19 August, 2024

Ընկ. Հրաչ Փափազեանի Ազգային Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը

Երէկ՝ Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս, առաւօտեան ժամը 9ին, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր շուքով տեղի ունեցաւ հանրային վաստակաւոր գործիչ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անձնուէր ղեկավարներէն ընկ. Հրաչ Փափազեանի յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա.ի:

Ինչպէս յայտարարուած էր Ազգային Առաջնորդարանի յատուկ մահազդով, նկատի ունենալով հանգուցեալի ազգային բեղուն գործունէութիւնը, իբրեւ տարիներու ժողովական՝ պատասխանատու մարմիններու, մեր հանգուցեալ ընկերը արժանացաւ ազգային թաղման պատիւին:

Ժամը 8:30ին, ընկերներու ստուար բազմութիւն մը գնաց Ամերիկեան Հիւանդանոց, ուր պահ դրուած էր ընկերոջ մարմինը՝ Շթորայէն փոխադրուելէն ի վեր:

Ժամը 9ին, եկեղեցին արդէն լեցուած էր սգակիր բարեկամներու եւ ընկերներու խուռն բազմութեամբ մը, երբ սկսան եկեղեցական արարողութիւնները, նախագահութեամբ Վեհափառ հօր:

Դագաղին շուրջ, Վեհափառի կողքին կը գտնուէին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Արք. Բարոյեան, Ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպիսկ. Ուրֆալեան, վարդապետներ, աբեղաներ եւ քահանայ հայրեր: Հ. Մ. Ը. Մ.ի սկաուտներ պատուոյ պահակ կեցած էին դագաղին շուրջ, որուն վրայ դրուած էր Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի ծաղկեխաչը:

Արարողութիւններէն ետք, խորիմաստ դամբանական մը խօսեցաւ Վեհափառ կաթողիկոսը, առաւելաբար ծանրանալով Հրաչ Փափազեանի ազգային գործունէութեան ցայտուն գիծերուն վրայ, շեշտելով անոր նկարագրին հիմնական կէտերը, իբրեւ հեռատես եւ խոհուն ղեկավար, անձնուրաց ազգային գործիչ եւ սիրուած ու յարգուած առաջնորդ:

Վեհափառը, ...գլխաւորաբար ընդգծեց Հրաչ Փափազեանի մօտ կիրքի ու քինախնդրութեան բացակայութիւնը, այլեւ անոր իրատեսութիւնը՝ հայ կեանքի բոլոր երեւոյթներուն հանդէպ:

Ն. Ս. Օծութեան դամբանականէն ետք, յուղարկաւորներու մեծ բազմութիւնը ինքնաշարժներով ուղղուեցաւ դէպի Ֆրըն էլ-Շըպպէքի ազգային գերեզմանատունը, որուն մատրան մէջ, առաջին հերթին դամբանական խօսեցաւ ընկ. Կարօ Գէորգեան, յանուն Հ. Յ. Դ. Բիւրոյին եւ կուսակցական մարմիններուն:

Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Ընկ. Գէորգեան նախ ամփոփ գիծերով հանգամանօրէն տուաւ ընկ. Հրաչի փոթորկալի ու օրինակելի կեանքին գլխաւոր դրուագները, Եոզղատէն մինչեւ Պոլիս, անկէ Հալէպ, ապա դարձեալ Պոլիս եւ Պերլին, յետոյ Յունաստան եւ ի վերջոյ Հալէպ, ուր ունեցաւ ազգային եւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւնը, պատասխանատու դեր կատարելով Մեծ Եղեռնի գլխաւոր պատասխանատուներու պատուհասման նուիրական գործին մէջ, ապա լծուելով կուսակցական եւ ազգային կազմակերպչական աշխատանքի, միաժամանակ իբրեւ գղաափարի ու գործի մարդ:

Յանուն Հ. Յ. Դաշնակցութեան Հրուանդանի եւ Լեռնավայրի Կեդրոնական Կոմիտէներու դամբանական կարդաց ընկ. Մ. Իշխան, որ շատ սեղմ, այլ տպաւորիչ գիծերով տուաւ Հրաչ Փափազեան մարդու ու ղեկավարի գլխաւոր արժանիքները, առաւելաբար ծանրանալով անոր խառնուածքին վրայ, ուր միտքը, հոգին ու կամքը գտած էին իրենց արդիւնաւոր ներդաշնակութիւնը:

Ընկ. Իշխան անգլիացի մեծ բանաստեղ Քիփլինկի սահմանա իսկական մարդը տեսաւ Հրաչ Փափազեանի մէջ, որ չէր ազդուեր փոթորիկներէ ու պարտութիւններէ, այլ իբրեւ աննկուն կամքի տէր ղեկավար, ամէնէն դժուարին պահերուն իսկ կը գտնէր լաւագոյն լուծումը, իր իրատեսութեամբ եւ հեղինակութեամբ:

Դամբանականներէն ետք, ընկերոջ մարմինը ընդհանուր յուզումի եւ երկիւղած յարգանքի մէջ իջեցուեցաւ գերեզման, պարուրուած իր պաշտելի եռագոյնով:

* * *

Ի յարգանս հանգուցեալին, ծաղկեպսակներ ղրկա էին՝ Հ. Յ. Դ. Բիւրոն, Հ. Յ. Դ. Հրուանդանի Կ. Կոմիտէն, Հ. Յ. Դ. Լեռնավայրի Կ. Կոմիտէն, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Հ. Մ. Ը. Մ.-ը, Ն. Փալանճեան Ճեմարանը, Հ. Յ. Դ. Քրիստափոր Կոմիտէն, Հ. Յ. Դ. Ռոստոմ Կոմիտէն, Հ. Յ. Դ. Նիկոլ Դուման Կոմիտէն, Զահլէի ընկերները, եւ այլ բազմաթիւ հաստատութիւններ եւ անհատներ:

«Ազդակ», Պէյրութ
ԼԴ. Տարի, Թիւ 143 (8656)
Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 1960