18 March, 2022

Մեր Կորուստները. Սահակ Տէր Թովմասեան

Սահակ Տէր Թովմասեան (ոտքի) եւ Սիմոն Վրացեան
Ամբողջական նկարը տես վարը

Սահակ Տէր-Թովմասեան ծնած է 1892-ին, Վասպուրականի Շատախ (Ջերմաձոր) գիւղը, որ կը գտնուի Վանայ լճի հարաւային կողմը: Շատախ կէս հայաբնակ գիւղ մըն էր, որ տորւած է ֆետայիներ եւ մտաւորականներ:

Տէր-Թովմասեան իր նախնական եւ միջանակարգ ուսումը կը ստանայ Վանայ մէջ: Սակայն, դէպքեր պատճառ կը դառնան, որ ան կիսատ թողու իր ուսումը: Յետագային, ինքնազարգացումով, կրցաւ տեծ մը հասնիլ եւ իր մասնակցութիւնը բերել Շատախի մտաւորական շարժման:

Այդ շրջանին, Վանի կուսակալ Ճէվտէթ բէկ, – որ հայատեաց մըն էր, – տեսնելով Շատախի շրջանի Հայութեան զարթօնը, կ'որոշէ քանդել սկսուած գործը:

Սահակ, այդ օրերուն, կ'անդամակցի Հ. Յ. Դաշնակցութեան, եւ իր առաջին գործը կ'ըլլայ, քանի մը մտաւորական ընկերներով կազմակերպել մշակութային ձեռնարկներ: Իր մասնակցութիւնը բերաւ խմորատիպ «Տիգրիս» եւ «Անկախ Տիգրիս» պարբերաթերթերու հրատարակութեան:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան ուշադրութեան գլխաւոր շրջաններէն էր Շատախ: Արամ Մանուկեան, իբր լիազօր եկած էր կազմակերպելու Շատախի շրջանը: Իր ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Շրջ. Ժողովը, ուր ընտրուեցաւ Անտառի Զինուորական Մարմին մը, որուն կ'անդամակցէին հետեւեալները.– Սամուէլ Մեսրոպեան (ողջ), Յովսէփ Չոլոյեան եւ Միհրան Մարգարեան:

«Յառաջ» Փարիզ. Չորեքշաբթի 23 Մարտ 1960, 36րդ Տարի, Թիւ 8755
Այս մարմինը, իր առաջին նիստին իսկ, որոշեց նախայարձակ չըլլալ որեւէ դէպքի առթիւ, այլ դիմել ինքնապաշտպանութեան: Զինուորական Մարմինը իր տրամադրութեան տակ ունէր 30 հոգիէ բաղկացած մարտական խումբ մը, որուն խմբապետն էր այդ շրջանին հին եւ փորձառու ֆետայի՝ Ազատ Սիմոնեանը (ողջ):

Սահակ Տէր-Թովմասեան, տեսնելով Վասպուրականի մէջ կատարուած կազմակերպչական աշխատանքները, որոնց ղեկավարներն էին Արամ Մանուկեան, Վահան Փափազեան (Կոմս), Սարգիս, Նիկոլ Օտապաշեան, Իշխան եւ ուրիշներ, քաջալերուեցաւ եւ հետեւելով անոնց օրինակին, նուիրուեցաւ յեղափոխական աշխատանքներու:

Երբ 1917ին ծագեցաւ բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, եւ, ռուս զինուորները լքելով ճակատները դիմեցին «դէպի տուն», Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ստանձնեց շրջանի ինքնապաշտպանութեան գործը:

Շատախ ունէր երկու գունդ, գնդապետ Բաղդասարեանի եւ Լեւոն Շաղոյեանի ղեկավարութեամբ:

1918ին, կռիւները սկսան Սալմաստի եւ Վանի շրջաններուն մէջ: Տէր-Թովմասեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս կռիւներուն: Էրզրումի անկումէն ետք, Վանի եւ Շատախի մարտական ուժերը, ժողովուրդին հետ միասին, նահանջեցին դէպի Էջմիածին: Այս ուժերուն մաս կը կազմէին շրջանի լաւագոյն ուժերը՝ Փանոս Ժամհարեան (ողջ), Արճակցի Շիրին, Մանուկ Պալեան եւ ուրիշներ: Ասոնց հետ էր նաեւ Սահակ Տէր-Թովմասեան:

1918 Ապրիլ 7ին, գունդը հասաւ Իգտիր: Հոն էր Ոզմեցի Ասլան Ստեփանեանը (ողջ) իր երկու հարիւր հոգինոց խումբով: Նոյն օրն իսկ հասան՝ զօր. Սմբատ Բորոյեան եւ Կարօ Սասունի, իրենց հետեւորդներով:

«Յառաջ» Փարիզ. Շաբաթ 19 Մարտ 1960. 36րդ Տարի, Թիւ 8752. Ա. էջ

Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, Սահակ Տէր-Թովմասեան լծուեցաւ կուսակցական եւ հանրային գործերու: Ու իր բազմազբաղ օրերուն իսկ, ան գրի առաւ անդարձ մեկնող ընկերներու, գաղթի եւ կռիւներու մասին իր տպաւորութիւնները՝ Երեւանի «Աշխատանք» շաբաթաթերթին մէջ:

1921ին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Փետրուարեան ապստամբութեան: Փետրուար 18ի առաւօտուն, կազմուեցաւ Հայաստանի Փրկութեան Կոմիտէն, որուն կը մասնակցէին՝ Սիմոն Վրացեան նախագահ եւ արտաքին նախարար, Ա. Յովհաննէսեան՝ զինւորական գործերու վարիչ, Կարօ Սասունի՝ ներքին նախարար, Համբարձում Տէրտէրեան՝ ելմտական եւ պարենաւորման նախարար, բժիշկ Ս. Եղիազարեան՝ խնամատարութեան նախարար, Սահակ Տէր-Թովմասեան՝ քարտուղար:

1921 Մարտ 19-25, թշնամին ընդհանուր յարձակողականի անցաւ: Հայ համայնավայրները եւ կարմիր բանակը թնդանօթներով եւ հրասայլերով, իրենց բոլոր ճիգերը ի գործ դրին եւ յաջողեցան անակնկալօրէն Երեւան հասնիլ եւ ձերբակալել Հայաստանի ղեկավարութիւնը: Ու շուտով Սասունցի ձիաւոր խումբեր, սրարշաւ անցան Երեւանի փողոցներով՝ խուճապի մատնելով բնակիչները: Բոլշեւիկեան թնդանօթը որոտաց Քանաքեռի բարձունքներէն (Ս. Վրացեան):

Ապստամբութեան զսպումէն ետք, Սահակ Տէր-Թովմասեան, Հայաստանի գաղթող 12 հազար ժողովուրդին հետ, Գորիսի վրայով անցաւ Թաւրիզ, ուր մնաց քանի մը ամիս, Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, յուսալով որ կրնան վերադառնալ: Անկից մեկնեցաւ Ֆրանսա, եւ հաստատուեցաւ Փարիզ:

Վերը ձախէն աջ՝ Լ. Գեւոնեան, Շաւարշ Միսաքեան, Սահակ Տէր Թովմասեան
Նստած ձախէն աջ՝ Գերասիմ Բալայեան, Սիմոն Վրացեան
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Ֆրանսայի մէջ, Սահակ Տէր-Թովմասեան մնաց միշտ ղեկավար դիրքերու վրայ: Իր պարապոյ ժամերուն կը գրէր իր զինակիցներուն կենսագրութիւնը Դրօշակին մէջ, որ կը հրատարակուէր Փարիզ: Ան աշխատակցած է նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան օրկաններուն:

Անցեալ տարի տեսանք զինքը Պէյրութի մէջ, քայքայուած առողջութեամբ, սակայն ոչ յուսահատ: Անցաւ Փարիզ, ուր չկրցաւ վերագտնել իր առողջութիւնը եւ 18 Մարտ 1960ին, ընդմիշտ մեկնեցաւ մեզմէ, սուցի մէջ ձգելով զինք սիրողներու բազմութիւնը:

Աւօ
«Յառաջ», Փարիզ
Չորեքշաբթի 28 Ապրիլ, 1960
36րդ Տարի, Թիւ 8285