12 April, 2024

Արշաւիր Շիրակեան. գրեց Կարօ Սասունի

«Կտակն էր նահատակներուն» գիրքին հեղինակը եւ արտակարգ իրական վէպին հերոսը նոյն մարդն է – Արշաւիր Շիրակեան:

Բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ պատուհասող այս բազուկը Հ. Յ. Դաշնակցութեան արդարադատ ահաբեկիչներու շարքին:

Արտակարգ, բայց ամբողջովին իրական եւ վաւերական են այն բոլոր արարքները, որոնք կը տողանցեն Շիրակեանի այս յուշագրութեան մէջ, վճռական եւ զգետնող հարուածներ, որոնք սփոփանքն ու մխիթարութիւնը կը մնան մէկ միլիոն նահատակներու սուգն ապրող հայ ժողովուրդին:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ ահաբեկիչը արդարադատ բազուկ մըն էր, անձնուրաց, եւ իր կեանքը դրած դատավճիռ նժարին մէջ, սրբազան ուխտով մը:

Արշաւիր Շիրակեան այդ նուիրեալներէն մէկն էր, աչքառու իր արարքներով, ուշագրաւ իր տաղանդով եւ հնրաքներով:

Այս բացառիկ ահաբեկիչը արտակարգ արթնամտութիւն, քաջութիւն, անկրկնելի վճռականութիւն ունէր իր հարուածողական արարքներու ընթացքին, ինչ որ ինքնայատուկ նկարագիր մը կուտան իրեն:

Ու այս վկայութիւնը կ'արձանագրեմ հոս, յայտնելով միաժամանակ, թէ Արշաւիրի մանկութիւնը մեծցաւ իմ աչքերուս առջեւ, պատանեկութիւնը զարգացաւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի դաժան պայմաններուն մէջ:

Մանկութենէն մինչեւ պատանեկութիւնը, մեր ամէնօրեայ հանդիպումներուն,– որովհետեւ նոյն տունը կը բնակէինք,– լուռ ու խուսափուկ այս տղեկին աչքերուն մէջ մտածում եւ հնարամտութիւն կը տեսնէի: Լուրջ ու պաարիւն երիտասարդի մը տպաւորութիւնը կ'առնէիր այս տասնամեայ աշակերտէն, որ իր փոքրիկ մարմնով աննշմար կը մնար եւ սակայն թաղի պատանիներուն վարիչն էր, հնարամիտ առաջնորդը եւ արտաքին առաջին դերակատարը:

Համաշխարհային Առաջին պատերազմի դաժան տարիներուն կազմաւորուեցաւ Արշաւիրի պատանեկութիւնը, ու երբ պատերազմը վերջացաւ, ան արդէն թրծուած երիտասարդ մըն էր իր նկարագրով, միշտ մնալով փոքրիկ պատանի մը, որ ուշադրութենէ կը վրիպէր, բայց ամէն տեղ կը մտնէր ու կ'ելլէր՝ խորհրդաւոր բան մը որոնողի պէս:

Ահա այդ օրերուն փորձուեցաւ այս տղան, որ պատրաստակամ էր կրակի մէջ նետուելու, հայոց անսահման արեան վրէժը լուծելոէ համար: Ու առաջին արարքին իսկ, այդ գործին իրական նկարագիրը ի յայտ բերաւ:

Հարուածէն կ'իյնար դաւաճանը, ու գործին պատասխանատուները ամէն կողմ Արշաւիրը կը փնտռէին, որ չկար: Ու երբ եկաւ զեկուցլեու, իրմէ հարցուեցաւ թէ ո՞ւր կը գտնուէր մինչեւ հիմա: Արշաւիրին պաղարիւն պատասխանը կ'ըլլար:

–Ոստիկաններու եւ ժողովուրդի հետ կը փնտռէին հարուածին հեղինակը:

Ահաբեկիչի իսկական տիպարը գտնուած էր:

Ցուցամոլութենէ հեռու, գաղտնապահ, պաղարիւն ու անտարբեր անցորդ մըն էր բազմութեան մէջ եւ սակայն ամէն բան կը նշմարէր, արարքի մը հնարաւորութիւնը կը չափէր եւ վճռական նախաձեռնութեամբ՝ գործին մէջ կը նետուէր:

Այսպէս մնաց մինչեւ վերջը:

1920ին, օր մը կը մտնէր Շիրակի նահանգապետարանը, զարմանքի մատնելով զիս:

–Եկայ Հայաստանը տեսնելու:

Բնական է, ըմբռնեցի, թէ Հայաստան պտըտելու համար եկած չէր Արշաւիրը:

Ոչ ոքի ուշադրութիւնը գրւաող այս անցորդը Երեւանէն Թիֆլիս, Թիֆլիսէն Բագու ճամբորդեց Ապրիլեան Եղեռնի դահիճները փնտռելու համար:

Յեղաշրջումները պատճառ դարձան, որ վերադառնայ Պոլիս եւ նետուի այն մեծ արարքներուն մէջ, որոնք տեղի ունեցան Պերլինի եւ Հռոմի փողոցներուն մէջ:

Արդարադատ բազուկը իր դերը կը կատարէր շշմեցնող հարուածներով ու այդ բոլոր գործերուն մէջ առաւել չափով ի յայտ կու գար քաջ ու հնարամիտ ահաբեկիչի նկարագիրը, նախաձեռնող ու վճռական մարդը, պաղարիւն եւ աչալուրջ պատերազմիկը, որ մինակ էր վտանգներուն դիմաց ու ինք իր նախաձեռնութեամբ պիտի կարենար ազատիլ վտանգէն:

Արշաւիրի կատարած բոլոր գործերուն մէջ մեր մատնանշա յատկութիւնները աւելի չափով արձանագրուեցան իր հաշւոյն ու ինք դարձաւ հայ ժողովուրդին իր տուրքը տուող երախտաւորը ու ասուեցաւ Սողոմոն Թէհլիրեանի կողքին:

Քառասուն տարիներ ետք, կրնանք վկայել, թէ պարզ կեանքի ասպարէզին մէջ իսկ Արշաւիր եղաւ նախաձեռնող, հնարամիտ եւ իր նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

«Հայրենիք», Պոսթոն
Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 1973
74-րդ Տարի, Թիւ 18,401