Առաջին Սուրհանդակներէն. Ղարամելիք, Հայկ-Մելիք Դադայեան, Բագրատ վարդապետ Թաւաքալեան (Զաքքի) Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան Հիմնադրամին |
Մայիս 6ին Թիֆլիսի մէջ մեռաւ Բարսեղ Մելիք-Գրիգորեան:
Քիչերուն ծանօթ է այս անունը. մինչդեռ հանգուցեալը մէկն էր այն այլեւս սակաւաթիւ վէտէրաններէն, որոնք բախտը ունեցած էին ողջունելու հայ ըմբոստացման արշալոյսը:
Տակաւին 80ական թւերու սկիզբները, երբ դեռ գոյութիւն չունէին հայ քաղաքական կուսակցութիւններ, Մելիք-Գրիգորեանը, վարվռուն ու խրոխտ պատանի մը, անցաւ Հայաստան՝ իբրեւ յեղափոխական քարոզիչ, եւ քիչ ետքը Ղարամեիքի անունը Կարինի շրջանի մէջ արդէն ընդհանուր ժողովրդականութիւն կը վայելէր:
Ինք ներկայ էր Կարինի առաջին կոտորածին, որու մասին գիրք մը գրեց, մէկը մեր անդրանիկ յեղափոխական հրատարակութիւններէն:
Այնուհետեւ, Կովկաս վերադառնալով, Ղարամելիքը եռանդուն գործունէութեան սկսաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ. Եւ ինըսունական թւերուն՝ Երեւանեան Դաշտի եւ Ատրպատականի մեր երիտասարդ գործիչները ոգեւորութեամբ կը խօսէին իրենց հին ընկեր «Բիձա»ի մասին:
Վերջին տարիները Բարսեղը քաշւած էր գործէն, որովհետեւ թուրքական եւ ռուսական բանտերը քայքայած էին իր առողջութիւնը, եւ ան յաճախ անկողնին կը ծառայէր: Ու ահա այժմ կ'առնենք իր մահւան գոյժը:
Բարի, ընկերասէր, առատաձեռն մարդ մըն էր Բարսեղը, որ իր բաւական խոշոր կարողութիւնը դրաւ ի սպաս գործին: Շատ մը կարիքաւոր ընկերներ մինչեւ օրս ալ անշուշտ երախտագիտութեան անկեղծ զգացումով կը յիշեն այն օգնութիւնը, զոր ան հասցուցած էր իրենց:
Յարգա՜նք հայ ազատագրական շարժման ռահվիրայի շիրմին:
Հայ Ազատագրութեան արիւնոտ արշալոյսին ան ալ, հայ մարտական ուժի սակաւաթիւ վէթէրաններէն մէկը, փակեց իր աչքերը յաւիտենապէս, որ 80ական թւականներէն ի վեր իր ամբողջ ուժն ու կորովը նւիրաբերած էր այսօրը ստեղծելու համար:
Իր գործունէութեան մեծութեան չափ մեծ էր նաեւ իր համեստութիւնը, ահա թէ ինչու իր անունը այնքան ալ ծանօթ չէ լայն շրջաններու մէջ:
Ամերիկահայութիւնը եթէ քրքրէ իր յիշողութիւնը, իր աչքին առջեւ պիտի սեւեռւին Ղարա-Մելիքի պատկառելի դէմքը, որ երեւցաւ Ադլանդեանի այս օտար ափերուն վրա, 1904ին, ուր իր երեք-չորս ամիսի կեանքով խոր տպաւորութիւններ կրցաւ թողուլ մօտիկ շրջանակներուն մէջ:
Ղարա-Մելիքի յեղափոխական գործունէութիւնը կսկսի ութսունական թւականներուն, երբ տակաւին քաղաքական ոեւէ կազմակերպութիւն գոյութիւն չունէր: Ան աւիւնոտ ու եռանդուն պատանի մը անցաւ Կարինի շրջանը, իբր յեղափոխական քարոզիչ եւ շուտով վայելեց մեծ ժողովրդականութիւն: Կարինի առաջին կոտորածին իբր ականատես վկայ՝ գրեց իր յիշատակները, որ կարելի է նկատել անդրանիկ յեղափոխական գիրքը ժամանակակից ըմբռնումով:
Կովկաս վերադարձին Ղարա-Մելիք Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ գործունէութեան մեծ բաժին մը վերցուց եւ իննսունական թւականներուն Երեւանեան դաշտի ու Ատրպատականի շրջանին մէջ «Բիձա»ն արդէն յայտնի դէմք էր իր տենդոտ գործունէութիւնով:
Հայ յեղափոխական պատմութեան մէջ ան իր էջերը պիտի ունենայ, որի առջեւ յաջորդող սերունդներ երկիւղածութիւնով պիտի խոնարհին: Իսկ այսօր, այս պատմական օրերուն մենք իր թաց հողակոյտին առջեւ Հայ Ազատագրութեան ալելուն կերգենք, որի համար ամբողջ կեանք մը սպաս դրաւ մեր Ղարա-Մելիքը: