08 May, 2023

Կառավարիչ Արամի Առաջին Յայտարարութիւնը

Հայ Ժողովուրդին

Քաղաքացիներ,

Ռուսական յաղթական բանակի առաջխաղացումը նոր դարագլուխ եւ իրաւակարգ կբանայ մեր քաղաքի ու գաւառներու իրաւազուրկ ժողովուրդին համար: Դարերու ստրկութեան եւ քաղաքական ճնշումներու վախճանն է, որ մենք կապրինք այս օրերուն, հայ ժողովուրդի շինարար եւ ստեղծագործող ոգիի ծնունդն է, որ մենք կտօնենք այժմ:

Ռուս զօրքերու հրամանատարը, գեներալ Նիկոլայէվ գնահատելով Վասպուրականի հայ ժողովուրդի հերոսական ջանքերը թուրք կառավարութիւնը անզօր դարձնելու իր ազգասպան քաղաքականութեան մէջ եւ հաւանելով հայ ժողովուրդի ազգային կուլտուրական ձգտումները, բարեհաճեցաւ մայիս 1915, թիւ 16 մասնաւոր հրամանագրով* ինձ նշանակել քաղաքի եւ շրջանի կառավարիչ, եւ կազմակերպել նոր գործը իր բոլոր ճիւղերով:

Այսօր արդէն կազմակերպւեցան ոստիկանական, դատական, գիւղատնտեսական, գաղթականական քաղաքապետական եւ այլ վարչութիւններ:

Ասով կը յայտարարեմ ամբողջ ժողովուրդին, որ նոր կառավարութիւնը կազմակերպւած ըլլալով, անհրաժեշտ է բոլոր գործերու համար դիմել նոր կառավարութեան յանձնախումբերուն քաղաքի եւ շրջակայքի մէջ բնականոն վիճակ ստեղծելու համար:

Ներկայ պատմական պատասխանատու օրերուն մէջ հայ ժողովուրդը միայն մէկ նշանաբան պիտի ունենայ – համախմբուիլ ամբողջ եռանդով կառավարութեան շուրջը, վերակազմակերպելու համար կեանքը քաղաքի ու շրջանի մէջ – արժանի լինելու քառորդ դարէ աւելի մղած պայքարի մէջ ընկած հերոսներու յոյսերուն ու յիշատակին. ու միշտ բարձր պահելու հայ ազգի կուլտուրական պաշտօնի գիտակցութիւնը Փոքր Աստիայի այս ծայրագաւառի մէջ:

Ռուս գեներալը մեր այս յոյսերուն լիակատար գիտակցութեամբ էր, որ հայ ժողովուրդի եւ իմ հանդէպ ցոյց տւաւ այդ մեծ վստահութիւնը:

Քաղաքացիներ, ձեզ կմնայ մեր այդ յաւակնութիւնենրուն եւ յոյսերուն ընդառաջ գնացող յաղթական բանակի եւ գեներալի վստահութիւնը բացարձակապէս արդարացնել եւ աւելի լաւագոյնին արժանի ու պատրաստ գտնուիլ:

Վանի շրջանի կառավարիչ
ԱՐԱՄ
1915 մայիս 8

* Հետեւեալն է Կովկասի փոխարքայի հեռագիրը, քաշւած զօր. Նիկօլայէվի, որով ան կհաստատէ Արամի Վանի կառավարչութեան պաշտօնը.–
  «Կհաստատեմ ձեր նշանակած կառավարիչ Արամ Մանուկեանի ընտրութիւնը՝ իբրեւ Վանի եւ շրջանի նահանգապետ: Անոր յանձնեցէք նշանակել բոլոր պաշտօնեաները առայժմ բացառապէս հայերէ»:

«Հայրենիք», Պոսթըն
Հինգշաբթի, Օգոստոս 12, 1915
17րդ Տարի, Թիւ 1053