27 March, 2022

Սպանութեան Մը Առթիւ

*** «Մօնիթէօր»ի մէջ կը կարդանք.– Երէկ առտու (շաբաթ) ոճիր մը գործուեցաւ Թարլա Պաշիի պողոտային վրայ, Թագսիմ փողոցի անկիւնը, բաւական խորհրդաւոր պայմաններու մէջ: Այդ սպանութիւնը վրէժխնդրական արարք մը ըլլալ կը թուի: Զոհն է Վահէ Իհսան անուն հայ մը: Ֆէրիտիէ, Գարկա փողոցին բնակարանէն ելլելով գործի կ'երթար, երբ անծանօթ մը յանկարծ երեւան եկաւ Թարլա Պաշի եւ Թագսիմ փողոցներուն իրար կտրած տեղը, ու քանի մը ձեռք ատրճանակ պարպեց:

Գնդակ մը մխուեցաւ Վահէի կռնակին մէջ, իսկ ուրիշ գնդակ մը հանդիպեցաւ ձախ ստինքին: Ոստիկանները պայթումի ձայնը լսելուն պէս, դէպքին վայրը հասան, բայց սպաննիչը արդէն փախած էր եւ ոստիկանական պաշտօնեաները զոհին դիակը միայն գտան. մահը վայրկեանական եղած էր: Նախնական քննութեամբ հաստատուեցաւ որ սպաննիչը 16-17 տարու պատանի մըն էր ու գլխարկ կը կրէր: Սպաննիչը ոճիրը գործելէ յետոյ, անծանօթ ուղղութեամբ հեռացած էր: Վրէժխնդրական արարք մը ըլլալը կը հաստատուի անոր որ սպաննուածը գէշ համբաւ կը վայելէր պատերազմի շրջանին եւ իր պաշտօնն ու ազդեցութիւնը չարաչար գործած էր, մեծ վնաս հասցնելով իր հայ հայրենակիցներուն: Մարմինը փոխադրուեցաւ Բերայի Երրորդութեան եկեղեցին, ուր Տօքթ. Սալահէտտին պէյ օրինական քննութիւնը կատարելէ յետոյ թաղման հրաման տուաւ: Վահէ Եսայեան ամուսնացած ըլլալով, քսանամեայ մանչ զաւակ մը եւ երկու անչափահաս աղջիկներ ունէր: Ան իր բնակարանէն մեկնած ատեն ելեկտրական թելերը կտրուած էր: Ոստիկանութիւնը այդ մասին ալ մանրակրկիտ քննութիւն կը կատարէ:

*** Առջի օրուան թուրքերէն թերթերէն ոմանք ալ «Ոստիկանական պաշտօնէի մը սպանութիւնը» խորագրով հետեւեալ զեկոյցը հրատարակած են.– Ընդհ. ոստիկանական տնօրէնութեան Ա. ճիւղի գըսմը սիասիի պաշտօնեաներէն Իհսան Օննիկ էֆ. երէկ առաւօտ (շաբաթ օր) ատրճանակով սպաննուած է Բերայի մէջ: Իստկանութիւնը սպաննիչներուն հետքին վրայ ըլլալով, կը յուսացուի որ մօտ ատենէն կը ձերբակալուին:

*** «Ալէմտար» կը գրէ.– Ոստիկանութեան Ա. ճիւղին պատկանող ոստիկան Վահան Օննիկ էֆ. ժամը 8.30ին երբ Թարլա Պաշիէն կ'անցնէր, գործի երթալու համար, երիտասարդ եւ գլխարկաւոր անձ մը, որ կը հետապնդէր զայն, կռնակէն վեց գնդակ արձակելով սպաննեց ոստիկանը: Գնդակներէն վեցերորդը Վահան էֆ.ի կռնակին հանդիպելով, մահուանը պատճառ եղած է: Ոստիկանութեան կողմէ 100 ոսկիէ աւելի գումար մը հաւաքուած է պարտականութեան ուղուրին համար իր կեանքը զոհող Վահան էֆ.ի ընտանիքին:

*** «Լէօնտի» խօսելով սպանութեան մասին կ'ըսէ.– Շաբաթ առտու 16 տարեկան անծանօթ երիտասարդ մը Ֆէրիտիէ հանդիպեցաւ լրտեսի մը, որ կառավարական ծառայութեան մէջ էր: Չենք գիտեր թէ երիտասարդը որ եւ է անձնական ոխ ունէ՞ր լրտեսին հանդէպ: Զոհը մօտակայ դեղարանը փոխադրուելէն քանի մը վայրկեան յետոյ մեռաւ: Սպաննիչը կարելի չեղաւ գտնել: Բայց ինչ որ ուղագրաւ է այս գործին մէջ, այն նուազ համակրութիւնն է որ կը վայելեն կթան կօվերը Պոլսոյ մէջ:
Ազդարարութիւն անոնց որ ցարդ կթան կօվեր էին:

«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
Երեքշաբթի, 30 Մարտ 1920
Տասներորդ Տարի
Նոր Շրջան, Թիւ 416 (2237)