31 March, 2022

Երզնկայի Դինամիտային Պայթումը եւ Զոհերը

Նամակ Երկրէն
Կարին, 14 ապրիլի

Թիւէս 10-12 օր առաջ, Երզնկայի մէջ, Սարգիս Գազանճեանի տանը անզգուշութիւնից ռումբ է պայթում եւ քանդում թէ Սարգսի եւ թէ նրա հարեւանի տունը: Ոստիկանութիւնն անմիջապէս ներս է խուժում, խուզարկութիւն եւ քննութիւն է կատարում, փլատակների տակից հանում է Սարգսի եւ երկու այլ հայերի դիակները, մի քանի զէնքերը եւ ուրիշ պայթուցիկ նիւթեր:

Այդ դէպքը աւելի ուռցրած ձեւով, Օսմանեան Հեռագրական Գործակալութիւնը հրապարակում է, մի քիչ էլ տենդեցնող բնաւորութիւն տալով նրան... իբր ապացոյց հայ տարրի անվստահութեան եւ կարծես թէ տրամադիր էր այդ մասնաւոր դէպքը վերագրելու հրապարակի վրայ յայտնի Կազմակերպութեան:

–«Հայերը ռումբեր են շինում, հայերը ապստամբութեան են պատրաստւում, պայթուցիկ եւ այլ ռազմամթերք են ամբարում» եւայլն: Այս եւ սրանց նման սենսացիոն լուրերը չափազանցրած ձեւերով հոլովւում էին թիւրքերի մէջ:

Բարեբախտաբար, Կարինի կուսակալութիւնը – կենտրոնից եկած յատուկ հրահանգով – ազդադարեց «Յառաջ»ում, որ «Երզնկայի պօմպայի պայթիւնը մասնաւոր անհատների գործ է, որոնք մասնաւոր շահեր կը հետապնդեն եւ ոչ մի կապ չունին ընդհանուր հայերի եւ կազմակերպութիւնների հետ»...

Այդ ազադարարութիւնը, մեր կարծիքով, կառավարութեան խելացի քայլերից մէկն է. պէտք է ափսոսալ, որ նման ազդարարութիւնները յաճախ չեն կրկնւում մեր երկնքի տակ:

Որքան որ զգոյշ, շրջանկատ տակտիկի է հետեւում Կարինի կուսակալութիւնը իր խելացի ազդարարութիւններով եւ շատ թիւրիմացութիւնների առաջը ժամանակին կարողանում է առնել, նոյնքան անտակտ, սանձարձակ եւ ամբոխի վայրենի բնազդները գրգռող երեւոյթներ է ստեղծում չեղած տեղից՝ Վանի կուսակալ Իզզէթ բէյը:

Առանց քաշւելու, նա օրը ցերեկով ժողովներ է գումարում քիւրդ աշիրէթների հետ եւ աշխատում է ամեն կերպ սիրաշահել նրանց: Անցեալներում կառավարութիւնը պաշտօնապէս զինել էր յայտնի աւազակապետ Շէյխ Սայիդ Ալիի 800 հոգուց բաղակացած հրոսախումբը եւ Բաղէշից դէպի Վասպուրական ճամբել: Այժմ էլ լսում ենք, որ նոյն կառավարութեան ներկայացուցիչ Իզզէթ բէյը, 100-ի չափ հրացան եւ համապատասխան ռազմամթերք է ուղարկել Շէյխ Սայիդ Ալիին, իր ձեռքի տակ «անզէն» քրդերին զինելու եւ հայերի հաւանական (sic!) ապստամբութիւնը դիմագրաւելու համար:

«Դրօշակ» - Ապրիլ 1913
Թիւ 4 (231)

«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ»
Երզնկայի Զոհերը

1913 մարտ 31-ին պատահած դինամիտային պայթումի զոհերն են ասոնք. Սարգիս Գազանճեան, Տիգրան Մսածեան եւ Գար. Տէր Մուշեղեան:

Հին մարտիկներ էին, որ իրենց խանդավառ հայրենասիրութիւնը շատ մ'առիթներով ցոյց տւած են, ըլլայ սահմանադրութենէն առաջ, թէ ետքը: Լծւելով ժողովրդի դաստիարակութեան գործին անտրտունջ տարած են իրենց ուսերուն ծանրացած բեռը: Իբր օսմանցի՝ աշխատեցան եղբայրութեան սերմերը ցանել տարրերու մէջ. պարլամենտական ընտրութիւններու ատեն ցոյց տւին, թէ իրեն գիտակ են ոչ միայն հայկական, այլ եւ օսմանցիական շահերուն: Անոնք ոչ միայն դաւադրական նպատակ չունէին, այլ այդ դժոխային գործիքները կը շինէին յանուն Սահմանադրութեան պահպանումին, յանուն ա՛յն ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան, որ երկրին սահմանադրութեան համար այնքան թանկագին զոհեր տւաւ եւ որ պատրաստ է իր բոլոր ուժերը տրամադրել այս երկրին իրական ազատութեան ու յառաջադիմութեան համար: Հայը ցոյց տւաւ, որ ինք աւելի օսմանցի է քան այն տարրը, որ իշխանութեան գլուխն անցած երկիրը սպառեց... Ափսո՜ս որ չհասկցան: Ապագան, անշուշտ, պիտի գայ խարանելու ներկայ ապերախտ իշխանութիւնը, որ տակաւին իրական հաւասարութեան արժէքը չկրցաւ իմանալ եւ գնհահատել մեր բազմաչարչար ցեղի արժանիքը՝ իբր պետական գաղափարը ամենէն աւելի գնահատող տարր: Անջատման գաղափարը այն միշտ ետ մղած է, գիտակցելով որ 20-րդ դարը ազգերու ազատագրութեան, ապակեդրոնացման դարն է եւ բռնակալութիւնը՝ ինչ կեղեւի տակ ալ որ ըլլայ, միշտ վնասակար է ժողովուրդներու ազատ զարգացման ու բարգաւաճմանը: Թո՛ղ պատմութիւնը գնահատէ մեզի, եթէ շրջապատը այնքան անգութ է ու անբարեացակամ...

Դիտող, Երզնկա, մայիս 1913
«Դրօշակ» - Ապրիլ 1914
Թիւ 4 (239)

«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ»
Երզնկայի Զոհերը (Կենսագրական Գծեր)

Կը ջանամ հարազատ գոյներով ուրւագծել իրենց կեանքն ու գործունէութիւնը:

Նախարար կամ պետական բարձր պաշտօնեայ ըլլալու պէտք չկայ՝ օսմանցիական հայրենասիրութիւնը ապացուցանելու համար: Համեստ քաղաքացիներ էին այս մարդիկ, իրենց հալին ու չուլին, իրենց աշխատանքին եւ օճախի նամուսին: Հազիւ նախնական դպրոցներու երես տեսած, անոնք նետւած են կեանքի ասպարէզը՝ իրենց վրայ ինկած տան հոգսերը տանելու: Արիւն-քրտինքով աշխատիլ, չոր հաց մը ճարել, էլին մէօհթաճ (օտարին կարօտ) չ'ըլլալ՝ իրենց մտահոգութիւնը եղած է:

Ահա՛ անոնց անպաճոյճ դիմագծութիւնը:

***

1877-8-ի ռուսօ-թիւրք պատերազմէն եւ պալքանեան ժողովուրդներու ազատագրութենէն յետոյ հայն էր մնացած քաւութեան նոխազ՝ համիդեան արիւնոտ Նէմէզիդային... «Պէտք էր ջնջել այդ քրիստոնեայ ցեղը՝ որ կրնար այս անգամ իր սրտին ձեռք նետել»:

Ու հալածա՛նք, բանտ, աքսոր, կախաղա՜ն...

Ա՛լ կեանքի, ինչքի ապահովութիւն չկար. ազգային սրբութիւնը պղծւած, ընտանեկան պատիւը շատո՜նց ոտնահարւած:

Ալ իմաստ ունէ՞ր կեանքը:

Աճող դժգոհութիւնը կը մարմնաւորէր, կը կազմակերպւէր: Ու գեղեցիկ օր մը Սեպուհի ազա՜տ բարձունքները ապաստան տւին այս եւ ուրիշ շատ մը ասպնջականներու՝ որոնք չկրցին հանդուրժել հրէշային հալածանքներուն եւ քաղքենի այն ընդհանուր հոգեբանութեան, որ ստորնացուցիչ էր, մահացու:

Այլ եւս զինւորագրւած էին Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որ ուխտած էր «երկաթեայ շերեփ»ներով մօտենալ միջազգային հարիսային...

Այս է իրենց երէկը:

***

1908-ի Սահմանադրական արեւը նոր հորիզօններ բացեց օսմանեան տարրերուն առջեւ ու պահ մը թւեցաւ թէ հաւասարութեան սկզբունքով եւ տարրերու համագործակցութեամբ քայքայւած պետութիւնը պիտի վերածնի, երկիրը պիտի բարգաւաճի:

Զէնքին՝ արօր ու գրիչ եւ անէծքին համբոյր յաջորդեց: Ատելութիւնը տեղի տւաւ եղբայրութեան: Ամբաստանութեան փոխարէն՝ դափնիներ, կախաղանի տեղ՝ յուշարձաննե՜ր....

Խանդավառութիւնը գործնականով պիտի արժէքաւորւէր սակայն:

Ափսո՜ս: Այն ախտաւոր մտայնութիւնը, որ նշանաբանն էր Եըլդըզին, ժառանգութիւնը դարձաւ երիտասարդ թիւրք կառավարութեան:

«Ձուլել ոչ-իսլամ տարրերը թրքութեան մէջ», ահա վերջին կարգախօսը, որ այս քամբախտ երկրի նոր առաջնորդներուն քաղաքական իմաստութիւնը նկատւեցաւ: Հարկ կը տեսնե՞ն իթտիհատեան ուղղափառները 6 տարւան մէջ իրենց կատարած ոտնձգութիւններն ու սեղմումները թւելու զանազան հարցերու մէջ, որոնք ազգերու ինքնորոշման ու բնականոն զարգացման կենսական գործօններ են. հողային, տնտեսական, ազգային ու կրթական: Դաժա՛ն յուսախաբութիւն: Դժգոհութիւնը ծայր տւաւ կրկին: Արդի՞ւնքը – Պօսնա-Հերսէք, Արեւելեան Ռումելի, Տրիպօլիս, կղզիներ եւ Եւրոպական Թիւրքիա:

Ի՞նչ փոյթ, որ հայը հաւատարիմ մնաց երկրին ու սահմանադրութեան, բաւական չէր յանուն սահմանադրութեան զոհաբերել աննման զոհեր, հերիք չէր Ադանան, վերջին պատերազմին ռազմիկները, Ռօտոսթօյի եւ Մալկարայի մասնակի ջարդերը, պէտք է որ, նոյնիսկ, եթէ Ահրար-իթտիհատ կամ իթիլաֆ քաղաքական մենամարտ ունենան, հայը քաւէ լէհի...երուն (անհաւատ) մեղքերը՝ չենք գիտեր իր ո՛ր անքաւելի մեղքերուն համար:

Վտանգւած էր հայուն ալ գոյութիւնը... Ու ահա՝ իրերու բնական հետեւութեամբ՝ Սարգիս մը, Տիգրան մը, Գարեգին մը սկսան խաղալ այդ մահառիթ գործիքներուն հետ...

Ո՞րն է պատճառը, որը հետեւեանք:

Այս ալ այսօրն է:

ՍԱՐԳԻՍ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ, 1872-1913

Ո՞վ չի ճանչնար Սարգիսը: Ժպիտը դէմքին, հաւատքը սրտին մէջ – երզնկացին ամբողջ: Այր կամ կին, ծեր կամ մանուկ, բոլորէն սիրւած, բոլորէն յարգւած, բոլորին Սարգիսն էր:

Հակառակ իր առաջացած տարիքին, զաւակներու տէր ըլլալուն, պահած էր երիտասարդական առոյգութիւնը, խանդն ու աւիւնը: 41 տարեկան հազիւ 28-30 տարեկանի տպաւորութիւնը կը թողուր: Աղքատ ընտանիքի զաւակ՝ հազիւ նախնական կրթութիւն առած էր:

Հանդարտ էր բնաւորութեամբ, բայց հոգով ըմբոստ: Կրած նեղութիւնները եւ Զէյթունի ու Սասնոյ դիւցազնական բարձունքներէն բերնէ բերան հասած առասպելախառն պատմութիւնները ոգեւորած էին զինքը եւ շատեր: Արդէն տրամադիր, ան շուտով յաջողեցաւ 1891-ին տասնեակ մը կազմելով մտնել Քեռիի (Ռուբէն Շիշմանեան, կախւած Երզնկա՝ 1907-ին) խումբին մէջ, որը կապւած էր քաղաքիս մէջ արդէն գործող կազմակերպութեան: Սարգիս իր ընդունակութիւններուն եւ յաջողակութեան շնորհիւ շուտով խմբապետ ընտրւեցաւ ու անձնւիրօրէն շարունակեց իր պաշտօնը մինչեւ 1895 կոտորածի թւականը:

Սարգիս, ինչպէս ուրիշներ, փնտռւեցաւ կառավարութենէն, բայց իր ճարպիկութեան շնորհիւ ձեռք չ'անցաւ: Իր տեղը ուրիշ գազանճի (պղնձագործ) Սարգիս մը ձերբակալեցին Պօտիկեան մականունով: Սարգիս ազատ մնալով մեծամեծ ծաայութիւններ մատուցած է թէ՛ կազմակերպութեան եւ թէ Քեռիի խմբի պահւած տղոց եւ զէնքերու փոխադրութեան գործին մէջ:

Այդ թւականէն յետոյ կազմը բոլորովին քայքայւած վիճակի մը կը հասնի: Սարգիս կը յաջողի, 1600-ին, իր ընկերներով ընթացք տալ «սբ. գործին», կըսկսին թղթակցիլ նաեւ Հ. Յ. Դ. Արեւելեան Պիւրօյին հետ: Սակայն գործը կ'ընթանայ համեմատաբար թոյլ:

Տեղի կունենայ 1908-ի «Յեղափոխութիւնը» եւ կը հռչակւի օսմ. սահմանադրութիւնը:

Սարգիսի համար գործունէութեան նոր ասպարէզ կը բացւի: Երէկ բռնութեան դէմ կը կռւէր, այսօր ինպաստ սահմանադրութեան եւ ազգային դաստիարակութեան գործին կ'աշխատի: Երբ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման լուրը կը հասնի եւ երբ միւշիր Զէքի փաշան կը դժկամակի ազատ արձակել, Սարգիս իր ընկերներուն հետ ոտքի կը հանէ հայ եւ թիւրք ահագին բազմութիւն մը եւ կեցցէ՜ Սահմանադրութիւն եւ ազատութիւն աղաղկելով կը յարձակին բանտին վրայ ու կըսպառնան խորտակել, եթէ անոնք չ'արձակւին: Փաշան կը հրամայէ զինւորներուն, որ եթէ բռնութիւն ի գործ դրւի սուիններով միջամտեն: Աներկիւղ Սարգիսը իրեններով կը խորտակեն բանտին վանդակները ու կ'ազատեն բանտարկեալները: Զինւորները կը միջամտեն ու կը վիրաւորեն 10-12 հոգի:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը քաղաքին եւ գիւղերուն մէջ կըսկսի շինարար աշխատանքի: Սարգիս ամենաեռանդուն մէկ անդամը անոր, կը մասնակցի հասարակական ամեն ձեռնարկի: Հանդէս, լսարան, թատրոն, գլիւպ, ամեն տեղ էր ան, միշտ առաջին շարքերուն մէջ, ժպտուն ու գործօնը, համեստ եւ անսեթեւեթ: Յոգնել չգիտէր: Իր գուրգուրանքի առարկան էր դպրոցն ու կազմակերպութիւնը: Կրթական ձեռնարկ մը, հանրային ոեւէ գործ առանց Սարգսի անհնարին էր: Կը հասնէր թէ՛ իր անհատական-ընտանեկան գործին, թէ՛ կազմակերպական-հասարակական գործերու: Համակ եռանդ եւ ոգեւորութիւն էր ան:

Նախաձեռնեց եւ յաջողցուց սպառողական միութիւն մը, որ բաւական ծաւալ ստացաւ. կազմեց արհեստակցական միութիւններ, որոնք մինչեւ հիմա տակաւին կ'ապրին բաւական գոհացուցիչ կերպով:

Երեսփոխանական, թաղականական, հոգաբարձական ընտրութիւններ, դպրոցական հարց, ուսուցչական խնդիր ամեն տեղ էր ան, հազւագիւտ համբերատարութեամբ եւ անկողմնակալ դատումներով:

Իր այդ տքնաջան աշխատանքի համար երբ զինքը մտերմօրէն «ազգային տըմպըլիկճի» կը յորջորջէին – բնա՛ւ չեմ կրնար մոռնալ – ինք հպարտ այդ տիտղոսով, պատասխանեց՝ – «Երիտասարդ եմ, թողէք պարտականութիւններս կատարեմ, եւ երբ մեռնիմ, համեստ աշխատանքիս ի վարձ համեստ խնդիր մ'ունիմ, փառաւոր թաղեցէք զիս»...

ՏԻԳՐԱՆ ՄՍԱԾԵԱՆ, 1876-1973

Անձնուրացութեան եւ յանդգնութեան տիպ մը՝ համեստ արտաքինով: Երէկ, իբր մարտիկ Սեպուհի (Գոհանամ լեռ) ժայռոտ կատարներուն վրայ, սահմանադրութեան արշալոյսին ժողովրդին մէջ՝ իբր կազմակերպիչ: Տոկուն նկարագրի տէր՝ սիրած գործին հանդէպ մնաց միշտ հաւատարիմ: Դժոխային տանջանքները բնա՛ւ չկրցին խախտել իր հաւատքը:

1892-ին կը մտնէ Քեռիի շարքերը, ցոյց կուտայ ճարպիկութիւն եւ յանդգնութիւն, կը նշանակւի Քեռիի թռուցիկ խմբի անդամ եւ միաժամանակ թղթատար:

Սեպուհի սարալանջին տեղի կունենայ թիւրք զինւորներուն եւ հայ ֆէդայիներուն մէջ անհաւասար կռիւ, կը պաշարւին շրջակայ Ս. Յակոբ, Ս. Շողակաթ վանքերը Փալանզան եւ Կարմրի հայ գիւղերը եւ կը խուզարկւին, ֆէդայիները կը մնան նեղ դրութեան մէջ, այդ ատեն Տիգրան քանի մը ընկերներով կը կատարէ իրեն յանձնւած պաշտօնը աննման յանդգնութեամբ մը, զէնքերու եւ ընկերներու ապահով տեղափոխութիւնը:

Այս դէպքէն քանի մը շաբաթ վերջ, քաղաքին մէջ տեղի կունենան մատնութիւններ: Փնտռտուքներէն յետոյ մատնութիւնը կը հաստատւի Արմենակ Ազապլարեանի վրայ, որ տէրրօրի կ'ենթարկւի: Տիգրան օգնական կը տրւի տէրրօրիստներուն: Սակայն փորձը անյաջող անցնելով, ընկերները կը մատնւին վտանգաւոր կացութեան: Տիգրան հոս ալ, իր համբաւեալ ճարպիկութիւնով կ'ազատի ինք եւ կ'ազատէ իրենները:

Սեպուհի դէպքէն եւ 95-ի կոտորածէն ամիջապէս յետոյ կատարւեցաւ խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ: Պահւած ընկերները կը մնան նեղ դրութեան մէջ: Հոս ալ Տիգրանը իր 2-3 ընկերներով յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ տեղափոխութեան գործը: Այս քայլը ջերմապէս կը գնահատէ Կ. Ղումրիկեան՝ սա՛ խօսքերով.

«Պալա՛ս, եթէ մեր ժողովրդին % 10-ը քեզ նման ըլլար, փրկւած էինք»:

Կ'անցնեն 7-8 ամիսներ: Դարձեալ աշխատանքի օրեր էին: Գիշեր մը, երբ ընկերոջ մը հետ զէնք կը փոխադրէ, կը պատահի գիշերապահ զինւորներու (տէվրիյէ): Զէնքերը իր ընկերոջ հետ փախցնել յաջողելով՝ ինք կը ձերբակալւի: Ձեռք ու ոտք շղթայի զարկած կը բանտարկեն «վտանգաւոր» կոմիտաճին: Գաղտնիք մը կորզելու նպատակով դիւային տանջանքներու կ'ենթարկեն զինքը, կը մնայ միշտ անընկճելի եւ միշտ հպարտ: Իրեն այցելողները կը մխիթարէ ըսելով «հոգիս յօժար է, մարդ սիրած գործին խանդաղատանքով պիտի փարի»:

1897-ին քաղաքական բանտարկեալներու ներումով կ'ազատի բանտէն ե՛ւ Տիգրանը ուրիշ շատ մը քաղաքացիներու հետ, որոնք մինչեւ Կարին ղրկւած էին: Խուզարկութիւնները վերջ չեն գտնար դժբախտաբար:

1900-ին Տիգրան Սարգիս Գազանճեանի հետ կը ձեռնարկեն նոր խմբեր կազմել մինչեւ սահմանադրութիւն:

Ազատութեան այս շրջանին, Տիգրան կ'աշխատի դարձեալ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրօշին տակ: Կրթական եւ հասարակական ձեռնարկներու մէջ միշտ իր դերը ունէր եւ կ'աշխատէր անձանձիր:

Տիգրան՝ Սարգիսի եւ ուրիշներու նախաձեռնութեամբ եւ ժողովրդական նւէրներով կանգնեցին յուշարձան մը՝ 95-ի նահատակներուն եւ Քեռիի յիշատակին, որուն կողքին կանգնած է նաեւ Գալուստ Արխանեանի գերեզմանը:

Տիգրան տակաւին շատ կորով ունէր սպառելիք իր սիրած ժողովրդին համար...

ԳԱՐԵԳԻՆ ՏԷՐ ՄՈՒՇԵՂԵԱՆ, 1870-1913

Տեսէր էք անշուշտ ծովը, մերթ խաղա՜ղ ու անվրդով եւ մերթ յուզւած ու սպառնալից, ահա՛ Գարեգինը: Մաքուր սիրտ մը, յարատեւող, հետախուզող միտք մը: Պօռոտ ազգասիրութենէ կը խորշէր, պարզ էր եւ դրապէս աշխատող:

Հռչակաւոր զինագործ կաղ Գրիգորի զաւակն էր: Թաղային վարժարաններուն մէջ քիչ մը ուսմունք առած՝ կը մտնէ հօրը աշխատանոցը եւ ցոյց կուտայ վերին աստիճանի հնարամտութիւն: Պզտիկ ատրճանակներ կըսկսի շինել եւ հանճարեղ միտքն ու հետաքրքիր բնաւորութիւնը ինքզինք շուտով ճանչցնել կուտան ու ան կը դառնայ բոլորի վարպետը:

1895-ին կը մտնէ Քեռիի խմբին մէջ դժբախտաբար խումբը կը ցրւէ լեռնէն, քաղաքին մէջ գտնւած տասնեակներն ալ կը լուծւէին կոտորածին հետեւանքով:

Քեռին, իր հրոսախումբի ցրւելէն յետոյ կ'ապաստանի Տերսիմի հիւրընկալ լեռները, այնտեղ քիւրդերու հետ, կը հրաւիրեն Գարեգինը զինական աշխատանքներ կատարելու: Քեռին եւ քիւրդերը կուզեն Գարեգինը Տերսիմ պահել, սակայն քաղաքի յեղափոխական տարրերուն մօտ անոնց ծրագիրը (Տերսիմի մէջ ընդարձակել յեղ. գործունէութիւնը) ընդունելութիւն չի գտնելով, վարպետը հարկադրւած կը վերադառնայ քաղաք: Ժամանակ յետոյ, Տերսիմի մէջ նոր գործունէութիւն մը սկսելու ձգտումով կազմւած տասնեակի մը մէջ կը մտնէ: Այս վերջինը իր գործունէութիւնը ընդարձակելու համար, կը միանայ տեղւոյս մէջ «Նպատակը միջոցը կ'արդարացնէ» հաւատամքով կազմւած խումբի մը հետ՝ իր երեք ընկերներով: Այդ խումբը սակայն իր նոր երեք ընկերներէն գաղտնի կը պահէ իր այդ ուղղութիւնով ունեցած գործունէութիւնը: Բայց հազիւ երեք շաբաթ յետոյ, կը բռնւի այդ խումբը՝ քիւրդ մը խեղդած ըլլալնուն համար: Գաղտնիքը երեւան կուգայ գողունի ապրանք փնտռելու ատեն, ոստիկաններու կատարած խուզարկութեան պահուն աղբանոցէն երեւան եկած քիւրդի դիակին գտնւելովը:

Այս առթիւ կը ձերբակալւի այդ տան տէր Աւագը, որուն վրայէն ելած անուններու ցանկի մը հետեւանքով կը բանտարկւի նաեւ Վարպետը՝ իր ընկերներով: Այդ օրերուն բանտարկւած էր նաեւ «Չէնկիլէրի Սուրբը», Տերսիմի ծանօթ Քեռին, որ ներում ձեռք բերելու յուսադրութիւններէ խաբւած՝ տխուր իրականութեան մը առջեւ կը գտնւէր: Քեռիի շարունակական ներշնչումներուն տակ, Գարեգինը իր ընկերներով կը կրէ անոր յեղափոխական դաստիարակութեան կնիքը:

Քիւրդի գտնւելու ատենները Ռուսաստանէն եկող կեղծ լրաբերի մէջ մեքենայութեանց շնորհիւ (ինքզինքը յեղափոխական ցոյց տալով) 30-ի մօտ երիտասարդներ բանտարկւած էին. այս գործին մէջ Քեռիի ալ մասնակցութիւնը ենթադրւելով եւ միաժամանակ միւշիր Զէքիի վրէժխնդրութիւնը արթննալով, կուզէ հերոսին արեան մէջ յագեցնել իր վամբիրի ախորժակը եւ... աղիտաբեր օրւան մը արշալոյսին կախաղանի վրայ կը մարի հերոսին կեանքի ճրագը...

Քեռիի յաւիտենապէս անհետացումով բանտին մէջ տղայոց կացութիւնը կը դառնանայ, որովհետեւ քիւրդ եւ թիւրք բախտակիցներ, տառապանքի միեւնոյն սեղանին շուրջ իսկ թունաւորուած մոլեռանդ տրամադրութիւններով, կ'իյնային յաճախ «կեավուր»ներուն վրայ փութացնելու համար անոնց ակներեւ մահը: Ամեն անգամ սակայն Վարպետը կը նետւէր կռւին տաք տեղը՝ վիրաւորւելով 6-7 անգամներ:

Ազատութեան սիրահարին համար այլ եւս անտանելի կը դառնար բանտի դժոխային կեանքը, ու ան կոչում կ'ընէ իր հնարամտութեան այդ ճնշիչ մթնոլորտէն դուրս գալու համար:

ա) Կը բանայ բանտի բաղնիքին փականքը, կէս մը կը ծակէ պատը՝ փախչելու համար. կը մատնւի ու կը բռնւի. առիթէն կ'օգտւին ու խոյս կուտան քանի մը ոճրագործ քիւրդեր:

բ) Կը յարմարցնէ բանալի մը եւ գիշեր մը ամբողջ աշխատելով կը կտրէ երկաթէ միւս կապանքները, սակայն դեռ չ'աւարտած, առաւօտը վրայ կը հասնի, գաղտնիքը երեւան գալով՝ ծանր շղթային կը զարնւի:

գ) Տախտակամածէն կտոր մը տախտակ կը հանէ, գետինէն նկուղ մը բանալու եւ անկէ խոյս տալու գաղափարը կը յղանայ, տարաբախտաբար այս եւս կը վիժի:

Այս երեք յանդուգն ձեռնարկներէն յետոյ՝ անքթիթ կը հսկեն իր վրայ: Վարպետը ճարահատ ինքզինքը կը յանձնէ ձեռական աշխատանքներուն: Յարդի շիւղերէ կը հիւսէ ու կը ներկէ զանազան սիրուն առարկաներ եւ այնքան կը զարգացնեն արհեստը, որ կառավարիչը գնահատելով այդ գեղարւեստական աշխատանքներուն արժէքը, կը հրամայէ թիարանէն դուրս բերել եւ յատուկ սենեակ մը տրամադրելով թոյլ կուտայ պէտք եղած գործիքները ստանալ եւ զբաղիլ նման արտադրութիւններով:

Հինգ եւ կէս տարւան բանտային անտանելի պայմաններուն տակ այսքան առանձնաշնորհում Վարպետին համար քիչ արժէք չէր ներկայանցէր, ան կը հասնէր իր բոլոր բանտակից ընկերներուն, եթէ անոնցմէ մէկը նեղութեան ենթարկւէր:

Շատ քիչ կրթւած կառավարիչը գնահատելով վարպետի ընդունակութիւնները եւ անոր դատումները, այն աստիճան վստահութեան կ'արժանանայ, որ կը լսէ սիրով անկէ եկած ամեն բարեխօսութիւն: Վարպետը կը յաջողի պաշտօնանկել 2 տասնապետ եւ ի վերջոյ տուգանքի կ'ենթարկէ բանտապետ հազարապետը, երբ վերջինս իր շինել տւած «առմա»ին (զինանշան) գինը չուզէր վճարել: Վարպետը կռւի կը բռնւի ոստիկանի մը հետ եւ ձեռքի խարտոցով կը վիրաւորէ զայն: Ասոր վրայ շղթաներ զարնելով կրկին կը բանտարկեն:

Հազիւ շաբաթ մը յետոյ օսմ. սահմանադրութիւնը վրայ կը հասնի եւ Վարպետը իր հետ կը փախցնէ բանտէն նաեւ Գալուստ Արխանեանի միակ գաղափարական ընկերը Պր. Ղուկասը (Ճանիկ), որոնց արձակման լուրը քանի մը օր յետոյ հասած էր:

Չմոռնամ ըսել, որ Վարպետը բանտին մէջ իր հաստատած նւագախումբով բանտարկեալներուն հոգեկան մեծ սփոփանք կը պատճառէ:

Սահմանդրական շրջանին ան սկսաւ իր մրջնային աշխատանքին: Միշտ լուռ, բայց միշտ գործի վրայ:

***

Ապրիլի մէկն էր...

Երկուշաբթի առաւօտ, եկեղեցւոյ հրապարակէն յամրօրէն եւ ճռնչալով սայլակ մը կ'անցնէր՝ կապերտով ծածկւած:

Հետաքրքիրներու բազմութիւնը կ'ուռէր հրապարակին վրայ. քաղաքին չորս ծայրերէն ժողովրդական խուռբն բազմութիւն մը կը յորդէր ու կ'երկննար գերեզմանոցի պողոտային վրայ՝ վայրկեանի վեհութեան տակ նկուն ու խորհուն:

Ա՜խ... այդ վայրկեանը: Սիրտ պէտք է եւ հրեղէն լեզու անոր իմաստը բացատրելու համար:

Ո՞ւր կ'երթար ամբոխը, գլխիկոր, անխօս, անարցունք: Ո՞ւր՝ Իր յարգանքի վերջին պա՞րտքը կատարելու, բարբարոս աշխարհի երեսի՞ն թքելու, տիեզերքի անիմաստ օրէ՞նքը սրբագործելու.– ո՛չ մէկը եւ ո՛չ միւսը: Ընդհանուր զսպանակով մը կը շարժէր այս յամր ու հսկայ զանգւածը, որ կը լայնար, կըստւարանար:

Նահատակաց յուղարձանին առաջ կանգ առաւ թափօրը՝ արցունքը զսպելով, լեզւին պողպատէ փականք դնելով...

Գերեզմանային լռութեան մէջ մարդկային երեք փշրւած դիակներ մէկիկ մէկիկ շարւեցան յուշարձանին առընթեր, հողակոյտի մը վրայ՝ Սարգիս, Գարեգին, Տիգրան...

Հանգի՜ստ Ձեր ոսկորներուն,
Փա՜ռք Ձեր սուրբ գործին,
Չենք մոռնար զՁեզ...

Դիտող Երզնկա, մայիս 1914
«Դրօշակ» - Յուլիս-Օգոստոս 2914
Թիւ 7-8 (241)