20 March, 2024

Տիգրան Պզտիկեան (1882-1910)

Պէյրութէն հասած հեռագրէ մը խորունկ ցաւով կ'իմանանք թէ Ատանայի Պզտիկեան ընտանիքի զաւակներէն Տիգրանը մեռած է Պէյրութի հիւանդանոցին մէջ ուր կը գտնուէր քանի մը ամիսներէ ի վեր:

Տիգրան Պզտիկեան 28 տարեկան կայտառ երիտասարդ մըն էր, որքան կտրիճ եւ անձնուէր, նոյնքան համեստ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեամբ օժտուած: Բոլոր անոնք որ առիթը ունեցած են ծանօթանալու Տիգրանին՝ կը խօսին անոր մասին արտաքոյ կարգի յարգանքով եւ համակրութեամբ:

Տիգրան Պզտիկեան Ատանայի եղեռնին ատեն ցոյց տուաւ անօրինակ քաջութիւն կատարելով իր քաղաքացիական պարտականութիւնը եւ խիզախօրէն դիմադրելով ջարդարար խուժանին: Հանգուցեալին կը պարտին Ատանացիները՝ իրենց քաղաքին կարեւոր մէկ մասին աղէտէն զերծ մնալը: Տիգրանը կատարեց իր պարտականութիւնը եւ մինչեւ կոտորածին վերջին օրը հրացանը սեղմած ափին մէջ ի գործ դրաւ ինքնապաշտպանութեան իր սրբազան իրաւունքը եւ վերջին պահուն, ուրբաթ երեկոյին միայն, դաժան գնդակ մը վիրաւորեց զայն թեւէն: Վիրաւորած վիճակի մէջ եւ արիւնաթաթաւ, բանտարկւեցաւ: Երբ անպարտ արձակուեցաւ ու ելաւ բանտէն վէրքը շատ ծանրացած էր: Տիգրան փոխադրուեցաւ այն ատեն Պէյրութի հիւանդանոցը ուր մնաց մինչեւ այսօր, երբ շրջապատուեցաւ ամէն կարգի խնամքներով, բայց անողոք մահը այնուամենայնիւ չխնայեց անոր: Տիգրանի մահով ոչ միայն անգամ մը եւս սեւ սուգի մէջ կը թաղուի Պզտիկեան ընտանիքը որ մէկէ աւելի զոհեր տարած էր արդէն այս եղեռնին, այլեւ այդ մահով ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ամէնէն ուժեղ ախրոյեաններէն մէկը:

Յարգանք իր յիշատակին որ պիտի մնայ անմոռաց:

«Ազատամարտ», Կ. Պոլիս
Ուրբաթ, 8 Ապրիլ, 1910
Բ. Տարի, Թիւ 243

Տխուր Յիշողութիւններ

...Ատանայի առաջին ջարդին երրորդ օրն էր, երբ կոտորածը սաստկացած, խուժանին քանակը բազմապատկուած, կրակ ու բոցերէ պաշարուած կը կործանուէր ամբողջ քաղաքը հոն ապրող դժբախտ հայերս, անտէր ու անպաշտպան, հազիւ քանի մը տասնեակ երիտասարդներու դիմադրութեանը կը պարտէինք եւ կը պարտինք այժմ մեր կեանքերը: Այդ կտրիճներու կարեւոր դէմքն էր անհունօրէն քաջասիրտ Տիգրանը:

Երրորդ օրուայ ամէնասոսկալի ճակատամարտի միջոցին էր որ յանկարծ ուրախալի լուր մը հասաւ մեզի թէ՝ «Յունաց թաղէն յոյն երիտասարդները մեզ օգնութեան կուգան, բայց խուժանը կ'արգիլէ, կռուի բռնուած են, հետեւաբար շուտով ընդ առաջ վազել պէտք է»: Եւ ահա՛ Տիգրանը, որ անմիջապէս խումբ մը քաջասիրտ տղաքներ առած իրեն հետ՝ Թարսուս-Գափուսը կոչուած վայրը կը վազէ. բայց հազիւ քանի մը վայրկեան անցած՝ յանկարծ սոսկումով ու անհուն վիշտով կը տեսնենք անմոռանալի Տիգրանի վերադարձը վիրաւորուած ծանրապէս իր թեւէն. իսկ Տիգրանի հետեւողներէն մեծ մասը ինկած էին արդէն կռուի դաշտին վրայ, մնացողներէն կարեւոր մաս մըն ալ վիրաւորւած...: Քիչ յետոյ կը պարզուի դաւադրութիւնը – «Յոյն երիտասարդներու գալստեան» լուրը՝ թշնամի խուժանին կողմէ լարուած թակարդ մըն էր, որուն զոհ գնացին ա՜յնքան ճիւան երիտասարդներ:

Տիգրանը – որ դժբաղդաբար յաւիտենապէս բաժնուեցաւ իր ծնողացը գրկէն, դեռ շատ երիտասարդ հասակին մէջ, խոր սուգի մէջ թաղելով ոչ միայն իր ծնողքն ու ազգականները այլեւ ամբողջ Ատանան – հիացուցած էր ամբողջ Ատանան իր ամէն առաւելութիւններովը: Պարթեւ հասակով, փարկամ մարմնով, գեղեցիկ դիմագիծերով հազուագիւտօրէն քաջարի հայորդի մըն էր ան, որուն մահուամբը մեծ կորուստ մը եւս ունեցաւ ողբացեալ Ատանան: Բայց Տիգրանի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր մէջ՝ մեռնող հազարաւորնեորւն հետ եւ անոնցմէ ալ առաջ:

Յակթէր (28 Մարտ 1910, Գումգաբու)
«Ազատամարտ», Կ. Պոլիս
Կիրակի, 10 Ապրիլ, 1910
Բ. Տարի, Թիւ 245

Հ. Յ. Դաշնակցութեան ամէնէն ազնիւ դէմքերէն մէկը, որ հերոսաբար կռուեցաւ Ատանայի մէջ ընդդէմ րէաքսիօնէր եւ կոտորող խուժանին եւ թէեւ յաջողեցաւ ազատել քաղաքին կարեւոր մէկ մասը, բայց ինքը ծանրապէս վիրաւորուելով, երկարատեւ հիւանդութենէ յետոյ մեռաւ Պէյրութի հիւանդանոցին մէջ քանի մը օր առաջ: Հանգուցեալին եղբայրը, Պ. Զաքարիա Պզտիկեան, 24 Մարտ թուակիր նամակով մը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ թանկագին Տիգրանի մահը.

«Հազիւ թէ, Երկուշաբթի, ժամը 7ին, Պէյրութ եղբօրս անկողնին սնարին հասայ, եւ հինգ վայրկեան վերջ ամէն բան վերջացած էր: Խեղճը զիս կը սպասէ եղեր, հոգեւարքին հասայ. գոնէ երկու բառ չկրցանք փոխանակել. Երեսս նայեցաւ, խօսելու շարժում մը ըրաւ, քայց ափսո՜ս որ չկրցաւ դժբա՜ղդ տղան: Ինքը բոլորովին անճանաչելի դարձած էր. այն հսկան, այն դիւցազնը, անկողնին մէջ անդարմանելի հիւանդութենէն յաղթուած կարծես բոլորովին կմախք մը եղած էր: Բայց բարոյապէս ո՛եւէ լքում ունեցած չէ. միշտ անտրտունջ. Բերնէն գանգատի բա՛ռ մը չէ լսուած. իր վախճանը կը գուշակէ բայց մահուան սարսափին հերոսաբար կը դիմագրաւէ եղեր. երբեք դժգոհած չէ. միշտ յիշած է որ գոհունակութեամբ պիտի մեռնի, թէ ինքը ա՛յս տեսակ մահէն հաճոյք կը զգայ, թէ իր պարտականութիւնը լիուլի կատարած է, եւ, ա՜խ, կ'ըսէ եղեր, մէյ մը ոտքի ելլէի, պիտի շարունակէի նոյն ուղին, Ատանա պիտի եթրայի՝ հայրենակիցներուս ցաւը ամոքելու»:

Խե՜ղճ Տիգրանը սակայն չկրցաւ ոտքի ելլել եւ իր մահով ոչ միայն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կորսնցուց իր ամէնէն մաքուր եւ ուժեղ գործիչներէն մէկը, այլ նաեւ Կիլիկիոյ ժողովուրդը իր ամէնէն անձնուէր մէկ զաւակը:

«Ազատամարտ», Կ. Պոլիս
Ուրբաթ, 15 Ապրիլ, 1910
Բ. Տարը, Թիւ 249