Կը հարցնենք ուղղակի.– Ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն նպատակը:
Եւ կը պատասխանենք անվարան.– Հայ Դատի լուծումը:
Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան:
Այս է մեր ամէն բանէ վերը եւ նուիրական են ամէն միջոց ու ճանապարհ, որ այս նպատակին կ'առաջնորդեն մեզ հաւաքաբար, քայլ մը աւելի կը մօտեցնեն մեզ համընդհանուր այս իտէալին եւ, իբրեւ այդպիսին, ոտքի կը պահեն ազգը հոգեպէս ու բարոյապէս, դարբնելու ու ջրդեղելու համար մեր հաւաքական կամքը, կռանելու հաւաքական մեր լինելութիւնը:
Այս առանցքին շուրջ կը դառնայ հայ քաղաքական կեանքը ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ Երկիրը կը դառնայ Արեւուն շուրջ: Հոս է, այս կէտին մէջ կը կայանայ հայ քաղաքական մտքի ձգողութեան կեդրոնը:
Արդ, այս ճանապարհին վրայ, հայութիւնը, հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը նախապաշարումներ ու նախատրամադրութիւններ չունի, չի՛ կրնար ունենալ:
Ոչ մէկ քաղաքական արեւելում, ոչ մէկ ուղղութիւն, ըստ ինքեան, նախապայման է: Նախապայմանը մեր հիմնական շահերուն ու ձգտումներուն գիտակցութիւնն է: Այդ շահերուն ու ձգտումներուն հաւատարմութիւնն ու անշեղ հետապնդումը ամէ՛ն ատեն, ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն ձեւով:
Ահա թէ ինչո՛ւ ոչ Արեւելքի հետ ենք ըստ ամենայնի եւ ոչ ալ Արեւմուտքի հետ՝ ըստ էութեան: Որովհետեւ համոզուած ենք, որ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնը արտաքին արեւելումի հարց չէ անպայման, այլ գլխաւորաբար՝ ներքին ամրութեան:
Ընդհակառակն, մենք Արեւելքի կամ Արեւմուտքի հետ ենք այն չափով եւ այն աստիճան միայն, որ նման արեւելում մը կը նպաստէ Հայ Դատի հետապնդման՝ ի վերջոյ ճամբայ հարթելու համար անոր արդար ու վերջնական լուծումին:
Կը հետեւի յայտնապէս, թէ մեր օրիանտացիան պարզապէս հայկակա՛ն օրիանտացիա է եւ այս ճամբան պիտի շարունակուի անշեղօրէն: Ուստի բարեկամ ենք ու համակիր բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն չափով թեր են եւ նպաստաւոր դիրք ունին Հայ Դատին հանդէպ: Եւ թեր չենք ու համակիր չենք բոլոր անոնց, որ թեր ու համակիր չեն Հայ Դատին:
Հայկական Հարցը ո՛չ Արեւմուտքի հարց է եւ ոչ Արեւելքի: Պարզապէս զուտ հայկական հարց է: Չենք ուզեր նաեւ, որ Հայ Դատը դառնայ թուրանական կամ ռուսական եւ կամ ամերիկեան հարցին բաղկացուցիչ մէկ մասը, մասնիկը:
Հայ դատը քաղաքական ու ազգային գերագոյն նպատակն է ժողովուրդի մը, որ սեփական հայրենիք, անկախ պետութիւն եւ ինքնորոյն կեանք ու մշակոյթ կ'ուզէ կերտել: Կ'ուզէ անկախանալ ու ազգանալ աւելի՛, դառնալ միջազգային մեծ ընտանիքի մէկ ինքնակալ ու ինքնիշխան անդամը:
Մենք անպայման հիացողը չենք ամերիկեան սիստեմին, հակառա՛կ իր բազմաթիւ առաւելութեանց: Ինչպէս ե՛ւ անպայման հակառակորդն ու քննադատողը չենք խորհրդայի՛ն սիստեմին, հակառակ իր բազմապիսի թերութեանց:
Մեզի համար վարչակարգի կամ գաղափարախօսութեան հարցը, ո՛րքան ալ կենսական, սակայն ստորադաս արժէք ունի Հայ Դատի բաղդատմամբ: Անկա՛խ Հայաստանի եւ միացեալ հայութեան կերտման բաղդատմամբ:
Մէկ թէ միւս կողմին հանդէպ մենք վերաբերում ունինք անկասկած, իսկ այդ վերաբերումը հիմ ունի նա՛խ Հայ Դատը, ապա՛ մեր գաղափարախօսութիւնը:
Սարգիս Զէյթլեան