01 July, 2020

Վահան Նաւասարդեանի Քաղաքական Կտակը

Ասկէ եօթի տարի առաջ, 1949-ին, մեր անմոռանալի եւ մեծ ընկերը՝ Վ. Նաւասարդեան՝ կը հրատարակէր մեծարժէք գործ մը, «Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը» խորագրին տակ:

Գրքին մէջ առանձին գլուխ մը նուիրուած է մեր առօրեայ պայքարներուն («Ինչո՞ւ կը պայքարինք»): Այդ գլուխէն կը քաղենք հետեւեալ հատուածը, զոր կրնանք նկատել մեր հանգուցեալ ընկերոջ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՏԱԿԸ, գրուած՝ յուզիչ եւ սրտագրաւ ոճով, այլ նաեւ հայրենասիրական ջերմ շունչով.


ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻՆՔ:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԱՐ ՉԵՆՔ ԴՆԵՐ ՄԵՐ ԶԷՆՔԸ ԵՒ ՊԱՅՄԱՆՈՎ ԿԱՄ ԱՌԱՆՑ ՊԱՅՄԱՆԻ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ՉԵՆՔ ԸԼԼԱՐ ԲՈԼՇԵՒԻԶՄԻՆ:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆՔ ՀԱԼԱԾՈՒԻԼ, ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՄԱՇԵՑՆԵԼ ԿԱ՛Մ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՄ ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ ՏԱՆՋԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ, ՍԱԿԱՅՆ ԵՐԲԵ՛Ք ՉԶԻՆԱԹԱՓՈՒԻԼ, ԵՐԲԵ՛Ք ՉԽՈՆԱՐՀԻԼ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ԱՆՀԱՇՏ, ԱՅՍՔԱՆ ՅԱՄԱՌ ԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ ՄԷՋ:
ԵՒ ԵՂԱՆՔ ԱՅԴՊԷՍ ՄԻ՛ՇՏ:
ԻՆՉ ՈՐ ՔԱՄԵՑԻՆՔ ՄԵՐ ԵՐԱԿՆԵՐԷՆ ՎԱԹՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՓՇՈՏ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ՝ ՄԵԼԱՆ ՉԷՐ, ԱՅԼ ԱՐԻՒՆ...
ՋՈՒՐ ՉԷՐ, ԱՅԼ ՄԵՐ ՀՈԳԻԷՆ ԲԽԱԾ ԿԱՐՄԻՐ ՀԵՂՈՒԿ, ՈՐ ԿԸ ՍՐԲԱԳՈՐԾԷ ԶՈՀԸ ԵՒ ԻՐ ՈՒԽՏԸ՝ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁԱՅՆ»ԻՆ ՏԻՐԱՑԱԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆՑ ԱՉՔԻՆ:
ԻՍԿ Ի՞ՆՉ ԷՐ ԱՅԴ ՈՒԽՏԸ:
ՏԵՍՆԵԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԱԶԱ՛Տ:
ՏԵՍՆԵԼ ԶԱՅՆ ԱՆԿԱ՛Խ:
ՏԵՍՆԵԼ ՄԻԱՑԱԾ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ ԱՆՈՐ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՀՈՂԸ:
ԱՐՑՈՒՆՔ ԵՒ ԱՐԻՒՆ ՉՏԵՍՆԵԼ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՉՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ:
ՀԱՅ ՇԻՆԱԿԱՆԸ ՏԷՐ ԴԱՐՁՆԵԼ ԻՐ ԱՐԴԱՐ  ՎԱՍՏԱԿԻՆ:
ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԸ ԱԶԱՏ ՁԳԵԼ ԱՆՎԱԽՕՐԷՆ ԻՐ ԱՍՏԾՈՒՆ ԱՂՕԹԵԼՈՒ:
ԽՈՐՏԱԿԵԼ ՀԱՅ ՄՏԱԾՈՒՄԻՆ ՎՐԱՅ ԾԱՆՐԱՑԱԾ ՇՂԹԱՆԵՐԸ:
ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ ԱԶԱՏԵԼ ԶԻՆՔ ԿԱՇԿԱՆԴՈՂ ԿԱՊԱՆՔՆԵՐԷՆ:
ԹՈՅԼ ՏԱԼ, ՈՐ ՀԱՅ ՀԱՆՃԱՐԸ ԱԶԱՏՕՐԷՆ ԾԱՂԿԻ ՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԷ ԻՐ ԱԶԱՏ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ:
ԱԶԱՏ ՏԵՍՆԵԼ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ ԱԶԱՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ:

ՊԱՅՔԱՐԻ՛ՆՔ ԹՈՅԼ ՉՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ՈՐ ՍՏՐԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՆԳԸ ՊԱՏԷ ՄԵՐ ՀԻՆԱՒՈՒՐՑ ԵՒ ՔԱՋԱՐԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀՈԳԻՆ:
ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ Է ԱՅՍ ՊԱՅՔԱՐԸ, ԵՒ ՍՈՒՐԲԵՐ ԵՆ ԱՅՍ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՐԻՒՆՈՏ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒՆ ԻՆԿԱԾ ՄԵՐ ԶՈՀԵՐԸ:

«Յուսաբեր» 1957
Բացառիկ՝ Նուիրուած Վահան Նաւասարդեանին