17 March, 2022

Ողբի Նամակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան. Սիամանթօ

Ո՜վ զարհուրանքի եւ արիւնի առաւօտ, տող մը քու դժխեմ լոյսերուդ մէջէն, ու ամէն նայուածքներու բոլոր արցունքներն ատոր մէջ գտայ, ամէն հոգիի դառնակսկիծ հեծեծանք, ամէն տուայտանք, ամէն գալարում, ամէն աղաղակ, ամէն հռնդիւն, ամէն գերեզման ատոր մէջ գտայ...

Քրիստափորը մեռաւ... Ա՜ն որ զմեզ իր չքնաղ ու խորունկ հոգիովը կը սնուցանէր, ան որ քաղցր էր, ան որ անճառելիօրէն սիրող էր ու բազմագութ ու բազմաչարչար... Քրիստափորը, բովանդակ էութիւն մը, հոգիի եւ գաղափարի տիեզերք մը, ազատութեան եւ փրկութեան լուսաւորիչ մը, վարդապետ մը եւ այսօր մեռեալ մը միանգամայն... Օ՜, ի՜նչպէս ապրիլ այլեւս, ի՞նչպէս գոյութիւն ունենալ, ի՞նչպէս տեւել, ի՞նչպէս կարենալ երազել... Կը խեղդուիմ, կոր, ծանրածանը ցաւէն կը խորտակուիմ, կը ջախջախուիմ ու չեմ կրնար ինքիրմէս դուրս նետուիլ, իմ մէջս վար շրջող փլատակներէն ազատուիլ, չեմ կրնար սպառուիլ, չեմ կրանր հատնիլ, վերջանալ, անէանալ, ու կատաղութենէս ու անզօրութենէս ու տարփանքէս կուլամ, կուլամ...

Ո՜վ գիտէ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ հերոսներու պէս կը կռուին, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ կը մտածեն, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ երկիւղածօրէն կը յուսան, ի՞նչ պիտի ընէ հայութեան լաւագոյն մասը, ի՞նչ պիտի ընեն իր հազարաւոր գաղափարազաւակ աշակերտները, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ զինքը կը պաշտեն, ի՞նչպէս պիտի մխիթարուին, կարելի՞ է մխիթարուիլ այլեւս, թո՛ղ ըսեն ինծի, թո՛ղ ըսեն ինծի...

Մահուան անունէն որ ինծի համար միայն պաշտելի Քրիստափորը տարած է, որբ աղջկան մի նման կը դողդոջեմ, կոյրի մը նման կը հալածուիմ, ստուերի մը նման կը կորսուիմ, ու կեանքի մը պէս կը մարիմ... Ի՞նչ եղար, անզուգական, ի՞նչ եղար, ամենօրեայ մարտիրոս, ի՞նչ եղար, ո՜վ բարոյատու, ի՜նչ եղար, ո՜վ անհաւասարելի. Արդա՞ր է այս, արդա՞ր է, ըսէ՛, ի՞նչ եղար... Ի՞նչպէս պիտի շարժին անոնք որ քու ազատախօս պատգամներուդ եւ հայրական թեւերուդ տակ զինուորագրուեցան, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ քու դրօշակդ ու քու ձեռուըներդ համբուրեցին իրենց ուխտի ժամերուն, ի՞նչ պիտի ընենք անոնք որ քու զէնքերովդ զինուեցան, որ քու նայուածներուդ առջեւ երդուընցան, որ քու ազատաբեր ու անձնուրաց ճամբաներէդ քալեցին, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որոնց երազին մէջ Եհովայի մը մեծութեամբը արձանացար: Ի՞նչպէս օգնութեան հասնիլ այս ամէնուն, ի՞նչպէս մահագուժել... Գիտե՞ն արդեօք այս յուսահատութեան եւ արիւնի առաւօտեան ժամուն, գիտե՞ն մահուանդ կործանարար լուրը, գիտե՞ն որ զոհուեցար դուն՝ ամենօրեայ ողջակէզ... Թերեւս չեն գիտեր ու ատոր համար է որ կ'ապրին, ատուր համար է որ իրենց լայն ուսերը չեն փլչիր, իրենց յուսալից աչուըները չեն կուրանար, ատոր համար է որ իրենց քայլերը կը յառաջանան ու իրենց կամքերը կ'երկաթուին... Թո՛ղ չի գիտնան քու աւերիչ մահուանդ լուրը, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ չի խօսի, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ չ'արտասուէ, թո՛ղ ամրդ մարդու առջեւ իր սիրտը չի բանայ, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ չ'արիւնի, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ իր կերպարանքին վրայ մոխիր չի ցանէ...

Բայց ես լեռնաւոր ցաւին տակ մինակ եմ, միս մինակ, կուրծք մը չի կայ որուն վրայ կործանուիմ, նայուածք մը չի կայ որուն մէջ ապաստանիմ, ձեռք մը չի կայ որուն մահասարսուռ ձեռուըներս երկարեմ, ոսկրակոյտ մըն եմ անապատի մը մէջ եւ չարաշուք իրիկուած մը արիւնոտ անձրեւին տակ... Օ՜, ստւերներ կ'անցնին քովերէս, ապառաժակերպ ուրուականներ, սուգիս ու մտածումիս հորիզոններէն, եւ ահաւասիկ որ կը յառաջանայ, օ՜ գթութի՜ւն, գթութի՜ւն, ահաւասիկ որ Մղձաւանջս կը յառաջանայ, իր հովէ թեւերը կը զարնէ, իր ագռաւախումբի թեւերը կը փոթորկէ, իր բուի եւ մեռելւորի աղաղակը կուլայ, իր անողորմ դագաղին տախտակները կը շարժէ, իր սպիտակ պատանքները իմ վրաս կը նետէ եւ իր կարմիր խենթութիւնը, իր թունաւոր խենթութիւնը իմ մտածումիս անդունդներուն մէջը կը հոսեցնէ... Ու մահը, զայրագին մահը, մարմարակերպ մահը, համայնակուլ մահը ուսերուս վրան կը խոկայ, մահուան ամբոխներ ուսերուս վրան են, ու ես ընկճուածս, ես թշուառս, ես երազողս, ես յուսացողս, կը ծռիմ, կը դողդոջեմ, կը փլատակուիմ, արցունքներս կուգան յորդահոսան, ու յանկարծօրէն երեսս յետ կը դարձնեմ, ու ի՜նչ անագորոյն ցնորք, ի՜նչ պատկեր, ի՜նչ քաղցրութիւն, ի՜նչ ժպիտ, ի՜նչ մեծութւն, ու կը տեսնեմ զինքը, կը տեսնեմ ամենամեծ Քրիստափորը ու կը գրկեմ ու կը փաթթուիմ ու կարօտակէզ զաւկի մը նման կը համբուրեմ, կը համբուրեմ, կը համբուրեմ... Ու արիւնս արիւնին կը խառնուի, արցունքներս իր աչքերուն մէջ իր արցունքներուն կը միանան, ատելութիւնս իր չի յագեցուած ատելութենէն կը ծովանայ ու սէրս կ'արեգակուի եւ յոյսիս աշտարակները մորէմ կը կառուցուին... Ո՞ղջ է՜: Բայց աւա՜ղ, աւա՜ղ, ցնորապատկերը անգթօրէն կ'անհետանայ, ուրուագծերը կ'արիւնին, պաշտելի ձեւերը կը խորտակուին ու դիակը, հրեշտակային մարմինը, բաժան բաժան, նշխար առ նշխար, թեւերուս ու կուրծքիս ու հոգիիս վրան կը ծանրանան...

Ու հիմայ գիտեմ, յստակօրէն կը տեսնեմ, ճակատագրին ձեռքերը, երկաթէ ձեռքերը, չարազօր ձեռքերը որ Քրիստափորը սիրողներուն, Քրիստափորը պաշտողներուն վիզերուն կ'երկարին՝ գազանօրէն սեղմելով, եւ ահաւասիկ, մտիկ ըրէք, հազարաւոր բերաններէ, հազարաւոր ուխտուածներէ, օ՜ ինչ մեռելաձայն եւ ինչ սրակեղէք համանուագ, վասն զի ասիկայ մահագոյժն է, աղէտքն է, չարիքին ղօղանջն է որ Եւրոպային Կովկաս եւ Կովկասէն Հայաստան եղեռնականօրէն հնչեց: Ամէն մարդ իմացաւ հիմայ, ամէն մարդ ինքիր մէջ կ'աւերակուի, ամէն մարդ իր հոգիին մէջ այս մահագուժը կը լսէ ինչպէս գերեզմանափորի մը բահին ձայնը հողը պեղած պահուն...

Բայց մխիթարութիւնը նորէն ու նորէն ձեզմէ պիտի գայ, ո՜վ սիրական ու հեռաւոր ու հերոսական հայդուկներ, մխիթարութիւնը ձեր կամքէն, ձեր զօրութենէն, ձեր յաղթանակներէն պիտի գայ... Արցունքները մեզի՝ տկարներուս, անգործօններուս ձգեցէք, գիտեմ որ արցունքները ձեր արիւնծարաւ աչուըներուն ու ձեր կտրիճի հոգիներուն չեն վայելեր: Մեր փրկութեան հիմնադիրներէն մէկը մեռաւ եւ իր զոհաբերումը զմեզ աւելի պիտի սրտապնդէ: Քրիստափորին պատկերը, պաշտելի պատկերը Քրիստափորին՝ ամէն տուն, ամէն երդիք, ամէն ցաւի առջեւ, ամէն խրախուսանքի ժամուն, ամէն կռիւի գերագոյն վայրկեաններուն, պիտի յաճախէ եւ պիտի յուսադրէ... Իր արեգակեայ հոգիին ոսկիէ դուռներէն ներս նայինք ու մեր արիւնը պիտի հրավառուի, մեր խնդը պիտի եռայ, մեր բազուկները աւելի ուժով պիտի զարնեն: Իր գերեզմանը մեր խորանն է այելւս, իր անունը մեր առջեւ բացուած ազատագիրքը եւ իր յիշատակը մեր բոլորին ռահվիրան:

Եղբայրօրէն ցաւակից եւ առյաւէտ սգաւոր՝

«Դրօշակ» - Ապրիլ 1905
Թիւ 4 (157)