31 July, 2020

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻԵՆՏԱՑԻԱ - Մեր Ուղին

Իբրեւ հայ ժողովուրդի քաղաքական միակ ծաւալուն կազմակերպութիւն, մենք մեր բոլոր ուժերով կը ձգտինք գրեթէ յամենայնի իրաւազուրկ հայութիւն դարձնելու լի-իրաւ հայութիւն:

Մեր բոլոր ուժերով ու միջոցներով կը ջանանք իրականացնել հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը.– անկախ հայ պետութեան ստեղծում, ամբողջական Հայաստանի կերտում, բովանդակ հայութեան համախմբում սեփական ազատ հայրենիքի մէջ եւ լայնօրէն ժողովրդավարական կարգերու տակ:

Ասիկա մեր բնական եւ ամէնէն տարրական իրաւունքն է մարդկային իրաւանց ծիրին մէջ եւ բոլոր ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման անյեղլի սկզբունքի լոյսին տակ:
...

Մեր քաղաքական պայքարին մէջ զուտ հայկական արեւելում ունենալով հանդերձ, ի նախագունէ այս կամ այն մեծ պետութեան հանդէպ առհասարակ հակակրութիւն, հակառակութիւն կամ, ընդհակառա՛կն, որեւէ համակրութիւն եւ կապ ու կապակցութիւն չունենալով հանդերձ, մենք ունինք, անտարակոյս, մեր սկզբունքային ու գաղափարական նախասիրութիւնները:

Այդ նախասիրութիւններուն հիման վրայ ալ, ինչպէս միշտ, նաեւ այսուհետեւ մենք թեր կամ դէմ պիտի ըլլանք այս կամ այն երեւոյթին, այս կամ այն շարժումին, այս կամ այն արարաքին, ուր, ո՛ր երկրին կամ պետւոթեան մէջ ալ երեւան գան կամ գործուին այդ բոլորը:

Ի հարկէ, մենք դէմ չենք եւ չենք կրնար դէմ ըլլալ, որ ազգերը իրենց ազա՛տ կամքով ընտրեն ու կիրարկեն ա՛յս կամ ա՛յն վարչաձեւը, ի միջի այլոց, նաեւ խորհրդային վարչաձեւը: Ընդհակառա՛կն. մենք ջատագով ենք – նաեւ՝ պահանջատէ՛ր – այդ ազատութեան:

Սակայն մենք դէմ ենք եւ դէմ պիտի ըլլանք մի՛շտ, որ այդ վարչաձեւերը ժողովուրդներուն պարտադրուին բռնօրէն, հրասայլերու սպառնալիքին տակ: Մենք դէմ ենք եւ միշտ պիտի պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը բռնանան ժողովուրդներու ազատ կամքին վրայ, ո՛վ ալ ըլլան այդ բռնացողները, ամերիկացի թէ ռուս, անգլիացի թէ չին, թո՛ւրք թէ գերմանացի:

Այո՛, մենք թեր ենք եւ անդեդեւ դրօշակիրն ենք մարդկային իրաւանց ամբողջական գործադրութեան սկզբունքին եւ դէմ մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական ազատութեանց ամէն ձեւի կաշկանդումի, ո՛ւր ալ պատահին այդ կաշկանդումները, ո՛վ ալ ըլլայ անոնց հեղինակը:
...

Նո՛յնն է աղբիւրը նաեւ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան: Արեւելքի եւ Արեւմուտքի անողոք այս գօտեմարտին հետեւանքով է գլխաւորաբար, որ Հայաստանը կը մնայ բաժան եւ հայ ժողովուրդը՝ աշխարհացրիւ վիճակի մէջ...

Այս երկու աշխարհակալութիւնները նոյն բաները չեն, անկասկած: Տարբեր գործելակերպ եւ հիմնովին տարբեր նկարագիր ունին: Սակայն նոյնն են իրենց նպատակներով, ձգտումներով, վարքագիծով: Ըստ էութեան, երկու աշխարհակալութիւններն ալ մեծերուն կողմէ փոքր ազգերու շահագործման ու տիրապետութեան դրութիւն մը կը կիրարկեն, հոգ չէ թէ տարբեր մեթոտներով եւ եղանակներով: ...Տարբեր է նաեւ հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի ճակատագրին վրայ անոնց ունեցած ազդեցութեանց անմիջականութեան չափն ու համեմատութիւնը:

Մեր վերաբերումը միշտ ալ իբրեւ մեկնակէտ ունի եւ պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի հիմնական շահերու ապահովութիւնը. Ուստի, շատ բնականաբար, կախում պիտի ունենայ այդ հիմնական շահերուն եւ իրաւունքներուն հանդէպ այլոց ցոյց տուած վերաբերումէն: Պարզ է, որ ո՛վ ալ որ ըլլայ ամէնէն աւելի բացասական դեր կատարողը հայ ժողովրդի քաղաքական ճակատագրի տնօրինութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման ճանապարհին վրայ, չի կրնար սպասել գուրգուրոտ վերաբերում եւ համակրանք իր դիրքաւորման հանդէպ:

*կրճատուած
Սարգիս Զէյթլեան
«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ - ԴՐՕՇԱԿ»
Ա. Տարի, 1969-1970, թիւ 6,7