17 November, 2023

Ընկեր Մովսէս Տէր Գալուստեանի Կեանքն ու Գործունէութիւնը

Ողբացեալ ընկեր Մովսէս Տէր Գալուստեան ծնած էր Մուսա Լեռ, 1895-ին: Պատանի տարիքէն մտած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ եւ նետուած յեղափոխական-հասարակական կեանքի մէջ: Թրծուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան յեղափոխական հնոցին մէջ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, 1915-ի Մեծ Եղեռնի օրերուն, եղաւ իր ծննդավայր Մուսա Տաղի պատմական եւ հերոսական դիմադրութեան երիտասարդ ղեկավարներէն մէկը: Այնուհետեւ, հազարաւոր սուէտացիներու հետ անցաւ Եգիպտոս, ուր եւ լծուեցաւ կամաւորական լեգէոնի կազմութեան աշխատանքին, ֆրանսական դրօշակի տակ եւ կռուելու համար թուրք թշնամիին դէմ: Մինչեւ զինադադար, 1918, Մ. Տ. Գալուստեան, իբրեւ կամաւոր կռուեցաւ Հայկական Լեգէոնի շարքերուն մէջ, ընդդէմ թրքական բանակի: Զինադադարէն վերջ, միշտ Լեգէոնի մէջ, իբրեւ սպայ, անցաւ Կիլիկիա, ուր ունեցաւ հանրային, քաղաքական եւ զինուորական արդիւնաշատ գործունէութիւն մը, քեմալական հրոսակներուն դէմ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութեան մէջ մանաւանդ Էքպէզի հայոց ազատագրման գործին մէջ:

Կիլիկիոյ պարպումէն վերջ անցաւ Մուսա Լեռ եւ նուիրուեցաւ բացառապէս հանրային-կազմակերպական գործունէութեան: Այդ շրջանին եղաւ Մուսա Լերան գաւառապետ: Իր վայելած մեծ ժողովրդականութեան պատճառով, 1928-ին, Սուրիական Խորհրդարանի անդամ ընտրուեցաւ Սանճաքի շրջանէն: Երեսփոխանի իր այդ հանգամանքը պահեց մինչեւ Սանճաքի պարպումը ֆրանսացիներու կողմէ եւ յանձնումը Թուրքիոյ:

Իբրեւ հետեւանք ֆրանսացիներու այս անարգ զիջումին, Սանճաքի հայ ժողովուրդը լքեց իր բնակավայրը եւ գաղթեց Լիբանան, 1939-ին: Մ. Տ. Գալուստեան ժողովուրդին հետ անցաւ Լիբանան եւ հաստատուեցաւ Այնճառ, նուիրուելով այս անգամ գաղթական ժողովուրդի տեղաւորման եւ կազմակերպական աշխատանքներուն:

1940-ական թուականներէն մինչեւ 70-ական թուականները Մ. Տ. Գալուստեան եղաւ հանրային եւ քաղաքական ծառայութեանց գրեթէ բոլոր ճակատներու վրայ, իբրեւ գործօն դերակատարներէն մէկը լիբանանահայութեան համայնքային, կազմակերպական, կրթական եւ քաղաքական ճիգերուն: Լիբանան փոխադրուելէն քանի մը տարի վերջ, անդամ ընտրուեցաւ Լիբանանի Խորհրդարանի, իբրեւ հայ համայնքի երեսփոխան. վերընտրուեցաւ յաջորդաբար, միշտ իբրեւ թեկնածու Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Տասնամեակներով այդ մարմնի անդամ ըլլալով՝ յաճախ վարեց Խորհրդարանի առժամեայ նախագահութիւնը իբրեւ երիցագոյն երեսփոխան:

Ողբ. Ընկ. Մ. Տ. Գալուստեան, բացի իր քաղաքական գործունէութենէն, ունեցած է նաեւ գրական գործունէութիւն եւ ունի արձակ եւ բանաստեղծական էջեր: 1916-ին եղած է «Յուսաբեր»ի խմբագիրներէն մէկը, իսկ 1920-ին Կիլիկիոյ մէջ հրատարակուող (Ատանա) «Կիլիկիա» թերթի խմբագիրը:

Հանգուցեալ ընկերը աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր քաշուած էր հանրային կեանքէ: Այսօր, մեզմէ կը բաժնուի 70 տարիներու ծառայութեան եւ նուիրումի ծանր վաստակով մը՝ ի սպաս մեր ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին, երբեմն զէնքի դիմելով, երբեմն գրչի եւ երբեմն խորհրդարանական աթոռի, միշտ Դաշնակցական մարդու տեսլականով եւ հանրային ղեկավարի պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իրմով կը կորսնցնէ կազմակերպական կեանքի նուիրեալ մը, հասարակական գործիչ մը եւ քաղաքական դէմք մը, բայց ամէնէն առաջ՝ Դաշնակցական զինուոր մը, որ, Դաշնակցութեան դրօշին ու իտէալներուն հաւատարիմ, կարելին ըրաւ ծառայելու համար հայ ժողովուրդին:

Հանգիստ իր աճիւններուն:

«Հայրենիք», Պոսթոն
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 1984
88-րդ Տարի, Թիւ 42,554