22 March, 2023

Ալէս Պարսամեան

Երեւանէն կը հաղորդեն, որ երկարատեւ հիւանդութենէ մը յետոյ, վախճանւած է Վանի հին մարտիկներէն ընկեր Ալէս Պարսամեանը:

1894 թւականներուն, երբ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը առաջին անգամ ըլալլով մուտք կը գործէր Վանի մէջ, Կվկասէն եկած պրոպագանդիստներու միջոցով, ընկեր Ալէսը իր անբաժան ընկերներու՝ Թէոսի եւ Արմենակի հետ մտան կուսակցութեան շարքերու մէջ եւ դարձան այդ կուսակցութեան Վանի առաջամարտիկներ եւ գլխաւոր նեցուկներ:

Ալէսի, Թէոսի եւ Արմենակի խումբը յայտնի է եղած Վանի մէջ իր յեղափոխական եռանդուն գործունէութեամբ: Ընկեր Ալէսը մասնաւորապէս մասնակցած է Վանի մէջ սկսւած կուսակցական բազմաթիւ դաւադիր ու գաղտնի գործերու:

1915 թւի ապրիլեան կռիւներուն մասնաւորապէս ղեկավարած է ռազմիկ խմբեր, երեւան հանելով մեծ խիզախութիւն եւ քաջութիւն:

Ալէսը ունեցած է ճշմարիտ յեղափոխականի երեք գլխաւոր յատկութիւններ՝ խիզախութիւն, համեստութիւն եւ գաղտնապահութիւն: Չնայած, որ նա տարրական կրթութիւնէ բարձր զարգացում չունէր, բայց ունէր բնատուր խելք եւ հեռատես բնազդ: Նա սիրւած էր Վանի իր բոլոր ընկերներէն, առանձին յարգանք ու սէր կը վայելէր կուսակցութեան պարագլուխներէն. միշտ պատրաստ էէր անբարբառ եւ անտրտունջ գործադրել կուսակցութեան կեդրոնի վճիռները: Գաղտնի եւ դաւադիր գործերու մէջ մանաւանդ Ալէսը երեւան է հանած միշտ առանձին ընդունակութիւն եւ ճարպիկութիւն:

Մօտ տասնեւհինգ տարի նա ապրած է գաղտնի, խոնաւ նկուղներու, հորերու մէջ եւ լեռներու վրայ: Այդ չարքաշ, վտանգաւոր ու սարսափելի կեանքին, նա դիմացեր է սիրով եւ համբերութեամբ: Թէեւ վերջ ի վերջոյ կրցաւ նկուղներէն ու պահարաններէն ազատւել, բայց անոր առողջութիւնը չդիմացաւ եւ դէպի Կովկաս եղած Վանի մեծ գաղթէն յետոյ, քայքայւեցաւ ֆիզիքապէս եւ ենթարկւեցաւ անկողնոյ:

Հիւանդութիւնը՝ ֆիզիքական եւ հոգեկան, անհամար տառապանքները մաշեցին զինք եւ առաջնորդեցին մահւան:

Իր մահը եղաւ իր կեանքին պէս տանջալից եւ անաղմուկ. բայց իր հոգին, իր յիշատակը, միշտ բարձր եւ անմահ պիտի պահւի բոլոր այն ընկերներուն քով, որոնք ճանչցած ու սիրած են զինքը:

Ալէսի կատարած գործը պերճախօս ապացոյց մը կը մանյ իր անմահութեան:

Լեման
«Հորիզոն», Թիֆլիս
Չորեքշաբթի, 17 (4) Ապրիլի, 1918
12րդ Տարի, Թիւ 71

Ալէս Պարսամեան

...

Այս հապճեպ տողերով անկարելի է մեզ համար – գծագրել այդ պայծառ դէմքը, այդ անբիծ հոգին, որ ամբողջ քսան տարի շարունակ Վասպուրականի յեղափոխական հորիզոնի վրայ՝ իբրեւ լուսաւոր աստղ մը, իր համեստ, անպաճոյճ լոյսով կը փայլէր, որ զարդն էր մեր հայդուկներու շարքին, որ պսակն էր մեր ընկերական լայն շրջանակին՝ առաքինութեան տիպար, ազնիւ, անշահախնդիր, անձնուրաց, յանդւոգն ու անվեհեր:

Հասարակ ընտանիքի զաւակ, շատ սահմանափակ կրթութեամբ՝ ոչինչ ունէր անիկա արտաքուստ փայլուն, ցուցադրելի, շլացնող, բայց իր անապակ սիրտը, իր յեղափոխականի խառնուածքը, իր մարտական դաստիարակութիւնը, իր վճռական եւ խիզախ կեցուածքը բարձրացուց աստիճանաբար Ալէս անունը, եւ ան դարձաւ այսօր հանրածանօթ, յայտնի, պատկառելի իր էութեամբ, իր բարձր հոգիով:

Ծանր եւ անբուժելի հիւանդութիւն մը երկու տարի շարունակ կրծեց անոր մարմինը, շնչակտուր ըրաւ, ծծեց անոր արիւնը, ցմաքեցուց անոր հիւը եւ ան՝ անզօր կսկիծով մը, անդարմանելի եւ խորունկ վշտով մը բաժնուեցաւ այս կեանքէն, չը կրնալով հասնիլ իր ընկերներուն, չը կրնալով մասնակցիլ այն ահաւոր գօտեմարտին, առանց որու՝ անիկա իր կեանքը կը համարէր անիմաստ, իր գոյութիւնն անմիտ:

Ալէսը իր ետեւէն թողուց լուսաւոր եւ խիստ պայծառ հետք մը սակայն. ողջ մնացողները թող հետեւին այդ շաւիղին, այդ լուսաւոր ճանապարհին. Ատով միայն պիտի կարողանան իր արժանի զինակիցները համարուիլ, ատով միայն պիտի կրնան անոնք բարձր եւ մաքուր պահել մեր վաղամեռիկ ընկերոջ խնկելի եւ լուսաւոր յիշատակը:

Փառք այդ անմոռաց յիշատակին:

«Աշխատանք», Երեւան
Բ. Տարի, Թիւ 89 (189)
Շաբաթ, 24 Մարտ, 1918

Ալէսը

Թուրքահայ ազատագրական շարժումը ունի նաեւ այնպիսի հազուագիւտ դէմքեր, որոնք իրական հերոսներ են եղած եւ սակայն անյայտարութեան ու մշուշի մէջ մնալով, անծանօթ են մնացեր: Անոնք լռիկ-մնջիկ, տասնեակ տարիներ առանց աղմուկի, առանց սեթեւեթի գործ են կատարած եւ մնացած են միշտ համեստ եւ միշտ անծանօթ:

Այդ տիպի անյայտ՝ բայց իրական հերոսներու շարքին կը պատկանի եւ մեր Ալէսը, որ այնքան տաժանքով բաժնուեցաւ կեանքէն մարտ 22-ի գիշերը, իր մենաւորիկ խցիկին մէջ, Երեւանի Սատովայա փողոցին մէկ անկիւնը:

Միշտ լռակեաց, միշտ համեստ ու գաղտնապահ եւ միշտ գործին գլուխը: Երկու ուրիշ սրտակից ընկերներու հետ, մտերիմ եւ սրտագին յեղափոխկան երրորդութիւն մը կը կազմէր Ալէսը, որոնցմէ մէկն ու մէկը միշտ կարելի էր տեսնել 1900-9 թուականներուն հայդուկի փախստական կեանքին մէջ, Վանի «Միրավի-Չագրի» յեղափոխականներու բոյն դարձած փողոցներուն մէկու յայտնի մէկ անկիւնը, որ «գէշոտ» կը կոչէինք եւ ուրկէ խնդրատուներն եւ գործ ունեցողները «պարոններու» մօտ կառաջնորդուէին «երրորդութեան» անդամներէն մէկն ու մէկի կամ անոնց հրահանգով իրենց ստորադաս գործակատներու միջոցով:

Ալէսը իր այդ լուռ ու մունջ գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ 1915 թուականը:

Նոյն թուի Ապրիլեան դիւցազնամարտի պատմութեան փառաւոր դրուագներէն մաս մը Ալէսին կը պատկանի: Նախրի փողոցի եւ Հաջի-Պաքրի զօրանոցին դէմ տարածուող հայկական դիրքերու ղեկավարութիւնը ինքն ստանձնեց ու յաջողութեամբ պսակեց իր վրայ դրուած յոյսերը, եւ երբ իւրաքանչիւր դրիքի ուժին համեմատ որակումներ տրուեցան, Ալէսի պահպանած դիրքն ալ «Տարտանէլ» յորջորջուեցաւ թշնամիներէն իր անառիկ հանգամանքին շնորհիւ:

Ապրիլեան դիւցազնամարտը վերջացաւ վանեցիին կատարեալ յաղթանակովը:

Վանը փոքր ժամանակ մը վանեցիին մնաց:

Հերոսամարտին շուրջը գեղեցիկ դրուագներ հիւսուեցան եւ սակայն իրական հերոսը հակառակ իր պայծառ գործին՝ նորէն անյայտարութեան ու մշուշին մեջ թաղուեցաւ ու անոր փոխարէն երկրորդական ոչնչութիւններ հրապարակ ողողեցին, իրենց անուան շուրջ ստեղուած ռէքլամներով:

1915-ի յուլիսեան նահանջէն ետք, Ալէսը ժամանակ մը ինքզինքը Բագու նետեց, բայց դեռ հայդուկային օրերէն իր մարմնոյ մէջ բոյն էր դրած ստամոքսային հիւանդութիւն մը, որ նահանջէն յետոյ հետզհետէ աւելի ծանրացաւ: Շատ չանցած Բագուէն Երեւան եկաւ:

Բնաւ չէր խորհեր մահուան մասին: Կը սոսկար մասնաւորապէս անկողնի մահէն:

Ալէսի ունեցած զայրոյթն ու ատելութիւնը իր հիւանդութեան հանդէպ բնական լաւատեսութիւնով մը համակած էին զինք դէպի իր առողջութիւնը, կը մտածէր ատել հիւանդութիւնը եւ ազատուիլ անկէ...

Փետրուարի 20-ի Երեւանի դէպքերու առթիւ խնդրեց իր ընկերներէն եւ ստացաւ հրացան մը, որ իր գլխուն վերեւ կը պահէր... յիշելով իր անցեալի երջանիկ եւ անմոռանալի օրերը:

Մարտ 21-ին իրիկնապահին, իրենց տան սանդուխներէն վեր բարձրանալ չկրցայ, որովհետեւ իմացայ որ ուշաթափուած վիճակին մէջ է եւ ոչ ոք կը ճանչնայ: Չուզեցի իր վերջին խռովքը տեսնել:

Յաջորդ առաւօտ՝ իր մահւոան գոյժն առի: Դառն կսկիծ մը համակեց ողջ էութիւնս:

Բան մը չունիմ իրեն ձօնելու: Ապագային հաւատացեալի իմ ջերմ եւ սրտագին համբոյրը իր թաց շիրիմին, ուր հանգիստ պիտի գտնէ այն ժամանակ միայն՝ երբ մենք մեր արիւնաթաթախ երկնակամարին տակ, մեր ծուատուած երկիրը գերագոյն ճիգով մը փրկելու երթանք:

Այդ էր իր պահանջը արդէն:

Հր. Բագրունի
«Աշխատանք», Երեւան
Բ. Տարի, Թիւ 89 (189)
Շաբաթ, 24 Մարտ, 1918

Ալէսի Թաղումը

Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք, մարտ 22-ի գիշերը մեռաւ մեր աննման ընկեր Ալէսը: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ (մարտ 23). դիակը Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիէն տարուեցաւ Կոնդի գերեզմանոցը, ուր թաղուեցաւ: Ալէսի դագաղին կը հետեւէին երկսեռ խուռն բազմութիւն մը եւ զինուած ընկերներ: Գերեզմանի վրայ մէկ քանի խօսք ըրաւ ընկ. Բ. Կապուտիկեանը: Սգապսակներ կային ի միջի այլոց Հ. Յ. Դ. Վասպ.ի Կ. Կօմիտէէն, Վանի զինուորներէն, «Վան» ոսկերիչ-փորագրիչ արհեստանոցի ընկերներէն եւն:

«Աշխատանք», Երեւան
Բ. Տարի, Թիւ 89 (189)
Շաբաթ, 24 Մարտ, 1918