14 June, 2021

Ռուբէն Դարբինեան (1882-1968)

«Հայրենիք»ներու խմբագրութիւնը խորտակուած սրտով ու որբացած՝ կ'ողբայ մահը իր մեծանուն խմբագրապետին՝ ՌՈՒԲԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆԻ (Արտաշէս Չիլինգարեան), որ մօտ կես դար, 1922 թ.էն մինչեւ 1968 Մայիսի մինչեւ այն ժամը, երբ հեւասպառ սիրտը հազիւ կը բաբախէր ծերութեան ձմրան մէջ, իր մեծ տաղանդին, կուռ գաղափարներուն եւ խորաշունչ ոգիին լոյսով առաջնորդեց մեր հրատարակութիւնները:

Ինքն էր, որ հազիւ այս ափերը հասած՝ Հայաստանի անկախութեան խորտակումէն ետք, իր հետ բերած Հայրենիքի եւ ազատութեան շունչով սրտապնդեց մեր ժողովուրդը, ու ստանձնելով «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագրութիւնը, շուտով դարձուց զայն սփիւռքի հայ մամուլին ամենէն ճոխ ու փայլուն հրատարակութիւնը:

Ինքն էր դարձեալ, որ Ամերիկահայ գաղութին եւ համայն սփիւռքի մէջ մշակութային փարոս մը հիմնեց՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԱՄՍԱԳՐՈՎ, որ Հայ Գրականութեան, Հայոց Պատմութեան եւ Հայ Յեղափոխութեան պատմութեան նուիրեց ամենէն ճոխ էջերը, արուեստի ու յուշերու հարստութեամբ, ժամանակակից հայ հերոսապատումէն:

Ինքն էր դարձեալ, որ ամերիկահայ երիտասարդութեան հայեցի դիմագիծ մը դրոշմելու համար ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՈՒԻՔԼԻ անգլերէն լեզուով ու հայու սրտով հրատարակութիւնը հաստատելու ներշնչումը տուաւ:

Իր անխոնջ ոգին, ի վերջոյ ստեղծեց Հայ Դատին ու մշակոյթին քարոզութեան համար ԱՐՄԻՆԻԸՆ ՐԸՎԻՈՒ եռամսեան, ամերիկեան եւ անգլիախօս մտաւորականութեան հասցնելու համար հայ ժողովուրդին արդար ձայնը:

Մինչեւ վերջին օրը, մինչեւ վերջին ժամերը, իր խօսքը, եթէ կրնար մրմնջել սպառող ու դողդոջ շուրթներով, սա հարցումն էր. «ինչպէ՞ս է մեր ժողովուրդը»:

Այս հարցումը, աւելի քան 65 տարի, առաջնորդած էր իր քայլերը Հայաստանէն Ամերիկա, խօսելով իր պերճ լեզուով, գրելով իր վճիտ տրամաբանութեամբ, մեր կեանքը հետաքրքրող լուրջ հարցերու շուրջ, եւ աշխատելով, աշխատելով անվերջ...

Բռնակալութեան դէմ եղաւ մինչեւ վերջ՝ ու ազատութեան հետ, իր ժողովուրդին ու հայրենիքին ազատութեան հետ, առաքեալի նման հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, անխոնջ ախոյեան Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարներուն եւ մշտարթուն քաղաքական միտքը՝ պայքարներուն: Ինկաւ՝ հայ ժամանակակից հրապարակագրութեան վերջին մեծ տիտանը, ինկաւ մտքի զինուորեալին պէս, գրիչը, թուղթը ձեռքին, իւր աչքերուն յետին լոյսն ու շունչին վերջին մրմունջը Հայութեան համար սպառելով:

Իր անունը կ'անցնի հայ հասարակական, ազատագրական կեանքի պատմութեան, եւ իր յոյսերը՝ իր պաշտած հայ ժողովուրդին:

«Հայրենիք», Պոսթոն
Շաբաթ, Յունիս 15, 1968
70-րդ տարի, Թիւ 17020