03 April, 2024

Յեղափոխական Սուրհանդակը՝ Սեդօ Մուրատեան

Սեդօ Մուրատեան (սուրհանդակ Մուրատեան) ծնած է մօտաւորապէս 1850 թուականին, Մշոյ Առաղ գիւղը, ուր 70 հատ ընտանիք կար: Չորս եղբայրներու երէցն էր: Սեդոյի հայրը Մուրատ ջաղացպան էր: Որովհետեւ Մուրատի ջաղացքը կը գտնւէր գիւղին ծայրամասը, յեղափոխականներ, ինչպէս Արաբօ, Մխօ Շահէն, Սեւ Արօ, Գոլոս Յովհաննէս (մկրագոմեցի) և ուրիշներ հոն էին միշտ: Այս մթնոլորտին շնորհիւ Սեդոյի մէջ բոյն կը դնէ յեղափոխական ոգին:

1885ի Սասնոյ Ահարոնք գիւղին մէջ ժողով մը տեղի պիտի ունենար: Հրայրի յանձնարարութեամբ Սեդօ կը մեկնի լուրը հաղորդելու Շէնիկայ իշխան Գրգոյի, Կէլիէկուզան իշխան Պետոյի, Տալւորիկի իշխան Գասպարի, Վարդան վարդապետի, որպէս զի ներկայ ըլլան այս ժողովին: Ատկէ վերջ, Հրայրի գործունէութեան ընթացքին միշտ իր հետ է Սեդօ, որ կապ կը պահէ Հրայրի եւ իշխան Գրգոյի, իշխան Պետոյի, Վարդան վարդապետի միջեւ:

1885-87 շրջանին Մօսէ Գրգոյի, Քեռի Պետոյի, Գոլսքայ Ապրոյի հետ շփման մէջ են Սեդօ եւ Մանուկ երկու սուրհանդակները:

1888ին Մշոյ դաշտը կրկին կ'երեւան Արաբօն եւ Մխօ Շահէնը, իրենց խումբերով. Արաբօն կը գործէր Առաքելոց վանքի շրջանին մէջ եւ իր խումբին մէջ կը գտնուէին Գէորգ Չավուշը, Ալիզրոնացի Լեւոնը, Կէալչոյի Մանուկը, Ադոմը եւ ուրիշներ: Այս երկու խումբերուն միջեւ հաղորդակցութիւն պահողը կ'ըլլայ Սեդօն: Այդ թուականներուն, ինչպէս գիտենք, չկար յեղափոխական կազմակերպուած շարժում, եւ խումբերը առանձակի կը գործէն: Սակայն 1889 թուականին, Արաբոյի, Մխօ Շահէնի եւ ուրիշ խումբերու ղեկավարն էր Վարդենիս գիւղացի Մարգար Ամիրեան (Մարգար վարժապետ): Այս վերջինի ցուցմունքներով կը գործեր Սեդօ եւ գիշերը ցերեկին խառնելով հրահանգներ եւ լուր կը հասցնէր խումբերուն:

1890ի աշնան Տարօն կ'երթայ նախ Միհրան Տամատեան, որպէս ներկայացուցիչ Հնչակեան կուսակցութեան: Նոյն տարին հոն կ'երթան նաեւ Մուրատ Պոյաճեան եւ Մխիթար Շեխիկեան, իրենց հետ նաեւ Գէորգ Չավուշը, որ Հալէպէն միացած էր անոնց: Սեդօ շուտով կապ կը հաստատէ եւ անոնց հետ կը լծուի աշխատանքի, մինչեւ Մուրատ կը մեկնի Կովկաս՝ Սասուն զէնք հասցնելու համար:

1891ին որպէս ներկայացուցիչ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Վարդենիսի շրջանին, Կովկասէն փոքր խումբով Տարօն կը մտնէ Մարգար վարժապետ (կախուած Բաղէշի մէջ՝ 1893 Յունուար 27ին) եւ շրջաններու հետ հաղորդակցութեան կը մտնէ եւ կապ կը պահէ Սեդոյի միջոցաւ:

1894ի աշնան յեղափոխական գործունէութիւնը աւելի կ'ընդարձակուի այդ շրջանին մէջ: Տենդոտ աշխատանքի լծուած են Վարդան վարդապետ, Մխիթար Շեխիկեան, Վահան Փոստոյեան, Մկրտիչ Պոլէեան, Կոտոյի Հաճի, Կայծակ Վաղարշակ: Այդ օրերուն է որ Մուշ կը մտնէ Արամ Արամեանը, իսկ Խնուսի շրջանը կ'անցնի Տուրպախ:

Նոյն տարին, Դաշնակցութեան շարքերը կը մտնէ Հրայր եւ կը դառնայ կարկառուն գործիչ՝ Մուշի եւ Սասունի շրջաններուն մէջ: Հրայրի միջոցաւ Դաշնակցութեան շարքերը կը մտնէ նաեւ Սեդօ: 1895ին Մուշ կ'երթայ Աբրօն: Սեդօ կը գործակցի, միշտ որպէս սուրհանդակ, Աբրոյի, Արամի, Հրայրի, Տուրպախի հետ, մինչեւ ձերբակալութիւնը Հրայրի եւ Արամ Արամեանի (կախւած Կարինի Կէօլ-Պաշի հրապարակին վրայ՝ «կեցցէ՛ յեղափոխութիւն» պոռալով), Քէօփրիւ Քէոյի գիւղին մէջ:

1897ի վերջերը Մշոյ դաշտէն դէպի Սասուն կ'անցնի Սերոբ Աղբիւր, իր փոքր խումբով. քիչ ժամանակ վերջ Մուշ կը հասնի Գուրգէն: Սեդօ կրկին գործի վրայ է եւ Հրայրի, Սերոբի ու Գուրգէնի հրահանգները կը հասցնէր խումբերուն, որոնք կը գտնուէին Մշոյ դաշտի, Խնուսի, Պուլանուխի եւ Սասնոյ գիւղերը: Այդ շրջանին Սեդօ եղած է նաեւ Կոմիտէի անդամ: Այդ ատեն պէտք էր նամակ մը հասցնել Սուրբ Աղբըրիկ, յանձնելու համար Սերոբ Աղբիւրի միակ սուրհանդակ Կրբոյին (ասիկա այն Կրբոն է, որ կախուեցաւ Պիթլիսի մէջ եւ որ ըսաւ.- «Խայըր էֆենտի իֆտիրա տըր, երդուած եմ, չեմ ըսեր») որ իր կարգին նամակը շուտով պիտի հասցնէր Հրայրի, որովհետեւ արտասահմանէն եկած էին զէնքեր, զորս պէտք էր փոխադրել անմիջապէս: Սեդօ կը մասնակցի նաեւ այս գործին եւ յանձն կ'առնէ ծանր պարտականութիւններ:

1902ին Ամերիկայէն Սասուն եւ Մուշ կու գար Ախլաթցի Արմենակ Լեւոնեանը (Երկաթ), որպէս գործիչ-քարոզիչ: Արմենակ կը գործէր գործակցաբար Հրայրի եւ Վահանի: Անոնք կը կազմակերպէին շրջանը, երբ 1904ին ծայր տուաւ Սասունի ապստամբութիւնը, որուն մասնակցեցան եւ ղեկավարներն էին Անդրանիկ, Հրայր, Սեպուհ, Սմբատ, Գէորգ Չավուշ: Սեբաստացի Մուրատ, Իսօ Կորիւն, Սպաղանաց Մակար, Գալէ, Մօրուք Կարօ, Չոլօ, Շէնիկցի Ղազար, Կայծակ Առաքել:

Այս աննման մարտիկները, ցրուած բոլոր ճակատկներուն վրայ, կը մարտնչէին վատ թշնամիին դէմ: Հոն էր նաեւ Սեդօն որ այդ թոհուբոհին մէջ զէնք եւ փաշփուշտ կը հասցնէր դիրքերուն, ինչպէս նաեւ ղեկավարներու հրահանգները կը փոխանցէր խումբերուն:

Հրայրի մահէն ետք, Սեդօ եղած է Գէորգի, Ռուբէնի, Անդրանիկի, Սէյտօ Պօղոսի եւ ուրիշներու հետ: Կը գտնուի Մուկունք, Աստղաբերդ, Կարծէն, Ախլաթ, Սասուն եւ այլ շրջաններ:

Երբ 1907ին կը մեռնի նաեւ Գէորգ Չավուշ, Սեդօ կը գործակցի Չոլոյի, Մօրուք Կարոյի, Ախոյի, Սեդրակի, Ղազարի, Փեթարցի Մանուկի, Արոյի, զօր. Սմբատի եւ ուրիշներու:

Սեդօն նաեւ աշխատած է զէնքերու փոխադրուած համար, եւ Առաքելոց վանքէն Կելիկուզան, ինչպէս նաեւ այլ վայրեր, փոխադրած է զէնքեր:

1914ին Կոտոյի Հաճիի հետ կը գտնուի Մուշ:

Ապա զօր. Անդրանիկի «Պանդուխտ» բանակին միանալով կ'անցնի Ապաղու դաշտը, ուր թրքական բանակի հետ բախումի մը ընթացքին կը վիրաւորուի (աջ թեւէն եւ ոտքէն): Վիրաւոր վիճակով կ'անցնի Էջմիածին, ուր ռուս զինուորները զինք անկիւն մը անխնամ կը թողուն: Յաջորդ օր, արեւածագին, հինգ անձեր կ'անցնին այդ կողմէն եւ, լսելով իր հառաչանքը, կը մօտենան եւ անմիջապէս կը ճանչնան զինք: Լուրը կը հասնի զօր. Սմբատի, որ ինքն ալ վիրաւորուած էր եւ որ իր եղբայր Աբգարը եւ զինուոր Նազար Գուրգիւճեանը կը ղրկէ Սեդօն հիւանդանոց փոխադրելու համար: Տարի մը վերջ Սեդօ կը վերադառնայ Կարս եւ կը միանայ զօր. Սմբատի թռուցիկ խումբին: 1919ին զօր. Սմբատի Մուշ մտնող խումբին մէջ է նաեւ Սեդօն: Երբ կը նահանջեն ռուս զօրքերը, Կ. Սասունիի խումբին հետ Սեդօ կ'անցնի Երեւան:

Հանրապետութեան օրերուն եղած է Կ. Սասունիի եւ զօր. Սմբատի հետ Ղամարլուի շրջանը: Թէեւ տարիքը առած էր արդէն, բայց չէր կորսնցուցած իր եռանդը:

Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք, հազարաւորներու հետ ինք եւս ստիպուեցաւ լքել Մայր Հայրենիքը եւ ապաստանիլ Պարսկաստան: Ուրեմն 1921ին Սեդօն կը գտնուի Թաւրիզ, ուր կը գտնուէին բազմաթիւ մարտիկներ եւ մտաւորականներ:

Երբ 1923ին Չոլոն երկիր կը վերադառնար, ուրիշներու նման ուզեց Սեդօն ալ իր հետ առնել բայց ան մերժեց, որովհետեւ գիտցաւ թէ ինչ անմարդկային վերաբերում պիտի ունենային ռուս պոլշեւիկ իշխանութիւնները:

Թաւրիզի մէջ կը մնայ Ամերիկեան Նպաստամատոյցի որբանոցին մէջ: Երբ վերջին պատերազմին ռուս զօրքերը Թաւրիզ մտան, Սեդօն՝ տասնեակ ընկերներու հետ կ'անցնի Թեհրան:

1954ին կու գայ Հալէպ, ուր խոր ծերութեան մէջ աւանդեց իր հոգին, 2 Ապրիլ 1959ին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 3 Ապրիլին, Ս. Քառասնից Մանկանց եղեկեցին, ուր ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, մանաւանդ երիտասարդներ, որոնք եկած էին վերջին յարգանքը մատուցանելու հին մարտիկին՝ Քեռի Սեդոյին: Թագաղը ուսամբարձ մտցուեցաւ գերեզմանատուն, ուր դամբանական խօսեցաւ Պր. Ե. Տէմիրճեան:

Քեռի Սեդօ՛, հանգիստ ոսկորներուդ, որոնք յոգնեցան հայրենի լեռներուն վրայ բայց հանգչեցան օտար հողի վրայ:

Աւօ
«Յեղափոխական Ալպոմ»
Գ. Շարք, Թիւ 27