09 January, 2024

Հմայեակ Արամեանցի եւ Պուլկար Վլատիմիրի Ահաբեկիչը՝ Արշակ Եզտանեան (Եզիտ Արշակ)

Փարիզի «Յառաջ»էն մեծ ցաւով իմացայ, Արշակ Եզտանեանի մահուան լուրը: Մեր կուսակցութեան հաւատարիմ ու հաւատաւոր մէկ խոնարհ զինուորն ալ կը կորսնցնենք: Գոյժը անակնկալ է, քանի որ մինչեւ վերջերս կը թղթակցէինք եւ Արշակ նոյնիսկ մտադրութիւն կը յայտնէր Ամերիկա գալ: Հին յիշատակներ կ'արթննան մտքիս մէջ:

Պիթլիսցի էր Արշակ, հերոսական անցեալ ունեցող գերդաստանի մը զաւակ. ե՞րբ եկած էր Պոլիս, ինչպէ՞ս ազատած էր ոստիկանական հետապնդումներէն պատերազմի շրջանին, չեմ գիտեր: Զինադադարին, առաջին օրերուն ճանչցայ զինք. քաջ եւ յանդուգն, անշահախնդիր կատարելապէս եւ ամբողջովին նուիրուած կուսակցութեան ու միշտ պատրաստ՝ անոր ամենավտանգաւոր հրամաններուն հնազանդելու, մանկական ուրախութեամբ: Պարտաճանչ էր եւ չկար ժողով մը, որուն ներկայ չըլլար, ոչ թէ կարծիք յայտնելու, այլ հրաման մը կամ հրահանգ մը ստանալու համար, զոր կը կատարէր խղճմտութեամբ: Նոյնիսկ ԿԱՐԿՈՒՏ խումբին խմբապետն էր եւ մեծապէս հոգածու էր իր ընկերներուն հանդէպ: Զէնքի փոխադրութեան եւ որբահաւաք գործին կը մասնակցէր, առանց յոգնութեան եւ հաճոյքով:

Զինադադարի առաջին շրջանին, առաջին ահաբեկումը վիճակուեցաւ Արշակին, որ հաւատարիմ իր յեղափոխական հօրը՝ Մուշեղի ուխտին եւ յիշատակին, կրակի գիրկը կը նետուէր: Արդարեւ, առտու մը կանուխ, Կէտիկ Փաշայի զառիվերին վրայ գնդակահար կը տապալէր Հնչակեան վարիչներէն, գրող-գործիչ տխրահռչակ ու «խաֆիէ» Հմայեակ Արամեանցը, որ շարք մը հայ տուներ քանդելէ զատ, դեր ունեցած էր նաեւ Պատրիարք Զաւէն Սրբազանին Մուսուլ աքսորուելու որոշումին մէջ, իբրեւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի Բ. Ատենադպիր, ոստիկանութեան հաղորդած ըլլալով Պատրիարքարանի գաղտնիքներ: Ժամանակ մը Հնչակեան թերթեր իրենց մէկ ընկերոջը փորձեցին վերագրել այս դէպքը, մինչդեռ իրողութիւնը այն էր որ Դաշնակցական շարքային Արշակը յաջողութեամբ գլուխ հանեց ահաբեկումը:

Կարճահասակ, թխադէմ, լեցունկեկ մարմնով, սեւ ու թաւ պեխերով, որուն ծայրերը գոհունակութեամբ ոլորած ատեն, սեւ աչքերն ալ ոլոր-մոլոր այդ ուղղութեամբ կը դարձնէր:

Հարազատ գաւառացիի տիպարն էր Արշակ, պարզ ու միամիտ հոգիով: Նաեւ իր հագուստ-կապուստով եւ շարժումներով: Թեւերը փարտելէն կը քալէր, տեւական կերպով շարժումի մէջ էր եւ ժամադրութիւններուն կը վազէր ուրախութեամբ, այն յոյսով որ գործ մը պիտի յանձնէին իրեն: Խնայել չէր գիտեր իր ուժն ու եռանդը, երբ պարտականութեան մը կանչուէր, այնքան զօրաւոր էր իր մէջ աշխատանք մը կատարելու փափաքը: Արշակ շատ անգամ կերպարանափոխ կ'ըլլար, երբեմն ֆէս կը դնէր, երբեմն դալփաք, երբեմն ալ գլխարկ, պարագային, տեղին ու գործին համաձայն: Սկսեալ Շէքզատէ Պաշրի կասկածելի սրճարաններէն, ուր վայրագ «Քիւլհանպէյի» թուրքեր կը յաճախէին, մինչեւ Օսման Պէյի շիք կազինոները կը մտնէր կ'ելլէր, աչք ու ականջ կտրած տեղեկութիւններ քաղելու համար մեծ ու փոքր Իթթիհատականներու մասին: Քանի որ այնտեղի յաճախորդներուն մէկ մասը Փաշազատէներ ու Պէյզատէներ էին: Իր եւ մէկ քանի ընկերներուն ցուցմունքներուն շնորհիւ, պատրաստուած էր անուանացանկը կարեւոր Իթթիհատականներու եւ մեր Վերին Մարմնին միջոցաւ յանձնուած էր Անգլիական բարձր քոմիսէրութեան, որպէսզի արժանի պատիժը տրուէր անոնց: Որքան միամիտ էինք. Անգլիացիք զանոնք աքսորեցին Մալթա: Աքսոր ըսուածը սակայն ուրիշ բան չեղաւ, այլ Անգլիական իշխանութեան կողմէ պաշտպանութիւն, խնամք ու հոգածութիւն՝ հանդէպ ջարդարարներուն: Այստեղ ալ խաբուեցանք: Երանի՜ թէ չվստահէինք եւ մեր ձեռքով գործադրէինք արդարութիւնը: Այդ աքսորականներէն մէկը չէ՞ր թուրք առաջնակարգ հրապարակագիր Հիւսէին Ճահիտ, որ արդարացուցած էր հայկական կոտորածները եւ հրէշ Թալաթն ու ընկերները ներկայացուցած իբրեւ հերոս: Անձամբ Արշակին հետ եղայ հետապնդումներու ատեն եւ այս ձեւով գտանք մեր մտաւորականութիւնը Այաշ եւ Չանգըրը քշող տխրահռչակ ԳԸՍՄԸ ՍԻԱՍԻԻ տնօրէն՝ հայախօս Րէշատ Պէյին եւ ուրիշներու տուները:

Կը հետապնդէինք նաեւ այն թուրքերը, որոնք գաղտնի զէնք կը փոխադրէին Անատօլու, Մուսթաֆա Քեմալի Միլլի Շարժումին օգնելու համար: Կը յաջողէինք ստուգել անոնց ինքնութիւնը եւ անունները կը յանձնուէին Անգլիական Սպասարակութեան մէջ աշխատող հայու մը, Արմենակ Փանթիկեանին, որպէսզի անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնեն, զէնքերու փոխադրութիւնը արգիլելու համար: Բայց ոչ այդ զէնքերը կը բռնուէին ոչ ալ Մուսթաֆա Քեմալի գաղտնի գործակալները կը ձերբակալուէին: Ի՞նչ էր գաղտնիքը: Հետագային երեւան եկաւ որ Փանթիկեան երկու լարի վրայ կը խաղար: Անգլիացիներուն վստահելին էր, որ մեր ալ վստահութիւնը կը վայելէր. մեր մատնանշումներուն օրն իսկ Թորւքերուն լուր կուտայ եղեր եւ անոնք պէտք եղած միջոցները ձեռք կ'առնեն չբռնուելու համար: Հետագային թուրք թերթեր հրապարակեցին անոր մատուցած ծառայութիւնները: Փանթիկեան թրքական լրտես էր, բայց երբ Պուլկարիա անցնելէ ետք, փափաքեցաւ իր երկիրը վերադառնալ, Մուսֆաթա Քեմալի կառավարութիւնը անոր չտուաւ դարձի վիզա: Այս պիտի ըլլար լրտեսին վարձատրութիւնը...

Այն շրջանին, երբ Արշակ կ'եփէր ու կ'եռար նոր գործի մը համար, իրեն յանձնուեցաւ պուլկար մատնիչ Վլատիմիրին ահաբեկումը: Այս Պուլկարը յանձնարարականով մը եկած էր Պոլիս, բարի ու հայասէր մարդու համբաւով, քանի որ յաջողած էր երկու հայ երիտասարդներ փախցնել Պուլկարիա: Եւ այդ երիտասարդներէն ալ նամակներ բերած էր, լաւ յանձնարարականի մը չափ արժէքաւոր: Մինչդեռ Վլատիմիր գազան մըն էր խորքին մէջ: Ինչպէս կը պատմէին, 20-30 հայ տղաք անոր կը դիմեն եւ կարեւոր գումարներ կը յանձնեն անոր, որպէսզի զիրենք ալ Պուլկարիա փոխադրէ: Վլատիմիր կանխաւ լուր կուտայ ոստիկանութեան եւ Սեւ Ծովու բերանը կը ժամադրուի անոնց հետ: Առագաստանաւ մը կը նստեցնէ հայ տղաքը ու Վոսփորէն ապահով դուրս կը հանէ: Բայց հոն ոստիկանները կը հասնին եւ ինչպէս իմացանք, բոլորն ալ սպաննելով ծով կը թափեն:

Երեւի դեռ այս հրէշային արարքը չէր հրապարակուած, որ մեր ողբացեալ մեծ ընկերը՝ Շաւարշ Միսաքեան եւս Վլատիմիրին հետ կը համաձայնի Պուլկարիա անցնելու համար: Հետեւանքը յայտնի է, Շաւարշ շոգենաւ երթալու պահուն ձերբակալուեցաւ, երբ մենք ետեւէն ու հեռուէն կ'երթայինք եւ ականատես եղանք Վլատիմիրի դաւաճանութեան: Եւ խորհիլ որ շարք մը ուրիշ երիտասարդ մտաւորականներ եւս պատրաստուած էին անկէ վերջ Վլատիմիրին վստահելու, ինչպէս Մանուկ Ասլանեանը, Արտաշէս Վանարեանը եւ այլն:

Վլատիմիր չէր կրնար իր հայրենիքը վերադառնալ. գիտէր որ պուլկար հողը ոտք դրած պահուն իսկ շանսատակ պիտի ըլլար եւ Պոլիսը աւելի ապահով գտած էր: Վճիռը տրուած էր սակայն եւ գազանը չէր կրնար ազատիլ արդարութեան հարուածէն:

Արշակ գնաց ու սպասեց պուլկարին եւ արդար պատիժը տուաւ անոր, այն պահուն, երբ փողոց ելած էր ան: Արշակ երկու ահաբեկումներն ալ յաջողութեամբ գլուխ հանեց եւ չբռնուեցաւ: Ոչ ոք գիտէր: Եւ Պոլսոյ մէջ ապահով ու հանգիստ կ'ապրէր Քալիֆորնիայէն իր հարուստ ազգականներուն ղրկած գումարներով: Գրեթէ ամէն ամիս 100 տոլար կը ստանար եւ ամէն ամիս կ'որոշէր Ամերիկա երթալ: Բայց Արշակ իր սիրած միջավայրին ու մթնոլորտին մէջն էր, եւ հոգեւին կապուած իր ընկերներուն, որոնց հետ կը ծախսէր իր ստացած գումարները: Մասնաւոր տկարութիւն ունէր մանաւանդ Արամին (հաւանաբար՝ Երկանեան) հանդէպ եւ հոգին ուզէր կուտար անոր: Իսկ ամէնէն աւելի մեծ երազ մը ունէր, որուն իրականացման կը ձգտէր, արտասովոր յամառութեամբ եւ յուզումով: Պերլինի եւ Հռոմի ահաբեկումներէն ետք, մանաւանդ, Արշակ խենթ կտրած էր, տենդի մէջ էր շարունակ: Իր երազն էր Իթթիհատական Մեծ Ջարդարար մը հարուածել – աս էր իր կեանքին մեծագոյն իտէալը: Քանի մը անգամ տեսակ մը բարկութեամբ եւ աչքերը ոլորելով պոռաց, կարծես ես ըլլայի պատասխանատուն...

Դուք, դուք փաշաները կ'ուտէք, մեզի էլ խըլէզ-մըլէզները կը ձգէք...

Եւ երբ որոշուեցաւ մեր դէպի Պերլին ճամբորդութիւնը, Արշակ դիմում դիմումի վրայ կատարեց, որպէսզի մեզի ընկերանայ: Արշակ իր կազմով, ֆիզիքականով եւ մանաւանդ արտաքինով ու շարժուձեւերով շատ ասիացի էր, մանաւանդ սեւ թաւ պեխերը, որոնցմէ բաժնուիլ «նամարդութիւն» կը նկատէր: Մեր պնդումներուն վրայ էր որ մէկ երկու անգամ ծայրերէն սանկ թելիկներ մը կտրած էր, բայց այդքան: Իսկ Պատասխանտու Մարմինը Եւրոպայի միջավայրին յարմար տղաքը պիտի ղրկէր: Միայն թէ այդ շրջանին Մարմինը աւելի վճռական որոշումի մը առջեւ գտանք: Մասնակի կամ ըսենք անհատական ահաբեկումները շատ յոգնեցուցիչ էին եւ բազմաթիւ տաղտուկներու պատճառ: Որոշած էին համախումբ կամ գոնէ քանի մը ջարդարարի ահաբեկումը մէկ անգամէն կատարել եւ մէկի տեղ քանի մը գործիչ ղրկել: Հետեւաբար, անակնկալ կերպով Արշակին դիմումն ալ ընդունուեցաւ:

Արշակ ցնծութեան մէջ էր. հարսնիքի կ'երթար կարծես: Ամերիկայէն նորէն տոլարներ տեղացած էին: Իր չափ ու սահման չճանչցող ուրախութեան մսանակից ըրաւ մեզ ու տարաւ զբօսարան մը, ուր տոլարներուն մէկ մասը հալեցաւ: Ամերիկան՝ Ամերիկա է. թող մնայ, երբ ալ ըլլայ կրնամ երթալ: Կենականը իրեն համար Եւորպա երթալն էր, ուր առիթը պիտի ունենար փաշա մը «ուտելու»: Խե՜ղճ Արշակ, եթէ գիտնար թէ ի՜նչ պայմաններու տակ պիտի ստիպւէինք իր Մեծ Երազը խորտակել... Բայց այդ օրերուն, ո՞վ տէրն էր իր ճակատագրին:

Բնաւ պիտի չմոռնամ: Յունուարի ցուրտ օր մըն էր, երբ Արշակին հետ ճամբայ ելանք Ղալաթիոյ քարափէն, Պերլին երթալու համար: Պոլսէն այս երկրորդ ելքս որպէսզի դժուարութեան չհանդիպի, Արշակ անձամբ պայուսակս առաւ ու նաւ տարաւ: Հագուած-շքուած էր Արշակ: Նկարագրեմ իր հագուստը: Թաւշապատ օձիքով վերարկու մը եւ մութ գոյն գլխարկ մը, որ մութ գոյն ֆէսի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Ուրկէ ո՜ւր գնած էր նաեւ ձեռնոց մը, որ իր տեսակին մէջ հազուագիւտ էր. մինչեւ արմուկները կ'երկարէր. ետ դարձուցած ատեն ներսի մուշտակները երեւան կուգային ու կը հասնէին մինչեւ ափերը: Ասոր մէջ դրէք լեցունկեկ մարմին մը, թուխ մորթ, սեւ կլոր կլոր դարձող աչքեր եւ թաւ պեխեր ու կ'ունենաք մեր միամիտ Արշակը: Համոզուած էր որ Եւրոպայի վայել ու պատշաճ հագուստը հագած էր: Երբ նաւուն վրայ ապահով մը տեղաւորուեցանք, կատակի սկսայ ու ըսի.

Արշա՛կ, այս հագուստով Պոլուի Պէյերուն կը նմանիս...

Ի՞նչ կայ... Եւրոպա մը գացիր եկար, գլխուս փրոֆէսօ՞ր կտրեր ես...

Հակառակ կատակներուս եւ քաշքշուքներուս, երբեք չուզեց բաժնուիլ իր հագուստներէն եւ համբու տեւողութեան բաւական զուարճացանք: Վիեննայի մէջ շարք մը ուսանողներ ունէինք: Անոնց շրջանակը մտանք եւ ստիպուեցայ Արշակը ներկայացնել իբրեւ կաշիի վաճառական: Արշակ չուզեց կամ չկրցաւ հերքել: Եւ այս պարագան սուղի նստաւ իրեն, քանի մը մեր օրը օրին ապրող ուսանողները ասանկ վաճառականի մը կը սպասէին: Եւ երբ ճաշարան երթայինք, փառաւոր կերուխում կը սարքէինք միշտ ալ մեր կաշիի վաճառականին հաշուոյն: Վճարումի պահուն ինծի կը նայէր. ես ալ աչքով նշան կուտայի իրեն, հասկցնելով որ իրեն կը վայելէր վճարումը. խեղճ տղան կը հնազանդէր միշտ: Անգամ մը երբ մեր պանդոկը վերադարձանք, տեսայ որ Արշակը կրակ կտրած է: Տոլարներուն վրայ կը գուրգուրար եւ մէկ մասը հալած էր. չդիմացաւ ու գոռաց.

Տօ՛, ո՞ւրտեղէն գտար էտ կաշիի վաճառականը... Մուխս մարեցիր... մոխիրի վրա՞յ պիտի նստեցնես...

Յաջորդ օրը Վիեննա հասան մեր ընկերները, Մէհմէտ Ալին (Հրաչ Փափազեան), Արամը (Երկանեան) եւ միւսները: Բաղնիքի մը մէջ ժողով գումարեցինք եւ ծրագիրն ու դիրքերը ճշդեցինք: Որոշուեցաւ որ Արշակը Պերլին տանիմ ու տեղաւորեմ. իրենք ալ քանի մը օր ետք, պիտի հասնէին մեզի միանալու: Յաջորդ առաւօտ, մեր ատրճանակները տեղաւորեցինք Արշակի պայուսակին մէջ եւ ճամբայ ելանք: Պերլինի մէջ իրեն սենեակ մը գտանք, իսկ ես ուրիշ տեղ մը վարձու սենեակ մը գտայ:

Պերլինի մէջ գտանք գետնափոր սրճարան մը, ուր սովորաբար կը հաւաքուէինք կը խորհրդակցէինք եւ ուրկէ կը մեկնէինք հետապնդումները կատարելու համար: Ամիս մը ետք, փորձառութիւնը հաստատեց որ Արշակի ներկայութիւնը անյարմար էր Պերլինի մէջ: Պէտք էր Վիեննա դառնար, հոն մեզի սպասէր, որպէսզի անհրաժեշտ պարագային զինքը ետ կանչէինք: Այս որոշումը իրեն հաղորդելու հոգը յանձնուեցաւ Արամին եւ ինծի:

Առաջին գործս եղաւ կառախումբի տոմսակը գնել. գրպանս դրի ու երեքս գացինք Կենդանաբանական պարտէզը, որ շատ ապահով վայր մըն էր մեր հանդիպումներուն համար: Որոշումը հաղորդեցինք Արշակին: Այնքան տխրեցաւ, այնքան յուզուեցաւ, որ կարծես անակնկալ մեծ աղէտի մը լուրը կուտայինք իրեն: Այդ յարաշարժ տղամարդը քար կտրած, առանց աչք թարթելու մեզի կը նայէր: Երբ տոմսակը հանեցի գրպանէս ու իրեն երկարեցի, հասկցաւ որ տրուած որոշումը անդառնալի է: Երկարեցի իրեն. առաւ ու աչքերէն երկու կաթիլ արցունք ինկաւ տոմսակին վրայ: Յետոյ յանկարծ պոռթկաց եւ արցունքներու մէջ պոռաց զայրոյթով, այն խօսքը, զոր երեսիս տուած էր Պոլսոյ մէջ:

Դուք, դուք, դուք փաշաները կ'ուտէք, մեզի բան չէք ձգեր, խլէզ-մլէզները կը թողուք:

Արշակ կուլար իր խորտակուած երազին վրայ... Մխիթարական եւ յուսադրիչ քանի մը խօսք ըսինք, հաւաստելով որ ետ պիտի կանչենք զինք, անհրաժեշտ պարագային: Բայց որո՞ւ կ'ըսես: Արշակ անմխիթար համակերպեցաւ եւ Արամ զայն կայարան տարաւ:

Մինչեւ վերջերս կը թղթակցէինք եւ նոյնիսկ Ամերիկա գալու մտադրութիւն կը յայտնէր: Ու կ'աւելցնէր թէ ինք ի վիճակի է իր ապրուստը հոգալու: Եւ բեռ պիտի չըլլայ մէկու մը վրայ: Հպարտ էր Արշակ եւ իրաւ ալ ոեւէ շրջանի բեռ չեղաւ կուսակցութեան կամ մէկու մը վրայ: Երբեք բան չընդունեց եւ ունեցածը բաժնեց: Ընդհակառակն, մենք իր ընկերներն էինք որ կը ծախսէինք իր անսպառ տոլարները: Ամէն անգամ որ իր պարտականութիւնը աւարտէր Արշակ, կը քաշուէր կ'երթար ու ապրուստը կը հանէր: Վերջին 30-40 տարիներուն ալ Արշակ նոյն ձեւով ապրեցաւ Պրիւսէլի մէջ: Անշահախնդիր եւ անբասիր նուիրումով փարած էր կուսակցութեան եւ անոր սուրբ գործին: Յարգա՜նք իր յիշատակին:

Արշաւիր Շիրակեան
«Հայրենիք», Պոսթըն
62-րդ Տարի, Թիւ 14756, 14757