04 January, 2024

Վանի ՀՅԴ Ներկայացուցիչ Վարդգէսի Ձերբակալութիւնը

Երկար ժամանակէ ի վեր կառավարութիւնը կ'աշխատէր ձեռք բերել Վարդգէսը (Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան /Գիսակ/), բայց անյաջող ելան իր փորձերը: Վերջերս ճարահատեալ դիմեց իր սովորական միջոցներուն, ձեռք առաւ անարժան հայ Սէմէրճեան Խաչիկը, կաշառեց նրան 30 ոսկիով, որպէս զի Վարդգէսը իրեն յանձնէ: Երկար աշխատելէ վերջը յաջողեցաւ հասնիլ իր չար նպատակին, – Վարդգէս ձերբակալւած է:

* * *

Յունւար 4-ի շաբաթ գիշեր լոյս կիրակի, գիշերւան ժամը 8-ին, երբ տղաքը դեռ նոր պառկած էին, Վարդգէսը շշուկ մը լսելով վեր կ'ելնէ եւ կը տեսնէ որ պարտէզին մէջ, ծառերուն տակ, մարդեր թագնւած կը սպսաեն: Ձայն կուտայ ընկերներուն՝ «տղա՛ք, վեր կացէք, պաշարւած ենք»: Ընկերները կէս հագւած դուրս կը վազեն կը տեսնեն որ իրենց դիմացի տանիքն ալ մարդեր կեցած են: Տղաքը դէպի փողոցի դուռը կը վազեն, դուռը կը բանան եւ կը սկսին կռւիլ, տունէն դուրս գալու նպատակով: Վարդգէսը եւ իր ընկերներէն մէկը ոտքերէն կը վիրաւորւին, բաւական կռւելէ վերջ կը տեսնեն որ անկարելի է տունէն դուրս գալ, ետ կը դառնան որ պարտէզի դռնէն փախչին, բայց թշնամին այդ կողմի տուներն ալ բռնած ըլլալով՝ տանիք կը բարձրանան, հոնկէ ելք մը գտնելու համար: Դժբախտաբար իրենց տունը անջատ ըլլալով՝ դրացի տանիքը անցնելու համար նեղ փողոցի մը վրայէն պէտք էր ցատքել: Ընկերները յաջողութեամբ կը գործեն այդ ոստումը, բայց Վարդգէսը ոտքէն ծանրապէս վիրաւորւած ըլլալով՝ ցատքելու միջոցին փողոց կ'իյնայ ու կը մարի: Ընկերները կ'անցնին կերթան, իսկ ինք արիւնաքամ ու ուշաթափ՝ չգիտցւիր ո՞րչափ ժամանակ՝ այդ խուլ փողոցին մէջ մնալէ ետքը, վերջապէս կը սթափի եւ քաշկռտւելով մօտակայ տան մը պարտէզը կը մտնէ: Տանտէրը՝ կէս խելագար մարդ մը՝ հազիւ հազ կը համոզւի ընդունիլ ու պահել զինքը: Յաջորդ առաւօտ ոստիկանութիւնը խուզարկութիւն կատարելով՝ ձիւնին վրայ արիւնի հետքեր կը գտնէ եւ այդ հետքերը բռնելով կերթայ ուղղակի յիշեալ տան դուռը կը զարնէ: Տանտէրը հայհոյանքներով կը մերժէ դուռը բանալ. Վարդգէսը պատուհանէն ոստիկաններու հետ խօսելէ ետքը՝ հակառակ ոստիկանապետի կեղծ ու պատիր յորդորներուն ու խոստումներուն՝ նախ չի ուզեր անձնատուր ըլլալ, ձեռքը ճակատին բաւական կը մտածէ, սակայն իր ուժասպառ վիճակին մէջ երկար դիմադրութիւն մը անկարելի եւ թաղին անպաշտպան բնակիչներուն համար աղետալի գտնելով՝ վերջապէս դուռը բանալ կուտայ: Դեռ պահ մը առաջ պատուհանին տակ անուշ լեզու թափող շուները ներս խուժելնուն պէս կը յարձակին անկարող վիրաւորին վրայ ու կը սկսին անգթաբար ծեծել: Յետոյ մարդու մը շալակը տալով՝ մինչեւ կուսակալի տան դրան առջեւ կը տանին զինք եւ կիսամեռ վիճակի մէջ ձիւնի վրայ կը նետեն: Գօմիսէր Հիւսնին եւ իր տղան վրայ հասնելով՝ հոդ ալ բարբարոս ծեծ մը կը սկսին, սակայն կուսակալը պատուհանը բանալով «Լիրբե՛ր, ի՜նչ կուզէք կիսամեռ մարդէն», կը պոռայ եւ կը հրամայէ որ ներս առնեն վիրաւորը: Կուսակալի տան մէջ օր մը մնալէ ետքը՝ կը փոխադրեն բանտը, ուր առանձին սենեակի մը մէջ փակած՝ կ'աշխատին վէրքերը բուժել: Հարցաքննութեան համար պատգարակով կը տանին կը բերեն զինքը: Իրեն վրայէն բռնւած են երկու ատրճանակներ, մէկը մաուզէր եւ միւսը Սմիտ Վէսսըն՝ հանդերձ փամփուշտներով:

* * *

Մատնիչը եւ իր ընկերները մեծ ցնծութեան մէջ էին: Մատնութենէն քանի մը օր յետոյ նոր վերարկու մը շինեց, փառաւոր կերպով հագնւեցաւ... Կառավարութիւնը յանձնեց իրեն ատրճանակ մը իր կեանքի պաշտպանութեան համար. ալ ապահով էր: Կառավարութիւնը իրեն պաշտպան, ատրճանակը մէջքը՝ ալ ո՞վ կարող էր մօտենալ: Ամէն օր իր եղբայրներուն հետ թեւ-թեւի տւած՝ կը խօսէին, կը խնդային... Կառավարութիւնը պահանջեր էր, որ մեր ընկեր Վարդանն Շահպազ ալ իրեն յանձնւէր. Մատնիչը սիրով ընդունած եւ 4 օր ժամանակ ուզած էր: Երկրորդ օրը արդարութեան դաշոյնը մխւեցաւ մատնիչի սրտին մէջ: Խե՜ղճ մարդ, փափագը սիրտը մնաց... Տասներկու դաշոյնի հարւած եւ մի գնդակ հետը տարաւ: Տէռօրը կատարւեց հրապարակի վրայ չորս ճանապարհների մէջտեղը:

Խաչիկը սուլթանի ամենահաւատարիմ հպատակներէն մէկն էր եղած. խոստացեր էր Վանի մէջ յեղափոխականները մատնել եւ յեղափոխութիւնը կործանել: Այդ մտքով ցուցակ մը կազմած էր եւ ներկայացուցած էր կառավարութեան: Վարդգէսը բռնել տալուց քանի մը օր վերջը, կը պատրաստւէր տունը փոխադրել տաճկաց թաղը, ո՜վ գիտէ թերեւս հախդին ընդունելու: Անցագիր ալ առեր էր, որ երթայ Կ. Պօլիս պաշտօն ու պատւանշան ստանայ, ափսոս որ անցագիրը սխալ էր առած: Կառավարութիւնը 70 դահեկան ամսական կապեց Խաչիկի կնկան. իր պաշտօնեաները եւ զօրքերը ամսականի երես չեն տեսներ, հայի կնկան 70 դահեկան ամսական կը կապէ...

Սէմէրճեանի ընկերը, Չալղատարենց Հաճի Մանուկ, որ Խաչիկի սիրելի ընկերն էր, նոյն օրը միասին կ'ըլլան, երբ սպանութեան փորձը կը կատարւէր, մէկ անգամ փորձ կ'ընէ ազատելու իր ընկերը. մեր քաջը վեր կը կենայ, ծնկները դրած իր որսի կուրծքին, եւ դաշոյնի հարւած մը կուտայ անոր, բայց չի հասնիր նպատակին. նա կը փախչի եւ կերթայ լուր տալու պահականոցը: Զինքը կը բռնեն եւ կը հարցնեն, թէ ո՞վ էր սպանողը. վախէն չի կարող ըսել, թէ այս ինչ մարդն է: Կառավարութիւնը խիստ չարչարանքի կ'ենթարկէ զայն, թէ «դու գիտես ու չես ըսեր», բայց նա աւելի լաւ կը համարէ կառավարութեան պատիժը, քան թէ յեղափոխականի վրէժնխդրութւինը: Այժմ պառկած է բանտին մէջ: ...

Նամակներ Վանէն (22 յունւար, 1903. 2 մարտ, 1903)
«Դրօշակ»
Ապրիլ 1903
Թիւ 4 (135)