25 September, 2023

Թռուցիկ թերթ. ՀՅԴ Կ. Պօլսի Կեդրոնական Կօմիտէի (Թիւ 1)

Հայ եղբայրնե՜ր եւ Քոյրե՜ր,

Հայութիւնը ճգնաժամի մէջ:

Հնչակեաններուն ձեռքով կազմակերպուած Սեպտեմբեր 13-ի խաղաղ Ցոյցը, որով կուզէին Մայր-Հայրենիքի ահեղապէս անտանելի վիճակը վերջին անգամ հաւաքաբար պարզել Թուրք կառավարութեան եւ Եւրոպայի առջեւ,– այդ ցոյցը կոտորածի եւ անմիտ ու գազանային վրէժխնդրութեան առիթ մը եղաւ Թուրք բռնապետութեան համար. ոստիկանութիւնը ինքն էր որ զինեց ու գրգռեց հայերուն դէմ մայրաքաղաքիս սօֆթաներն ու թուրք խուժանը:

Ա՛լ համբերութեան չափն ու սահմանն անցած է. երբ կառավարութիւն մը կը խաբէ մեզ ու Եւրոպան աւելի քան տասնվեց տարիէ ի վեր, երբ կառավարութիւն մը լրբաբար կուրանայ Սասունի ջարդը եւ կը խաղցնէ Եւրոպան տասներեք ամիս անընդհատ, երբ կառավարութիւն մը նոր Սասուններ կ'ստեղծէ Երզնկայի, Կամախի, Շապին–Գարահիսարի եւ Հայաստանի բոլոր անկիւններուն մէջ եւ նոյնիսկ Պօլսի մէջ Եւրոպայի աչքին առջեւ բնաջինջ ընել կը ջանայ իր տարրական իրաւունքները պահանջող ժողովուրդ մը – ալ ինչ կ'սպասէք այդպիսի կառավարութենէ մը: Ո՛չ, ալ անցաւ խոստմունքի ժամանակը, ալ չը խաբուինք մենք սին խոստումներով եւ անարժէք թղթերով, իրական գործ մը պէտք է մեզ. ապահովութեան եւրոպական երաշխիք մը թուրքերուն հայակործան սիսդէմին դէմ: Թո՜ղ զուր չանցնի հերոսներուն եւ Պօլսի փողոցներուն մէջ ինկած անմեղ զոհերուն արիւնը, զոհեր որոնց դիակները Մարմարայի խորերէն բողոք ու վրէժ կը պահանջեն:

Չը խաբուինք խոստումներէն. մինչեւ որ մեր պահանջներուն Եւրոպական պետութիւններու կողմէն գոհացում չ'տրուի, խստիւ կը հրամայենք որ ամեն մարդ գոցէ իր խանութը, ոչ ոք ելլայ իր պատսպարանէն, ոչ ոք իր զէնքը վար դնէ, որովհետև նորանոր ջարդերու պատրաստութիւններ կը տեսնուին թուրք խուժանին մէջ, որուն դէմ կառավարութիւնը, եթէ ուզէ իսկ՝ որ յիմարութիւն է հաւատալ՝ անզօր է մեզ պաշտպանելու:

Եղբայրնե՜ր եւ Քոյրե՜ր:

Հասած է վայրկեանը, երբ պիտի ապացուցանէք, որ լաւագոյն կը համարիք դիւցազնաբար մեռնիլ, քան վատաբար փճանալ Մոնղոլիոյ անապատներէն փախած մարդակերպ գազաններու ճիրաններուն մէջ:

ՄԱ՛Հ կամ ԿԵԱՆՔ:

Վա՜յ անոր որ չաջակցիր յեղափոխական բանակին:

Կեցցէ՜ Յեղափոխութիւն:

ՀՅԴ Կ. Պօլսի Կեդրոնական Կօմիտէ
24 Սեպ. 95

«Դրօշակ»
15 Հոկտեմբեր 1895, Թիւ 15-16