09 January, 2024

Տխրունի.– Արշակ Մուշեղեան (Եզիտ Արշակ)

Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Յունուար 9ին Պրիւսէլի մէջ մեռած է ընկեր Արշակ Մուշեղեան (Եզիտ) երկարատեւ հիւանդութենէ վերջ: Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է ձեռամբ Յովհ.  Ծ. Վրդ. Նալպանտեանի:

Հանգուցեալ ընկերը բնիկ Պիթլիսցի էր եւ ծանօթ «Պիթլիսցի Արշակ» անունով:

Կանուխէն մտած էր կուսակցութեան շարքերը եւ նուիրուած յեղափոխական աշխատանքի:

Յիշատակութեան արժանի է մասնաւորապէս իր գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ, համաշխարհային առաջին պատերազմի վաղորդայնին, Զինադադարի շրջանին:

Հայ եւ օտար լրտեսներ ու դաւաճաններ Մեծ Եղեռնի օրերուն թուրք ջարդարար կառավարութեան հաշուոյն աշխատած էին եւ պատճառ դարձած բազմաթիւ հայերու սպանութեան եւ բանտարկութեան:

Քսան կախաղաններ բարձրացած էին Պայազիտի հրապարակին վրայ 1915 Յունիսին՝ Հնչակեան ստոր մատնիչի մը պատճառաւ:

Պիթլիսցի Արշակ եղաւ մէկը այն վրիժառու բազուկներէն, որոնք արժանի պատիժը տուին դաւաճաններուն:

Պոլսէն տարագրուելէ վերջ, պահ մը մնաց Փարիզ, յետոյ հաստատուեցաւ Պրիւսէլ, ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը: Շուրջ 65 տարեկան էր:

«Յառաջ», Փարիզ
Հինգշաբթի, 15 Յունուար 1959
35րդ Տարի (Նոր շրջան՝ 15րդ)
Թիւ 8394 (4195)