Թռուցիկ Թերթ ՀՅԴ Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի (Թիւ 9)

Հա՛յ Ժողովո՜ւրդ

Առաջին անգամը չէ որ քու Յեղափոխական զաւակներուդ Նահատակուիլը կը տեսնես ազատութեան սեղանին վրայ. մի՛ վհատիր, այլ ցնծութեամբ ծափահարէ զանոնք: Երկուշաբթի առաւօտ կախաղանին վրայ ճօճացող դաշնակցականներու դիակները սուլթանին բռնակալութեան մահազդերն էին:

Սարկածին, արիւնախում Համիդը, իր անզօր կատաղութեան մէջ – երբ անկարող եղաւ ոստիկան Խալիլի բուն սոաննիչը ձեռք ձգելու – այդ երկու քաջերէն ուզեց առնել իր վրէժը:

Երկուքն ալ հաւատարիմ իրենց նշանաբանին, անվեհեր դիմագրաւեցին մահը,– ԳԷՈՐԳ ծիծաղեցաւ կախաղանին առջեւ, ու ՅՈՎՍԷՓ մերժելով քահանան ու դահիճը, ձեռքովը վզին անցուց չուանը «ԿԵՑՑԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» աղաղակելով: Իրենց վերջին խօսքը յաւիտենական անէծք մ'եղաւ, Համիդին՝ Չարութեան այդ մարմնացումին դէմ:

Հրէշը մոռցաւ որ այդ երկու քաջերը իրենց եղերական մահով հազարաւոր վարանողներուկ ամք պիտի տային, տկարներուն ոյժ, եւ վրէժի մոլեգին զգացումով պիտի ձուլէին բոլոր սրտերը:

Թո՛ղ լռէ եւրոպացին, իր ստոր եւ անարգ լռութիւնը յեղափոխականի սուրը միայն պիտի խզէ:

Բայց քաղաքացին զայրացաւ արդարի արիւնը տեսնելով, Յեղափոխական կատղեցաւ, եւ իր ընկերոջ վրէժը ուխտեց իր սրտին մէջ:

Ընկերնե՜ր, մեր ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ անշունչ դիակներուն առջեւ չկորսնցնենք մեր պաղարիւնութիւնը. մեր սուգը Մայր-Հայաստանի ահաւոր սուգին չնչին մէկ մասն է միայն: Չկորսնցնենք մեր պաղարիւնութիւնը, շեշտակի եւ ջախջախիչ կերպով ուղղելու համար մեր վերջին հարուածը բռնակալի գլխուն:

Արցունք ու յարգանք մեր քաջերու շիրմին, մա՛հ դաւճաններու, մա՛հ բռնակալին:

ԿԵՑՑԷ՛, ԿԵՑՑԷ՛, ԿԵՑՑԷ՛ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ:

Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կօմիտէ
 19 յունիս 1896

«Դրօշակ» - 27 Յունիս 1896
Թիւ 16

Comments

Popular posts from this blog

ԱՂԲԻՒՐ. Սերոբ Վարդանեան

Նիկոլը. գրեց՝ Ս. Վրացեան

ՔԵՌԻ ԹԱԴՕ. Յարութիւն Սարգիսեան