23 March, 2024

Դաւաճաններ. Սիամանթօ

Մեռելներ կան որ պէ՜տք է
անգամ մը եւս մեռցնել...

Ահաւասիկ հրէշածին հայ Յուդայ մը եւս որ նողկանքի օր մը ծնեցաւ...:
Բայց ո՜վ գիտէ, ո՞ր խաւարչտին, ո՞ր զզուելի եւ ո՞ր խուժանամատոյց աղիճին արգանդէն,
Եւ ի՜նչ անէծքի, ի՜նչ դժնէ վարութեան, ի՜նչ քսմնտելի գիշերուան մը գարշանքին մէջ,
Իր դժխեմ հայրը, կարողացաւ, չարաշուքօրէն այդ գեհենի որդին սաղմնաւորել:

Դժոխատիպ դէմքով կին մը, առիփին կատաղանքէն, իր միսին տիղմը կը տարածէ,
Գերեզմանօրէն ահաւոր խրճիթի մը դագաղաշէն տախտակամածին վրայ,
Եւ մարդ մը, ծամածուռ, խուժդուժ, շիլ, ապաժառանգ, խաթարեալ եւ սապատող,
Մեղսակից խաւարը ճեղքելէն, եւ լորցունքոտ եւ շնչասպառ եւ անասնակերպ:

Տարտարոսեան իժի մը հանգոյն, փորին վրայ սողալով իգութեան մը կը մօտենայ...:
Եւ ապականութեանց զոյգը կը գալարուի եւ ահա՛ իրենց ոճրալից ուղեղին գռիհներէն,
Ահագնօրէն թաւալագլոր կանցնին, կըսպաննեն, կը ծնին եւ կը զուգուին,
Դաւաճանութեան եւ չարիքի եւ մատնութեան բոլոր դեւերը դամբանածին...:

Եւ նզովեալն իր արարչահիւթը կը հեղու եւ սոսկալի սաղմը կը բեղմնաւորուի...:
Դուրսը, հովերն անմեղ եւ ապառնի մահեր կ'երգեն: Եւ երկու անիծեալ եւ ամօթապարտ մարմինները,
Իրենց խշտեակին վրայ, ծագող լոյսէն եւ խղճմտանքին հնչող պղինձներէն պատուհասուած՝
Պատանքի մը պէս, իրենց ծածկոյթովը, պիղծ տեսողութիւնին կը ծածկեն...:

Ժամանակին կոյր խաւարը կը յաջորդէ կոյր խաւարին եւ երկու էակները քարերու պէս լուռ են,
Մեղաւորին դատապարտութեամբը լուռ՝ եւ դիակներու մեռելութեամբն անխօս,
Մինչդեռ, վայրագ, աններդաշնակ եւ անգիտակից բնութեան ուժը իր օրէնքին շրջանը կը շրջի,
Իր խաւերուն մէջ եւ նախճիր եւ կործանում եւ գեղեցկութիւն եւ մահ եւ կեանք ստեղծելով...:

Բայց արիւնկզակ արուն, ցնորակոծօրէն, իր բռունցքովն իր խիղճը կուզէ խեղդել,
Եւ եղկելի էգը, մղձաւանջներու մէջ, ժամէ ժամ գերբնապէս կ'այլանդակուի,
Նայուածքները կը փոսանան, մարմինը կը նեխի եւ ապագայ ոճիրին արեան շոգին տեսնելով՝
Կը զգայ որ կողերուն տակ արդէն շարժիլ սկսած է իր կղկղանքին սողունը ճիրանաւոր:

Աղիտաբեր երկունքի եւ սանդարամետեան գալարումներու ժամը հնչած է,
Սեւ օձերու անտառնե՜ր են որ մօտը ընդերքին մէջ անոր աղիքները կը կրծոտեն...
Եւ կարծես լոյսէն, մարդերէն, անջրպետէն եւ հաւատքէն է որ կը սոսկայ,
Ու մանուկ ոճիրը՝ յղացող ոճիրին հետ զիրար կուզեն մեռցնել...: Բայց զեռունը կը ծնի...

Ճիւաղը կը ծնի...: Ու մայրը զայն կը դիեցնէ իր ստինքնեորւն մութ թարախովը թունաւոր,
Եւ ո՛չ մէկ պատուհաս, ո՛չ մէկ պատիժ, ո՛չ մէկ բարերար ոճիր, ո՛չ մէկ կործանիչ ճակատագիր,
Չեն գար այդ պիղծ տանիքը մոխրացնելու, այդ աչքերը խաւարելու, այդ էութիւններն յոշոտելու,
Եւ ասոնք կը համարձակին ապրիլ, շնչել, սնանիլ, պայծառները ողջունել եւ անոնց նայելով ժպտիլ...:

Դաւաճաննե՜ր, ինչպէս կրցաք դուք արեւին լոյսը վայելել եւ աստուածային աստղերուն տակէն անցնիլ...
Ի՜նչպէս առաւօտին մէջ, վարդերուն վրայ թառած սոխակներու դայլայլանքին ունկնդրեցիք,
Ի՜նչպէս առանց ձեր գերեզմանին փոսը փորելու, կարողացաք արշալոյսներուն առջեւ աչք բանալ...
Եւ ի՜նչպէս կրցաք Իդէալ բառն արտասանել եւ անոր ծառայել, անոր ծնրադրել եւ օր մը այսպէս դաւաճանել զայն:

Եւ մանաւանդ ի՜նչպիսի քայլերով գաղափարի ոսկիաշար խորաններու պաշտամունքին յառաջացաք,
Ի
՜նչպէս յանդգնեցաք ազատութեան ջահակիր, արդարութեան քրմաւոր եւ եղբայրութեան ջատագով հանդիսանալ, Ինչպէս չը զարհուրեցաք ճշմարիտներու հոգիէն դուրս ճառագայթող ճաճանչներէն,
Եւ ի՜նչպէս մեծ հաւատքին կռանիդէ սանդուխէն, առանց փշրուելու, կրցաք քայլ մը առնել դէպ իվե՜ր:

Ա՜հ, չնաշխարհիկ մարտնչումներու եւ անկշռելի ցաւի՝ Պատմութեան այն էջը կարմիր՝
Զոր հայկաշունչ քնարիս մրրիկներէն, մտածումս փորձեց մեհեաններ կերտել,
Այսօր՝ ատելութեամբ՝ կայծակնահիւս խարազանս ձեռքերուս մէջն ամրապինդ,
Եւ հրաշէկ երկաթներովս, որչա՜փ կուզէի ձեր դիակներն ես խարանել, ո՜վ դաւաճաններ...:

Ե՛ս կուզէի զձեզ խարանել եւ ե՛ս կուզէի մուրճերուս եւ կռաններուս կատաղութեանց տակ,
Ձեր ոսկորներն եւ ձեր եղեռնագործի ճղճիմ գանկերն աւազնե՜րու նման փշրտել...
Ե՛ս կուզէի զձեզ գարշապարներուս տակ առնել, ե՛ս կուզէի զձեզ մահացնել եւ ե՛ս վերստեղծել,
Ե՛ս կուզէի զձեզ աստուածաբար հազար անգամ վերստեղծել եւ ե՛ս կուզէի զձեզ հազար անգամ գերեզմանել...:

Եւ, ագռաւներու հոգիներով, Կայէնեան կերպարանքներով ձեր շնագայլի վոհմակներն, ահա՛,
Թիւթիւնճիէֆ, Սենեքերիմ, Ոստիկան Տիգրան եւ Արտաշէս, սեւ Սուքիաս եւ Կոմիտաս քահանաներ,
վարդապետ-Մամբրէ, ասորի Կարապետ, Մարգար եւ դո՛ւն Դհերցի հրէշածին Դաւի՛թ,
Ահա՛, ձեր ժանտաժուտ դիակներն կայանոցներու ժահրին պէս աչքիս առջեւ կը տարածուին:

Արդարեւ ո՛չ ո՛ք չի մտածեց խաչափայտերու վրայ եւ ապառաժներու ճակտին զձեզ բեւեռել,
Շղթաներու ազնուական ծանրութիւնը եւ ժանգը ձեզի համար փառապսակ մը պիտի ըլլար,
Ինչպէս եւ թաղծալից եւ մեռելաշուք բանտերուն մենութիւնը մարմարեղէն պալատ,
եւ ճշմարտավճիռ սուսերին հարուածն անճշմարիտ եւ կառափնատը արքայական գահ:

Ա՜հ մահը, գթութիւն է ձեզ համար եւ խարոյկներուն հուրը մարտիրոսի փա՜ռք,
Ձեր օրրանը ցեխը եղած է եւ ձեր օթեւանը ճահիճներու ժահրը պէտք է ըլլայ,
Աքցաններով ձեր միսը, հիւլէ առ հիւլէ, ժլատօրէն, ժուժկալօրէն պէտք է քերծել,
Եւ տարիներով, կաթիլ-կաթիլ, բաժին հանել, ձեր արիւնէն, նախճիրակեր բորենիներու ծարաւին...:

Այժմ ձեր նողկանքէն փակ աչքերս թո՛ղ բանամ, թո՛ղ գրիչս զետեղեմ եւ թո՛ղ քնարիս լարերն համբուրեմ,
Եւ՝ առիւծադէմ կտրիճներուն, անվեհերներուն, առաքեալներուն, հայրենիքիս զինուորներուն մօտենամ՝
Անոնց յիշատակէն եւ Սուրբ օրէնքէն աղբիւրուած լոյսերովն եւ ճակատս եւ մտածումս եւ աչքերս լուալով,
Կռապաշտօրէն, կեանքիս ամառին մէջէն, կարմիր երգերս հիւսեմ եւ յստակ մարմարներս քանդակեմ...:

«Հայորդիներ» շարքէն
ՍԻԱՄԱՆԹՕ

«Դրօշակ» – Ապրիլ 1908
Թիւ 4 (192)