Խոր ցաւով կը տեղեկանանք դաշնակցական հին ու քաջ զինուորներէն՝ ընկ. Սարգիս Չաթալեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Փրովիտէնսի մէջ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 9-ին:
Հանգուցեալը, որ ծանօթ էր Պուլկարացի Սարգիս անունով, ծնած էր Պուլկարիա: Աշակերտած էր իր երիտասարդութեան՝ Հ. Յ. Դ. Զինուորական վարժարանին, որուն առաջին շրջանաւարտներէն եղած էր: ?-ին անցած է Կովկաս, ուր մասնակցած է հայ-թաթարական կռիւներուն: Յետոյ, անցած էր Վան, 1906-ին եւ եղած է զինուորական մարզիչ: Մասնակցած է բազմաթիւ հայ-թրքական կռիւներուն եւ ահաբեկչական ձեռնարկներու, Վանի մէջ: 1908-ին, Օսմ. Սահմանադրութեան, ամուսնանալով Որբանոցի աղջիկներէն Մարինէի հետ, փոխադրուած է Ամերիկա ու հաստատուած Փրովիտէնս:
Ունի երեք մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներ, որոնց բոլորին ալ տուած էր համալսարանական կրթութիւն:
Զոհաբերող, անվախ եւ ընկերական անձ մըն էր եւ քանի մը տարի առաջ Պէյրութի Փալանճեան Ճեմարանին նուիրած էր 5000 տոլարի գումար մը:
Հաւատարիմ դաշնակցական էր եւ մինչեւ իր մահը գործնապէս կը մասնակցէր մեր բոլոր ձեռնարկներուն, կատարելով իր պատականութիւնը, ազգային ու կուսակցական: Իր մահով կ'անհետանայ հին հայդուկ մը:
Յարգա՜նք իր յիշատակին: