10 May, 2023

Բաղէշի Պանթէոն. Շամիրամայ Սողոն

Պահեր կան, որ դարեր կը պարունակեն իրենց մէջ, եւ ուր մարդս յուշերու անծայրածիր շարք մը կը վերապրի կեանքի վշտալիր ու հեշտալիր զուգորդումներու համադասութեամբ:

Ամպամած ու թախծոտ իրիկնապահ մը,– որ Սողոյի նահատակութեան խորհրդանիշն է – ինծի համար նման մոգական լապտեր մըն է խորհրդաւոր, մտահայեցողութեանց առաջ երփներանգելով ծաղկազարդ կարաւանը ամբողջ գործունէութեան անոր հերոսական կեանքին:

Սողոն, ծածկանուն Զամանխան – Բաղէշի Շամիրամ գիւղացի, բացառիկ հարուստ ընտանիքի զաւակ էր: Հազիւ 12 տարեկան, նահանգի մէջ համբաւաւոր հայրը կը մեռնի թուրքական բանտի նկուղի մը մէջ, իբր նոխազ անմեղութեան, եւ իր արդար արիւնով վրէժխնդրութեան կեղեքիչ կայծ մը կը զետեղէ Սողոյի մատաղ սիրտին մէջ:

Դատապարտւած համբերութեամբ, Սողոն կը ջամբէ սրտին տիրապետած թունաւոր պարազիտը, մինչեւ որ Վոսփորէն կրկին կը տեղայ 95 թիւի հայութեան հնամի ճակատագիր արեան յորդառատ սարսափը: Հպատակուելու ստրկամիտ հովանաւորութենէն խոյս տալով, երեք ընկերներով Սոխորդ գիւղը, ըմբստութեան հայր Սերոբ Աղբիւրի քով կ'երթայ, յորդացող դիակապուտ ամբոխը ջախջախելով, իր անդրանիկ համեստ կամքը կատարելու:

20 տարեկան էր Սողոն, որ «գրուեցաւ Սերոբ-Աղբիւրին զինուոր» եւ չնայած նոր գաղափարի սեպաձեւ խոչնդոտներուն՝ կը տրամադրէ Նեմրուտի Արծուի երամին, ինչպէս տեղացիներ կը կոչէին «վանքտունը» ու պատմական Նեմրուտի կուրծքին թառած Շամիրամ գիւղը:

Հասաւ ահռելի ռէակցիան... Կրտան Ալի պէկի եւ «զաբթիա կօմանդան» Իզզէթ փաշայի կոտորելուն խարանելու, մորթազերծ ընելու եւ ողջ ողջ վառելու շրջանը իր լեղի բաժակները, յատուկ եղանակով մը, Սողոյին եւս կը մատուցանէ եւ հանճարեղ տանջանքներէ վերջ, ճիշդ իր հօր սպանդանոց նկուղին մէջ շղթայակապ կալանաւորուելու կը վիճակէ: Տանջալցից 17 ամիսներէ ետք, թուրքական միական իրաւաբան կաշառքներով ազատուեցաւ բանտէն ու դեռ մէկ քանի ամիս չանցած, առանց զգուշութեան խուսափանքներու, վառեց նորէն ինքը, առաջին անգամ, Նեմրուտի փարոսը, ասպնջակելու համար Դաշտէն հալածուող Հրայրը՝ 12 ընկերներով: Վանի, Պիթլիսի եւ Սասունի շրջաններու գործիչներէն սկսած մինչեւ ամենահասարակ զինուոր, հազիւ թէ բացառութիւններ ըլլան, որ չեն հանգստացած Սողոյի հանգրուան. չեմ կարող համոզուիլ՝ թէ կայ մէկը որ չի վայելած անոր պատկառելի մօր յարգանքի կարգ անցած հիւրընկալութիւնը:

Ռէակցիան ամփոփուելու փոխարէն կը նկրտէր յար տարածելու իր վամբիրի մագիլները: Մատնիչները կը բարդուէին երիզորդներու օղակներու նման... Սողոն էր դարձեալ, որ թողուց իր փափկասուն գերդաստան թուրքական բազմապատիկ հալածանքներու տակ ու զէնք վերցուց տեռօրիստական որոմնահունձքը կատարելու:

Փախստական դառնալով, անցաւ երկու տասնեակ հայդուկներու գլուխը, սկսաւ հարթել Վանէն Սասուն յարաբերող միակ ուղին՝ աւելի լայնածիր շրջագիծով: Չափչփելով Նեմրուտն ու Գրգուռը, Սիփանն ու Անտոքը, Սերոբ փաշայի նշողն էր որ կ'արծարծէր կրկին Նեմրուտի փէշերուն վրայ եւ քիւրդական երգերը արդէն բանահիւսուած էին, անոր քաջութեան գովքն ընելու:

Նկարը՝ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան մասնակից յայտնի մարտիկներ եւ գործիչներ են:
Աջին՝ Սօղոն է

1904-ի Սասունի ապստամբութեան, Անդրանիկի ղեկավարութեամբ, հերոսական դիմադրութենէ ետք, երբ մերոնք ռամզամթերքի պակասութիւնէն ստիպուած Վասպուրական-Կովկաս ճամբան բռնեցին, երկար օրերու խոնջանքի բեռը նորէն հինաւուրց հանգրուան Շամիրամ դրին եւ հանգստացան Նեմրուտի ասպնջական ժայռերու շուաքներուն տակ:

Թուրք հետախոյզները երկու օրէն վերջ պաշարեցին գիւղը եւ սկսաւ առօրեայ աշխատութիւն դարձած կռիւը: Սողոն Զուլումաթի եւ ուրիշ ընկերներու հետ բռնելով եկեղեցու տանիքի պատասխանատու դիրքը, կռուեցաւ մինչեւ իրիկուն եւ առիւծաբար ճեղքելով թշնամու շղթան՝ միացաւ խումբի հետ, դուրս եկաւ դիմելու դէպի Աղթամար:

Աղթամարէն Գէորգ Չավուշ յիսնեակով մը եւ Սողոն ալ քսանեակով մը վերադարձան կրկին, մէկն աւերուած Սասուն, միւսն՝ աւերակ Շամիրամ: Յուսաբեկութիւնը ծածկած էր երկու մարտիկներու նորէն թեւակոխած հորիզոնները: Մատնութիւններու ծայրայեղութեան էին հասեր: Ռուբէնն ալ հասաւ Գէորգին օգնութեան՝ դաւաճանութիւնը սանձահարելու, բայց աւաղ դաւը լարուեցաւ աւելի մանուածապատ ու Սուլուխի մէջ նահատակուեցաւ աննման հայդուկ Գէորգ Չավուշը:

Սողոն ալ, իր շրջանի Ջրհոր եւ Սոխորդ գիւղերու մէջ, երկու անգամ ենթարկուեցաւ Թուրքերու վճռական պաշարումներուն, բայց պարզերես դուրս եկաւ՝ առանց ոեւէ զոհի:

Արճէշի անմշակ ու խոպան գիծն ալ հարկ էր պատրաստել: Այդ ալ վիճակուած էր Սողոյին: Արամի եւ Իշխանի որոշմամբ, Սողոն անցաւ Վան, Արճէշ երթալու համար: Բայց անպարտելի պատնէշներէն ստիպուած երկու տարի Արամի քով մնաց, իբրեւ անբաժանելի ընկեր եւ ապա անցաւ Ականց, որպէս լիազօր-կազմակերպիչ՝ համակիր քիւրդ Ալի պէկի հետ գործակցելով՝ տխրաճռչակ Քէօռ Հիւսէյին փաշայի բարաբրոս արարքները կասեցնելու համար: 7-8 անգամ ուժեղ կռիւներու բռնուեցաւ, որոնք կատարեալ կերպով հանրացուցին իր անունը, շրջանի մանաւանդ Քիւրդերու մէջ եւ հիւսեցին կրկին քիւրդական երգեր...: Կատարելով իր ստանձնած գործը, իր հարթած նոր ուղիով սկսուեցաւ երթեւեկութիւնը: Զոհելով ամէն ինչ, գործեց անխոնջ ու անվհատ, մինչեւ վրայ հասաւ սահմանադրութիւնը ու բոլորի հետ լոյս աշխարհ նետեց եւ Սողոն:

Յաղթական գոհունակութիւնը գեղանի դէմքին, ճերմակ, սիգաճեմ նժոյգը (ընկեր Ալի պէկի նուէր) նստած Զամանխան՝ Սարգիսի հետ մտաւ Բաղէշը, տարիներով զինքը եւ իր գերդաստանը հալածողներու հետ ողջագուրուելու ներողամտութեան վեհանձնութեամբ: Սովորական ձեւերէ ետք, գիւղացիներու բերկրալի ու յաղթական թափօրով եկաւ Շամիրամ, օր ցերեկով, ծննդավայրի գեղաժպիտ օր-արեւը վայելելու:

Սահմանադրութեան այդ մեղմ տարիներուն, չնայած որ տարրական կրթութիւն ունէր եւ իրականութիւնն ալ առժամապէս զէնքի տեղ գրիչ նախամեծարելու բռնզբօսիկութիւնը որդեգրած էր, բայց Սողոն իրեն միս ու ոսկոր դարձած գործունէութեան ուղին չընդհատեց: Բաղէշի վետերան Արմենակ Յոխիկեանի (Սլաք) հետ ձեռք ձեռքի տուած՝ նոր օր արեւ տեսնողներու եռանդով, սկսաւ գիւղեր շրջիլ փրօփականդի՝ զէնք առնելու, մակաբերելով որ զէնքով պիտի վերջանայ այդ իսկ «ազատութիւն բերող» սահմանադրութիւնը:

Հասաւ վերջապէս համեւրոպական պատերազմը եւ փութացուց մերոնց գուշակութիւնները: Գերմանիոյ դռնբացութեամբ բաց թողնուեցաւ մարդկայնութեան վանդակին մէջ կալանաւոր թուրքական արիւնպապակ վանբիրը: Ժէօն Թուրքերը լարեցին իրենց դժոխային երկերեսանի մեքենան եւ հայ գործիչներն ալ երկկողմանի քաղաքականութեան դատապարտուեցան, խաբելու եւ խաբուելու խոստանալու եւ թագցնելու, վստահանալու եւ չվստահանալու քաղաքականութիւն մըն էր այդ:

Թուրք կառավարութիւնը զինուորական ատեան (էրքանի հարպ) հաստատած, մահացու խիստ պատիժներ ազդարարած, Սողոյէն կը պահանջէր շրջանի զինուորացու 17-45 տարեկանները:

Առաջի գնացողները թուրքական դժնեայ եաթազային առաջին զոհեր կ'ըլլային, խոյս տալով ալ՝ ամբողջ նահանգին, կէս ձմեռուան մէջ, կոտորուելու պատճառ կը դառնային փակ դռներով սպանդանոցի անօգնական հօտի նման: Ժամանակ պէտք էր շահիլ, պէտք էր գարուն բերել աշխարհ, ճանապարհները բանալ գոնէ ճողոպրող զանգուածներու համար: Այստեղ էր, որ աւելի անգնահատելիօրէն փայլեց Սողոյի արժանիքը: Աննման ճկունութեամբ անցուց ամէն անանցանելին եւ բերաւ հասցուց ապրիլի վերջերուն: Վանի ինքնապաշտպանութիւնը եւ Ռուսերու յառաջխաղացումը ձգձգումներու վերջակէտը դրին...

Նախ այլեւայլն խոստումներով ու մերթ մահացու պատիժներով Հայերու զէնքերը հաւաքեցին: Սողոն վերջին ճիգով յայտնեց մշուշապատ իրականութիւնը, բայց ի զուր, Վանի նահանգի ահաբեկիչ կոտորածը սարսափահատ էր ըրած աւելի անպատրաստ ամբոխը եւ անարձագանգ թողնելով ընդհանուր ինքնապաշտպանութեան կոչը, անիկա իր միակ փրկութիւնը հլու հնազանդութեան մէջ կը փնտռէր: Բոլոր տեղերու զէնքերը հաւաքելէ ետք, պաշարեցին Շամիրամը, բայց Սողոն անոնց չար դիտումները կռահելով, զէնքի տէրերը վերցուցած քաշուեր էր հիւրընկալող Նեմրուտը: Չգտան ոչինչ, բայց ի լրումն իրենց գազանային զայրոյթին, ճանապարհին սպաննեցին Սողոյի համար բանտի մէջ մեռնող մեծ եղբօր տղան 17 տարեկան Մուշեղը: Սողոն հեշտութեամբ կարող էր աննշան խումբ մը զաբթիաներէն վրէժ լուծել, բայց մէջտեղ ժողովուրդը կար, որու համար ամբողջ 20 տարի կուրծք տուած էր փոթորիկներու, եւ որու համար գիտակցութեամբ պիտի երթար զոհուելու՝ ապրեցնելու յոյսով:

Կառավարութիւնը «բարի» խորհուրդ էր տուեր, որ Սողոն երթար Դատվանի միւտիրի հետ շրջիլ հայ գիւղերը փրկելու վերահաս վտանգէն:

Շրջանի գիւղերու ռէսները յուսահատուած, միամտօրէն կառավարութեան դուռը կ'երթան եւ կը խոստանան 1000 ոսկի նուիրատուութիւն մը, սրբազան պատերազմի օգտին ու կը պաղատին երաշխաւորութիւն Սողոյի կեանքի անձեռնմխելիութեան... Վստահացած մահմեդական սրբութիւններու խոստոմներուն՝ կը վերադառնան յուսահատուած:

Պայծառ առտուն մըն էր մայիսեան զովասուն օրերու, բոլոր գիւղերու պատգամաւորները եկած էին Սողոյին խնդրելու, որ երթայ անձնատուր ըլլայ կառավարութեան – երթայ մեռնէ, որ ապրի նահանգ մը:

Երկար մտածելէ ետք, Սողոն մահու եւ կեանքի ներքին պայքարի որոշումով, քանի մը խօսք ըսաւ, որոնք անոր չքնաղ հերոսութեան եւ վեհոգի անձնուիրութեան մակարդակն բնորոշող շարժուձեւերը կ'ըլլան անջնջելի: Ոտքի ելլելով, նահատակի մը ինքնագոհ թոնով, ըսաւ.– «Օր ցորեկուայ պէս կը տեսնեմ թակարդս, մեծ ուրախութեամբ կ'երթայի ժողովուրդի մը փրկութեան զոհուելու... Ափսո՜ս իմ մահը սակայն, եթէ չունենայ իր արժանիքը, եթէ իմ մահուանէն յետոյ ալ ըլլայ ձեզի այն ի՛նչ ըլլալու է... Եթէ ինձմով սկսի գալիք աղէտը, թոյլ ու ապիկար կ'ըլլամ ես...»:

Իսկապէս, որ լաւ կը տեսնէր «խոտի տակ պահուած օձը», բայց այսուամենայնիւ, առանց ուշք դարձնելու որբեւայրի մօր, կնոջ եւ հինգ փոքրիկներու աղեխարշ լաց ու կոծին, վերջին հրաժեշտ տուաւ ալեկոծուած, ժողովուրդի համար նահատակութեան կառափնատը երթալու պարծանքն ու վեհութիւնը արտափայլ դէմքին:

Գնաց ու խումբ մը զաբթիաներով, իրաւ որ ուղարկուեցաւ գիւղերը շրջելու, սակայն նենգամտութիւն մըն էր ատիկա, դժպիհ, որ ուրիշ շատերուն մահալից խորխորատը կը հրաւիրէր: Մայիսի 10-ի առտուն, Բաղէշի կուսակալի հրամանով Ախլաթէն բերուեցաւ Քէօռ Հիւսէյին փաշայի Համիդիէ խումբը եւ պաշարեցին Դատվանը: Հիւսէյին շատ կը փափաքէր ողջ ողջ բռնել, անզէն Սողոյէն իր հին վրէժը լուծելու նամարդութիւնը ընել, բայց Սողոն օրհասական ճիգով Դատվանցի ընկեր Դանիէլի եւ եւս երկու ընկերներով, իրենց տասնոց ատրճանակներով յարձակեցան առաջին ձեռք վերցնող զաբթիանեորւն վրայ եւ անոնց զէնքերը վերցնելով դիմադրեցին մինչեւ իրիկնապահը ու երբ փաշփուշտները հատան, ինկան հերոսաբար 5000-էն աւելի խողխողուած հարազատներու կողքին:

Նահատակուեցաւ գիտակցեալ մահով մը, զոր քիչերը կը կարողանան ստանձնել:

Տ. Շահպազ
«Աշխատանք», Երեւան
Ա. Տարի, Թիւ 58, 59