21 March, 2023

Յայտարարութիւն ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր Ժողովի

ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ,

Մարտ 21ին փակուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ԺԲ. Ընդհանուր Ժողովը: Պատմական բացառիկ պարագաներու մէջ գումարուած էր Դաշնակցութեան գերագոյն ատեանը, գծելու համար քաղաքական այն ուղին, ուրկէ պիտի ընթանայ Կուսակցութիւնը յառաջիկայ տարիներու ընթացքին: Դաշնակցութեան Բարձրագոյն Ժողովին մէջ խմբուած պատգամաւորները, որոնք եկած էին աշխարհի չորս ծագերէն, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, պատմական վայրկեանի յստակ գիտակցութեամբ, հանգամանօրէն քննեցին բոլոր հարցերը և բացառիկ համերաշխութեամբ տուին պատշաճ որոշումները հայ կեանքը յուզող բոլոր հրատապ խնդիրներու առթիւ: Անոնք ջանացին որ ԺԲ. Ընդհանուր Ժողովը դարձակէտ մը դառնայ մեր կեանքի մէջ, նոր թափ մը տալով Դաշնակցութեան գործունէութեան:

Պատմական անցքերը հրամայաբար կը հարկադրեն մեզ որ Դաշնակցութիւնը ընդգրկէ աւելի գործօն քաղաքականութիւն, արժանաւորապէս դիմագրաւել կարենալու համար գալիք դէպքերը: Առանձնաբար Հայ գաղթաշխարհը յառաջիկայ տարիներուն պիտի գիտնայ մէկտեղել իր ոյժերը, խմբուիլ ընդհանուր և համահայկական դրօշի մը շուրջ այն գիտակցութեամբ, որ իրեն վճռական դեր վերապահուած է Հայ Դատի լուծման մէջ:

Ընկերներ և Հայրենակիցներ,  աշխարհը կը պատրաստուի մեծ և ճակատագրական անցքերու, այս պատմական վայրկեանին Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը արթնութեան կը կոչէ հայ Ժողովուրդը այն խոր հաւատքով, որ եթէ կամենանք, պիտի կարենանք մեղմել մեզ սպառնացող վտանգները: Հայ Դատի ուխտեալ թշնամիներու բոլոր ճիգերը անցան ապարդիւն. Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ մնալ միակամ ու միասիրտ, միակ կազմակերպ ոյժը մեր ցիրուցան ժողովուրդի: Անվերապահօրէն զօրավիգ հանդիսանանք անոր, միշտ յիշելով, թէ ինչ որ կուտանք Դաշնակցութեան, կուտանք հայ հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:

Ծանր է մեր ուղին, Ընկերներ, տակաւին շատ փորձութիւն, մեծ զոհաբերութիւն ու նահատակութիւն կը սպասեն մեզ: Տոգորուած, սակայն մեր գաղափարի վեհութեամբ: Ներշնչուած մեր յեղափոխական փառաւոր անցեակէն, ապաւինած մեր ժողովուրդի աննկուն կամքին, հանիզիւաղ ներ դատի արդարութեան, առաջ քալենք համարձակ ու վճռական քայլերով: Ո՛ւր և ըլլանք, Հայաստանի մէջ թէ անոր սահմաններէն դուրս, Սիպերիոյ տաժանավայրերուն մէջ թէ օտարութեան ափերուն, գիտակցինք այն բարձր առաքելութեան, որ պատմութիւնը դրեր է մեր կուսակցութեան վրայ: Համախմբուինք մրրիկներ ապրած անոր յեղափոխական դրօշին շուրջ, պինդ փարինք անոր, ամուր սեղմենք մեր շարքերը, վստահ, որ հեռու չէ ազատութեան ժամը:

Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքները աւարտելէ առաջ սրտագին ողջոյնի ջերմ խօսք կ'ուղղէ բովանդակ հայ ժողովուրդին և խորհրդային ամբողջ տարածութեան վրայ ցիր ու ցան, բանտերուն, արգելարաններուն և աքսորավայրերուն մէջ մաքառող բոլոր յեղափոխական մարտիկներուն և դաշնակցական ընկերներուն:

Ընկերնե՛ր, տարածութեամբ թէև հեռու, սակայն սրտով ու մտքով մենք ձեզ հետ ենք, ձեր գաղափարները մերն են ու մերն են ձեր ցաւերը: Անհուն հիացումով ի տես ձեր լուռ նահատակութեան և ճշմարիտ հերոսութեանց, ձեզ հետ միասին կը գոչենք.

Կեցցէ՛ Հայ հերոսական աշխատաւոր ժողովուրդը.

Կեցցէ՛ Միացեալ Անկախ եւ Ազատ Հայաստանը.

Կեցցէ՛ Հայ Յեղ. Դաշնակցութիւնը:

Հ. Յ. Դ. ԺԲ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

«Ազդակ», Օրաթերթ
Երեքշաբթի, 11 Ապրիլ 1933
Է. Տարի, Թիւ 25