Posts

Showing posts from June, 2024

Վարագայ Կռիւը

Image
ՎԱՆ, յունիս 24 Նոր-նոր խնդիրներ անպակաս են, ամէն շաբաթ անպատճառ մէկ նոր դէպք կը պատահի. խստութիւնները կը շարունակւին, բայց ամէն գործնական քայլի կառավարութիւնը գրեթէ ինքն է որ կը պարտւի: Լսեցիք թերեւս ռումբի յանկարծակի պայթումը եւ մատնութիւնով գաղտնի պահեստի մը գտնւիլը՝ որուն հետեւանքով ընդհանուր խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ եղան եւ ի վերջոյ այդ մատնութիւնը ընող փօլիս Սահակի վրայ կատարւած տերօրը, որու ազդեցութեան տակ առժամապէս դրութեան թուլացում առաջ եկաւ:

Թռուցիկ Թերթ ՀՅԴ Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի (Թիւ 9)

Image
Հա՛յ Ժողովո՜ւրդ Առաջին անգամը չէ որ քու Յեղափոխական զաւակներուդ Նահատակուիլը կը տեսնես ազատութեան սեղանին վրայ. մի՛ վհատիր, այլ ցնծութեամբ ծափահարէ զանոնք: Երկուշաբթի առաւօտ կախաղանին վրայ ճօճացող դաշնակցականներու դիակները սուլթանին բռնակալութեան մահազդերն էին: