27 July, 2024

Մշոյ Դաշտի Կուրավու Գիւղի Կռիւը

Լեռնէն իջնելէն քանի մ'օր առաջ, մեր ընկեր Քեռին իր ընկերներով դաւադրութեամբ մը սպանւած էր Կուրավու գիւղին մօտ: Անդրանիկը լսելով այդ, իսկոյն խումբը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ դրաւ եւ յուլիս 16-ին, 35 ընկերներով իջանք Կուրավու գիւղ՝ գտնելու այդ ստոր դաւադրութեան հեղինակներին եւ զանոնք պատժելու: Գիւղին մէջ խումբը բաժանւած չորս դիրքերու վրայ՝ կը սպասէինք իրիկւան: Ամբողջ գիշեր ճամբայ էինք քալել եւ քնատ էինք: Ցորեկ ժամը 5 ½-ին լուր եկաւ, որ 80 հետեւակ զօրքեր գիւղ մտան: Գիւղի ռէս ատոնց համար պատրաստել կուտայ եկեղեցւոյ քովի տեղեր եւ հաց ու մածուն ղրկելով կը շտապէ հեռացնել զանոնք, որպէս զի տղայք չմատնւին:

Բայց տաճիկ զինւորները կշտանալէ վերջ, ըստ իրենց մշտական սովորութեան, կը սկսին ներս խուժել գիւղացոց տները: Տուն մը կը մտնեն, ուր կին մը միայն կը գտնւէր եւ պարագայէն օգտւելով բռնաբարութեան փորձեր կ'ընեն: Կնոջ ձայնը կը հասնի մեր ընկերներու ականջը, որոնք կը փորձեն դուրս խուժել եւ ջարդել այդ լիրբ զօրքերը, սակայն հէնց նոյն վայրկեանին 8:10 հոգի ներս կը մտնեն իրենց դռնէն եւ մերոնց տեսնելով՝ ահաբեկած կը փախչին եւ լուր կուտան հարիւրապետին, որ կը հրամայէ իսկոյն պաշարել զանոնք: Հրամանը կը կատարւի: Տղայք րոպէապէս կը պաշարւին տանիքէն եւ դիմացի տներէն: Մերոնք բոլորովին կազմ ու պատրաստ, ներսէն յանկարծ միահամուռ կը պարպեն հրացանները դէպի տանիքը, անգամ մըն ալ բացուած դռնէն դէպի դուրս կը յարձակւին պաշարողներու վրայ: Մենք հրացանի ձայներ լսելուն պէս՝ դրսէն օգնութեան եկանք: Գիրկընդխառն կը կռւէինք դաշոյներով ու ատրճանակներով... եւ վերջապէս թշնամին ստիպւեցաւ փախուստ տալ՝ թողնելով 15 զինւորի եւ քիւրդի դիակներ: Մեր ընկեր Մուրադը՝ կանգնած տանիքը կը գոչէր. «Տղայք այս ալ Քեռիի վրէժն է, զարկէ՛ք այս յիմար զօրքերուն, եւ տեղերէդ մի շարժւիք, որ թապուրներ գան եւ անոնց հետ ալ չափւինք»: Անկասկած Սուլուխի եւ Հավրանի զօրքեր, քիրւդեր եւ չէրքէզներ շուտով պիտի հասնէին: Անդրանիկը բաժանեց մեզ դիրքերու վրայ. եկեղեցու տանիքին վրայ ալ դիրքեր պատրաստելով դրօշակը կանգնեցուցինք, թէ պատրաստել տւինք եւ երգեր երգելով կը սպասէինք զօրքի գալուն...

Ժամը 7 ½-ին սկսեցին թափւել զօրքն ու քիւրդը եւ պաշարել մեզ: Անդրանիկ, Գէորգի, Մուրադի քով նստած էինք. երբ մեր միւս դիրքերէն պատգամաւոր ղրկած էին Անդրանիկին, ըսելով, որ «մենք չենք ընդուներ, որ դուք կռւէք, քանի որ 12 ֆէդայի 2,000 թշնամու դէմ բաւական է, մինչդեռ մենք 30-էն աւելի ենք»:

Թշնամու այդ ահագին բազմութիւնը ներս խուժեց. մենք մեր դիրքերու մէջ անխախտ՝ պաղարիւնութեամբ շառւեցանք մինչեւ իրիկուն եւ մութ կոխելուն պէս՝ պաշարման շղթան յանկարծ ճեղքեցինք ու անցանք ցրուելով թշնամին:

Գիրկընդխառն կռւելու միջոցին՝ մեր ընկերներու սխալմամբ արձակած գնդակէն սպանւեցաւ Ցրոնքցցի Խուշիկ եւ վիրաւորւեցաւ մէկը:

Եւ դեռ ցարդ ալ տաճիկ զօրքը չէ մոռացեր մեզ ու կը պատմէ բոլորին ֆէդայիներու կռւի մասին:

Մեր հեռանալէն վերջ լսեցինք, որ զօրքեր, ըստ իրենց վայրագ սովորութեան այրեր են գիւղը եւ թալաներ:

«Դրօշակ» – Դեկտեմբեր 1904
Թիւ 12 (153)