20 March, 2023

Հին Հայդուկը.- Սմբատ

ԽՄԲ.- «Հայրենիք» հետեւեալ խորհրդածութիւնները կ'ընէ օգոստոս 5.ի խմբագրականով, հրամանատար Սմբատ Բարոյեանի մահուան առթիւ.-

Սմբատ մեռած է Երեւանի մէջ Յունիս 19ին: Խորհրդային Թերթերու մուտքը արտասահման արգիլուած ըլալլով, չգիտցանք թէ, Երեւանի թերթերէն որ եւ է մէկը տուա՞ւ գէթ չոր ու ցամաք լուրը հին, վաստակաւոր հայդուկին մահուան: Կը տարակուսինք: Երբ Քաջազնունիի մը կամ Նազարբէգեանի մը մահուան լուրն իսկ չարժանանար յիշատակութեան, ինչո՞ւ այդ պատուին Սմբատները պիտի արժանանային:

Բայց մեր սիրտը ճմլուեցաւ, երբ իմացանք որ Տարօնի լեռնաշխարհի վերջին ներկայացուցիչներէն մէկն ալ մեռած է: Հին արծիւ մը, անուանի հայոդկւ մը, որ տառապալից, նոյնիսկ ողբերգական կեանքէ մը ետք, փակած է աչքերը՝ միանալու համար, գէթ գերեզմանին մէջ, իր անուանի զինակիցներու փաղանգին:

Սմբատ զաւակն էր Տարօնի աշխարհին: Այնտեղ ստացած էր ան իր յեղափոխական մկրտութիւնը եւ հոն ալ հասակ նետած: Հայդուկներու ծննդավայրն էր ան Արաբօներէն մինչեւ Մարգար Վարժապետ, Մխօ, Սերոբ, Հրայր, Վահան, Գէորգ Չաւուշ, Վաղարշակ, Սպաղանցի Մակար, Մուշի Գեղամ եւ հարիւրաւոր ընտրեալներ այնտեղ ծներ ու գործեն եւ նահատակուեր են անոր լեռներուն վրայ, կամ մեռեր են այլուր՝ հայրենի սահմաններէն ներս կամ հեռու՝ միշտ մեր ժողովուրդին հետ եւ անոնց համար: Ուխտեալներու բանակին մէջ Սմբատ բացառութիւն չկազմեց. ան ալ ապրեցաւ Հայոց Աշխարհի ալեկոծ կեանքը, անվախ, աներկիւղ՝ միշտ դիմաւորեց մահը եւ մեռաւ հայրենի հողին վրայ:

Օր մը անշուշտ պիտի տրուի մեզի Սմբատներու կեանքի պատմութիւնը՝ իր այնքան հետաքրքրական ու կարեւոր մանրամասնութիւններով: Մեր յետնորդ սերունդներու դաստիարակութեան համար ատիկա շատ կարեւոր է:

Զարմանալի կուսակութիւն է Դաշնակցութիւնը. անիկա ժլատ է, յաճախ անխօս իր ամէնէն մեծ զաւակներու իսկ կեանքի ու գործի վերաբերմամբ: Յաճախ անոնց մահուանէն ետք իսկ, անոնց կեանքը կը մնայ մեզի համար փակ գիրք մը: Կը վառին անոնք մոմի մը պէս, կ'արձակեն լոյս եւ կը մարին օր մըն ալ: Ու ոչ ոք կը գիտնայ թէ ինչ ըրին անոնք եւ ինչ ճամբաներ լուսաւորեցին: Գործողներու հանդէպ մեր այս յամառ լռութիւնը առաքինութի՞ւն մըն է արդեօք: Չգիտենք: Իրողութիւնն այն է սակայն, որ ինչպէս բոլոր մեծ նահատակներու, Սմբատներու մասին ալ ցարդ շատ քիչ խօսուած ու գրուած է:

Սմբատի անունը առաջին անգամ լսուեցաւ 1904 թուին Սասնոյ մեծ ապստամբութեան օրերուն: Բռնկած էր Լեռնաշխարհը: Այնտեղ էր Անդրանիկը – Ապստամբութեան վարիչը եւ առաջնորդը: Հոն էին Հրայրը, Վահանը,Գէորգ Չաւուշը, Քեռին, Մուրատը, Սեպուհը, Կոտոյի Հաճին, Մանուկը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Այդ օրերուն իսկ Սմբատը պարզ զինուոր մը չէր, ան արդէն վարիչներէն էր: Արի եւ յանդուգն, ան փայլած է իր քաջութեամբ, խիզախութեամբ եւ ղեկավար մարտիկի ընդունակութիւններով:

Տարիներ ետք Սմբատ յայտնուեցաւ Կովկասի մէջ՝ հայ-թաթարական կռիւներու օրերուն: Բագուէն ետք, ուր այնքան աւերներ գործուեցան, փոթորիկը պայթեցաւ Երեւանեան նահանգի զանազան մասերուն մէջ եւս: Թաթար խուժանը, ուր որ կրցաւ, ջարդեց ու հրդեհեց, կողոպտեց տուներ ու խանութներ. բռնաբարեց կիներ, սրբաղծեց վանքեր ու եկեղեցիներ: Ինչպէս այլուր, այս նահանգին մէջ ալ, թշնամին զսպուեցաւ շնորհիւ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութեան, որուն վարիչ ուժը եղաւ աննման առաջնորդ մը՝ Նիկոլ Դումանը: Նիկոլի ղեկավարութեան տակ Սմբատ գործած է Երեւանէն ոչ շատ հեռու՝ Ղամարլուի շրջանին մէջ: Եւ հոս ալ ան եղած է նոյն արի մարտիկը եւ յանդուգն ու հաւատարիմ զինուորը:

Վերջապէս, առաջին մեծ պատերազմի օրերուն, Սմբատ մասնակցած է Հայ Կամաւորական Շարժման եւ եղած Անդրանիկի օգնականներէն:

Երբ ցարական կառավարութեան դաւադիր կարգադրութեամբ վերջ գտած է կամաւորական շարժումը, Սմբատ իր կարգ մը զինակիցներուն հետ գործած է Պուլանըխ-Մանազկերտի շրջանին մէջ եւ մղած է ինքնապաշտպանական կռիւներ:

Կանգնած ձախէն՝ Բէնօ (Իգդիրցի), Նադօ (Մշեցի), Մուրադ (Խարաբշատցի, Մուշ), անյայտ
Նստած՝ Եղիշէ Պահլաւունի, Զօրավար Սմբատ Բորոյեան
(Նկարը ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին)

1920 թուի հայ-թրքական պատերազմի օրերուն, ան եղած է Ալեքսանդրապոլի շրջանին մէջ եւ արիւնալի կռիւներու ընթացքին Արագածի տակը ծանրօրէն վիրաւորուած է:

Կարճ ժամանակ ետք, իր հիւանդ, վիրաւոր վիճակին մէջ իսկ ան իր մասնակցութիւնը բերած է 1921 թուի Փետրուարեան Ապստամբութեան կռիւներուն:

Մարտական հարուստ կեանք մը ապրած է Սմբատ: Եւ անկասկած, ան իր տեղը ունի մեր ազատագրական կռիւներուն պատմութեան մէջ: Դժբախտաբար ան ունեցաւ նաեւ իր սայթաքումները:

Միամիտ ու անգրագէտ, ան յաճախ դարձաւ գործիքը չարամիտ մարդոց, որոնք ուզեցին օգտուիլ անոր անունէն ու դիրքէն՝ հասնելու համար իրենց յետին նպատակներուն:

Դժբախտաբար, ան ցոյց տուաւ այդ տկարութիւնը Երեւանէն սկսած, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին:

Մեր անկախութեան խորտակումէն ետք, շատերու հետ Սմբատ ալ անցաւ արտասահման, եւ ի վերջոյ Ամերիկա: Մեր կուսակցութեան եւ իր հայրենակիցներու գուրգուրանքին առարկայ եղաւ ան: Ցոյց տրուեցաւ անոր նիւթական ու բարոյական ամէն աջակցութիւն: Դժբախտաբար ան այստեղ չկրցաւ պահել ինքզինքը, դարձաւ գործիքը ոմանց:

Կարծելով որ ինչպէս զէնք կը շարժէ ու զինուորներ կը վարէ կռուի դաշտին մէջ, նոյն դիւրութեամբ կրնայ եւ գրիչ ալ շարժել, ուղղութիւն տալ մեր հանրային եւ կուսակցական կեանքին, ան ստորագրեց թուղթեր, ծառացաւ նոյնիսկ զինքը ծնող Կազմակերպութեան դէմ. ան այնքան առաջ գնաց, որ ծրագրային հարցեր իսկ արծարծեց՝ ուզելով դառնալ առաջնորդը նոր հոսանքի մը: Եւ չարաչար սխալեցաւ: Կազմակերպութիւնը պատժեց զինքը:

Այսօր իր մահուան լուրը ամէնէն աւելի մեզի ցաւ կը պատճառէ: Մեզի համար կարեւորը իր գործն է. իր թերութիւններուն գլխաւոր, կարելի է ըսել միակ պատասխանատուն ուրիշները եղած են: Այս վերջիններն են որ ուզեցին օգտուիլ անոր բոլոր տկարութիւններէն եւ ի հաշիւ իրենց նպատակներուն, առաջնորդել զայն սխալէ սխալ: Այսօր Սմբատի «գրութիւնները» իրենց թերթերուն մէջ հիւրընկալողները երկու խօսք իսկ կը զլանան գրելու իրենց զոհի մասին, որ անկասկած եղաւ փայլուն մարտական ուժ մը՝ նուիրուած միշտ իր ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան դատին:

Թոյլ ու տկար մարդոց սխալներուն հանդէպ պէտք է միշտ ըլլալ ներողամիտ: Պէտք է տեսնենք եւ գնահատենք անոնց գործը միայն: Եւ անկասկած, Սմբատ եղաւ գործի ու կռուի մարդ մը: Եւ պիտի չմոռցուին Սմբատները քանի կ'ապրի հայ ժողովուրդը եւ կը մնայ կենդանի անոր Դատը:

«Յառաջ», Փարիզ
Հինգշաբթի, 26 Օգոստոս 1954
30րդ Տարի, Թիւ 7454