Թրքական աղբիւրէ կը հաստատեն ծովային նախկին նախարարին սպանութիւնը:
Կը լսենք թէ Ճեմալ փաշա Յուլիս 2ին Աֆղանիստանէն մեկնած է Կովկաս, ուրկէ պիտի մեկնէր Պերլին զինուորական եւ քաղաքական խիստ կարեւոր խնդիրներու մասին խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:
Կ'ըսուի թէ Սօվիեթներու կողմէ մասնաւոր մարմին մը խիստ կերպով կը հեապնդէ ճամաթուրանականութեան առաջնորդները: Ճէմաթ փաշայէն զատ կը հետապնդուին նաեւ անոնք որ Կեդր. Ռուսիոյ զանազան քաղաքները ցրուած են եւ կը զբաղին համաթուրանական փրօփականտով եւ իսլամ ցեղերը գրգռելով Սօվիէթներուն դէմ:
Ռուսերը արդէն շատոնց սկսած էին մտահոուիլ Էնվէրի, Ճեմալի եւ գործակիցներուն քայլերով: Արդէն նախապէս, իրենց, անուղղակի կերպով ազդարարուած է եղեր թէ, թէեւ ամէն տեսակէտով պիտի օգնեն իրենց, բայց երբ ամենապզտիկ կասկած մը ունենան թէ Սօվիէթներուն դէմ պիտի գործեն, անձնապէս իրենք է որ պիտի տուժեն:
Ճեմալ փաշայի վերջին ճամբորդութիւնը հրահանգուած էր Աֆղանիստանի կառավարութեան կողմէ եւ կապ ունէր զինոորական մեծ կազմակերպութեան մը հետ:
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
Հինգշաբթի 27 Յուլիս 1922
Նոր Շրջան Թիւ 1126 (ԺԲ Տարի, Թիւ 2947)