1921 Յուլիսի 18ին, Պոլսոյ Բերայի շրջանին մէջ՝ մինչ Փըթի Շահ թատրոնէն դուրս կը
հոսէր հոծ բազմութիւն մը, միջահասակ երիտասարդ մը դժուարութեամբ ճամբայ բանալով իրեն,
մօտեցաւ վեց անձերէ բաղկացած խմբակի մը՝ որ կ'աճապարէր մօտակայ «Բերա-Փալաս» պանդոկը
մտնել, ու երեք անգամ յաջորդաբար կրակեց բարձրահասակ, թեկնեղ մարդու մը վրայ. ապա,
օգտուելով տիրող իրարանցումէն, յաջողեցաւ փախչիլ:
Մայթին վրայ ինկած էր արիւնլուայ վիրաւոր մը: Անմիջապէս հասաւ ոստիկանութիւնը,
շրջապատեց խմբակը, մինչ բազմութիւնը կը խռնուէր հետզհետէ՝ մօտէն տեսնելու համար վիրաւորը:
Հազիւ քանի մը վայրկեան անցած, երիտասարդը վերադարձաւ. աջ ու ձախ հրմշտկելով ամբոխը,
մօտեցաւ եւ երկու անգամ եւս կրակեց անոր վրայ: – Փողոցի մայթին վրայ, արեան լճակներու
մէջ տապլտկող վիրաւորը՝ Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախկին նախարարն էր, Պէհպութ Խան
Ճիւանշիրը:
Մեր խոնարհ հերոսին՝ Միսաք Թորլաքեանի «Օրերուս հետ» խորագրուած յուշագրական հատորի
յառաջաբանին մէջ, ողբացեալ Մալխաս այս տողերով պատկերացնելէ ետք հայասպան ոճրագործ
Ճիւանշիրի ահաբեկումը, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ նաեւ Միսաքի ընտանեկան մթնոլորտը,
անոր ծննդավայր Շանայի բնութիւնը, բարքերը, դրական թէ բացասական գիծերը, ու յատկապէս
Կիւշանա գիւղի պատմական շրջագիծը՝ որմէ գիծ ու նկարագիր առած էր անոր հոգին:
Տակաւին հազիւ տասներեք տարու, սուտ քուն կեղծելով, Միսաք կը հետեւէր հօրենական
իր տան մէջ տեղի ունեցող խօսակցութեանց, որոնք կապ կ'ունենային ազգի դաւաճաններուն
սպասող ճակատագրին կամ Գարա Տէրէի, Բլաթանայի, Շանայի ու մերձակայ գօտիներու մէջ ցանուցիր
հայկական բեկորները վայրագօրէն հալածող բռնակալներու տեռօրին հետ:
Իր միտքն ու հոգին այս ձեւով զարգացան: Ուսում չունէր, փառասիրութիւններ չունեցաւ,
անձնականութիւն մը չկերտեց իրեն համար, սակայն եղաւ ու մնաց իր ժողովուրդին պաշտամունքով,
տոհմիկ ապրումներով եւ ըմբռնումներով ծառայութեան կոչուած ճշմարիտ անձնուրաց մը,– հերոս
մը՝ որ երբեք անհատական արժէք կամ արժանիք չփնտռեց իր կոչումին մէջ, այլ բացառապէս
Հայոց արիւնի պատմութեան մղումը՝ արժանապատուոթեամբ ապրելու եւ զգետնելու գազանաբարոյ
թշնամին. ցոյց տուաւ՝ թէ անպատիժ չեն կրնար մնալ հայ շինականին, հայ ստեղծագործ ժողովուրդի
եւ հալածական բեկորներու հարստահարիչները, ո՛ւր որ ալ փախչին, ինչպէ՛ս ալ որ փորձեն
ճողոպրիլ վրիժառու գնդակէն...
Ճիւանշիրի ահաբեկումը, 1921ին, Եղեռնէն հազիւ վեց տարի ետք, երբ տակաւին անսահման
գերեզմանատան մը պատկերը կը պարզէր հայ մնացորդացի կեանքը, եւ մեր գաղթականութիւնները
հիւրընկալ երկիրներու մէջ հետամուտ էին նոր երդիք ու հանգրուան հաստատելու, նախ բարոյական
կորով ներշնչեց տարասփիւռ մեր համրանքին, ապա նաեւ՝ նուաստ ու նկուն ճակատագրի մը մութ
հեռանկարէն փրկեց Հայութիւնը, որուն նաեւ մի՜ւս վրիժառու զաւակները – Թեհլիրեաններն
ու Շիրակեանները – աշխարհի աչքերուն հպարտութեամբ նայելու ուժն ու իրաւունքը կու տային
մեզի:
Մալխաս, իր յառաջաբնին մէջ նաեւ կը ճշդէ.– «Երբ Պաքուն պաշտպանող հայկական ուժերը
այլեւս անկարող դարձան քաղաքը պաշտպանելու թրքական կանոնաւոր բանակի եւ շրջանի բազմահազար
«պաշըպոզուք»ներուն դէմ, մանաւանդ երբ անգլիական ուժերն ալ քաշուեցան քաղաքէն, այլեւս
Պաքուն պաշտպանելը անկարելի համարելով՝ անոնք եւս նաւերով հեռացան դէպի Պարսկաստան,
քաղաքի հայութեան մեծ մասը ձգելով իր ճակատագրին հետ:
Կանգնած՝ Երուանդ Ֆնտքեան, Միսաք Կիրակոսեան (Երկանեանի հետ Խան Խոյսկին եւ Խան Մամեդովը ահաբեկողը) Նստած ձախէն՝ Արամ Երկանեան, Գրիգոր Ամիրեան, Միսաք Թորլաքեան |
«Ամբողջ շաբաթ մը՝ տեղական եւ շրջանի թրքութիւնը ազատ ասպարէզ գտաւ անհնարին վայրագութեամբ
թալանելու, կոտորելու անպաշտպան հայ ժողովուրդը. մօտ երեսունհազար Հայեր ջարդուեցան
Պաքուի մէջ, մէկ շաբթուան ընթացքին: Այս հրեշային կոտորածի ղեկավար ոգին՝ Պէհպութ Խան
Ճիւանշիրն էր, որուն պաշտօնական հրամանագրով ամբողջ հայ ժողովուրդը «օրէնքէ դուրս»
յայտարարուեցաւ:
Ահա այդպէս. Բերայի մայթերուն վրայ ինկած էր երբեմնի ամենազօր Պէհպութ Խան Ճիւանշիրը,
արժանի վարձատրութիւնը ստանալով իր կատարած չարագործութեան համար»:
Այդ օրերուն, Միսաք Թորլաքեան 28 տարու էր: Հետագային՝ անցաւ Ռումանիա, յետ դատավարութեան
փրկուելէ ետք: Եւ վերջապէս եկաւ հաստատուիլ Միացեալ Նահանգներ, միշտ գաղութէ գաղութ
շրջելով սակայն, ու ամէն տեղ արժանանալով ժողովրդային անվերապահ սիրոյ ու յարգանքի:
Իր կեանքի վերջին անմոռանալի տարիները ապրեցաւ Իրանի, Լիբանանի եւ Հարաւային Ամերիկայի
հայկական գաղութներու գրկին մէջ: Ո՛ւր որ ալ գնաց, նոյն հեզ ու խոնարհ հերոսն էր ան,–
անփետուր, գրեթէ ամօթխած, ինչպէս կ'ըլլան ճշմարիտ մեծերը:
Երա՜զն էր՝ «մեռնելէ առաջ» անգամ մը եւս տեսնել հայրենիքը, հաւանօրէն երկարիլ մինչեւ
Սարդարապատ ու Պաշ Ապարան, ուր կռուած էր թշնամիին դէմ, հայ ժողովուրդի ճգնաժամային
օրերուն: Դժբախտաբար, սակայն, հիւանդութիւնը զինք գամեց անկողնին ու հոն ալ փակեց իր
աչքերը, ընկերներու ամէնօրեայ գուրգուրանքին եւ սիրոյն առարկայ:
Միսաք Թորլաքեան «հով» չունէր. փայլն ու ծեքծեքումը չսիրեց: Սակայն դէմքին, աչքերուն
ու շարժումներուն մէջ մանկական մաքրութիւն մը պսպղաց միշտ: Իր փայլը կամ շուքը՝ այս
պարզութիւնն էր ,– վսեմական պարզութիւն մը, որ վայել է իսկական հերոսներուն:
Գրչի մարդ մը չէր, ճառախօս չէր, ինքզինք արժեցնելու համար՝ մասնաւոր ոչ մէկ հմայք
ունէր հաւանօրէն. սակայն արժանիքներո՛ւ մարդ էր, խոնարհութեան մէջ տպաւորիչ եւ պատկառազդու:
Կը խորհրդանշէր հայ տոհմական պարզասիրութիւնը, անկեղծութիւնը, քաջութիւնը. Նախադասութիւններն
իսկ կէս կը ձգէր յաճախ, սակայն ոչ ոք դժուարութեան կը բախէր՝ իր մէջ տեսնելու եւ գտնելու
համար հի՜ն օրերու խօսուն պատմութիւնը, գրեթէ յիշատակի վերածուող բոլոր ազնիւ բնութագիծերը
հայ մարդուն: – Յարգա՜նք իր յիաշտակին ու գործին:
Խմբագրական «Հայրենիք»ի
21 Նոյեմբեր
1968
Թիւ 17139