր: Այնպէս եղաւ որ ոչ մէկ գիւղացի չէր մտաբերեր ոեւէ գործի համար կառավարութեան դիմել՝ անոր արդարութիւնը աղերսելու համար: Սէր, միութիւն եւ եղբայրութիւն զգալիօրէն իրենց լուս երեսը կը ցցնէին Ախլաթ գաւառի մէջ. խռովութիւնները, անկարգութիւնները կըսկսէին անհետանալ. ժողովուրդը բարելաւ դրութեան մէջ իր հացին ու ջրին տէրն էր, շնորհիւ այն ապահովութեան, որ հայ յեղափոխականները ստեղծած էին եւ որուն առջեւ հակառակորդ թշնամիներնիսկ, ամօթահար եւ պատկառոտ, չէին վարաներ իրենց համակրանքը եւ գոհունակութիւնը յայտնել եւ եթէ ոեւէ դատ ունենային՝ կամչնային կառավարութեան միջոցով տեսնել: Մինչեւ վերջերը այսպէս էր նաեւ Սասունի մէջ:

Այսպէս Ախլաթ գաւառի վարչական վերին հսլողութիւնը կախւած էր Սերոբէն, որ կը կառավարէր երկիրը երբեմն իր այցելութիւններով, շատ անգամ ալ թղթակցութիւններով: Սերոբ, իրաւ է, մանկութենէն կարդալ-գրել չէր սորված, բայց պանդխտութեան մէջ բաւականաչափ զարգացած էր. կը գրէր պարզ նամակներ, տոմսակներ եւ ստորագրելէն յետոյ ալ կը կնքէր իր արծաթէ մատնիով, որ Ա. Ս. սկզբնատառերը կը կրէր: Թերթեր, գրքոյկներ շարունակ կը կարդար եւ պարզ ու ամենալուրջ նկատողութիւններ կընէր: Իր կարծիքը բազմաթիւ բանիմաց եւ ինտէլիկէնտ ընկերներու կողմէ սիրով եւ հիացմունքով կը գնահատւէր:

Բայց երթալով Աղբիւրի եւ իր քաջարի խմբին գոյութիւնը կառավարական շրջանակներու մտատանջութեան նիւթ կըլլար: Մէկ օր՝ Պօլսէն կտրուկ հրահանգ եկաւ որպէս զի ողջ կամ մեռած, ինչ գնով ալ ըլլայ, ձեռք ձգւի ապստամբ հայը, որուն համբաւը օրէօր կը մեծնար, հիացում եւ սոսկում պատճառելով:

Կառավարութիւնը նախապէս զգուշացաւ ձայնը դուրս հանել, եւ եւրօպական ներկայացուցիչներուն ուշադրութիւնը չհրաւիրելու համար՝ հայերէ եւ թիւրքերէ գաղտնի յանձնաժողով մը կազմեց, որուն անդամները գեղէ գեղ ման գալով գիւղացիներէն խոստում ու ստորագրութիւն կ'առնէին որ Սերոբին եւ իր խմբին ոեւէ օժանդակութիւն չընեն եւ չի հիւրընկալեն:

Օգուտ չըրաւ:

Այդ օրէն կառավարութիւնը բացարձակ եւ անողոք կերպով սկսաւ հալածել այդ հայ կտրիճներու խումբը, որ հայ յեղափոխութեան անսպառ կորովը կը մարնացնէր մեր թշւառ հայրենիքին մէջ: Այդ յուսահատ հալածանքները տեղի տւին շարք մը ընդհարումներու, որոնց մէջ հայ յեղափոխականը ցցուց իր բարոյական ու ռազմական առաւելութիւնները:


Ընդհարումներու այդ շարքին մէջ նշանաւոր պիտի մնայ 1898 հոկ. 20-ի կռիւը:

Այդ օրը Աղբիւր եւ իր ընկերներէն 16 հոգի կը գտնւէին Բաբշէն (Բաղէշէն կէս ժամ հեռու), ուրկէ պիտի անցնէին երթային: Մատնութեան մը վրայ կառավարութիւնը լուր առնելով՝ իսկոյն ջոկատ մը զօրք կը ղրկէ, որ առտուն կանուխ կուգայ, կը պաշարէ գիւղին չորս կողմը եւ շրջակայ սարերը:

Աղբիւր, անցած-դարձածէն իրազեկ, կաճապարէ դուրս ելլել իր թաքսոցէն կռւի յարմար դիրքեր գրաւելու համար: Թշնամին զանոնք տեսածին՝ կըսկսի կրակ ընել:

-Տղա՛ք, կը պոռայ Աղբիւր, կռւեցէ՛ք եւ դիմացի քարերը բարձրացէ՛ք:

Հայ քաջերը թշնամիի կրակին տակէն անվրդով գիւղին դիմաց՝ բլուրները կը մագլցին: Այդ միջոցին հայ տղոց մէկուն ոտքը թեթեւ կը վիրաւորւի:

Անգամ մը, որ կը հասնին թաքստի տեղերը եւ դիրքեր կը գրաւեն, այլեւս իրենք կըսկսին կարկուտի պէս կապար տեղալ: Ամբողջ 2 ժամ կը տեւէ կռիւը, բայց թիւրքերը կեցած տեղերնին գամւած՝ գլուխնին չեն կրնար վեր բարձրացնել: Հրամանատարը, կատղած, քաղաք կը վերադառնայ թնդանօթ եւ նոր զօրք բերելու:

-Ի՞նչպէս եղաւ, կը հարցնէ կուսակալը, պիտի բռնէ՞ք, խորտակէ՞ք այս անգամ թէ ոչ:

-Կամ կը կոտորենք ամէնքն ալ, կամ ողջ կը բռնենք, այս անգամ ձեռւընուս չեն ազատիր, կը պատասխանէ հրամանատարը:

Օգնութեան հրաւէրին վրայ՝ շրջանակները եղած բոլոր քիւրդերը, նոյնիսկ խուժանէն մաս մը, ձեռքը անցած զէնքով, վազեր եկեր էին Բաբշէն Սերոբ փաշան ձերբակալելու համար:

Բայց այդ անխորհուրդ եւ մոլեռանդ ոգեւորութիւնը շուտ սմքեցաւ: Ֆէդայիներու սուլող գնդակները տարտըղնած էին այդ ամբոխը, որ մահւան սոսկումը ունէր: Խուճապը ահաւոր եւ ծիծաղելի էր միանգամայն:

Ժամը 6 էր, երբ թնդանօթներու առաջին որոտը սկսաւ արձագանքել լեռներու լանջերուն վրայ:

Կանոնաւոր զօրքը կատաղի կը կռւէր, մինչ մէկ կողմէն անընդհատ ռազմամթերք կը հասցնէին քաղաքէն: Իսկ ֆէդայիները իրենց մօսիները կը շտկէին ուղղակի թնդանօթաձիգներուն վրայ, որոնցմէ քանիներ գլորեցին, այնպէս որ այլեւս ոչ ոք սիրտ կընէր նորէն լեցնել պարպւած թնդանօթները, որոնք պատերազմի դաշտին վրայ անգործ կը յօրանջէին: Քանի մը անյաջող փորձերէ ետք, հազարապետը կը հրամայէ ջոկատին միահամուռ արձակել հրացանները, որոնց մեծադղորդ որոտումը կը թնդացնէր սարձոր: Օգտւելով այդ աղմկալից միջադէպէն, թնդանօթաձիգները կաճապարեն կերպով մը լեցնել թնդանօթները: Ռումբերը կը սուրան, կը թռչին ֆէդայիներու գլխուն վրայէն առանց անոնց վնասելու: Հայ հերոսները աւելի ու աւելի կոգեւորւին եւ իրենց շեշտահար գնդակները դիտապաստ կը փռեն թնդանօթաձիգներէն չորսը, որոնցմէ մէկը, իբր պետ, մեծ յարգ կը վայելէր կառավարութեան մօտ:

Թիւրք հրամանատարը, շուարած ու կատաղահար, թնդանօթներուն անզօրութիւնը տեսնելով, հրաման կընէ բանակով գրոհ տալ ափ մը քաջերուն կեցած դիրքերուն վրայ:

Զօրքը հազիւ առաջ կը խաղայ, հայ գնտակներու տարափին տակ հասած տանծի պէս կը թափին նախայարձակները: Ասոր վրայ յուսահատօրէն զօրքը կը նահանջէ, անիծելով հրամանատարը, եւ սրտին մէջ ուխտելով ուրիշ անգամ «ջան ֆէդայիին» վրայ չերթալ:

Կռիւը կը շարունակւի հեռաւորութեան վրայ, բայց աւելի պաշտպանողական եւ պաշարողական դրութիւնով: Աղբիւրին խրախուսական խօսքերը առիւծի կը փոխէ հայ կտրիճները, որոնք ուրախ-ուրախ կերգեն ու կը կռւին, թշնամին գնդակահար ընելով: Ժամը 10-ին մօտերը՝ թշնամիի գնդակ մը գլխէն կը զարնէ բուլանղցի ընկեր Սարգիսը. Քաջը անշշուկ կը կքի եւ կաւանդէ հոգին: Քովի ընկերը լուր կուտայ Աղբիւրին:

-Սարգիսը չի գիտեմ քնա՞ւ, ի՞նչ եղաւ:
-Բան չկայ, ան թող քնէ, դուք կռւեցէք, կը պատասխանէ Աղբիւր:

Կռիւը անդուլ մոլեգնութիւնով կը տեւէ մինչեւ իրիկուան մութը, եւ թշնամին պատկառելի հեռաւորութեան մը րայէն քայլ մը առաջ չի կրնար գալ:

Հեռանալու ժամանակն է: մերինները չորս կողմէն պաշարւած են. թշնամին իր ներկայութիւնը կը մատնէ վայրենի ղաղակներով, իր զոհ տւած անչափ դիակներու տեսքէն մոլեգնած:

Աղբիւր կը հաւաքէ իր ընկերները բոլորը միասին եւ անշշուկ՝ դիրքերու մէկ կողմէն վար կիջնին, որպէս զի եթէ պատահին թիւրքերու՝ զարնեն անցնին: Սակայն ապահով կը յաջողին կտրել շղթան, երբ թշնամին միամտօրէն կը շարունակէր տակաւին գնդակոծել ամայացած դիրքերը:

Այդ դիւցազնական եւ անմահ կռւին մէջ՝ Սերոբի ընկերներէն մինակ բուլանղցի Սարգիսը կըսպանւի եւ երկու ընկեր ալ թեթեւ կերպով կը վիրաւորւին: Թշնամիին կորուստը 30-էն աւելի էր:

Կռւին օրը քղաքին ամբոխը կը յարձակի հայոց խանութներուն վրայ կողոպտելու համար. հայերը կը դիմադրեն, երկու զոհ եւ 30 վիրաւոր ունենալով: Կառավարութիւնը կը փութայ սակայն խառնակութիւններուն առջեւ առնել:

Բաբշէնի դէպքը ահ ու սարսափի մէջ ձգեց թիւրք ժողովուրդը. ֆէդայիի ազդած սոսկումը չափ-սահման չունէր: Կառավարութիւնը կրկնապատկեց գիշերապահներու խումբերը, վախնալով որ Սերոբ քաղաքին րայ կը յարձակի յանկարծ: Իսկ հայերէն անոնք, որ անտարբեր էին, այդ օրը պարծանքով ու յարգանքով բերան կառնէին ֆէդայիի՝ ազատութեան զինւորի անունը, որ հաւատ եւ յոյս կը ծաղկեցնէ սրտերու մէջ:

Բաբշէնի կռիւը կամ ճիշդը՝ ճակատամարտը, բուռ մը անվեհերներու եւ ռազմաւոր բանակի մը միջեւ, Սերոբ համբաւին թեւեր տւաւ եւ անոր անունը պատկառելի ըրաւ: Պատերազմի ասպարէզին վրայ, ուր քաջերու սահմանը զէնքն է, հայ ֆէդայիները, մէկ նահատակ միայն զոհելով, ոլորմոլոր ճամբաներէ մութ գիշերով թշնամուն յուսահատ պատնէշները կանցնէին ու հպարտօրէն կը լսէին քրդերուն բարկ եւ սրտնեղ խօսակցութիւնը. «Ով որ ամսական կառնէ, թո՛ղ ան երթայ մեռնի թագաւորին համար»:

Թիւրքերը, որոնք ամբողջ օրը հազիւ 12 ձեռք թնդանօթ արձակած էին, կը կարծէին, թէ ափ մը քաջերը կուռ եւ անխզելի շղթայի մը էջ առած՝ իրրենց ճանկերուն տակ են:

Առտուն, երբ լուսը բացւեցաւ, թիւրքերը ամօթահար եւ ափիբերան մնացին, երբ տեսան որ բլուրը պարպւեր է. թռչունները թռեր էին վանդակէն: Այդ օրէն Սերոբ թիւրք հասարակութեան համար դարձաւ Սերոբ փաշայ: Սակայն Տարօնի հերոսը ատելիվ կ'ատէր ադ անունը. «Ի՜նչ, կ'ըսէր, մենք փաշաներուն ու աղաներուն դէմ կը կռւինք, այժմ ե՜ս փաշայ ըլլամ»...

Այդ անմահ կռւէն ետքը, զգալով որ անհնար է այդ դեւը ձեռք ձգել, որ բոլոր օսմանեան հրամանատարներուն պատիւը կը ջախջախէր, ինչպէս նաեւ իր դիրքը կը վտանգէր, Բաղէշի վալին պատգամաւոր խրկեց անոր, հարցնելով թէ ի՞նչ է ուզածը, եւ երկրորդ՝ մասնաւոր տեսակցութիւն մը կը խնդրէր անկէ:

Սերոբի պատասխանը լակոնական եղաւ, ինչպէս վայել է իրեն պէս ամեհի զինւորի մը. «Թողէք մեզ որ հանգիստ ապրինք»: Իսկ տեսակցութիւնը մերժեց:

Օսմանեան կառավարութեան ախտամոլ գոռոզութիւնը չի կրցաւ տանիլ սակայն 2,000 զինւորի եւ բաշիբօզուքներու այդ չարաչար պարտութիւնը: Իր բարբարոսութեան եւ անգթութեան կատաղը թափեց Սերոբի տան վրայ, աւարի տալով անոր բոլոր հարստութիւնը, ոչխար, տաւար. Ձերբակալեց Սերոբի մեծ եղբայրը Մխէն, որ անլուր տանջանքներ կրելէն յետոյ կրցաւ փախչիլ բանտէն. ձերբակալեցին Մխէի կինը Տատօն, որ ազատեցաւ թէեւ, բայց վրան տաղւած սպիներով ծածկւած, իսկ Սօսէն եւ Սերոբի եղբայրը Զաքար փախան Սասուն, ապաստանեցան իրենց ամուսնոյն եւ եղբօր քով, այնպէս որ Խէչենց մեծ եւ արիական տունը, ցիրուցան եղած, գնաց Սասունի անմատչելի սարերուն վրայ, անոնց մենաւոր լռութեանը մէջ, իր գոյութիւնը շարունակելու, առիւծին սրտոտ պատշպանութեանը տակ:

Օջախի այս քարքանդումէն ետքը, Սերոբը հիանալի անձնուրացութիւնով եւ հոգիի օրինակելի բարձրութիւնով մը կ'ըսէր ընկերներուն. «Պէտք է բախտաւորները երբեմն լան, որ թշւառները մխիթարւին: Տեսէք, կ'ըսէր, մեր տունը ձեզի օրինակ. Ես նախ մեր տունը, Ախլաթի Խչէի մեծ օջախը, քանդեցի, որ շատ մայրեր իրաւունք չունենան զիս անիծելու ըսելով. «մեր տունը քանդողին տունը քանդւի»: Իսկապէս, այդ մեծ ընտանիքը Սերոբի գործունէութեան մէջ բոլորովին օտար չմնաց:

Սասունի անարատ սարերուն մէջ, ուր հովերը դեռ չէին ապականւած դաւաճանութեան շունչով, կառավարութիւնը գտաւ անպիտան մատնիչ մը, գէղաշէնցի Աւէն, որու ձեռքով յաջողեցաւ թունաւորել Սերոբը, այնպէս որ անմահ հերոսը, բոլորովէն ուժէ ինկած, տեղէն չէր կրնար շարժիլ:

Թունաւորման յաջորդ օրը, կանուխ լուսաբացին, Բաղէշէն եւ Մուշէն զօրքերու անթիւ բազմութիւն մը, Բշարի Խալիլ աղայի առաջնորդութիւնով, եկաւ Կէլիէկուզան եւ պաշարեց Սերոբի եւ իր ընկերներուն բնակած տունը: Հայդուկները (իր հետ ութ հայդուկներ ունէր այն ատեն) Սերոբի թեւերը մտած հազիւ կրցան անոր մարմինը գեղէն դուրս հանել: Առիւծը, որուն ոտքերուն տակ կը թնդային Մուշի դաշտերը ու սարերը, ուժ կարողութենէ զրկւած էր, անսիրդ Դալիլա մը մկրատած էր անոր ազնիւ ու հոյակապ կեանքի թելերը: Անմոռանալի հերոսը, այդ վիճակին մէջ իսկ, ուզեց կռւիլ եւ սուղ ծախել իր կեանքը ոճրագործ եւ նամէրդ թշնամիին: Կարծես յոգնած եւ ուժատ, խնդրց իր հաւատարիմ հայդուկներէն որ զինքը մօտակայ քարի մը առջեւ տանին – «Դրէք զիս սա քարին առաջ, իմ վերջին օրն է, եւ ջանացէ՛ք դուք գէթ ձեր կեանքը ազատլ, մնա՜ք բարով»...

Երբ տարին իր ուզած տեղը նստեցուցին, հրացանը իր ուժասպառ ձեռքերուն մէջ բռնած, խորունկ ու ծանր հառաչանք մը թռաւ բերնէն, որ կարող էր սարսռացնել բոլոր Սասնոյ լեռները:

Իր աննման կինը Սօսէն, անոր մօտը կեցած, իբր վահան կը պաշտպանէր զայն: Սերոբ չկրցաւ ոչ մէկ գնդակ ուղղել թշնամուն. իր պղնձէ բազուկները թուլցած էին: Ոտքէն վիրաւոր եւ մահամերձ վիճակի մէջ էր, երբ թշնամին խուժեց դբախտ հերոսին վրայ, որ դեռ կը շնչէր. կտրեցին անոր ազնիւ ու խրոխտ գլուխը եւ նահատակեցին անոր երկու հարազատ եղաբյրները Մխէն, Զաքարը եւ զաւակը Յակոբ. Սօսին, որ արցունքի հեղեղներ կը թափէր իր սիրելիներու դիւցազնացած մարմիններու վրայ, հեռացուցին: Չորս հայդուկներ միայն կռւելով լեռան կատարը բարձրացան. թշնամին, իր գլխաւոր նպատակին հասած, այլեւս չհետապնդեց զանոնք:

Սերոբի նահատակութեան օրը սպաննւեցան նաեւ Կէլիէկուզանի Տէր Քաջ քահանան եւ ուրիշ քանի մը երիտասարդներ: Կէլիէկուզան, յանկարծակիի գալով, ցիրուցան եղաւ: Սասունցիք, մասնաւորապէս կէլիէկուզանցիք, լեռնական ժողովուրդ, անգամ մը որ կռւիլ սկսին, ալ ետ չեն քաշւիր, իսկ որ փախան, ալ ետ չեն դառնար:

Թիւրքերը տօն կատարեցին ու մեծ հանդէսներով, ցնծութիւններով ահաւոր հերոսին գլուխը, Սօսին ալ հետերնին, Մուշ տարին իրենց քաջագործութեան իբր յաղթանշան, անկէց ալ տարին Բաղէշ: Քիչ յետոյ Սօսէն ազատեցաւ բանտէն, իսկ Մխէի կինը, քջաասիրտ Տատօն, այդ սեւ ու մահու րոպէին, Սերոբի երկամեայ որդին փախցնելով՝ ազատեց: Այդ նամէրտ սպանութեան վրայ, ուր փայլեցաւ թւիրքերու ցածհոգիութիւնը,  սուլթան Համիդ, Եըլդըզի շագալը, շքանշաններով վարձատրեց անարգ դաւաճանութեան հեղինակները:

Վրէժը- Քանի մը ամիսներ անցած՝ հայդուկները գիշեր մը մտան դաւաճան Աւէի տունը, ուր պատահմամբ կը գտնւէր նաեւ իր մեղսակից եղբայրը: Մոմեր վառած սկսան հարցաքննել: Աւէն անկապ խօսքեր կը թափթփէր բերնէն. դաւաճանութեան մասնակից քանի մը հայերու անունները տալէն ետք՝ լեզուն կապւեցաւ: Երեսուն գնդակի հարւածներ մաղմաղ ըրին անրո մարմինը, վիրաւորեցին անոր որդին եւ սպաննեցին մեղսակից եղբայրը: Ժողովրդի սրտին համապատասխան այդ արտար եւ ճշմարտապէս հայրենասիրական վրէժը երկինք ու երկիր ուրախացուց:

Սերոբի գերեզմանին վրայ զոհեցին նաեւ Բշարի Խալիլ աղան, Սասունի կոտորածի ժամանակ առաջին դեր խղաացողը, Սպաղանքի կոտորածին հերոսը եւ Սերոբի վրայ յարձակող ուժին առաջնորդը: Բոլոր Սասունը ա՜խ կը քաշէր անոր ձեռքէն, որուն կուրծքը սուլթան Համիդ պատւանշաններու տակ խեղդած էր: Աշնան, երբ Մուշ եկած էր – այս մարդը քայլ չէր փոխեր որ հայերուն դժբախտութիւն մը չպատահէր – հայդուկները առիթ համարեցին այդ գազանին արիւնը խմել: Երեսուն հոգիէ բաղկացած հայդուկային խումբը, Անդրանիկի – որ իրեն նշանաբան ընտրած է չխնայել թշնամուն – Սպաղանքի գիւղապետ Մակարի եւ Սեդրակի առաջնորդութեամբ, բռնեցին քրէշը Մառնիկ եւ Հաւատորիկ գիւղերուն մօտ իր ութ ոստիկաններով եւ երեք հայ ծառաներով, որոնք աղային իբր գրաստ կը ծառայէին անոր գոյքերը կրելով:

Խալիլ աղան ուզեց փախչիլ, վրիժառու գնդակը հասաւ ու անոր ձին գլորեց. աղան հետիոտն ճողոպրիլ ուզեց, հայդուկները հասան ետեւէն. Երբ բռնեցին, արդէն լեզուն կապւած էր: գործած բոլոր ոճիրները, գազանութիւնները, անօրէնութիւնները անոր երեսին տալէն ետք, առին պատւանշանները, շանսատակ ըրին տեղնուտեղը եւ գլուխն ալ կտրելով՝ շարունակեցին ճամբան:

Սերոբ թէ անհատական մարդ եւ թէ հանրային գործիչ անվախ եւ անբասիր եղած է: Անոր մէջ կը գտնենք ասպետական գծեր ու յոյզեր, որոնք դասական վեհութիւն մը ունին: Ունեցած է շատ մաքուր եւ վճիտ կեանք մը, որուն էջերուն մէջ կարող ենք մեր ազգային նկարագրին համար հպարտութեան պատգամներ գտնել:

Չարքաշ ու տոկուն, ազնւական հոգիով մը լեցւած, զինքը ճանչցողներուն որ շրջապատողներուն վրայ ունեցաւ բարոյական մշտափայլ հեղինակութիւն: Իր թափառիկ, այլ նւիրւած կեանքը անոր մէջ պողպատէ կամք մը գամած էին. բոլոր իր ազդեցութիւնը եւ աչալրջութիւնը գործ կը դնէր որ իր ընկերները մնան ճշմարիտ անձնւիրութեան տիպարներ, մաքուր, անշահախնդիր եւ ընդունակ գաղափարի զոհողութեան. այդ ոգւով կրթեց ու քարոզեց: Փառաբանեց հրացանի սէրը, ինքը՝ եօթ տարւայ թափառ կեանքի մէջ, մէկ օր չբաժնւեցաւ իր մօսինէն, որուն հետ գրկախառն կը ննջէր, աղւոր սիրուհիի մը պէս: Իր ընկերները, անոր անողոք կարգապահութենէն ոչ միայն դժգոհ չէին, այլ անոր մէջ կը կարդային եղբայրական եւ բարի գորովի մը ճառագայթումը. կը սիրէին զայն, կը հիանային անոր վրայ, որ իրեն նշանաբան ընտրած էր «զէնք, մահ կամ ազատութիւն»:

Գերազանցօրէն գործի մարդն էր. եթէ կարող ըլլար հայութեան բթամիտ հարստութիւնը գնահատել հայ արիւնին այդ վսեմացումը, խրոխտ պոռթկումը, եթէ հայ մտածտունը անգամ մը գոնէ ցոյց տար հայրենասիրական խոյանքը կամ ճոգ մ'ընէր բարձրանալու իր գետնամած դրութենէն, հայ ազգը տարբեր ճակատագիր կունենար: Սերոբը կարող էր ըլլալ «ժողովուրոդները ետեւէն քաշող» մը: Ստրկութիւնը մեր բարոյական մեծ զգացումներու զսպանակը փշրած է:

Բարի, վեհանձն, կտրիճ եւ միանգամայն զւարճասէր, այս վերջինը աղը ըլալլով այդ տեսակ արկածալից կեանքերուն:

Իր ընկերներէն մէկը կը պատմէ. «Տ. Գիւղին մօտ տասնւեց ընեկրներով նստած էինք այրի մը մէջ եւ կըսպասէին Սերոբի գալուն որ մեզի պատւէրներ տալով ճամբու դնէր: Թէյ եփած եւ ոչխար մը խորոված, երբ կը պատրաստւէին ուտելու, յանկարծ պահապանը լուր բերաւ թէ Աղբիւրը կուգայ: Այրի ծակէն առիւծի պէս ներս մտաւ Սերոբը – Բարե՛ւ ձեզ, տղէք ջա՛ն, ըսաւ, եթէ յաջողութիւնով ետ դառնաք, մէկի տեղ հինգ ոչխար խորոված կը կերցնեմ ձեզի – Եթէ փոքր վնասով դառնանք հապա՞, հարցրեց ընկերներէն մէկը – այնատեն երեք օր ծովու աղի ջուր կը խմցնեմ ձեզի»:

Այս զւարճախօսութեան միջոցին լուր հասաւ որգիւղը 60 զօրք եկած է եօթ թնդանօթով: Րոպէ չ'անցած, Սերոբ մարդ ղրկեց գիւղը, որպէս զի քննէ անցած դարձածը եւ դառնալով քարայրի բնակիչներուն – «Տղէ՛ք, կը տեսնէ՞ք, ի՜նչ ուրախ ճամբորդութիւն է որ կ'ընէք, մինչեւ անգամ եօթ թնդանօթ եւ 60 մարդ ուղարկեր են ձեզ ճամբու դնելու համար»: -«Աղբիւր ջան, միթէ պզտիկմարդիկ ենք մենք քու աչքին.եթէ հիւքումէթը իմանայ մեր տեղը, հազարաւոր զօրք կուղարկէ մեզ դիմաւորելու», պատասխանեց զւարթ ֆէդայիներէն մէկը:

Այս համառօտ եւ թերի կենսագրութիւնը, Սերոբի յիշատակին, որուն օտարներն իսկ իրենց հիացումը յայտնած են, բաւական չենք գտներ: Կ'արժէ որ աւելի լայն եւ մանրամասնօրէն հաւաքւի իր երկրին մէջ անոր կեանքի եւ գործունէութեան բոլոր կէտերը, որոնք պիտի կազմեն շատ շահեկան կեսանգրութիւն մը, մեր յեղափոխութեան պատմութեան մէջ հերոսական տաք, կենսախայտ ու ազգային անձնասիրութիւնը գգւող էջեր աւելցնելով:

Անոր անդուլ եւ անյուսահատ գործունէութիւնը արիւնոտ, այլ խիզախ ու փառաւոր հետքեր ձգեց եկող սերունդին, մասնաւորապէս Տարօնի մէջ:

Սերոբ խիզախներու դպրոցի մը հիմնադիրն եղաւ եւ ունեցաւ իր արիասիրտ հետեւորները՝ Անդրանիկներ, Արթիններ, Գէորգներ, Մակարներ, Համբարձումներ եւլն եւլն, որոնք կը շարունակեն Արածանիի ափերուն վրայ իրենց վարպետին կիսատ ձգած հայրենի ազատագրութեան մեծ գործը, աւելի ամեհի եւ վրիժառու թափով մը, որոնց անձնւէր կորովին եւ եռանդին առջեւ մեզի կը մնայ հրճւիլ ու շարժիլ:

Տարօնը, մեծ Վահաններու այդ աշխարհը, ուր Հայաստանի ոսկեդարուն լուսաւորիչները ու «պանծալի» թարգմանիչները հայոց աշխարհի յուռթի քունը եւ հին փառքը կը ննջեն, ո՜վ կրնայ ըսել, թէ իր կուրծքին տակ չի սնուցաներ չարագործ բռնաւորներու գահը դողացնող առիւծ տղամարդեր:

Նէմրուտի հսկային գերեզմանին առջեւ ազգային հպարտութիւնով մը կրնանք այսօր արար աշխարհի կրկնել Շէյքսպիրի խօսքը առաքինի եւ ազնիւ Բրուտոսի դիակին վրայ.
This was a man!

«Դրօշակ» - Ապրիլ, Մայիս, Յունիս, Յուլիս, Սեպտեմբեր 1901
Թիւ 2, 3, 4, 5, 7 (113, 114, 115, 116, 118)

Սերոբի Մահը (Նամակ Մուշէն)