24 June, 2024

Վարագայ Կռիւը

ՎԱՆ, յունիս 24

Նոր-նոր խնդիրներ անպակաս են, ամէն շաբաթ անպատճառ մէկ նոր դէպք կը պատահի. խստութիւնները կը շարունակւին, բայց ամէն գործնական քայլի կառավարութիւնը գրեթէ ինքն է որ կը պարտւի: Լսեցիք թերեւս ռումբի յանկարծակի պայթումը եւ մատնութիւնով գաղտնի պահեստի մը գտնւիլը՝ որուն հետեւանքով ընդհանուր խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ եղան եւ ի վերջոյ այդ մատնութիւնը ընող փօլիս Սահակի վրայ կատարւած տերօրը, որու ազդեցութեան տակ առժամապէս դրութեան թուլացում առաջ եկաւ:

Ժողովուրդը կառավարութեան այդ տպաւորութեան տակ կը գտնւէր, երբ յունիս 23-ի գիշերը յանկարծ մեծ քանակութիւնով զօրք եւ ռազմամթերք ղրկւեցան Վարագայ լեռը, ուր ֆէդայիներ գտնւելուն լուրը առած էր կառավարութիւնը: Լուսադէմին երբ ֆէդայիները քնած էին ձորի մը մէջ, զօրքերը յանկարծ կսկսին կրակ ընել. տղաքները արթննալով իսկոյն դիրքեր կը բռնեն: Առաջին հարւածէն կիյնայ միլազըմ Շիւքրի պէյը, որ տեղիս երեւելի ազդեցիկներէն էր եւ կատարւած չարագործութիւններուն մեծագոյն հեղինակներէն մէկը. իրեն հետ կիյնան նաեւ երեք զապթիէներ. այդ պահուն կսկսի գնդակի եւ ռումբի կարկուտ տեղալ եւ ամբողջ լեռը մշուշով կը ծածկւի: Շիւքրիի սպանութեան լուրը Վան հասնելուն՝ կառավարութիւնը նոր զօրքեր կշտապեցնէ գնդապետ Ադամպէյի առաջնորդութիւնով: Ամբողջ քաղաքը հեւիհեւ կը սպասէր դէպքի հետեւանքի մասին. տանիքներու վրայէն որոտումներու ձայնը կը լսւէր:

Մինչեւ կէսօր կռիւը անընդհատ շարունակւեցաւ. կէսօրէն յետոյ թիւրքերը կամաց-կամաց սկսան քաշւիլ, երբ տեսան թէ իրենց անընդհատ հրացանաձգութիւնը բանի մը չը ծառայելով՝ ժայռերու հետ էր որ կը պատերազմէին. Իսկ ֆէդայիները իրենց հարւածները նպատակելէ յետոյ աներեւութացեր էին, թողնելով մէկ քանի բերդանկարներ, որը լեռը տարած էին փորձելու, 2-3 ձի եւ քանի մը եափունճիներ: Սպանւած է նաեւ հայ խեղճ գիւղացի մը, որ արեգդէմին բանջար ժողւելու էր գնացեր:

Շիւքրիի դիակը տեսնելով՝ թիւրք ամբոխէն մաս մը – աւելի իր պարագաները – կառավարութեան դուռը դիմելով՝ թոյլտւութիւն ուզեցին խուժան կազմել եւ Շիւրքրիի սպանման վրէժը լուծել. կառավարութիւնը արգիլեց: Ժողովուրդը այդ օրը չը կրցաւ քաղաք գնալ: Կառավարութեան տրամադրութիւնը կը տարուբերի:

Այսօր հեռագիր եկաւ Պիթլիսէն, որ այնտեղ կուսակալի տան վրայ յարձակեր եւ սպանութիւններ եղեր են. մապէյնի հետ անընդհատ հեռագրական փոխանակութիւններ կ'ըլլան: Տեղից ֆէրիքը այսօր կամ վաղը մէկ վաշտ զօրքով մեկնելու է Պիթլիս: Շարժման ալիքները սպառնալից կը թւին:

«Դրօշակ» - Յունիս-Յուլիս 1907
Թիւ 6-7 (184)