20 November, 2023

Տերրօր. Վարդօի Խնդիրը

ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը
Կարգապահական
Վարդօի Խնդիրը

Ընդհանուր Ժողովը ապրիլի 28-ի նիստի մէջ, լսելով Վարդօի գործին համար կազմւած Դատական յանձնաժողովի մանրամասն զեկուցումը՝ եկաւ հետեւեալ եզրակացութեան.

1) Նկատելով, որ պաշտօնական թէ անպաշտօն բազմաթիւ փաստաթղթեր կհաստատեն Վարդօի անարդարանալի մեղաւորութիւնը՝ գիտակցաբար իւրացուցած եւ իւր անձնական պէտքերուն ծախսած ըլլալուն համար Բալկանի Կեդր. կօմիտէի 2139 ոսկի լէվ և 4673 արծաթ լէվը, ինչպէս նաև արևելեան Բիւրօյի կողմէն իրեն խրկւած՝ կազմակերպական 2000 րուբլին՛– ընդամենը՝ 12,112 ֆրանկ.

2) Նկատելով որ դրամական այս յայտնի զեղծումներէն զատ՝ Վարդօն շահագործած է նոյնիսկ նահատակ ընկերոջ մը՝ Պետրոս Սերէմճեանի յիշատակը, հանգանակութիւն բանալով իւր թերթին մէջ՝ հրատարակելու համար նոյն ընկերոջ գրութիւններուն հաւաքածուն, և այդ հանգանակութենէ գոյացած հանրային դրամն ևս իւրացուած է առանց յատկացնելու իսկական նպատակին.

3) Նկատելով վերջապէս որ Վարդօն իւր բոլոր անմաքուր գործերը և, մանաւանդ, իւր զեղծումները չքմեղելու համար հանրային կարծիքին առջև՝ դիմած է ամէն տեսակ անորակելի միջոցներու՝ ջանալով արատաւորել Դաշնակցութիւնը, Դաշնակցական ամենամաքուր գործիչները, նկրտելով կասկածի ստւեր ձգել անոնց գործունէութեան վրայ, անւանարկութեան ու խեղաթիւրման հակասական ամեն փորձ ի գործ դնելով իւր թերթին մէջ,

Որոշեց.

Հաստատել դատական յանձնաժողովի եզրակացութիւնը և Բալկանի շրջանային ժողովի որոշումը, յանձնարարելով անոնց գործադրութիւնը պատշաճ մարմիններուն, այն է՝

ա) Արևմտեան բիւրօյի միջոցով պահանջել, որ Վարդօն իւրացուցած 12,112 ֆր. գումարը վճարէ՝ յայտարարելէն 15 օրւայ ընթացքի մէջ.

բ) «Դրօշակ»-ի մէջ յայտարարել Վարդօի վերջնական արտաքսումը Դաշնակցութենէն՝ իբրև զեղծարար, յեղափոխութիւնը արտաւորող և անբարոյական անձնաւորութիւն:

«Դրօշակ» - Մայիս 1907
Թիւ 5 (183)

Կազմակերպական Ազդեր

Համաձայն Ընդհանուր ժողովի որոշման Վարդօին եղած պաշտօնական դիմումին՝ որ իւրացուցած 12,112 ֆրանկ գումարը վերադարձնէ կազմակերպութեան և նա մերժած ըլլալով.

Հ. Յ. Դ. Ահաբեկիչ մարմինը իրեն դէմ կայացած մահւան վճիռը գործադրեց Ռուսչուքի մէջ 1907 նոյ. 22-ին:

Ահաբեկիչը ազատ է:

Հ. Յ. Դ. Ահաբեկիչ Մարմին
«Դրօշակ» - Մարտ 1908
Թիւ 3 (191)


Սպաննութիւն Վարդօի

«Ռազմիկ»ի նախորդ համարը արդէն մամուլին յանձնուած էր՝ երբ Սօֆիայի պուլկար թերթերը բերին, Րուսչուքի մէջ Վարդօի սպաննութեան լուրը:

Համաձայն այդ տեղեկութեանց՝ ամսոյս 22ին, հինգշաբթի իրիկուն ժամը 7 ½-8-ի ատենները Րուսչուքի կարևոր հրապարակներէն մէկուն վրայ անծանօթ մը ատրճանակի երկու հարուածներով կը կրակէ Վարդօի կռնակին և կոկորդին. մահը անմիջական կըլլայ: Սպաննիչը կը յաջողի փախչիլ և մինչև այժմ, ինչպէս կերևի, իշխանութենա ձեռքը անցած չէ: Դիակը փոխադրուած է պուլկարական հիւանդանոցը՝ ենթարկուելու համար դիազննութեան:

Շրջած լուրերու համաձայն՝ տեղի ունեցած են ձերբակալութիւններ Րուսչուքի և Վառնայի մէջ, թէև այս մասին վաւերական տեղեկութիւններ կը պակսին Խմբագրութեանս:

Պուլկար Մամուլը կատարեալ անտարբերութեամբ հաղորդեց այս սպաննութեան լուրը՝ զայն վերագրելով սպանեալին կողմէ «Յեղափոխական-Կազմակերպութեան» պատկանող 14 հազար ֆրանք գումարի մը իւրացման, զոր չէր վերադարձուցած պատկանեալ կազմակերպութեան սնտուկին՝ հակառակ քանիցսպ աշտօնական օրկանի միջոցով իրեն եղած հրապարակային ազդարարութեանց:

«Ռազմիկ», Ֆիլիպէ
Գ. Տարի, Թիւ 13 (206)
Չորեքշաբթի, 28 Նոյեմբեր 1907