ՈՃՐԱԳՈ՛ՐԾ,
Եւ վերջապէս դուն ալ օրերուն ամենէն զարհուրելին եւ վայրկեաններուն ամենէն արդարը տեսա՛ր, տեսա՛ր ու զառանցեցիր եւ քու խաւարող ու հրէշային աչքերդ հազիւ հազ կրցար ծածկել հպատակներուդ անմեղ արիւնին մէջ փտտած կմախաձեւ ձեռքերովդ...
Եւ հիմա
աղօթէ՛ որու որ կ'ուզես՝ ծնկաչոք եւ հողատարած Մուհամմէդիդ կամ Եղեռնի աստւածիդ, կամ
Դիպւածին կամ Չարիքին, աղօթէ՛, որովհետեւ քու կենդանի սատակդ դեռ հողին վրայ կեցնելու
պարգեւը չարաշուք վայրկեանին կը պարտիս ո՛չ թէ Անոնց անշուշտ, որոնք այդ անիմանալի,
հանճարեղ ու գերբնական պատիժը յղացան քեզի ահամր. Անոնք, որ յղացան մարդուս մտածումը
կուրցնող եւ աչքերը փորող այդ պատիժը՝ նորէն պիտի գան, նորէն պիտի ծագին: Բնա՛ւ չ'երջանականաս,
ո՜վ զառամեալ արիւնարբու, բնա՛ւ չի սրտապնդւիս. սպասէ՛,– սպաս՛, եւ այս անգամ այլեւս
դուն չէ՛ որ պիտի տեսնես, այլ մենք, քու բազմացեղ ժողովուրդներուդ միլիօնները պիտի
տեսնեն քու շանսատակ ելլելդ եւ քուկիններո՛ւդ եւ քու՝ ջարդ ու փշուր մարմիններէն ամե՛նքս
ալ մեր արիւնլւայ կտորը պիտի ունենանք ձեռքերնուս մէջ, իբր զզւանքի եւ դեռ չտեսնւած
յաղթանակի պժգալի մասունք...: Գիտեմ թէ ի՜նչ դժոխային չարչարանք, ի՜նչ մղձաւանջ, ի՜նչ
մահազօր տենդ և ի՜նչ չի յագեցւած և անյափրանալի կատաղութիւն մըն է, որ զքեց կը գալարէ,
զքեզ պալատիդ մէջ պատէ ի պատ կը զարնէ և աթոռի վրայէ աթոռը վրայ կը նետէ, կարենալ լուծելու
համար տիեզերքիս ուժերէն դուրս եղող այս առեղծւածը: Բայց պիտի չի կրնար լուծել, ո՜վ
արիւնըռուշտ յարալէզ, պիտի չի կրնաս ձեռք դնել այն արհաւրալից, այն վրիժառու, այն քինայոյզ,
այն հայրենատարփ, այն աստւածառաք ու շքեղ ու անպարտելի Անծանօթին վրայ, պիտի չի կրնաս
ձեռքդ դնել Անոր վրայ, որ քու զինւորապատ պատնէշներէդ հերոսի մը պէս ներս մտաւ, գլուխը
իր փառքէն ու իր հպարտութենէն բարձր և նայւածքը մահով և ազատութեամբ առլըցուն... Նորէ՛ն
պիտի գայ ազատագրման Դիցուհին, կամ փրկութեան այդ Քրմապետն անողոք...: Բայց, եթէ կուզես,
թող սարսափի և մահաժամի թունաւոր արիւնդ կզակներէդ վար հոսի և թող ծովատիրէ զքեց, և
ծունկերէդ մինչև բերանդ բարձրանալով՝ թո՛ղ խղդէ զքեզ քու արիդւնիդ մէջն իսկ: Եւ կամ
ուրիշ խրատ մը, եթէ կուզես քու անէացումդ քու ձեռքովդ ստեղծել, սա սատափեայ սեղանիդ
վրայէն ոսկեվառ ատրճանակդ ձեռքդ առ և հրափողը ուղղի մեռելահոտ բերանիդ և կամ եղեռնալուր
ականջներէդ միոյն. և քաշէ՛, անգամի մը համար քաշէ՛ բլթակը...: Որովհետև ուրիշ օգնութիւն
պիտի չի հասնի քեզի, ուրիշ բազուկ պիտի չի շարժի, ուրիշ դիպւած, ուրիշ վայրկեան, ուրիշ
չարիք պիտի չի գան զքեզ փրկելու...: Եւ տեսա՛ր հարիւրաւոր մարմիններ ճղակտոր՝ բաշարձակ
ու հոգևարքի մէջ վրնջող ձիեր, որ խորտակեալ շքակառքերուն հետ բոցեղէն ու
մոխրապատ օդերուն մէջ ցնորապարեցին և ճախրեցին, ի՜նչպէս գտար այս պատկերը, դո՛ւն ամենագէտ
ոճրագործ, կրցա՞ծ էիր յօրինալ այս խրախճանքի համայնապատկերը. յաջողեցա՞ն քու վրիժառուներդ:
Այո՛ կըսես զարհուրանքով, և քրքիչիդ կռինչը կմախքիդ ոսկրատենդին հետ չորս հողմերէն
կիմացւի: Եւ ողջ մնալովդ գոնէ անգամ մը ևս զարհուրեցար այս կոտորւոմի թատերաբեմէն,
որովհետև յաջորդ անգամուն «կառքդ վարելով» – ո՜վ պարսպապատ մարդասպանի հեգնութիւնը
– Եըլտըզ երթալու քաջութեան յօգնութիւնն ալ չի պիտի կրես: Եւ այս անգամ քու պալատիդ
կամ քու մզկիթիդ անկիւնաքարերուն տակ, որ ահագնաշառաչ պիտի կործանւին, քու սուլթաններուդ
բովանդակ սերունդները պիտի խմորւին: Եթէ չես ուզեր, որ քու որջերուդ մէջ գերեզմանւիս,
ուրեմն դո՛ւրս ել և յուլիս 21-ի փառակերտ ցորեկը թո՛ղ նորէն բոլորւի, դո՛ւրս ել, և
գոնէ Արդարութեան արեգակին տակ մոխրացիր, որովհետև, ճշմարիտ ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի,
ո՛ւր որ ալ ըլլաս Վրէժին ստոյգ և անխուսափելի և պատրաստ ճամբաներէն պիտի հասնի՛, պիտի
թևէ՛, պիտի գա՛յ հրաշագեղ Անծանօթը, որ քու մէջդ ոտքի է արդէն խղճմտանքին նայւածքներովն
ակնապիշ, և իր անողոք սուրը վիզիդ և իր բռունցքին զօրութեան ծանրութիւնը քու քստմնտելի
գանկիդ վրայ հանգչեցուցած՝ պիտի գայ Անծանօթը, որովհետև, բոլոր ճամբաներդ ու բոլոր
երկաթապատ դուռները անոր քայլերուն առջև բա՛ց են, ինչպէս բաց է ապագան մարմարեղէն Գաղափարին
առջև:
Քու հպատակդ՝ ապերախտ և արիւնիդ ծարաւ՝
«Դրօշակ» - Օգոստոս 1905
Թիւ 8 (161), Յաւելւած