Տարօն. գրեց՝ Շաւարշ Միսաքեան
Վարդավառ է այսօր, իսկ Վարդավառը, առանց Տարօնի, տժգոյն, աղոտ յիշատակ մը միայն: Բառը ինքնին, – Տարօն – ամբողջ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Թերեւս խորհուրդ մը: Երբ կ'ըսենք Մուշ – կը հասկնանք աշխարհագրական վարչական բացատրութիւն մը: Բոլորովին ուրի՜շ բան է Տարօնը: Գոնէ անոնց համար որ տեսեր ու ապրեր են, շնչեր ու անցեր: Ամբողջ հեթանոսութիւն՝ իր սարերովն ու դաշտերովը: Նոյնիսկ եղեկեցիներով ու վանքերով: