Պանդուխտ հայ մըն է ան, ինքնամփոփ, սակաւախօս ու համեստ արտաքինով: Հակառակ 6-7 տարիներէ ի վեր զայն ճանչնալուս, դեռ ծանօթ չեմ անոր անուան իսկ ու հազիւ թէ քանի մը բառ փոխանակած ենք իրարու հետ. բայց ինչ կարեւորութիւն ունի խօսքը, երբ ես սէր ու յարգանք ունիմ այս գիւղացի հայուն ահնդէպ. կը զգամ թէ ազնիւ սիրտ մը ունի ան եւ առանց իր ըսելուն՝ խոհուն երեւոյթը կը մատնէ, թէ լիուլի ճաշակած է իր տարիքի հայոց վիճակուած ողբերգութիւնը:
Ամէն օր, նոյն ժամուն կուգայ «Հայրենիք», ու հինգ սէնթը տեղաւորելէ ետք գանձանակին մէջ, կը վերցնէ օրուան թերթը: Իրեն սովորութիւն ըրած է տեղւոյն վրայ աչքէ անցընել առաջին եւ չորրորդ էջերու խորագիրները: Հայրենազուրկ ու անտուն հայը, թերեւս այս ձեւով կը սիրէ յամենալ իր «Հայրենիք»ին մէջ: Աշխատած տեղէս կրնամ դիտել զայն ու յաճախ հետեւած եմ անոր յուզման ու վշտի արտայայտութեանց, երբ բացառիկ ու ազգային տեսակէտով ցաւալի լուրի մը դէմ յանդիման գտնուի: Այսօր, ան դարձեալ եկաւ, բայց թերթ չտեսնելով դարակին վրայ, հարցական նայեցաւ իմ կողմս: Փութացի անոր մօտ ու ցաւով յայտնեցի, թէ Ընկեր Դարբինեան մահացած էր եւ թերթը պատշաճ բովանդակութեամբ լոյս ընծայելու համար պիտի ուշանար:
–Վա՜խ Դարբին – ըսաւ – ու հեկեկաց:
Ի տես այս ալեհեր մարդու արցունքներուն, խորունկ յուզումս ու վիշտս զսպելով ըսի.
–Ինչ ընենք հայրիկ, կը սգանք ազգովին, բայց Աստուծոյ կամքին դէմ կրնա՞նք կենալ:
Ան շարունակեց լուռ հեկեկանքը:
Քիչ ետք թերը տպուած էր ընկ. Դարբինեանի մեծադիր նկարով. վերցուց հատ մը, նայեցաւ երկար, խնամքով ծալլեց ու մասունքի մը գուրգուրանքով դրաւ գրպանը. ապա, աչքերը սրբեց, կռնակը շտկեց, գորովալից նայեցաւ ինծի ու ըսաւ.
–Է՜հ տղաս դուք սաղ ըլլիք, սաղ ըլլի Դաշնակցութիւն. – ու կթոտ քայլերով հեռացաւ:
Պահ մը ետւէն դիտեցի զայն, ու հարց տուի ես ինծի, թէ արդեօք այս անծանօթ հայուն մխիթարանքի խօսքերը չէի՞ն պարունակեր նաեւ հայ ժողովուրդի՝ Դաշնակցութեան հանդէպ սնուցած խոր վստահութեան, ու հաւատքի անպաճոյճ մէկ արտայայտութիւնը:
–... Սա՛ղ ըլլի Դաշնակցութիւն.
Պատգամ մը հարազատ ժողովուրդէն մեզի՝ դաշնակցականներուս. եւ նուիրական այս օրերուն, մեծ հանգուցեալի մը ներկայութեան այս խօսքը յիշեցում մըն է բոլորիս, մեր պատասխանատուութեանց մասին հանդէպ հայ ժողովուրդին: Այո՛, կ'ակնկալուի մեզմէ, որ սաղ մնանք, ու սաղ պահենք այն Կազմակերպութիւնը որոնւ արիւնոտ դրօշի ծալքերուն տակ ծնունդ առին Նիկոլ Դումաններ, Մուրատներ, Դօրներ ու Դարբինեաններու պէս տիտաններ, ու անսակարկ տուին իրենց լաւագոյնը հարազատ հայ ժողովուրդին:
Մենք, երիտասարդ դաշնակցականներս կ'ապահովցնենք մեր ժողովուրդը, ու դարձեալ կ'երդնունք, թէ ամեհի դժուարութիւններ ու խոչընդոտներ պիտի չյաջողին յուսալքել մեզ, ու սաղ պիտի պահենք Դաշնակցութիւնը, անխաթար պիտի պահենք սրբազան յիշատակը մեր պանծալի նուիրալներուն, ու անոնց օրինակով, մեր շարքերէն ծնունդ պիտի տանք նոր հերոսներու, նոր Դարբինեաններու, ի փառս հայ ժողովուրդին ու անոր գերագոյն իտէալներու իրականացումին:
Մեռաւ Դարբինեան: Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը:
Կարօ Իշխանեան
«Հայրենիք» օրաթերթ
Շաբաթ, Յունիս 22, 1968
70-րդ Տարի, Թիւ 17025