13 October, 2025

Գիծեր՝ Յովսէփ Արղութեանի կեանքէն

Իշխան Յ. Արղութեանի մահով կ'անհետանայ առաջին յեղափոխականներէն մէկն ալ:

Իր կեանքի պատմութիւնը կարելի է ըսել կը նոյնանայ Հայ Յեղափոխութեան պատմութեան հետ, այնքան իրարու են խառնուած անոնք եւ այնքան ժամանակակից իրարու:

Իշխանի մասին խօսելու համար պէտք է շատ ետ երթալ, մինչեւ 80ական թուականները, երբ ժամանակակից կազմակերպութիւններէն ոչ մէկը ծնունդ առած էր դեռ:

Նոյն այդ թուականին Թիֆլիսի մէջ առաջին անգամ խումբ մը խանդավառ երիտասարդներու մասնակցութեամբ կը կազմակերպուի «Երիտասարդ Հայաստան» խմակցութիւնը, իրեն նպատակ ունենալով թրքահայաստանի ազատագրումը թրքական բարբարոս լուծէն:

Նման խմբակցութիւններ կը կազմուին հետզհետէ Մօսկուա եւ Փեթերսպուրկ, եւ ատեն մը ետք ռուսական արդի մայրաքաղաքին՝ Մօսկուայի մէջ տեղի կ'ունենայ հայ Ուսնաողներու առաջին համագումարը:

Տոգորուած հայ ազգասէր գրագէտներու եւ բանաստեղծներու՝ Նալբանդեանցի, Քամար-Քաթիպայի, Ռաֆֆիի, Գր. Արծրունիի ջերմ զգացումներովն ու ժամանակին ազատական գաղափարներովը, ուսանողական համագումարը կ'որոշէ Երկիր՝ Թրքահայաստան անցնիլ, ժողովուրդի վիճակին ու տիրող պայմաններուն ծանօթանալու, եւ ի հարկին, դարման տանելու անոր բազմահազար վէրքերուն:

Եւ նախքան դաշնակցութեան հիմնումը, եւ Դաշնակցական բառին արտասանութենէն առաջ, Երկիր կ'անցնին արդէն Յովս. Արղութեան, Գոլոշեան, Ագրիպասեան, Մ. Մարգարեան (Սաֆօ), Արշակ Բարխուդարեան եւ Լեւոն Սարգսեան, իւրաքանչիւրը տարբեր գծերով: Արղութեան կը ձերբակալուի Վանի մէջ եւ կը տարուի Կովկաս: Իր այս վերադարձէն ետքն է, որ կը տեսնէ թէ Թրքահայաստանի օգնութեան հասնելու մասին գաղափարները աւելի պայծառած են, աւելի ճշդուած ու կաղապարուած: Իր վերադարձին, առաջին անգամն ըլլալով, կը լսէ Դաշնակցական խօսքը, եւ առաջին իսկ վայրկեանէն կը յարի այն շրջանակին, որ նման գաղափարներով տոգորուած էր, եւ կարգ մը ծանօթ դէմքերու հետ կը հիմնադրէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութեան ծնունդ տուող այդ առաջին շրջանակին մէջը գտնուած է նաեւ Իշխանի ապագայ կինը՝ օր. Սաթնիկ Մատինեանը եւ անոր քոյրը՝ Նատիա Մատինեանը:

Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք, Յովսէփի կեանքը կ'երթայ այն հունով, ինչ հունով որ գացած են առհասարակ բոլոր Դաշնակցական գործիչներուն կեանքը – կենդանի գործ, բանտ ու աքսոր, նորէն գոր, անվերջ պայքար, հալածանք եւ շատ յաճախ չարչարագին ու զրկուած վախճան:

Կուգայ 1897ի անմոռանալի թուականը, այն՝ որ նոր պատմութիւն մը կը բանայ մեր ազգ. կեանքին մէջ:

Արղութեան՝ Վարդանի հետ կը ստանձնէ ղեկավարութիւնը Խանասորի մեծ ու անմոռանալի արշաւախումբին եւ Յուլիս 21ին կ'անցնի սահմանը, աւելի քան 300 մարտիկներով, որոնց մէկ մասը հեծելագունդեր: ... Մեծ եղաւ այս արշաւանքի նշանակութիւնը, որ եկաւ սթափեցնելու ստրուկ նկատուած հայ ժողովուրդը եւ անոր վարկն ու ազդեցութիւնը բարձրացնելու յաչս քիւրտերու եւ օտարներու:

Իշխանն էր դարձեալ որ Խանասորէն քանի մը տարի առաջ, մեծ քաջութիւնը կը ցուցնէ Դերեկի վանքի կռիւներու ընթացքին, նոյն Շարաֆ բեկի 500ի մօտ զինուորները ետ մղելով:

97-էն ետք, ան նուիրեց ինքզինք կազմակերպական ներքին գործունէութեան: Անիկա մասնակցեցաւ կուսակցական ամէն մէկ կարեւոր ձեռնարկի, մինչեւ ընդհ. պատերազմը, երբ Է. գնդի հրամանատարութիւնը ստանձնեց ու հասաւ մինչեւ ռեվենտուզ, աչքի իյնալով իր քաջութեամբ. յետագային, յարգուած ու ազդեցութեան տէր, ընտրուեցաւ Վրաստանի (Թիֆլիսի) Հայ Ազգ. Խորհրդի նախագահ, ապա անցաւ Երեւան, ուր 1919ին, նախագահեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր Ժողովին: Ընտրուեցաւ երեսփոխան Հայաստանի խորհրդարանի մէջ, որուն Ա. նսիտին նախագահեց, իբրեւ երիցագոյն անդամ: Ատեն մը ետք, նշանակուեցաւ Հ. Հանրապետութեան դեսպան Պարսիկ կառավարութեան մօտ: Հոն պահեց իր պաշտօնը հանրապետութեան կորուստէն ետքն ալ եւ ճշմարիտ նախախնամութիւն մը եղաւ Թաւրիզ հասնող հայերու եւ բազմաթիւ մտաւորականներու համար, իր իսկ միջոցներէն օգնութեան հասնելով ամէնուն:

1922ին էր որ հեռացաւ Թաւրիզէն, եւ Եգիպտոսէն անցնելով, գնաց Փարիզ, իր կնոջ եւ աղջկան հետ:

Ֆրանսական շքեղ ոստանին մէջ է որ ահա, երկամեայ չարչարալից հիւանդութեան մը դէմ արիաբար մաքառելէ ետք, նիւթական ծանր պայմաններու մէջ, Հոկտ. 16ին, թողուցած է այս ցաւի աշխարհը, որ ոչինչ տուաւ անոր: Ոչինչ տուաւ ան Իշխանին, արդարեւ, բացի անսահման սէրէ մը Հայ ժողովուրդին, ի՛ր ժողովուրդին հանդէպ, որուն զոհաբերեց իր բովանդակ կորովը, երիտասարդութիւնը, իր իշխանական գերդաստանը, դիրքը եւ ամէն բան:

Աւելցնե՛նք նեւ որ Յովսէփ Արղութեան՝ «Երկայնաբազուկ» ծանօթ ու ազդեցիկ հայ ազնուական գերդաստանի վերջին շառաւիղն էր, որ մարեցաւ այսպէս, թէեւ լիովին, իր բովանդակ կեանքովը արդարացուց իր տոհմին ու ծագումին արժէքը, արիւնի ազնուականութիւնը ձգելով երկրորդական գծի վրայ, իր հոգիի ազնուականութեան առջեւ:

Իր յիշատակը՝ իր գործին հետ անմեռ պիտի մնայ, ու ապագայ սերունդները, մանաւանդ ազատութեան մէջ հասակ առնող սերունդները, ամէնէն աւելի պիտի կրնան հասկնալ ու գնահատել անոր բարերար դերը՝ այն թուականներուն, երբ անա՛րգ ստրկութիւնը օրուան իմաստութիւնը կը կազմէր:

Յարգա՛նք իր գործին ու իր անջնջելի յիշատակին:

Ա.
«Յուսաբեր», 1925 Թիւ 87
24 Հոկտեմբեր 1925