03 October, 2025

ՔԵՌԻ ԹԱԴՕ. Յարութիւն Սարգիսեան

Սասունցի Քեռի Թադօ Յարութիւն Սարգիսեան

Բուն անունով Յարութիւն Սարգիսեան, ծնած է Տարօն աշխարհի Փեթար գիւղը 1874-5-ին:

Սարգիս շփման մէջ կը մտնէ բոլոր հայ ֆետայիներուն հետ, որոնք կու գային ու կ'անցնէին Փեթար գիւղէն: Սարգիս նաեւ որոշ գործակցութիւններ կ'ունենայ անոնց հետ: Պատանի Թադօ ուշի ուշով կը հետեւի հայ ֆետայիներուն ու իր մէջ կ'արթննայ յեղափոխական ոգին: Շրջան մը ետք Հրայր (Արմենակ Ղազարեան), որպէս Մուրատ Պոյաճեանի (Մեծն Մուրատ) եւ Միհրան Տամատեանի գործակից, կը շրջի Սասնոյ եւ Տարօնի դաշտերը, կազմակերպչական աշխատնաքներ տանելու: Հրայր կ'այցելէ նաեւ Փեթար գիւղը, ուր իր խումբին առաջին անդամը կ'ըլլայ Քեռի Թադոն:

1894-ին, առաջին անգամ ըլլալով Քեռի Թադօն իր հօրը կողքին այս օրհասական կը մասնակցի ճակատագրական կռիւին (Սասնոյ Ա. ապստամբութեան): Այս կռիւներուն զոհ կ'երթայ Սասնոյ Իշխան Մօսէ Գրքոն: Մօսէ Գրքոյի տեղը կ'անցնի Իշխան Պետոն, որ նոյնքան կտրիճ հերոս մըն էր: Թադոն կը մնայ Իշխան Պետոյի խումբին մէջ, մինչեւ Հրայրի գալը Սասուն:

1894-ի վերջերը Հրայր կը վերադառնայ Կովկասէն, այս անգամ իբր Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ ու Տարօնի եւ Սասնոյ շրջաններուն մէջ հիմը կը դնէ Դաշնակցութեան: Ան (Քեռի Թադոն) շուտով կ'արձանագրուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը:

Խօսք տանք Քեռի Թադոյին.–
«Փեթար գիւղի կուսակցութեան ներկայացուցիչն էր Մելքոն Արոյեան. ան կրցաւ գիւղի երիտասարդները իր շուրջ համախմբել եւ կուսակցական դասիտարակութիւն տալ. ես մնացի հոն մինչեւ 1902, երբ Մանուկ կազմեց իր խումբը»:

1904ին վրայ կը հասնի Սասնոյ մեծ ապստամբութիւնը: Այստեղ կը տեսնենք սասունցի Մանուկը իր խումբով. այս կռիւներուն Թադոն ցոյց կու տայ իր քաջագործութիւնները: Կռիւներուն կը մասնակցէին նաեւ Գէորգ Չաւուշ, Անդրանիկ, Սեպուհ, Սեբաստացի Մուրատ, Գաբրիէլ Շէրիֆեան, սեմալցի Գրիգոր եւ ուրիշներ:

Ապստամբութենէն ետք ֆեայիները կը մեկնին Աղթամար, ուրկէ Չաւուշը որոշ ընկերներու հետ կը վերադառնայ Սասուն: Սասունցի Մանուկի խումբը կը միանայ Գէորգի խումբին, մինչեւ անոր մահը. անկէ ետք Մանուկ եւ Ախօ կը գործեն Կուրտիկի լեռնաշղթայի երկու կողմերը, Մշոյ դաշտի եւ Սասունի մէջ:

Սահմանադրութեան օրերուն Քեռի Թադոն կ'անցնի Պիթլիս, ժամանակ մը ետք կրկին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը ու կը միանայ Մանուկի խումբին:

1914ին եղեռնի նախօրեակին Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Կառնինու Մկրտիչ կ'անցնին Փեթար, որպէս պատասխանատու կազմակերպիչներ: Ռուբէնի որոշումով տեղի կ'ունենայ խորհրդակցական ժողով մը, ուր Ռուբէն կը խօսի գալիք վտանգի մասին: Այդ ժողովին կը մասնակցին Իսրոն, Փեթարայ Կիրակոսը, Ախոն, Մանուկը (այդ ժամանակի Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր Փեթար գիւղի), Քեռի Թադոն եւ ուրիշներ: Ժողովը իր որոշումները տալէ ետք, կ'անցնի կազմակերպչական աշխատանքներու:

Մանուկը իր հետ ունենալով Քեռի Թադոն, Իսրոն, Ախոն, Կիրակոսը, կ'անցնին Քարցուր, Խորոնք, Պլէր, Գոմէր, Սընզնուտ, Ղըզըլաղաճ, Շէխլան, Քիւրդ Մէյդան (Մուրատ գետը անցնելով), Աւզախբիւր, Զիարաթ, Մեղտին, Ս. Կարապետ եւ Վարդովի շրջանները կազմակերպելու համար:

Իսկ Ռուբէն իր խումբով կ'անցնի Ցրոնք, Ալիճան, Սուլուխ, Ջրիկ, ուր կը հանդիպին Իսրօ Կորիւնին ու միասին կ'անցնին ուրիշ շրջաններ կազմակերպելու համար:

1915ի Յունուարէն սկսեալ Սասունի եւ Տարօնի ֆետայիները սկսած էին ապստամբութեան դիրք բռնել: Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն թրքական եւ քրտական խուժանները պաշարած էին Սասնոյ չորս կողմերը ու սկսած էին կռիւները: Հինգ ամիսէն աւելի տեւեցին կեանքի ու մահու արիւնալի այս գոյամարտերը:

Սասուն պարտուեցաւ: Այս կռիւներու ընթացքին շատ անգին զոհեր տուինք, ոմանք ալ վերապրեցան, ինչպէս՝ Սասունցի Մանուկը, Քեռի Թադոն, Ախոն, Տիգրան Քնտրեանը, սպայ Միսաք իսկ ուրիշներ իրենց քանի մը ընկերներով՝ Ռուբէնի եւ Կոմսի հետ կրցան անցնիլ Մանազկերտ:

Թադոն կարճ ժամանակ մը մնալէ ետք, Մանուկի հետ ձիաւոր խումբով կը վերադառնայ Ծովասարի շրջանը, այնտեղ մնացած հայ բեկորները ազատելու, որոնք պաշտպանուած էին Շեկոյի տան քիրւտերու կողմէ: Իսկ 1917ին Թադոն կ'անցնի Պուլանուխի կողմերը, ապա Քոսուր եւ Մուշ: Անկից ետք Թադոն կը միանայ Սասունի գունդին:

Խօսք տանք Կարօ Սասունիին.–
«Սասունցի Մուշեղ կրցաւ զինուորական կարգապահութիւն ստեղծել իր գունդին մէջ եւ դիամդրել թրքական յառաջխացքին: Էրզրումէն, Մուշէն եւ Մալազկերտէն հայ ժողովուրդը կռուելով նահանջեց մինչեւ Արարատեան Աշխարհը Փետրուար, մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն: Շնորհիւ այս մարտական ուժերուն, ժողովուրդը կրցաւ անվտանգ անցնիլ երկու ամիս տեւող այս նահանջի ընթացքին»:

Քեռի Թադոն կը տեսնենք Զօր. Սեպուհի խումբին մէջ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սարտարապատի պատմական մեծ ճակատամարտին, նաեւ կը մասնակցի Արագածի թրքական քառասուն գիւղերու տեղահանութեան եւ անոնց տեղը եկած տեղաշարժուող հայ ժողովուրդի բնակութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան օրով կը մասնակցի Աղուտի-Վաղուտի թաթարական շրջանի կռիւներուն: Փետրուարեան ապստամբութեան Քեռի Թադոն կը մասնակցի Կարօ Սասունիի գունդին հետ՝ Էջմիածինէն դէպի Երեւան՝ սասունցի ձիաւորներուն հետ:

1925 Վարդավառի Կիրակի գիշերը, Դաւիթ Դաւոյի (Գարեգին Մովսէսեան) եւ իր քրոջ որդիին՝ Արտաշէս Ստեփանեանի հետ, տեռորի կ'ենթարկեն ներքին Աղաջա Ղալա գիւղի խորհուրդի նախագահ կրտես Խուրշոյեանը: Չեկան գործի կ'անցնի ու կը ձերբակալէ 120 դաշնակցականներ, որոնք ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէին այս խնդրէն: Չեկան ամէն գնով կ'ուզէր ապացուցանել, թէ այդ սպաննութիւնը կատարուած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կ. Կոմիտէի անդամ Ս. Ստեփանեանի թելադրութեամբ:

Չեկան շուտով կը ձերբակալէ Պետօ Ղազարը, Պետրոս Սինոյեանը, Արաբոյի հօրեղբօր որդին՝ Յակոբ Երէցեանը, Հռիփսիմէ Մուշեղեանը, բժ. Միքայէլ Մելիք-Մուրատեանը եւ ուրիշներ, մօտաւորապէս 120 հոգի՝ իբր դաշնակցական:

Քեռի Թադոն հին ու փորձառու մարդ էր, կը ճանչնար համայնավարները. Ձերբակալումէ փախելով, շուտով լեռ կը բարձրանայ: Կարճ ժամանակ մը ետք Պետօ Ղազար կ'ազատի, մէկ շաբաթ գիւղ մնալէ ետք կը լսէ, որ զինք կրկին պիտի ձերբակալեն՝ լեռ կը բարձրանայ. հոն կը հանդիպի Մօրուք Կարոյին, Քեռի Թադոյին, բերդակցի հարիւրապետ Մխիթար Վարդանեանին, ասորի Միքայէլին եւ ուրիշներու: Մինչեւ 1929ի վերջերը կը մնան լեռներու վրայ ապաստանած: Քեռի Թադոն կ'որոշէ խումբ մը ընկերներու հետ անցնիլ Թեհրան. այսպէս, 38 հոգիէ բաղկացած խումբ մը 1930ին ճամբայ կ'ելլէ դէպի Թեհրան: Երեք ամիս խումբը հազար ու մէկ չարչարանքներէ ետք, հազիւ 13 հոգիով կը հասնի Թաւրիզ, իրենց հետ ուղեցոյց ունենալով հին ու փորձառու սուրհանդակ վալատ Դաւոն. Այս խումբին հետ էր նաեւ Ճուտիկ Յակոբեանը, որ մեռաւ Թեհրան:

Քեռի Թադոն Ռեւանտուզի վրայով անցաւ Իրաք, ապա Սուրիա եւ ժամանակ մը մնաց Գամիշլի:

1934ին ուզեց անցնիլ Պարսկաստան, անկից Հայաստանի սահմանը, կինն ու իր երկու աղջիկները իր հետ բերելու, սակայն չյաջողեցաւ: Ժամանակ մը մնաց Հալէպ ու անկից անցաւ Պէյրութ: Երկար ատեն մնալէ ետք, ծերութեան պատճառով զինք ուղարկեցին Հալէպի ծերանոցը, ուր մնաց մինչեւ իր մահը՝ 1967 Հոկտեմբեր 1:

*խմբագրուած
«Յեղափոխական Ալպոմ»
1917, Թիւ 9