18 March, 2024

Ընկեր Դրաստամատ Կանայեանի Յուղարկաւորութիւնը

Ողբացեալ Ընկերոջ Աճիւնը Կը Հանգչէր «Հայրենիք»ի Սրահը

Աւելի քան 1500 հայրենակիցներ՝ Պոսթընէն եւ արուարձաններէն, ինչպէս նաեւ նահանգին զանազան շրջաններէն, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, մարտ 10 եւ 11, յարգանքով խոնարհեցան ողբացեալ ընկեր Դրոյի դագաղին առջեւ, որ կը հանգչէր «Հայրենիք»ի սրահին մէջ, բազմաթիւ ծաղկեպսակներով շրջապատուած պատուանդանի մը վրայ:

Ըստ անկալեալ սովորութեան, բաց էր ողբացեալ ընկերոջ դէմքը, որուն վրայ կը յածէր յաւիտենական խաղաղութեան ստուերը: Անվեհեր զինուորը, որ ռազմադաշտին վրայ, երբեք չճանչցաւ զինուորական պարտութեան դառնութիւնները, հիմա, Մահէն պարտուած, խաղաղօրէն կը ննջէր, մինչ իր վշտահար հայրենակիցները կու գային խոնարհելու իր դագաղին առջեւ՝ արտասուալից աչքերով:

Դագաղին երկու կողմերը կը բարձրանային Ամերիկեան աստաղածորան դրօշակն ու մեր Եռագոյնը: Ուրիշ Եռագոյն մը կը ծածկէր դագաղին մէկ մասը:

Յանձնախումբին կարգադրութեամբ, շաբաթ իրիկուընէ մինչեւ կիրակի կէս գիշեր, անընդհատ, դագաղին երկու կողմերը պահակ կեցած էին ողբացեալին ընկերները, գլխաւորաբար նորահաս սերունդին ներկայացուցիչները:

...

*հատուած
«Հայրենիք», Պոսթոն
57-րդ Տարի, Թիւ 13,343
Երեքշաբթի, Մարտ 13, 1956

Ողբացեալ Դրոյի Յուղարկաւորութիւնը

Կիրակի, 18 Մարտ, կէսօրէ ետք, տեղի ունեցան ողբացեալ Ընկեր Դրոյի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը, մեծ շուքով եւ ի ներկայութեան հոծ բազմութիւններու:

Պոսթընի մեծագոյն եկեղեցիներէն՝ Թրինիթի Չըրչին ներսն ու դուրսը լեցուած էր հազարաւոր յուղարկաւորներով, որոնք եկած էին իրենց վերջին յարգանքը յայտնելու, մեծանուն հերոսին: Հարիւրաւոր ընկերներ եւ հայրենակիցներ եկած էին Մեծագոյն Պոսթընի եւ շրջակայ քաղաքներէն եւ հեռաւոր այլ վայրերէ, ինչպէս՝ Նիւ Եորքէն, Ֆիլտէլֆիայէն, Տիթրոյթէն, Փոնթիաքէն, իքակոյէն, Ուոշինկթընէն եւայլն:

Ընդարձակ եւ շքեղ եկեղեցին լեցուած էր սգաւորներով մինչեւ վերնատունը:

Ժամը 1:30ին, ինչպէս կարգադրուած էր նախապէս, մեր սիրեցեալ ընկերոջ դագաղը, եռագոյնով ծածկուած, թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի: Թափօրին առջեւէն կ'երթային քահանայ հայրերը, դպիրներու հետ, որոնց կը հետեւէին Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի Կ. Կոմիտէին անդամները, դագաղը շրջապատելով, յետոյ հանգուցեալին սգաւոր պարագաները, այրի Տիկին Գայիանէ Կանայեան, զաւակը՝ Մարտիկ, եւ իր աղջիկն ու փեսան՝ Տոքթ. Եւ Տիկին Պ. Բրուտեան եւ վերջապէս ծոպակիրներ, քանի մը մարք, երեք առ երեք հետեւելով դագաղին:

Ամէնէն ետք՝ ժողովրդական զանգուածները:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնները սկսան ճիշդ ժամանակին, լուսազարդուած եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արժ. Արսէն աւ. քհնյ. Սիմէոնեանցի եւ մասնակցութեամբ, Փրովիտէնսի հոգեւոր հովիւ Տ. Նշան քհնյ. Փափազեանի, Տ. Ներսէս քհնյ. Շահինեանի, Տ. Խաչատուր քհնյ. Կիրակոսեանի եւ Ֆիլատէլֆիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Արսէն քհնյ. Յակոբեանի:

Դասին մէջ, իբրեւ սգակիր կեցած էր Վենետիկի Միաբանութեան Աբբահայր Գերապայծառ Ս. Վ. Ուլուհոճեան, որ յատկապէս եկած էր Տիթրոյթէն:

Արարողութիւնները, ներդաշնակ ու տպաւորիչ, ներկայ աւելի քան 2500ի բազմութիւնը համակեցին խոր սուգով եւ կսկիծով: Եկեղեցւոյ դասին մէջ, համատարած լռութեան եւ ընդհանուր յուումի մէջ, «Ի Վերին Երուսաղէմ»ը երգեց Տիկին Ագապի Նաւասարդեան, երգեհինո ընկերակցութեամբ Պ. Պերճ Ժամկոչեանի: Բոլոր փղձկեցան ի լուր այս սրտառուչ երգեցողութեան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Տ. Խաչ. քհնյ. Կիրակոսեան:

Արարողութեանց վերջաւորութեան, Արժ. Տ. Սիմէոնեանց քհնյ. պատշաճ դամբանական մը խօսեցաւ, յուզումով: Յետոյ, Կ. Կոմիտէի ատենապետ ընկեր Տոքթ. Լ. Տաղլեան հետզհետէ բեմ հրաւիրեց Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը՝ ընկեր Կոպեռնիկ թանտրճեանը, Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկեր Մերուժան Օզանեանը եւ Ամերիկայի կոմիտէներու կողմէ ընկ. Վ. Ահարոնեան, որոնք սրտառուչ խօսքերով ներկայացուցին հանգուցեալին մեծագործութիւնները:

Արարողութիւններէն ետք, դագաղը տարուեցաւ Մաունթ Օպըրն գերեզմանատունը, Քէյմպրիճ, ուր հաւաքուած էր նաեւ ստուար բազմութիւն ը, հակառակ աննպաստ կլիմային:

Թաղման կարգը կատարուեցաւ, համատարած սուգի եւ արցունքի մէջ, եւ ընկերոջ դագաղը գերեզման դրուեցաւ, Եռագոյնի եւ Հայաստանէն ափ մը հողի հետ միասին: Հողաթումբին առջեւ խօսեցաւ միայն ընկեր Բեգլար Նաւասարդեան, յուզումով, Եգիպտոսի «Յուսաբեր»ին կողմէ. նկատի ունենալով ցուրտը, այլ ընկերները՝ վերապահեցին իրենց խօսքը, սրահին համար: Վերջին պահուն երգուեցաւ «Մեր հայրենիք»ը. Ներկաներուն կողմէ, խոր յուզումով:

Բոլորը հեռացան արցունքով, փակելով Հայոց պատմութեան շքեղ էջերէն մէկը:

«Յառաջ», Փարիզ
32րդ Տարի, Թիւ 7645
Նոր Շրջան, 12րդ Տարի, Թիւ 3356
Չորեքշաթի, 4 Ապրիլ 1956